Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Շարունակենք Եհովայի ճամբուն մէջ քալել
    Դիտարան 1999 | Յունիս 1
    • 6, 7. Թէեւ Իսրայելացիները Եհովա Աստուծոյ կը պաշտէին, բայց անոնք ի՞նչ առիթներով մեղանչեցին եւ ինչո՛ւ։

      6 Ասիկա պատահեցա՛ւ վաղեմի Իսրայէլի, ինչպէս Պօղոս ցոյց տուաւ։ Ան գրեց. «Այն բաները մեզի օրինակ եղան, որպէս զի չար բաներու չցանկանք, ինչպէս անոնք ցանկացին։ Ոչ ալ կռապաշտ ըլլանք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք եղան։ Ինչպէս գրուած է. ‘Ժողովուրդը նստաւ ուտելու եւ խմելու ու ելան խաղալու [«զուարճանալու», Էջմիածին]’։ Պոռնկութիւն չընենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք պոռնկացան ու մէկ օրուան մէջ քսանըերեք հազար հոգի ինկան»։—Ա. Կորնթացիս 10։6-8

      7 Նախ Պօղոս կ’ակնարկէ այն առիթին, երբ Իսրայէլ ոսկիէ հորթ մը պաշտեց Սինա Լերան ստորոտը։ (Ելից 32։5, 6) Ասիկա բացայայտ անհնազանդութիւն մըն էր աստուածային պատուէրի մը, որու հնազանդիլ խոստացած էին տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ։ (Ելից 20։4-6. 24։3) Ապա, Պօղոս կ’ակնարկէ այն ժամանակին, երբ Իսրայէլ Մովաբի աղջիկներուն հետ Բահաղի առջեւ երկրպագութիւն ըրաւ։ (Թուոց 25։1-9) Հորթի պաշտամունքը յատկորոշուած էր անսանձ ինքնայագեցումով, ‘զուարճանալով’։a Բահաղի պաշտամունքին կ’ընկերանար ակներեւ սեռային լիրբ անբարոյութիւն։ (Յայտնութիւն 2։14) Իսրայելացիները ինչո՞ւ այս մեղքը գործեցին։ Քանի որ անոնք թոյլ տուին որ իրենց սրտերը ‘չար բաներու ցանկան’, անոնք ըլլան կռապաշտութիւն, թէ անոր ընկերակցող սանձարձակ սովորութիւններ։

      8. Իսրայէլի փորձառութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

      8 Պօղոս նշեց որ այս անցուդարձերէն պէտք է դաս առնենք։ Ի՞նչ դաս։ Աներեւակայելի է որ Քրիստոնեայ մը ոսկիէ հորթի մը, կամ Մովաբացի հին չաստուածներէն մէկուն առջեւ երկրպագութիւն ընէ։ Բայց անբարոյութեան, կամ անսանձ ինքնայագեցումի մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։ Ներկայիս, ասոնք սովորական բաներ են եւ եթէ թոյլ տանք որ այսպիսի բաներու հանդէպ ցանկութիւն մը զարգանայ մեր մէջ, անոնք մեզ պիտի հեռացնեն Եհովայէ։ Հետեւանքը կռապաշտութիւն կատարելու նման պիտի ըլլայ՝ Աստուծմէ օտարացում։ (Համեմատել՝ Կողոսացիս 3։5. Փիլիպպեցիս 3։19։) Արդարեւ, Պօղոս այս անցուդարձերու մասին իր խօսակցութիւնը կ’եզրափակէ իր հաւատակիցները յորդորելով. «Կռապաշտութենէ փախէք»։—Ա. Կորնթացիս 10։14

  • Շարունակենք Եհովայի ճամբուն մէջ քալել
    Դիտարան 1999 | Յունիս 1
    • a Հոս «զուարճանալ» թարգմանուած Յունարէն բառին ուշադրութիւն հրաւիրելով, մեկնաբան մը կ’ըսէ թէ անիկա կ’ակնարկէ հեթանոսական տօնախմբութիւններուն մէջ տեղի ունեցած պարերուն, եւ կ’աւելցնէ. «Հանրածանօթ է որ այդ պարերէն շատերը, ուղղակիօրէն ծրագրուած էին ամենասանձարձակ կրքերը գրգռելու համար»։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել