-
Եհովայի վստահեցէքԴիտարան 2003 | Սեպտեմբեր 1
-
-
Եհովա Ինչո՞ւ կը Թոյլատրէ Տառապանքը
10, 11. (ա) Հռովմայեցիս 8։19-22–ի համաձայն, «բոլոր արարածներ»ուն ի՞նչ պատահեցաւ։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք գիտնալ թէ ո՛վ արարածները ունայնութեան հպատակեցուց։
10 Հռովմէացիներուն ուղղուած Պօղոս առաքեալի նամակին մէկ հատուածը, այս կարեւոր նիւթին վրայ լոյս կը սփռէ։ Պօղոս գրեց. «Արարածները եռանդուն ակնկալութեամբ կը սպասեն Աստուծոյ որդիներուն յայտնութեան։ Որովհետեւ արարածները հպատակեցան ունայնութեան, ո՛չ թէ իրենց կամքով, հապա անոր պատճառով՝ որ հպատակեցուց զիրենք, այն յոյսով՝ որ արարածները իրե՛նք ալ, ազատելով ապականութեան ստրկութենէն, հասնին Աստուծոյ զաւակներուն փառաւոր ազատութեան։ Քանի որ գիտենք թէ բոլոր արարածները միասին կը հառաչեն ու երկունքի ցաւ կը քաշեն մինչեւ հիմա»։—Հռովմայեցիս 8։19-22, Արեւմտահայերէն՝ Վերագրումներով
11 Այս համարներուն միտք բանին հասկնալու համար, նախ կարգ մը բանալի հարցումներու պէտք է պատասխանենք։ Օրինակ, ո՞վ արարածները ունայնութեան հպատակեցուց։ Ոմանք կը խորհին որ ան Սատանան է, իսկ ուրիշներ՝ թէ Ադամն է։ Բայց երկուքն ալ չէին կրնար զայն ընել, քանի որ հպատակեցնողը «յոյսով» արարածները ունայնութեան ենթարկեց։ Այո, ան յոյս կը ներկայացնէ թէ հաւատարիմ անհատները վերջապէս ‘պիտի ազատին ապականութեան ստրկութենէն’։ Ո՛չ Ադամը կրնար այսպիսի յոյս մը ներկայացնել, ո՛չ ալ Սատանան, այլ միայն՝ Եհովան։ Ուստի բացորոշ է թէ Աստուա՛ծ արարածները ունայնութեան հպատակեցուց։
12. «Բոլոր արարածներ»ուն ինքնութեան նկատմամբ ի՞նչ շփոթութիւն ստեղծուած է, եւ այս հարցումին ի՞նչպէս կարելի է պատասխանել։
12 Իսկ այս հատուածին մէջ նշուած «բոլոր արարածները» արտայայտութիւնը ինչի՞ կ’ակնարկէ։ Ոմանք կ’ըսեն թէ «բոլոր արարածները» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ ամբողջ բնական աշխարհին, ի ներառեալ՝ անասուններն ու բուսականութիւնը։ Սակայն անասուններն ու բոյսերը կը յուսա՞ն «Աստուծոյ զաւակներուն փառաւոր ազատութեան» հասնիլ։ Ո՛չ։ (Բ. Պետրոս 2։12) Ուստի «բոլոր արարածները» արտայայտութիւնը կրնայ միայն մարդկութեան ակնարկել։ Անոնք են որ Եդեմի ըմբոստութեան պատճառով մեղքէն ու մահէն ազդուած են եւ յոյսի մը ստիպողական կարիքը ունին։—Հռովմայեցիս 5։12
13. Եդեմի ըմբոստութիւնը ի՞նչ պատճառեց մարդկութեան։
13 Այդ ըմբոստութիւնը ճիշդ ի՞նչ պատճառեց մարդկութեան։ Պօղոս անոր հետեւանքները կը նկարագրէ մէկ բառով. ունայնութիւն։ Ըստ աշխատասիրութեան մը, այս բառը կը բնութագրէ «առարկայի մը պիտանի չըլլալը, որ իր ծրագրուած նպատակին համաձայն չի գործեր»։ Մարդիկ ծրագրուած էին յաւիտեան ապրելու, եւ որպէս կատարեալ ու միացած ընտանիք՝ միասնաբար դրախտային երկրի մը հոգ պիտի տանէին։ Փոխարէն, անոնք կարճ, ցաւալի եւ յաճախ ընդվզեցուցիչ կեանք մը կը վարեն։ Ինչպէս Յոբ արտայայտուեցաւ. «Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի, որ թշուառութիւնով լեցուն է»։ (Յոբայ 14։1) Արդարեւ ունայնութիւն։
14, 15. (ա) Ի՞նչ ապացոյց ունինք թէ Եհովայի դատավճիռը արդար էր։ (բ) Պօղոս ինչո՞ւ ըսաւ թէ արարածները ունայնութեան հպատակեցան՝ «ո՛չ թէ իրենց կամքով»։
14 Այժմ նկատի առնենք բանալի հարցումը. «Բոլոր երկրի Դատաւորը» ինչո՞ւ մարդկութիւնը այս ցաւալի ու ընդվզեցուցիչ կեանքին հպատակեցուց։ (Ծննդոց 18։25) Ասիկա ընելը իր կողմէ արդարութի՞ւն էր։ Յիշեցէք ինչ որ մեր առաջին ծնողները ըրին։ Աստուծոյ դէմ ըմբոստանալով, անոնք Սատանայի կողմը դիրք բռնեցին, որ Եհովայի գերիշխանութեան դէմ ասպարէզ կարդաց։ Իրենց արարքներով, անոնք թիկունք կանգնեցան այն գաղափարին, թէ մարդկութիւնը աւելի լաւ պայմաններու տակ կ’ապրի առանց Եհովայի, իրենք զիրենք կառավարելով հոգեղէն ըմբոստ արարածի մը առաջնորդութեան ներքեւ։ Երբ Եհովա դատավճիռ արձակեց, իրականութեան մէջ ըմբոստներուն տուաւ իրենց խնդրածը։ Ան թոյլ տուաւ որ մարդկութիւնը իրենք զիրենք կառավարեն Սատանայի ազդեցութեան ներքեւ։ Այս պարագային, ո՞ր որոշումը կրնար աւելի արդար ըլլալ քան՝ մարդկութիւնը յոյսի հիման վրայ ունայնութեան հպատակեցնել։
15 Անշուշտ ասիկա արարածներուն «կամքով» չէր։ Առանց որեւէ ընտրութիւն ունենալու, ծնած ենք որպէս մեղքի ու ապականութեան ստրուկներ։ Բայց Եհովա իր ողորմութեամբ թոյլ տուաւ որ Ադամն ու Եւան շարունակեն ապրիլ ու զաւակներ ծնանին։ Թէեւ մենք՝ անոնց սերունդը՝ մեղքի ու մահուան ունայնութեան ենթարկուած ենք, սակայն պատեհութիւնը ունինք ընելու այն ինչ որ Ադամն ու Եւան չըրին։ Կրնանք Եհովայի մտիկ ընել եւ սորվիլ թէ իր գերիշխանութիւնը արդար եւ իտէալական է, մինչդեռ Եհովայէ անկախ եղող մարդկային իշխանութիւնը միայն ցաւ, յուսախաբութիւն եւ ունայնութիւն կը բերէ։ (Երեմեայ 10։23. Յայտնութիւն 4։10) Իսկ Սատանայի ազդեցութիւնը միայն հարցերը կը վատթարացնէ։ Մարդկային պատմութիւնը այս ճշմարտութիւններուն կը վկայէ։—Ժողովողի 8։9
16. (ա) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա պատասխանատու չէ ներկայիս աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող տառապանքին։ (բ) Եհովա սիրալիրօրէն ի՞նչ յոյս հայթայթած է հաւատարիմ մարդոց։
16 Բացորոշ է որ Եհովա մարդկութիւնը ունայնութեան հպատակեցնելու վաւերական պատճառներ ունէր։ Սակայն ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Եհովա իւրաքանչիւրս նեղացնող ունայնութեան ու տառապանքին պատճառն է։ Մտապատկերացուցէք դատաւոր մը որ ոճրագործի մը դէմ արդար դատավճիռ կ’արձակէ։ Թերեւս դատապարտեալը բաւական տառապի մինչ բանտի մէջ է, բայց կրնա՞յ իրաւացիօրէն դատաւորը մեղադրել որպէս իր տառապանքին պատճառը։ Անշուշտ ո՛չ։ Ասկէ զատ, Եհովա երբեք ամբարշտութեան աղբիւրը չէ։ Յակոբու 1։13–ը կ’ըսէ. «Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ»։ Նաեւ չմոռնանք որ Եհովա «յոյս»ի հիման վրայ այս դատավճիռը արձակեց։ Ան սիրալիրօրէն կարգադրութիւններ ըրած է որ Ադամի ու Եւայի հաւատարիմ սերունդը ունայնութեան վերջը տեսնէ եւ ուրախանայ ‘Աստուծոյ զաւակներուն փառաւոր ազատութեամբ’։ Ամբողջ յաւիտենականութեան ընթացքին, հաւատարիմ մարդկութիւնը բնաւ պիտի չմտահոգուի թէ բոլոր արարածները կրնան անգամ մը եւս ունայնութեան ցաւալի վիճակին մէջ իյնալ։ Եհովա արդար կերպով հարցերը ձեռք առած ըլլալով միանգամ ընդմիշտ հաստատած պիտի ըլլայ իր գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալը։—Եսայեայ 25։8
-
-
Եհովայի վստահեցէքԴիտարան 2003 | Սեպտեմբեր 1
-
-
• Դաւիթ ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ Եհովայի կը վստահէր։
-