-
«Մեծ ակնկալութեամբ» սպասելԴիտարան 1998 | Հոկտեմբեր 1
-
-
‘Ստեղծուածներուն Մեծ Ակնկալութիւնը’
12, 13. Մարդկային ստեղծուածները ի՞նչպէս «ունայնութեան հնազանդեցան», եւ ուրիշ ոչխարները ի՞նչ բանի կը տենչան։
12 Ուրիշ ոչխարներն ալ ունի՞ն բան մը, որու համար մեծ ակնկալութեամբ կ’ապրին։ Շա՛տ վստահաբար։ Որպէս Իր հոգիէն ծնած «որդիները» Եհովայի կողմէ որդեգրուածներուն եւ երկնային Թագաւորութեան մէջ «Քրիստոսին ժառանգակիցներ»ուն փառաւոր յոյսին մասին խօսելէ ետք, Պօղոս ըսաւ. «Ստեղծուածները մեծ ակնկալութեամբ Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն կը սպասեն։ Վասն զի ունայնութեան հնազանդեցան ստեղծուածները, (ոչ թէ իրենց կամքովը՝ հապա անոր համար որ Աստուած հնազանդեցուց,) այն յոյսով, որ ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին»։—Հռովմայեցիս 8։14-21. Բ. Տիմոթէոս 2։10-12
-
-
«Մեծ ակնկալութեամբ» սպասելԴիտարան 1998 | Հոկտեմբեր 1
-
-
14. ‘Աստուծոյ որդիներուն յայտնուիլը’ ի՞նչ բան պիտի պարփակէ, եւ որպէս հետեւանք մարդկութիւնը ի՞նչպէս ‘ապականութեան ծառայութենէն պիտի ազատուի’։
14 «Աստուծոյ որդիներ»ու օծեալ մնացորդը նախ պէտք է ‘յայտնուի’։ Ասիկա ի՞նչ պիտի պարփակէ։ Աստուծոյ յարմար ժամանակին, ուրիշ ոչխարներուն համար բացայայտ պիտի ըլլայ որ օծեալները վերջապէս «կնքուած» եւ Քրիստոսի հետ իշխելու համար փառաւորուած են։ (Յայտնութիւն 7։2-4) Յարուցուած «Աստուծոյ որդիներ»ն ալ պիտի ‘յայտնուին’, երբ Քրիստոսի հետ Սատանայի ամբարիշտ իրերու դրութիւնը կործանելու մասնակցին։ (Յայտնութիւն 2։26, 27. 19։14, 15) Ապա Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, անոնք տակաւին պիտի ‘յայտնուին’ որպէս քահանայական խողովակներ, Յիսուսի փրկանքի զոհին օգուտները մարդկային «ստեղծուածներ»ուն վրայ թափելով։ Ասոր որպէս հետեւանք մարդկութիւնը ‘ապականութեան ծառայութենէն պիտի ազատուի’ եւ վերջապէս «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնի»։ (Հռովմայեցիս 8։21. Յայտնութիւն 20։5. 22։1, 2) Այսպիսի հոյակապ յոյսեր ունենալով, զարմանալի՞ է որ ուրիշ ոչխարները «մեծ ակնկալութեամբ Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն . . . սպասեն»։—Հռովմայեցիս 8։19
-