-
Յարութիւնը ստոյգ յոյս մըն էԴիտարան (ուսումնասիրական) 2020 | Դեկտեմբեր
-
-
Յիսուս առաջինն էր որ յարութիւն առաւ, երկինքի մէջ ապրելու համար (տե՛ս պարբերութիւն 15-16)b
15. Որո՞նք պարփակուած են այն «ամէնք»ին մէջ, որոնք «կենդանի պիտի ըլլան»։
15 Նկատէ թէ Պօղոս ըսաւ, որ «Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան» (Ա. Կոր. 15։22)։ Պօղոսի նամակը ուղղուած էր Կորնթոսի մէջ ապրող օծեալ քրիստոնեաներուն, որոնք յարութիւն առնելով երկինք պիտի երթային։ Այդ քրիստոնեաները ‘Քրիստոս Յիսուսով սրբուած էին, սուրբեր ըլլալու կանչուած’։ Ան նաեւ նշեց «Քրիստոսով ննջողներ»ը (Ա. Կոր. 1։2. 15։18. Բ. Կոր. 5։17)։ Ուրիշ ներշնչեալ նամակի մը մէջ Պօղոս գրեց, թէ անոնք որոնք Յիսուսի հետ միացած են իր ‘մահուան նմանութիւնով’, իրեն հետ ալ միացած պիտի ըլլան ‘իր յարութեան նմանութիւնով’ (Հռով. 6։3-5)։ Յիսուս յարութիւն առաւ որպէս հոգեղէն արարած եւ երկինք գնաց։ Ուստի, Քրիստոսի օծեալ աշակերտներն ալ նոյն կերպով պիտի յարուցանուին։
-
-
Յարութիւնը ստոյգ յոյս մըն էԴիտարան (ուսումնասիրական) 2020 | Դեկտեմբեր
-
-
17. Քրիստոսի օծեալ աշակերտները ե՞րբ պիտի ստանային իրենց երկնային վարձատրութիւնը։
17 Պօղոս Կորնթոսի քրիստոնեաներուն գրած ատեն, Քրիստոսի օծեալ աշակերտները տակաւին չէին սկսած երկնային յարութիւն առնել։ Պօղոս ապագայ ժամանակի մը ակնարկեց, ըսելով. «Ամէն մէկը իր կարգովը. առաջին պտուղը Քրիստոս, ետքը Քրիստոսինները՝ իր գալու ատենը [«ներկայութեան ընթացքին», ՆԱ]» (Ա. Կոր. 15։23. Ա. Թես. 4։14, 15)։ Ներկայիս կ’ապրինք Քրիստոսի մարգարէացուած «ներկայութեան» ընթացքին։ Առաքեալները եւ ուրիշ օծեալ քրիստոնեաներ երբ մեռնէին, պէտք էր այդ ներկայութեան սպասէին, որպէսզի իրենց երկնային վարձատրութիւնը ստանային եւ ‘Յիսուսի հետ միանային իր յարութեան նմանութիւնով’։
-