Աստուած ի՞նչպէս ներշնչեց Աստուածաշունչը
ՆԵՐԿԱՅԻՍ հաղորդակցութիւնը աւելի գրաւիչ է քան որեւէ ուրիշ ժամանակ պատմութեան մէջ։ Հեռաձայններ, հեռապատճենի մեքենաներ, համակարգիչներ. տարիներ առաջ մէկը կրնա՞ր երեւակայել ժամանակ մը, երբ կարելի պիտի ըլլար անմիջապէս պատգամներ ուղարկել գրեթէ որեւէ տեղ համայն աշխարհի մէջ։
Սակայն, ամենէն գրաւիչ հաղորդակցութեան կերպը մարդկութեան հասողութենէն վեր է. աստուածային ներշնչումը։ Եհովա շուրջ 40 մարդիկ ներշնչեց, իր Խօսքը՝ Սուրբ Աստուածաշունչը՝ արտադրելու համար։ Ինչպէս մարդիկ մէկէ աւելի հաղորդակցութեան միջոցներ ունին, նոյնպէս ալ Եհովա հաղորդակցութեան զանազան մեթոտներ գործածեց, Սուրբ Գրութիւնները ներշնչելու համար։
Բերանացի Պատուէրներ. Աստուած մասնայատուկ պատգամներ հաղորդեց, որոնք հետագային Աստուածաշունչի արձանագրութեան մաս կազմեցին։a Օրինակի համար, նկատի առէք Օրէնքի ուխտը կազմող կանոնները։ «Գրէ՛ այս խօսքերը», ըսաւ Եհովա Մովսէսին, «վասն զի այս խօսքերուն համեմատ քեզի հետ ու Իսրայէլին հետ ուխտ ըրի»։ (Ելից 34։27) Այս «խօսքերը», որոնք «հրեշտակներուն մատակարարութիւնովը» փոխանցուեցան, Մովսէսի կողմէ ընդօրինակուեցան եւ հիմա կը գտնուին Աստուածաշունչի Ելից, Ղեւտացւոց, Թուոց եւ Բ. Օրինաց գրքերուն մէջ։—Գործք 7։53
Ուրիշ շատ մը մարգարէներ, ինչպէս՝ Եսայի, Երեմիա, Եզեկիէլ, Ամովս, Նաւում եւ Միքիա, Աստուծմէ մասնայատուկ պատգամներ առին, հրեշտակներու միջոցաւ։ Երբեմն այս մարդիկը իրենց յայտարարութիւնները սկսան հետեւեալ խօսքերով. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ»։ (Եսայեայ 37։6. Երեմեայ 2։2. Եզեկիէլ 11։5. Ամովսեայ 1։3. Միքիայ 2։3. Նաւումայ 1։12) Ետքը Աստուծոյ ըսածները գրի առին։
Տեսիլքներ, Երազներ եւ Յափշտակութիւններ. Տեսիլքը երեւոյթ մը, պատկեր մը կամ պատգամ մըն է, որ անհատի մը մտքին վրայ կը պարտադրուի մինչ ինք արթուն է, սովորաբար արտակարգ միջոցով մը։ Օրինակի համար, Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս, «երբ արթնցան» այլակերպուած Յիսուսի տեսիլքը տեսան։ (Ղուկաս 9։28-36. Բ. Պետրոս 1։16-21) Կարգ մը պարագաներուն, պատգամ մը կը հաղորդուէր երազի մը կամ գիշերուան տեսիլքի մը մէջ, անհատին ենթագիտակցութեան մէջ դրոշմելով զայն, մինչ ան քնացած կ’ըլլար։ Ուստի, Դանիէլ գրեց «իմ անկողնիս մէջ գլխուս տեսիլքներ»ուն մասին. կամ ինչպէս թարգմանիչ Ռոնալտ Ա. Նոքս կը թարգմանէ զայն, «մինչ պառկած կը դիտէի երազիս մէջ»։—Դանիէլ 4։10
Եհովայի կողմէ յափշտակութեան ենթարկուած անհատ մը ակներեւօրէն կը մխրճուէր խորապէս կեդրոնացած վիճակի մը մէջ, թէեւ առնուազն կէս–արթուն կը մնար։ (Բաղդատել՝ Գործք 10։9-16։) Աստուածաշունչին մէջ «յափշտակութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառը (էքսթասիս) կը նշանակէ ‘արգելափակում կամ տեղափոխում մը’։ Անիկա միտքը իր բնական վիճակէն տեղափոխելու գաղափարը կը թելադրէ։ Հետեւաբար, յափշտակութեան մէջ եղող անհատ մը իր շրջակայքը կը մոռնայ, մինչ լիովին կը կլանուի տեսիլքով։ Պօղոս առաքեալ հաւանաբար այսպիսի յափշտակութեան մը մէջ էր, երբ ան «դրախտ յափշտակուեցաւ ու լսեց անպատմելի խօսքեր, որոնց մասին արժան չէ խօսիլ»։—Բ. Կորնթացիս 12։2-4
Աստուծմէ բերանացի պատգամներ արձանագրողներուն հակառակը, տեսիլքներ կամ երազներ ստացած կամ յափշտակութեան ենթարկուած Աստուածաշունչի գրողները, յաճախ որոշ կամքի ազատութիւն ունէին իրենց տեսածը իրենց բառերով նկարագրելու։ Ամբակումի ըսուեցաւ. «Տեսիլքը գրէ՛ ու տախտակներու վրայ յայտնի նշանակէ, որպէս զի զանիկա կարդացողը համարձակ կարդայ»։—Ամբակումայ 2։2
Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Աստուածաշունչի այս բաժինները աւելի նուազ ներշնչուած են քան այն հատուածները որոնք բերանացի կերպով տրուեցան։ Բնա՛ւ երբեք։ Իր հոգիին միջոցաւ, Եհովա ամուր կերպով իր պատգամը քանդակեց իւրաքանչիւր գրողի մտքին մէջ, այնպէս որ Աստուծոյ գաղափարները հաղորդուեցան, ոչ թէ՝ մարդոց։ Թէեւ Եհովա թոյլատրեց որ գրողը յարմար բառեր ընտրէ, սակայն ան գրողին միտքն ու սիրտը առաջնորդեց, որպէսզի կենսական տեղեկութիւններ չանտեսուին եւ վերջնական արդիւնքը պատշաճօրէն նկատուի որպէս Աստուծոյ խօսքերը։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13
Աստուածային Յայտնութիւն. Աստուածաշունչը կը պարունակէ մարգարէութիւն՝ նախապէս յայտնուած ու գրուած պատմութիւն, որ մարդկային կարողութենէն վեր է։ Ասոր մէկ օրինակն է «Յոյներու թագաւոր»ին՝ Մեծն Աղեքսանդրի՝ բարձրացումն ու անկումը, որ նախագուշակուած էր շուրջ 200 տարիներ առաջ։ (Դանիէլ 8։1-8, 20-22) Աստուածաշունչը նաեւ կը յայտնէ դէպքեր, որոնց մարդկային աչքեր երբեք ականատես չեն եղած։ Երկնքի ու երկրի ստեղծագործութիւնը օրինակ մըն է։ (Ծննդոց 1։1-27. Ծննդոց 2։7, 8) Նաեւ կան երկնքի մէջ տեղի ունեցած խօսակցութիւնները, որոնցմէ մաս մը տեղեկագրուած է Յոբայ գրքին մէջ։—Յոբայ 1։6-12. 2։1-6
Երբ այսպիսի դէպքեր ուղղակիօրէն Աստուծմէ չյայտնուեցան գրողին, Աստուած զանոնք անհատի մը գիտցուց, այնպէս որ բերանացի կամ գրաւոր պատմութեան մաս կազմեցին, որոնք մէկ սերունդէն միւսը փոխանցուեցան մինչեւ որ Աստուածաշունչի արձանագրութեան մաս կազմեցին։ (Տես՝ էջ 7–ի վրայ գտնուող շրջագիծը։) Ամէն պարագայի, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան էր բոլոր այս տեղեկութիւններուն Աղբիւրը եւ ինք առաջնորդեց գրողները, այնպէս որ անոնց արձանագրութիւնները սխալներով, չափազանցութիւններով կամ առասպելներով չաղաւաղուեցան։ Պետրոս մարգարէութեան նկատմամբ գրեց. «Աստուծոյ սուրբ մարդիկը սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան»։b —Բ. Պետրոս 1։21
Տքնաջան Աշխատանք Պահանջուած Էր
Աստուածաշունչի գրողները «սուրբ Հոգիէն շարժուած» ըլլալով հանդերձ, իրենցմէ պահանջուած էր ուշադրութեամբ խորհիլ։ Օրինակի համար, Սողոմոն ‘խորհեցաւ ու քննեց որ շատ առակներ շարադրէ։ [Ան] փնտռեց, որ ախորժելի խօսքեր գտնէ։ Գրուածը ուղիղ եւ ճշմարիտ խօսքեր են’։—Ժողովողի 12։9, 10
Աստուածաշունչի գրողներէն ոմանք իրենց նիւթը հաւաքելու համար բաւական պրպտուք ըրին։ Ղուկաս, օրինակի համար, իր Աւետարանին նկատմամբ գրեց. «Սկիզբէն բծախնդրութեամբ հետազօտած ըլլալով այս դէպքերը՝ քեզի կը գրեմ դասաւորելով զանոնք»։ Անշուշտ, Աստուծոյ հոգին Ղուկասի ջանքերը օրհնեց, անկասկած զինք առաջնորդելով որ գտնէ պատմական վստահելի արձանագրութիւններ եւ հարցազրոյց ունենայ հաւատարիմ ականատեսներու հետ, ինչպէս՝ տակաւին ողջ եղող աշակերտները եւ հաւանաբար Յիսուսի մայրը՝ Մարիամ։ Ապա Աստուծոյ հոգին Ղուկասը առաջնորդեց որ այս տեղեկութիւնները ճշգրտութեամբ արձանագրէ։—Ղուկաս 1։1-4, ՆԱԹ։
Ղուկասի Աւետարանին հակառակը, Յովհաննու Աւետարանը ականատեսի մը արձանագրութիւնն էր, գրուած՝ Յիսուսի մահէն շուրջ 65 տարի ետք։ Անտարակոյս, Եհովայի հոգին Յովհաննէսի յիշողութիւնը զօրացուց, որպէսզի ժամանակի երկարութեան պատճառաւ չտկարանար։ Ասիկա ներդաշնակ էր Յիսուսի իր աշակերտներուն ըրած խոստումին հետ. «Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ»։—Յովհաննու 14։26
Կարգ մը պարագաներուն, Աստուածաշունչի գրողները իրենց արձանագրութիւններուն մէջ գրաքաղութիւններ պարփակեցին, առնուած՝ նախկին ականատես պատմաբաններու արձանագրութիւններէն, որոնք բոլորն ալ ներշնչուած չէին։ Երեմիա Երրորդ եւ Չորրորդ Թագաւորաց գրքերուն տեղեկութիւնները մեծ մասամբ այս կերպով հաւաքեց։ (Դ. Թագաւորաց 1։18) Տեղեկութիւններ հաւաքելու համար Առաջին եւ Երկրորդ Մնացորդաց գրքերուն համար, Եզրաս առնուազն 14 ոչ–ներշնչեալ աղբիւրներու ակնարկեց, ի ներառեալ ‘Դաւիթ թագաւորին յիշատակի գիրքը’ եւ ‘Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գիրքը’։ (Ա. Մնացորդաց 27։24. Բ. Մնացորդաց 16։11) Մովսէս նոյնիսկ մէջբերեց ‘Տէրոջը պատերազմներուն գրքէն’. ակներեւաբար Աստուծոյ ժողովուրդին պատերազմներուն վստահելի արձանագրութիւն մը։—Թուոց 21։14, 15
Այսպիսի պարագաներուն, սուրբ հոգին գործօն կերպով միջամուխ կ’ըլլար, Աստուածաշունչի գրողները մղելով որ ընտրեն միայն վստահելի տեղեկութիւններ, որոնք հետագային Աստուածաշունչի ներշնչուած արձանագրութեան մէկ մասը եղան։
Գործնական Խրատներ՝ Ո՞րմէ
Աստուածաշունչը կը պարունակէ գործնական խրատներու ճոխ հաւաքածոյ մը, հիմնուած՝ անհատական արթնամիտ դիտարկութիւններու վրայ։ Օրինակի համար, Սողոմոն գրեց. «Մարդս ուտելէն ու խմելէն եւ իր աշխատանքովը իր հոգին զուարճացնելէ աւելի լաւ բան չունի։ Ես տեսայ թէ ասիկա ալ Աստուծոյ ձեռքով կ’ըլլայ»։ (Ժողովողի 2։24) Պօղոս ըսաւ թէ ամուսնութեան վերաբերեալ իր խրատը «[իր] կարծիքով» էր, թէեւ աւելցուց. «Կարծեմ թէ ե՛ս ալ Աստուծոյ Հոգին ունիմ»։ (Ա. Կորնթացիս 7։25, 39, 40) Պօղոս վստա՛հաբար Աստուծոյ հոգին ունէր, քանի որ Պետրոս առաքեալին խօսքերուն համաձայն, Պօղոս «իրեն տրուած իմաստութիւնովը» գրած էր։ (Բ. Պետրոս 3։15, 16) Հետեւաբար, Աստուծոյ հոգիին առաջնորդութեամբ, ան իր կարծիքը կու տար։
Երբ Աստուածաշունչի գրողները այսպիսի անձնական համոզումներ արտայայտեցին, անոնք արդէն այն ժամանակ իրենց մատչելի եղած գրութիւնները կ’ուսումնասիրէին ու կը գործադրէին։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ անոնց գրութիւնները Աստուծոյ տեսակէտին հետ ներդաշնակ էին։ Անոնց արձանագրութիւնները Աստուծոյ Խօսքին մաս կազմեցին։
Անշուշտ, Աստուածաշունչը կը բովանդակէ սխալ մտածելակերպ ունեցող կարգ մը անհատներու խօսքերը։ (Բաղդատել՝ Յոբայ 15։15–ը Յոբայ 42։7–ին հետ։) Անիկա նաեւ կը բովանդակէ քանի մը արտայայտութիւններ, որոնք Աստուծոյ ծառաներուն վշտագին զգացումները կը հաղորդեն, թէեւ ասոնք հարցերուն մասին մանրամասնութիւններ չեն հայթայթեր։c Երբ գրողը այսպիսի անձնական արտայայտութիւններ կ’ընէր, ան տակաւին Աստուծոյ հոգիով կ’առաջնորդուէր ճշգրիտ արձանագրութիւն մը ընելու համար, որ օգնեց սխալ մտածելակերպը բնորոշելու եւ քօղազերծելու։ Ասկէ զատ, իւրաքանչիւր պարագային, բովանդակութիւնը կը յստակացնէ տրամաբանող ոեւէ ընթերցողի, թէ գրողին մտածելակերպը շիտա՛կ է կամ ոչ։
Ամփոփելով, կրնա՛նք վստահ ըլլալ թէ ամբողջ Աստուածաշունչը Աստուծոյ պատգամն է։ Արդարեւ, Եհովա վստահ եղաւ որ անոր լման բովանդակութիւնը իր նպատակին համաձայն է եւ կենսական հրահանգներ կը հայթայթէ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին իրեն ծառայել։—Հռովմայեցիս 15։4
Ինչո՞ւ Մարդկային Գրողներ
Աստուածաշունչը գրելու համար մարդիկ գործածելով, Եհովա իր հոյակապ իմաստութիւնը ցոյց տուաւ։ Նկատի առէք հետեւեալը. Եթէ Աստուած այս յանձնարարութիւնը հրեշտակներուն տար, Աստուածաշունչը միեւնոյն գրաւչութիւնը պիտի ունենա՞ր։ Ճիշդ է որ պիտի հրճուէինք կարդալով Աստուծոյ յատկութիւններուն եւ գործառնութիւններուն մասին, հրեշտակի մը տեսանկիւնէն դիտուած։ Բայց եթէ մարդկային տարրը բոլորովին գոյութիւն չունենար, թերեւս դժուարութիւն ունենայինք Աստուածաշունչի պատգամը ըմբռնելու։
Բացատրենք. Աստուածաշունչը պարզապէս կրնար տեղեկագրել թէ Դաւիթ թագաւոր շնութիւն եւ ոճիր գործեց իսկ անկէ ետք զղջաց։ Սակայն, որքա՜ն աւելի լաւ է որ Դաւիթի անձնական բառերը ունինք, երբ սրտաբեկ զղջաց իր արարքներուն համար եւ Եհովայի ներողամտութիւնը հայցեց։ «Իմ մեղքս միշտ իմ առջեւս է», գրեց ան։ «Կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր»։ (Սաղմոս 51։3, 17) Հետեւաբար, Աստուածաշունչը մարդկային տարրին ջերմութիւնը, այլազանութիւնը եւ գրաւչութիւնը ունի։
Այո, Եհովա իր Խօսքը մեզի տալու լաւագոյն կերպը ընտրեց։ Թէեւ տկարութիւններով եւ յանցանքներով լեցուն մարդիկ գործածուեցան, սակայն անոնք սուրբ հոգիէն շարժուեցան, որպէսզի իրենց գրութիւններուն մէջ սխալներ չսպրդէին։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչը գերադրական արժէք ունի։ Անոր խրատը հաստատ է, իսկ երկրի վրայ ապագայ Դրախտին նկատմամբ անոր մարգարէութիւնները վստահելի են։—Սաղմոս 119։105. Բ. Պետրոս 3։13
Ինչո՞ւ սովորութիւն չընէք, ամէն օր Աստուծոյ Խօսքէն հատուած մը կարդալ։ Պետրոս գրեց. «Աստուծոյ խօսքին անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէսզի անով աճիք եւ փրկութեան հասնիք»։ (Ա. Պետրոս 2։2, ՆԱԹ) Քանի որ անիկա Աստուծմէ ներշնչուած է, պիտի նկատէք որ ամբողջ Աստուածաշունչը «օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած»։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17
[Ստորանիշներ]
a Առնուազն մէկ առիթով, Տասը Պատուիրաններու պարագային, տեղեկութիւնները ուղղակիօրէն «Աստուծոյ մատովը» գրի առնուեցան։ Ապա Մովսէս այս խօսքերը ընդօրինակեց մագաղաթներու կամ ուրիշ նիւթերու վրայ։—Ելից 31։18. Բ. Օրինաց 10։1-5
b Հոս՝ «շարժուած» թարգմանուած Յունարէն ֆէրօ բառին ուրիշ մէկ ձեւը գործածուած է Գործք 27։15, 17–ի մէջ, նկարագրելու համար նաւ մը որ հովէն կը քշուի։ Ուստի, սուրբ հոգին Աստուածաշունչի գրողներուն ‘ընթացքը նաւարկեց’, զանոնք մղելով որ մերժեն որեւէ շինծու տեղեկութիւն եւ պարփակեն միմիայն իրողութիւններ։
c Որպէս Օրինակներ, Գ. Թագաւորաց 19։4–ը բաղդատեցէք 14 եւ 18–րդ համարներուն հետ. Յոբայ 10։1-3. Սաղմոս 73։12, 13, 21. Յովնանու 4։1-3, 9. Ամբակումայ 1։1-4, 13
[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 8]
Մովսէս իր տեղեկութիւնները ուրկէ՞ ձեռք ձգեց
ՄՈՎՍԷՍ Աստուածաշունչի Ծննդոց գիրքը գրեց, սակայն անոր արձանագրած բոլոր տեղեկութիւնները իր ծնունդէն շա՜տ առաջ տեղի ունեցած էին։ Ուստի, ան այս տեղեկութիւնները ուրկէ՞ ձեռք ձգեց։ Կրնայ ըլլալ որ Աստուած զանոնք ուղղակիօրէն իրեն յայտնեց կամ ալ կարգ մը դէպքերու տեղեկութիւնները սերունդէ սերունդ բերանացի փոխանցուած էին։ Քանի որ մարդիկ անցեալին աւելի երկար կ’ապրէին, Ծննդոցին մէջ Մովսէսի արձանագրած տեղեկութիւններուն մեծամասնութիւնը կրնար Ադամէն Մովսէսի հասնիլ յաջորդաբար ապրող միմիայն հինգ անձերու միջոցաւ. Մաթուսաղա, Սէմ, Իսահակ, Ղեւի եւ Ամրամ։
Ասկէ զատ, թերեւս Մովսէս արձանագրութիւններու դիմեց։ Այս առնչութեամբ, յատկանշական է որ Մովսէս յաճախ «այս է պատմութիւնը» արտայայտութիւնը գործածեց, խնդրոյ առարկայ անհատին անունը յիշելէ առաջ։ (Ծննդոց 6։9. 10։1. 11։10, 27. 25։12, 19. 36։1, 9. 37։2) Ուսումնականներէն ոմանք կ’ըսեն թէ հոս՝ «պատմութիւն» թարգմանուած Եբրայերէն բառը՝ թոհ·լը·տոհդ, կ’ակնարկէ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող պատմական արձանագրութեան մը, զոր Մովսէս գործածեց իր գրութեան որպէս աղբիւր։ Անշուշտ, ասոր վճռական ըլլալը չենք կրնար փաստել։
Կրնայ ըլլալ որ Ծննդոց գրքին բովանդակած տեղեկութիւնները վերոյիշեալ երեք կերպերով ձեռք ձգուեցան. մաս մը՝ ուղղակի յայտնութեամբ, մաս մը՝ բերանացի փոխանցումով, իսկ մաս մըն ալ՝ արձանագրութիւններէ։ Կարեւոր կէտը այն է որ Մովսէս Եհովայի հոգիէն ներշնչուեցաւ։ Հետեւաբար, անոր գրութիւնները իրաւացիօրէն կը նկատուին որպէս Աստուծոյ խօսքը։
[Նկար՝ էջ 4]
Աստուած զանազան կերպերով մարդիկ ներշնչեց որ Աստուածաշունչը գրեն