Ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տանք
«Հատուցանեցէ՛ք պէտք եղածը անոնց»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 13։7
1, 2. (ա) Ըստ Յիսուսի, Քրիստոնեաները Աստուծոյ եւ Կայսրին հանդէպ իրենց ունեցած պարտաւորութիւնները ի՞նչպէս պէտք է հակակշռեն։ (բ) Եհովայի Վկաներուն գլխաւոր հետաքրքրութիւնը ի՞նչ է։
ԸՍՏ Յիսուսի, կան բաներ, որոնք Աստուծոյ կը պարտինք ու բաներ՝ զորս Կայսրին, կամ Պետութեան կը պարտինք։ Յիսուս ըսաւ. «Ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ Այս մի քանի բառերով, ան իր թշնամիները շփոթութեան մատնեց ու հակիրճօրէն ամփոփեց այն հաւասարակշռուած տեսակէտը զոր պէտք է ունենանք Աստուծոյ հետ մեր ունեցած յարաբերութեան ու Պետութեան հետ մեր գործառնութեանց մէջ։ Ուստի, զարմանալի չէ որ ունկնդիրները «զարմացան անոր վրայ»։—Մարկոս 12։17
2 Անշուշտ, Եհովայի ծառաներուն գլխաւոր հետաքրքրութիւնն է զայն որ Աստուծոյ է՝ Աստուծոյ տալ։ (Սաղմոս 116։12–14) Այսպէս ընելով, սակայն, անոնք չեն մոռնար Յիսուսի ըսածը թէ որոշ բաներ Կայսրին պէտք է տան։ Աստուածաշունչով մարզուած իրենց խղճմտանքը կը պահանջէ որ աղօթքով նկատի առնեն թէ ո՛ր տարողութեամբ կրնան Կայսրին պահանջածը տալ։ (Հռովմայեցիս 13։7) Արդի ժամանակներուն, բազմաթիւ իրաւագէտներ կը գիտակցին որ կառավարական հեղինակութիւնը սահմանափակումներ ունի եւ թէ ամէնուրեք մարդիկ ու կառավարութիւններ բնական օրէնքին ենթակայ են։
3, 4. Հետաքրքրական ի՞նչ մեկնաբանութիւններ ներկայացուած են բնական օրէնքին, յայտնուած օրէնքին եւ մարդկային օրէնքին շուրջ։
3 Պօղոս առաքեալ այս բնական օրէնքին ակնարկեց, երբ աշխարհի մարդոց մասին գրեց. «Ինչ որ Աստուծոյ մասին պէտք է գիտնալ՝ իրենց մէջ յայտնի է, որովհետեւ Աստուած անոնց յայտնեց։ Քանզի աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը, որպէսզի անպատասխանի մնան»։ Եթէ անոնք բնական օրէնքին ընդառաջեն, անիկա նոյնիսկ այս անհաւատներուն խղճմտանքը կը շարժէ։ Ուստի, Պօղոս աւելցուց. «Հեթանոսները, որոնք օրէնք չունին, երբ բնականաբար օրէնքին գործերը կը գործեն, օրէնք չունենալով՝ իրենց անձերուն օրէնքը բուն իրենք կ’ըլլան, որոնք օրէնքին գործը իրենց սրտին մէջ գրուած կը ցուցնեն իրենց խղճմտանքին վկայութիւնովը»։—Հռովմայեցիս 1։19, 20. 2։14, 15
4 ԺԸ. դարուն, Անգլիացի հռչակաւոր իրաւագէտ Ուիլիըմ Պլաքսթոն գրեց. «Բնութեան այս օրէնքը [բնական օրէնքը], մարդկութեան տարեկից ու Աստուծմէ սահմանուած ըլլալով, անշուշտ ուրիշ օրէնքէ աւելի պարտադիր է։ Անիկա ի զօրու է ամբողջ երկրագունդին վրայ, բոլոր երկիրներուն մէջ ու ամէն ժամանակներուն. մարդկային ո՛չ մէկ օրէնք վաւերական է, եթէ ասոր կ’ընդդիմանայ»։ Պլաքսթոն շարունակեց խօսիլ «յայտնուած օրէնք»ին մասին, որ Աստուածաշունչին մէջ կը գտնուի, ու մեկնաբանեց. «Այս երկու հիմերէն՝ բնութեան օրէնքէն եւ յայտնուած օրէնքէն՝ կախեալ են մարդկային բոլոր օրէնքները, ուրիշ խօսքով, մարդկային ո՛չ մէկ օրէնքի պէտք է թոյլատրել որ ասոնց հակասէ»։ Ասիկա Մարկոս 12։17–ի մէջ Աստուծոյ եւ Կայսրին մասին Յիսուսի ըսած խօսքին հետ համաձայն է։ Որոշ է որ կարգ մը մարզերու մէջ Աստուած կը սահմանափակէ ի՛նչ որ Կայսրը կրնայ պահանջել Քրիստոնեայէն։ Սենետրիոնը այդ հանգրուանը անցաւ, երբ առաքեալներուն պատուիրեց որ Յիսուսի մասին քարոզելը դադրեցնեն։ Հետեւաբար, առաքեալները տեղին ըլլալով պատասխանեցին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։—Գործք 5։28, 29
«Ա՛յն Որ Աստուծոյն Է»
5, 6. (ա) 1914–ին Թագաւորութիւնը ծնած ըլլալով, Քրիստոնեաները ի՞նչ բան բնաւ պէտք չէ մոռնան։ (բ) Քրիստոնեան ի՞նչպէս կ’ապացուցանէ որ ինք ծառայ մըն է։
5 Յատկապէս 1914–էն ի վեր, երբ Ամենակալ Եհովա Աստուած սկսաւ որպէս թագաւոր իշխել Քրիստոսի Մեսիական Թագաւորութեան միջոցաւ, Քրիստոնեաները պէտք է վստահ ըլլան որ ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Կայսրին չտան։ (Յայտնութիւն 11։15, 17) Որեւէ ժամանակէ աւելի, Աստուծոյ օրէնքը Քրիստոնեաներուն կոչ կ’ընէ որ «աշխարհի մէկ մասը» չըլլան։ (Յովհաննու 17։16, ՆԱ) Աստուծոյ՝ իրենց Կենսատուին՝ նուիրուած ըլլալով, անոնք յստակօրէն պէտք է ապացուցանեն որ իրենց անձերուն այլեւս չեն պատկանիր։ (Սաղմոս 100։2, 3) Ինչպէս Պօղոս գրեց, «մենք Տէրոջն ենք»։ (Հռովմայեցիս 14։8) Ասկէ զատ, երբ Քրիստոնեան կը մկրտուի, ան Աստուծոյ կողմէ կը յանձնարարուի որպէս Աստուծոյ ծառայ մը, այնպէս որ ան կրնայ Պօղոսի հետ ըսել. «Աստուած . . . մեզ արդարեւ որակելի դարձուցած է ծառաներ ըլլալու»։—Բ. Կորնթացիս 3։5, 6, ՆԱ։
6 Պօղոս առաքեալ նաեւ գրեց. «Իմ պաշտօնս [ծառայութիւնս, ՆԱ] կը մեծարեմ»։ (Հռովմայեցիս 11։13) Վստահաբար մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք։ Ծառայութեան մէջ մեր մասնակցութիւնը ըլլայ լիաժամ թէ մասնակի, չենք մոռնար որ Եհովա ի՛նք մեզի յանձնած է այս ծառայութիւնը։ (Բ. Կորնթացիս 2։17) Քանի որ ոմանք կրնան մեր դիրքը հարցի տակ դնել, ամէն նուիրուած, մկրտուած Քրիստոնեայ պատրաստ պէտք է ըլլայ յստակ ու դրական ապացոյց ներկայացնելու որ ինք իրապէս բարի լուրի ծառայ մըն է։ (Ա. Պետրոս 3։15) Իր ծառայութիւնը իր վարմունքով ալ պէտք է բացայայտ ըլլայ։ Որպէս Աստուծոյ ծառայ, Քրիստոնեան մաքուր բարոյականութիւն պէտք է ջատագովէ ու գործադրէ, ընտանեկան միութեան կառչի, պարկեշտ ըլլայ եւ կարգ ու կանոնը յարգէ։ (Հռովմայեցիս 12։17, 18. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։15) Քրիստոնեային կեանքին մէջ ամենակարեւոր բանն է Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնը եւ անոր կողմէ իրեն նշանակուած ծառայութիւնը։ Ան Կայսրին հրամանին հնազանդելու համար չի կրնար զանոնք անտեսել։ Յստակ է որ անոնք պէտք է սեպուին ա՛յն բաներուն մէջ որոնք ‘Աստուծոյ են’։
«Ա՛յն Որ Կայսրինն Է»
7. Տուրքեր վճարելու նկատմամբ Եհովայի Վկաները ի՞նչ համբաւ շահած են։
7 Եհովայի Վկաները գիտեն որ կառավարական իշխաններուն՝ իրենց ‘վրայ եղած իշխանութիւններուն հնազանդութիւն’ կը պարտին։ (Հռովմայեցիս 13։1, ՆԱ) Ուստի, երբ Կայսրը՝ Պետութիւնը՝ վաւերական պահանջներ ներկայացնէ, Աստուածաշունչով մարզուած իրենց խղճմտանքը թոյլ կու տայ որ անոնց գոհացում տան։ Օրինակի համար, ճշմարիտ Քրիստոնեաները երկրի վրայ ամենէն օրինակելի հարկատուներէն են։ Գերմանիոյ մէջ լրագիր մը (Münchner Merkur) Եհովայի Վկաներուն մասին ըսաւ. «Անոնք Դաշնակցային Հանրապետութեան մէջ ամենէն պարկեշտ եւ ամենէն ճշդապահ հարկատուներն են»։ Իտալիոյ մէջ ալ լրագիր մը (La Stampa) դիտել տուաւ. «Անոնք [Եհովայի Վկաները] ամենէն հաւատարիմ ու փափաքելի քաղաքացիներն են. անոնք տուրքերու մէջ խարդախութիւն չեն ըներ կամ իրենց գործին չեկած օրէնքներէն խուսափելու կերպ մը չեն փնտռեր»։ Եհովայի ծառաները ասիկա կ’ընեն ‘իրենց խղճմտանքին համար’։—Հռովմայեցիս 13։5, 6
8. Կայսրին միայն դրամակա՞ն տուրքեր պարտական ենք։
8 «Ա՛յն որ Կայսրինն է» միմիայն տուրքեր վճարե՞լու հետ կապակցութիւն ունի։ Ո՛չ։ Պօղոս ուրիշ բաներ ալ նշեց, ինչպէս՝ վախը եւ պատիւը։ Իր գրքին մէջ Գերմանացի ուսումնական Հայնրիք Մէյըր գրեց. «[Ա՛յն որ Կայսրինն է] ըսելով . . . պէտք չէ միայն քաղաքական տուրքը հասկնանք, այլ այն բոլոր բաները որոնց վրայ Կայսրը իրաւասութիւն ունէր իր օրինական իշխանութեան շնորհիւ»։ Իր երկին մէջ, պատմաբան Է. Ու. Պարնզ դիտել տուաւ որ Քրիստոնեան իրմէ պահանջուած տուրքերը կը վճարէր, «նաեւ կ’ընդունէր պետական միւս բոլոր պարտաւորութիւնները, պայմանաւ որ իրմէ չպահանջուեր Աստուծոյ պատկանածը Կայսրին տալ»։
9, 10. Քրիստոնեայ մը ի՞նչպէս կրնայ վարանիլ Կայսրին հարկ եղածը տալու նկատմամբ, սակայն ի՞նչ իրողութիւններ պէտք չէ մոռնանք։
9 Պետութիւնը ի՞նչ բաներ կրնայ պահանջել առանց խլելու արդարացիօրէն Աստուծոյ պատկանող բաները։ Ոմանք խորհած են որ Կայսրին տուրքի ձեւով դրամ տալէն զատ ուրիշ ո՛չ մէկ բան կը պարտին։ Կայսրին տալով որեւէ բան որ իրենց ժամանակը կ’առնէր, զոր կարելի է աստուածպետական գործունէութիւններու յատկացնել՝ կ’անհանգստացնէ զիրենք։ Այսուհանդերձ, մինչ շիտակ է որ պէտք է ‘մեր Տէր Աստուածը սիրենք մեր բոլոր սրտովը, անձովը, մտքովը եւ զօրութիւնովը’, Եհովա կ’ակնկալէ որ մեր սրբազան ծառայութեան կողքին ուրիշ բաներու ալ ժամանակ տրամադրենք։ (Մարկոս 12։30. Փիլիպպեցիս 3։3) Օրինակի համար, ամուսնացած Քրիստոնեային խրատ կը տրուի որ իր կողակիցը հաճեցնելու համար ժամանակ տրամադրէ։ Այսպիսի գործունէութիւններ սխալ չեն, սակայն Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ որ ասոնք «աշխարհիս բաներ»ն են ու ոչ թէ՝ «Տէրոջը բաներ»ը։—Ա. Կորնթացիս 7։32–34. բաղդատել Ա. Տիմոթէոս 5։8։
10 Ասկէ զատ, Քրիստոս իր հետեւորդներուն արտօնեց որ տուրքեր ‘տան’, իսկ ասիկա վստահաբար կ’ընդգրկէ Եհովայի նուիրուած ժամանակը գործածել. քանի որ մեր ամբողջ կեանքը այս կերպով իրենց նուիրուած է։ Եթէ երկրի մը մէջ տուրքերու միջինը եկամուտին 33 առ հարիւրն է (կարգ մը երկիրներու մէջ աւելի բարձր է), ասիկա կը նշանակէ որ ամէն տարի սովորական աշխատաւոր մը իր շահած դրամին մէկ երրորդը Պետական Գանձարանին կը վճարէ։ Ուրիշ խօսքով, իր աշխատած բոլոր տարիները գումարելով, սովորական աշխատաւոր մը «Կայսրին» պահանջած տուրքերու դրամը շահելու համար շուրջ 15 տարի յատկացուցած պիտի ըլլայ։ Նաեւ, դպրոց յաճախելու հարցը նկատի առէք։ Շատ մը երկիրներու մէջ օրէնքը կը պահանջէ որ ծնողներ իրենց զաւակները դպրոց ղրկեն առնուազն քանի մը տարի։ Դպրոց յաճախելու տարիներուն թիւը երկրէ երկիր կը տարբերի։ Շատ մը տեղեր անիկա երկար ժամանակաշրջան մը կը պարփակէ։ Շիտակ է որ այսպիսի կրթութիւն ընդհանրապէս օգտակար է, սակայն, Կայսրն է որ կ’որոշէ թէ մանուկի մը կեանքին ո՛րքան մասը պէտք է յատկացուի այս նպատակին համար, իսկ Քրիստոնեայ ծնողները Կայսրին որոշումին կ’ենթարկուին։
Զինուորական Պարտադիր Ծառայութիւն
11, 12. (ա) Շատ մը երկիրներու մէջ Կայսրը ի՞նչ կը պահանջէ։ (բ) Առաջին Քրիստոնեաները զինուորական ծառայութիւնը ի՞նչպէս կը նկատէին։
11 Կարգ մը երկիրներու մէջ Կայսրին ուրիշ մէկ պահանջն է զինուորական պարտադիր ծառայութիւնը։ Ի. դարուն, շատ մը ազգեր այս կարգադրութիւնը հաստատած են պատերազմի ժամանակ, իսկ ոմանք՝ խաղաղութեան ժամանակ ալ։ Ֆրանսայի մէջ բազմաթիւ տարիներ այս պարտաւորութիւնը կոչուեցաւ արեան տուրք, ըսել ուզելով որ ամէն երիտասարդ յօժարակամ ըլլալու է իր կեանքը Պետութեան համար զոհելու։ Եհովայի նուիրուած անհատները խղճմտօրէն կրնա՞ն ասիկա ընել։ Առաջին դարու Քրիստոնեաները այս հարցը ի՞նչպէս նկատեցին։
12 Թէեւ Առաջին Քրիստոնեաները ջանացին լաւ քաղաքացիներ ըլլալ, բայց անոնց հաւատքը կ’արգիլէր ուրիշի կեանքը խլել կամ իրենց կեանքը Պետութեան համար զոհել։ Համայնագիտարան մը (The Encyclopedia of Religion) կ’ըսէ. «Նախնական եկեղեցիի հայրերը, ի ներառեալ Տերտուղիանոս եւ Որոգինէս, պնդեցին որ Քրիստոնեաներուն համար արգիլուած էր մարդկային կեանք խլել, սկզբունք մը, որ իրենց արգելք հանդիսացաւ Հռովմէական բանակին միանալու»։ Իր գրքին մէջ (The Early Church and the World), Ուսուցչապետ Ս. Ժ. Գատու կը գրէ. «Առնուազն մինչեւ Մարկոս Օրելիոսի իշխանութիւնը [Հ.Դ. 161–180], ո՛չ մէկ Քրիստոնեայ իր մկրտութենէն ետք զինուոր կ’ըլլար»։
13. Քրիստոնեայ Աշխարհի մեծամասնութիւնը ինչո՞ւ զինուորական ծառայութիւնը առաջին Քրիստոնեաներուն նման չեն նկատեր։
13 Քրիստոնեայ աշխարհի եկեղեցիներու անդամները ինչո՞ւ ներկայիս հարցերը այս կերպով չեն նկատեր։ Դ. դարուն տեղի ունեցած արմատական փոփոխութեան պատճառաւ։ Կաթողիկէ երկ մը (A History of the Christian Councils) կը բացատրէ. «Բազմաթիւ Քրիստոնեաներ, . . . հեթանոս կայսրերու իշխանութեան ներքեւ, զինուորական ծառայութեան նկատմամբ կրօնական խղճահարութիւն ունէին եւ հաստատօրէն մերժեցին զէնք վերցնել, կամ ալ դասալիք եղան։ [Հ.Դ. 314–ին Արլ քաղաքին մէջ գումարուած] Խորհրդաժողովը, Կոստանդին մտցուցած փոփոխութիւնները նկատի առնելով, սահմանեց որ Քրիստոնեաները պատերազմի մասնակցելու պարտաւոր են, . . . քանի որ Եկեղեցին խաղաղութեան մէջ է (in pace), Քրիստոնեաներուն հետ բարեկամական կեցուածք ունեցող իշխանի մը ներքեւ»։ Յիսուսի ուսուցումներէն հեռանալուն որպէս արդիւնք, այդ ժամանակէն մինչեւ օրս, Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները իրենց հօտերը քաջալերած են որ ազգերու բանակներուն մէջ ծառայեն, թէեւ կարգ մը անհատներ դիրք բռնած են որպէս խղճամիտ առարկողներ։
14, 15. (ա) Կարգ մը երկիրներու մէջ Քրիստոնեաները ի՞նչ հիմերու վրայ զինուորական ծառայութենէն զերծ մնալու ազատութիւն կը պահանջեն։ (բ) Հոն ուր կարելի չէ զինուորական ծառայութենէն զերծ մնալ, Սուրբ Գրային ի՞նչ սկզբունքներ Քրիստոնեային պիտի օգնեն որ զինուորական ծառայութեան հարցին նկատմամբ շիտակ որոշում մը տայ։
14 Ներկայիս Քրիստոնեաները այս հարցին մէջ ստիպուա՞ծ են մեծամասնութեան հետեւիլ։ Ո՛չ։ Եթէ նուիրուած, մկրտուած Քրիստոնեայ մը կ’ապրի երկրի մը մէջ, ուր կրօնական ծառաներուն զինուորական ծառայութենէ զերծ մնալու ազատութիւն կը շնորհուի, ան կրնայ այս կարգադրութենէն օգտուիլ, քանի որ իրականութեան մէջ ան քարոզիչ մըն է։ (Բ. Տիմոթէոս 4։5, ՆԱ) Կարգ մը երկիրներ, մէջը ըլլալով Միացեալ Նահանգները եւ Աւստրալիան, զինուորական ծառայութենէ զերծ մնալու ազատութիւն շնորհած են նոյնիսկ պատերազմի ժամանակ։ Իսկ խաղաղ ժամանակներուն, բազմաթիւ երկիրներու մէջ ուր զինուորական պարտադիր ծառայութիւնը կը շարունակուի, Եհովայի Վկաներուն, զինուորական ծառայութենէ զերծ մնալու ազատութիւն շնորհուած է, որպէս քարոզիչներ։ Այսպիսով, անոնք կրնան շարունակել իրենց հանրային քարոզչութեամբ ժողովուրդին օգնել։
15 Ի՞նչ է պարագան Քրիստոնեայի մը, որ կ’ապրի երկրի մը մէջ, ուր կրօնական ծառաներուն զինուորական ծառայութենէ զերծ մնալու ազատութիւն շնորհուած չէ։ Այս պարագային անհատապէս ինք որոշում պէտք է տայ, Աստուածաշունչով մարզուած իր խղճմտանքին հետեւելով։ (Գաղատացիս 6։5) Մինչ Կայսրին հեղինակութիւնը հաշուի կ’առնէ, ան զգուշութեամբ նկատի պիտի առնէ ի՛նչ որ Եհովայի կը պարտի։ (Սաղմոս 36։9. 116։12–14. Գործք 17։28) Քրիստոնեան պիտի յիշէ որ ճշմարիտ Քրիստոնեային նշանը սէրն է՝ իր բոլոր հաւատակիցներուն, նոյնիսկ ուրիշ երկիրներու մէջ ապրող կամ տարբեր ցեղի պատկանողներու հանդէպ։ (Յովհաննու 13։34, 35. Ա. Պետրոս 2։17) Նաեւ, ան պիտի չմոռնայ Սուրբ Գրային սկզբունքները, որոնք կը գտնուին կարգ մը համարներու մէջ, ինչպէս Եսայեայ 2։2–4. Մատթէոս 26։52. Հռովմայեցիս 12։18. 14։19. Բ. Կորնթացիս 10։4. եւ Եբրայեցիս 12։14։
Քաղաքացիական Ծառայութիւն
16. Կարգ մը երկիրներու մէջ, Կայսրը զինուորական չեղող ի՞նչ ծառայութիւն կը պահանջէ զինուորական ծառայութիւնը մերժողներուն։
16 Սակայն կան երկիրներ, ուր Պետութիւնը, թէեւ կրօնական ծառաներուն զինուորական ծառայութենէն զերծ մնալու ազատութիւն չի տար, այսուհանդերձ կը գիտակցի որ կարգ մը անհատներ կրնան զինուորական ծառայութիւնը մերժել։ Այսպիսի երկիրներէն շատեր կարգադրութիւն կ’ընեն որ այս խղճամիտ անհատներուն չպարտադրեն զինուորական ծառայութիւն ընել։ Կարգ մը տեղեր, քաղաքացիական ծառայութիւն մը՝ համայնքին մէջ օգտակար աշխատանք մը՝ որպէս ոչ–զինուորական ազգային ծառայութիւն կը նկատուի։ Նուիրուած Քրիստոնեայ մը կրնա՞յ այսպիսի ծառայութիւն մը ընդունիլ։ Անգամ մը եւս, նուիրուած, մկրտուած Քրիստոնեայ մը պէտք է անհատապէս ինք որոշէ՝ Աստուածաշունչով մարզուած իր խղճմտանքով առաջնորդուելով։
17. Ոչ–զինուորական քաղաքացիական ծառայութեան համար Սուրբ Գրային նախօրինակ մը ունի՞նք։
17 Այնպէս կը թուի որ պարտադիր ծառայութիւնը Աստուածաշունչի ժամանակներուն ալ կը գործադրուէր։ Պատմական գիրք մը կ’ըսէ. «Յուդայի բնակիչներէն պահանջուած տուրքերէն ու հարկերէն զատ, կար նաեւ տարապարհակ աշխատանքը [հանրային հեղինակութիւններուն կողմէ պահանջուած անվճառ աշխատանք]։ Ասիկա Արեւելքին մէջ վաղեմի սովորութիւն մըն էր, զոր Հելլեն ու Հռովմէացի հեղինակութիւններ շարունակեցին պահել։ . . . Նոր Կտակարանն ալ Յուդայի մէջ տարապարհակ աշխատանքի օրինակներ կը մէջբերէ, ցոյց տալով թէ անիկա որքա՛ն համատարած էր։ Այս սովորութեան հետ ներդաշնակ ըլլալով, զինուորները Կիւրենացի Սիմոնին ստիպեցին որ Յիսուսի խաչը [տանջանքի ցիցը] վերցնէ (Մատթէոս 5։41. 27։32. Մարկոս 15։21. Ղուկաս 23։26)»։
18. Եհովայի Վկաները յաճախ համայնքին համար եղած զինուորական եւ կրօնական չեղող ի՞նչպիսի ծառայութիւններ կատարելու համաձայն կը գտնուին։
18 Նմանապէս, ներկայիս կարգ մը երկիրներու մէջ, Պետութիւնը կամ տեղական հեղինակութիւններ կը պահանջեն քաղաքացիներէն որ համայնքին զանազան աշխատանքներուն մասնակցին։ Երբեմն ասիկա մասնայատուկ ձեռնարկ մը կ’ըլլայ, ինչպէս ջրհորներ փորել կամ ճամբաներ բանալ. իսկ երբեմն՝ կանոնաւորաբար ըլլալիք աշխատանք մը, ինչպէս ամէն շաբաթ ճամբաներ, դպրոցներ կամ հիւանդանոցներ մաքրել։ Երբ այսպիսի քաղաքացիական ծառայութիւն համայնքին օգտին համար է եւ սուտ կրօնքին հետ յարակցութիւն չունի, կամ ուրիշ որեւէ կերպով Եհովայի Վկաներուն խղճմտանքին դէմ չէ, անոնք յաճախ կ’ենթարկուին անոր։ (Ա. Պետրոս 2։13–15) Որու հետեւանքով, ընդհանրապէս հոյակապ վկայութիւն կը տրուի եւ երբեմն կը պապանձեցնէ անոնք որոնք Վկաները կ’ամբաստանեն որպէս կառավարութեան ընդդիմացողներ։—Բաղդատել Մատթէոս 10։18։
19. Քրիստոնեայ մը ի՞նչպէս հարցը ձեռք պէտք է առնէ, եթէ Կայսրը պահանջէ որ որոշ ժամանակ մը ոչ–զինուորական ազգային ծառայութիւն մատուցանէ։
19 Սակայն, ի՞նչ ընել եթէ Պետութիւնը Քրիստոնեայէ մը պահանջէ որ որոշ ժամանակ ազգային ծառայութեան մաս կազմող քաղաքացիական վարչութեան մը ներքեւ քաղաքացիական ծառայութիւն մատուցանէ։ Հոս դարձեալ, Քրիստոնեաները իրենք անհատապէս պէտք է որոշեն, իրենց կրթուած խղճմտանքին վրայ հիմնուելով։ «Ամէնքս ալ Քրիստոսին [Աստուծոյ, ՆԱ] ատեանին առջեւ պիտի կանգնինք»։ (Հռովմայեցիս 14։10) Կայսրին մէկ պահանջքին դէմ գտնուող Քրիստոնեան, պէտք է աղօթքով հարցը քննէ ու անոր վրայ խորհի։a Նաեւ իմաստութիւն է այս հարցին մասին խօսիլ ժողովքին մէջ գտնուող հասուն Քրիստոնեաներու հետ։ Անկէ ետք անձնական որոշում մը պէտք է տայ։—Առակաց 2։1–5. Փիլիպպեցիս 4։5, ՆԱ։
20. Ի՞նչ հարցումներ ու Սուրբ Գրային սկզբունքներ Քրիստոնեայի մը կ’օգնեն որ ոչ–զինուորական՝ ազգային քաղաքացիական ծառայութեան մասին մտածէ։
20 Մինչ Քրիստոնեան այսպիսի հետազօտութիւններու կը ձեռնարկէ, ան Աստուածաշունչի կարգ մը սկզբունքները նկատի կ’առնէ։ Պօղոս ըսաւ որ պէտք է ‘իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն հնազանդինք . . . ամէն բարի գործերու պատրաստ գտնուինք. . . . հեզահոգի ըլլանք, ամէն մարդու քաղցրութիւն ցուցնենք’։ (Տիտոս 3։1, 2) Միեւնոյն ատէն, Քրիստոնեան իրեն առաջարկուած քաղաքացիական աշխատանքը պէտք է քննէ։ Եթէ զայն ընդունի, պիտի կարենա՞յ Քրիստոնէական չէզոքութիւնը պահպանել։ (Միքիայ 4։3, 5. Յովհաննու 17։16) Ասիկա զինք սուտ կրօնքի մը միջամուխ պիտի ընէ՞։ (Յայտնութիւն 18։4, 20, 21) Զայն ստանձնելը արգելք պիտի հանդիսանա՞յ կամ անտրամաբանօրէն զինք ետ պիտի պահէ՞ իր Քրիստոնէական պատասխանատուութիւնները կատարելէ։ (Մատթէոս 24։14. Եբրայեցիս 10։24, 25) Միւս կողմէն, ան պիտի կարենա՞յ շարունակել հոգեւորապէս յառաջդիմել, թերեւս նոյնիսկ լիաժամ ծառայութեան մասնակցելով, մինչ պահանջուած ծառայութիւնը կը կատարէ։—Եբրայեցիս 6։11, 12
21. Ժողովքը ի՞նչպէս պէտք է նկատէ այն եղբայրը որ ոչ–զինուորական՝ ազգային քաղաքացիական ծառայութեան հարցը ձեռք կ’առնէ, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոր որոշումը։
21 Եթէ այս հարցումներուն Քրիստոնեային պարկեշտ պատասխանները զինք առաջնորդեն եզրակացնելու որ ազգային քաղաքացիական ծառայութիւնը «բարի գործ» մըն է, զոր կրնայ կատարել առ ի հնազանդութիւն հեղինակութիւններուն, ի՞նչ կրնանք ըսել։ Ասիկա իր որոշումն է Եհովայի առջեւ։ Նշանակուած երէցները եւ ուրիշներ պէտք է լիովին յարգեն եղբօր խղճմտանքը եւ շարունակեն զինք նկատել որպէս լաւ կեցուածք ունեցող Քրիստոնեայ մը։ Սակայն, եթէ Քրիստոնեայ մը խորհի որ այս քաղաքացիական ծառայութիւնը չի կրնար կատարել, անոր կեցուածքն ալ պէտք է յարգուի։ Ան ալ լաւ կեցուածք մը կը շարունակէ պահել ու պէտք է սիրալիր աջակցութիւն ստանայ։—Ա. Կորնթացիս 10։29. Բ. Կորնթացիս 1։23. Ա. Պետրոս 3։16
22. Ի՛նչ պարագայ ալ դիմագրաւենք, պիտի շարունակենք ի՞նչ ընել։
22 Որպէս Քրիստոնեաներ պիտի չդադարինք պէտք եղածը հատուցանել. «որո՛ւ որ պատիւ՝ պատիւը»։ (Հռովմայեցիս 13։7) Մենք պիտի յարգենք կարգ ու կանոնը ու պիտի ջանանք խաղաղարար, օրինապահ քաղաքացիներ ըլլալ։ (Սաղմոս 34։14) Նոյնիսկ կրնանք «թագաւորներուն եւ իշխաններուն համար» աղօթել, երբ անոնք մեր Քրիստոնէական կենցաղին ու գործունէութեան ազդող որոշումներ պիտի տան։ Քանի որ ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին կու տանք, կը յուսանք «խաղաղ ու հանդարտ կեանք վարե[լ] կատարեալ աստուածպաշտութիւնով ու պարկեշտութիւնով»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։1, 2) Ամէն բանէ առաջ, մենք պիտի շարունակենք Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել, որպէս մարդկութեան միակ յոյսը, խղճմտօրէն ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տալով։
[Ստորանիշ]
a Տես Դիտարան 15 Մայիս 1964, էջ 308, պարբերութիւն 21, Անգլերէնով։
Կրնա՞ք բացատրել
◻ Երբ Եհովայի ու Կայսրին հետ իր ունեցած յարաբերութիւնները հակակշռէ, Քրիստոնեային գլխաւոր հետաքրքրութիւնը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։
◻ Եհովայի ի՞նչ կը պարտինք, զոր Կայսրին բնաւ չենք կրնար տալ։
◻ Ի՞նչ են կարգ մը բաներ զորս պատշաճօրէն Կայսրին կու տանք։
◻ Ի՞նչ համարներ մեզի կ’օգնեն որ զինուորական պարտադիր ծառայութեան հարցին շուրջ շիտակ որոշում տանք։
◻ Ի՞նչ բաներ պէտք չէ մոռնանք, եթէ ոչ–զինուորական՝ ազգային քաղաքացիական ծառայութեան կանչուինք։
◻ Եհովայի ու Կայսրին առնչութեամբ, ի՞նչ բաներ կը շարունակենք ընել։