-
Մեր յոյսով ուրախանանքԴիտարան 2012 | Մարտ 1
-
-
10, 11. ա) Ուրիշ ոչխարները ի՞նչ յոյս ունին։ բ) Երկրային յոյսի իրականացումը ինչպէ՞ս կապուած է Քրիստոսի հետ եւ «Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն» հետ։
10 Պօղոս առաքեալ հոգիէն–ծնած «Աստուծոյ որդիներուն» գրեց, Քրիստոսի «ժառանգակիցներ» ըլլալու անոնց փառաւոր յոյսին մասին։ Ապա ան նշեց այն հոյակապ յոյսը, որ Եհովա անհամար ուրիշ ոչխարներուն կը հրամցնէ. «Ստեղծուածները մեծ ակնկալութեամբ Աստուծոյ որդիներուն [օծեալներուն] յայտնուելուն կը սպասեն։ Վասն զի ունայնութեան հնազանդեցան ստեղծուածները, ոչ թէ իրենց կամքովը՝ հապա անոր համար որ Աստուած հնազանդեցուց, այն յոյսով, որ ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին» (Հռով. 8։14-21)։
-
-
Մեր յոյսով ուրախանանքԴիտարան 2012 | Մարտ 1
-
-
12. Օծեալներուն յայտնուիլը մարդկութեան համար ի՞նչ փառաւոր օգուտներ պիտի ունենայ։
12 «Ստեղծուածներ»ուն համար ի՜նչ մխիթարութիւն պիտի ըլլայ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին։ Այդ ատեն, փառաւորեալ «Աստուծոյ որդիները» յաւելեալ կերպով պիտի ‘յայտնուին’, երբ Քրիստոսի հետ որպէս քահանաներ գործեն, մարդկութեան օգնելով որ Յիսուսի փրկանքի զոհին օգուտները ստանան։ Որպէս երկնային Թագաւորութեան հպատակներ, «ստեղծուածները» պիտի սկսին մեղքին եւ մահուան ազդեցութիւններէն ձերբազատուիլ։ Հնազանդ մարդիկ աստիճանաբար ‘ապականութեան ծառայութենէն պիտի ազատին’։ Եթէ անոնք Եհովայի հաւատարիմ մնան Հազարամեայ իշխանութեան ե՛ւ վերջին փորձին ընթացքին, անոնց անունները մնայուն կերպով ‘կեանքի գիրքին’ մէջ պիտի գրուին։ Անոնք ‘Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը’ պիտի ունենան (Յայտ. 20։7, 11, 12)։ Արդարեւ փառաւոր յոյս մը։
-