Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Աստուծոյ գիտութեան դէմ եղող ամէն տրամաբանութիւն քանդէ՛
    Դիտարան (ուսումնասիրական) 2019 | Յունիս
    • 1. Պօղոս առաքեալ ի՞նչ զգուշացում տուաւ օծեալ քրիստոնեաներուն։

      ՊՕՂՈՍ առաքեալ զգուշացուց. «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը» (Հռով. 12։2)։ Ան այդ խօսքերը ուղղեց առաջին դարու քրիստոնեաներուն։ Ինչո՞ւ այսքան զօրաւոր զգուշացում տուաւ տղամարդոց ու կիներու, որոնք Աստուծոյ նուիրուած էին եւ սուրբ հոգիով օծուած էին (Հռով. 1։7)։

      2-3. Սատանան ինչպէ՞ս կը փորձէ մեզ Եհովայէն հեռացնել, բայց ինչպէ՞ս կրնանք մեր մտքին մէջ «ամրոց» դարձած բաները արմատախիլ ընել։

      2 Պօղոս մտահոգ էր, քանի որ այնպէս կ’երեւի որ կարգ մը քրիստոնեաներ կ’ազդուէին Սատանայի աշխարհին յառաջ մղած վնասակար գաղափարներէն (Եփ. 4։17-19)։ Մեզմէ ոեւէ մէկը կրնայ այդ կերպով ազդուիլ։ Սատանան՝ այս աշխարհի աստուածը, որ ամէն ջանք կ’ընէ որ մեզ Եհովայէն հեռացնէ, բազմաթիւ հնարքներ կը գործածէ։ Անոնցմէ մէկն է՝ օգտագործել կարեւոր կամ նշանաւոր դառնալու մեր փափաքը, որ թերեւս ունինք։ Ան նաեւ թերեւս փորձէ գործածել մեր անցեալի փորձառութիւնը, մշակոյթը կամ ուսումը, ջանալով մեզ իր մտածելակերպով կաղապարել։

  • Աստուծոյ գիտութեան դէմ եղող ամէն տրամաբանութիւն քանդէ՛
    Դիտարան (ուսումնասիրական) 2019 | Յունիս
  • Աստուծոյ գիտութեան դէմ եղող ամէն տրամաբանութիւն քանդէ՛
    Դիտարան (ուսումնասիրական) 2019 | Յունիս
    • «ՁԵՐ ՄՏՔԻՆ ՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆՈՎԸ ՆՈՐՈԳՈՒԵՑԷ՛Ք»

      4. Մեզմէ շատեր երբ ճշմարտութիւնը ընդունեցին, ի՞նչ փոփոխութիւններ պէտք էր ընէին։

      4 Պահ մը ետ միտքդ բեր այն բոլոր փոփոխութիւնները որ ըրիր, երբ Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնը ընդունեցիր եւ որոշեցիր Եհովային ծառայել։ Մեզմէ շատեր Եհովային ծառայելու համար, պէտք էր կարգ մը սխալ բաներ ընելէ դադրէին (Ա. Կոր. 6։9-11)։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք Եհովային, որ մեզի օգնեց այսպիսի գէշ սովորութիւններ յաղթահարելու։

      5. Հռովմայեցիս 12։2–ը ի՞նչ երկու բաներ կ’ըսէ որ ընենք։

      5 Սակայն բնա՛ւ պէտք չէ զգանք, որ այլեւս փոփոխութիւններ ընելու հարկ չկայ։ Ճիշդ է որ մկրտութենէն առաջ մեր ըրած լուրջ մեղքերը այլեւս չենք ըներ, բայց պէտք է շարունակենք մեր ամէն ջանքը ընել խուսափելու որեւէ բանէ, որ կրնայ մեզ մղել նախկին մեղքերուն դառնալու։ Ատիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։ Պօղոս կը պատասխանէ. «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք» (Հռով. 12։2)։ Ուրեմն երկու բաներ պէտք է ընենք։ Առաջին, աշխարհին կերպարանքովը պէտք չէ ‘կերպարանինք’։ Երկրորդ, պէտք է ‘նորոգուինք մեր մտքին նորոգութիւնովը’։

      Նորոգուի՞լ, թէ՞ կերպարանք առնել

      Չածիլուած եւ փնթի տղամարդ մը բռնած է իրական թուող իր նկարը, որ զինք կը ցուցնէ ածիլուած եւ փողկապ դրած

      Հռովմայեցիս 12։2–ին մէջ ‘նորոգուիլ’ թարգմանուած յունարէն բառը կ’ակնարկէ լիովին ուրիշ բան դառնալուն, ինչպէս որ թրթուրը թիթեռնիկ կը դառնայ։ Նորոգուիլ կը նշանակէ փոխել մեր ներքին անձը, այսինքն՝ մեր բնաւորութիւններն ու նկարագրի գիծերը։ Ասոր հակառակը, Բ. Կորնթացիս 11։13-15–ին մէջ ‘կերպարանք առնել’ թարգմանուած յունարէն բառը կ’ակնարկէ արտաքին փոփոխութեան, այսինքն՝ դրսերեւոյթի մակերեսային փոփոխութեան։

      6. Մատթէոս 12։43-45–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերէն ի՞նչ կարեւոր դաս կը սորվինք։

      6 Պօղոսի նշած նորոգուիլը պարզապէս մեր դրսերեւոյթը փոխել չէ։ Անիկա մեր ամբողջ էութեան կ’ազդէ (տե՛ս «Նորոգուի՞լ, թէ՞ կերպարանք առնել» շրջանակը)։ Պէտք է որ նորոգենք մեր միտքը, այսինքն՝ մեր ամէնէն ներքին կեցուածքները, զգացումները եւ հակումները։ Ուստի բոլորս պէտք է մենք մեզի հարցնենք. ‘Քրիստոսը ընդօրինակելու համար միայն հարեւանցի՞ փոփոխութիւններ կ’ընեմ, թէ՞ իսկապէս սիրտս ու միտքս կը փոխեմ’։ Յիսուս Մատթէոս 12։43-45–ին մէջ նշեց թէ ինչ պէտք է ընել (կարդա՛)։ Այդ խօսքերը մեզի կարեւոր դաս մը կը սորվեցնեն. բաւարար չէ սխալ մտածումներէ ձերբազատուիլ, հապա պէտք է զանոնք փոխարինենք Աստուած հաճեցնող մտածումներով։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել