-
«Պոռնկութենէն փախէք»«Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
-
-
3. Բաղաամի ծրագիրը ո՞ր տարողութեամբ յաջողեցաւ։
3 Արդեօք այս ծրագիրը յաջողեցա՞ւ։ Որոշ չափով, այո՛։ Տասնեակ հազարաւոր իսրայէլացի տղամարդիկ խայծին զոհ գացին՝ ‘Մովաբի աղջիկներուն հետ պոռնկութիւն ընելով’։ Անոնք նոյնիսկ սկսան Մովաբի չաստուածները պաշտել, ներառեալ՝ գարշելի Բելփեգովրի Բահաղը, արգասաբերութեան կամ սեռի չաստուածը։ Առ ի հետեւանք, 24,000 իսրայէլացիներ ոչնչացան, ճիշդ Աւետեաց երկրի սեմին։ Ասիկա ինչ մե՜ծ ողբերգութիւն մըն էր (Թուոց 25։1-9)։
-
-
«Պոռնկութենէն փախէք»«Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
-
-
4. Ինչո՞ւ հազարաւոր իսրայէլացիներ պոռնկութեան զոհ գացին։
4 Ի՞նչ բան ճամբան հարթեց այս աղէտին։ Ժողովուրդէն շատեր չար սիրտ մը մշակած էին՝ հեռանալով Եհովայէ, այն Աստուծմէն՝ որ զիրենք Եգիպտոսէն ազատագրած էր, անապատին մէջ կերակրած եւ ապահովաբար Աւետեաց երկիր առաջնորդած էր (Եբրայեցիս 3։12)։ Այս դէպքին անդրադառնալով, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Պոռնկութիւն չընենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք պոռնկացան ու մէկ օրուան մէջ քսաներեք հազար հոգի ինկան» (Ա. Կորնթացիս 10։8)a։
-
-
«Պոռնկութենէն փախէք»«Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
-
-
a Թուոց գրքին մէջ նշուած 24,000–ը, ակներեւաբար պարփակեց՝ դատաւորներուն կողմէ մահապատիժի ենթարկուած «ժողովուրդին բոլոր իշխանները», որոնց թիւը հաւանաբար 1000 ըլլալու էր, առաւել անոնք՝ որոնք ուղղակի Եհովայի կողմէ մահապատիժի ենթարկուեցան (Թուոց 25։4, 5)։
-