Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս պէտք է նկատեն խմիչքը
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս պէտք է նկատեն խմիչքը

      Աշխարհի չորս կողմը, մարդիկ խմիչքին նկատմամբ տարբեր կարծիքներ ունին։ Ոմանք կը սիրեն ատենը մէյ մը բարեկամներուն հետ գաւաթ մը առնել։ Ուրիշներ կը նախընտրեն բնաւ չխմել։ Ուրիշներ ալ մինչեւ գինովնալը կը խմեն։ Սուրբ Գիրքը խմիչքին նկատմամբ ի՞նչ կ’ըսէ։

      1. Սխա՞լ է խմիչք խմել

      Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր որ խմիչք խմելը սխալ է։ Ընդհակառակը, երբ կը խօսի Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած նուէրներուն մասին, կը յիշէ նաեւ «գինին՝ որ կ’ուրախացնէ մարդուն սիրտը» (Սաղմոս 104։14, 15)։ Սուրբ Գիրքին մէջ յիշուած կարգ մը հաւատարիմ տղամարդիկ ու կիներ խմիչք խմեցին (Ա. Տիմոթէոս 5։23)։

      2. Սուրբ Գիրքը ի՞նչ խրատ կու տայ անոնց, որոնք խմիչք կը խմեն

      Եհովան չ’ուզեր որ չափազանց խմենք ու գինովնանք (Գաղատացիս 5։21)։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն» (Առակաց 23։20)։ Անոր համար, եթէ կը խմենք,– նոյնիսկ եթէ առանձին ենք,– պէտք չէ այնքա՛ն խմենք, որ յստակօրէն չմտածենք, մեր խօսքն ու գործերը չզսպենք կամ մեր առողջութեան վնաս հասցնենք։ Եթէ չենք կրնար խմիչք խմելուն չափ ու սահման դնել, պէտք է պատրաստ ըլլանք խմելը ամբողջովին կեցնելու։

      3. Ինչպէ՞ս կրնանք խմիչք խմելու նկատմամբ ուրիշներու որոշումները յարգել

      Ամէն անհատ ինք պէտք է որոշէ՝ խմիչք խմել կամ ոչ։ Պէտք չէ դատենք մէկը, որ չափաւորութեամբ խմիչք կը խմէ, եւ պէտք չէ ճնշենք մէկը, որ չ’ուզեր խմել (Հռովմայեցիս 14։10)։ Կ’որոշենք չխմել, եթէ մեր խմելը ուրիշներուն խնդիրներ պիտի պատճառէ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 14։21)։ Մենք կը փնտռենք ‘ոչ թէ մեր անձին օգուտը, հապա մեր ընկերինը’ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 10։23, 24)։

      ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

      Նկատի առ սուրբգրային սկզբունքներ, որոնք քեզի պիտի օգնեն որոշելու, թէ խմե՛ս կամ ոչ, եւ եթէ պիտի խմես՝ որչա՛փ։ Նաեւ տե՛ս թէ ի՛նչ կրնաս ընել, եթէ խմելու խնդիր ունիս։

      4. Որոշէ՝ խմե՛լ կամ ոչ

      Յիսուս խմիչք խմելը ինչպէ՞ս նկատեց։ Պատասխանը գիտնալու համար, նկատի առ իր ըրած առաջին հրաշքը։ Կարդացէ՛ք Յովհաննէս 2։1-11 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Կարդացածիդ համաձայն, Յիսուս խմիչքը եւ զայն խմողները ինչպէ՞ս նկատեց։

      • Որովհետեւ Յիսուս խմիչք խմելը սխալ չնկատեց, քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս պէտք է նկատէ այն անհատը, որ խմիչք կը խմէ։

      Սակայն, թէեւ քրիստոնեան իրաւունք ունի խմիչք խմելու, բայց իմաստութիւն չէ ամէն պարագայի խմել։ Կարդացէ՛ք Առակաց 22։3 եւ քննարկեցէ՛ք թէ ինչպէ՛ս այս պարագաները կրնան ազդել որոշումիդ, թէ պիտի խմես կամ ոչ.

      • Մեքենայ մը պիտի քշես կամ գործածես։

      • Յղի ես։

      • Բժիշկդ պատուիրած է, որ խմիչք չխմես։

      • Դժուարութիւն ունիս խմելուդ չափը չանցնելու։

      • Օրէնքը չ’արտօներ որ խմիչք խմես։

      • Մէկու մը հետ ես, որ որոշած է չխմել, քանի որ անցեալին խմելու հետ խնդիր ունեցած է։

      Հարսանեկան խնճոյքներու կամ ուրիշ ընկերային հաւաքոյթներու մէջ խմիչք պիտի հրամցնե՞ս։ Որոշելու համար, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

      ՎԻՏԷՕ. Ալքոլ հրամցնե՞մ կամ ոչ (2։41)

      Կարդացէ՛ք Հռովմայեցիս 13։13 եւ Ա. Կորնթացիս 10։31, 32։ Ամէն մէկ համար կարդալէ ետք, քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Այս սկզբունքը գործադրելը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել, որ Եհովան հաճեցնող որոշում մը առնես։

      Ճաշարանի մը մէջ, եղբայր մը կը մերժէ գինի խմել։ Իրեն հետ եղող երկու քոյրերը գինի կը խմեն։

      Ամէն մէկ քրիստոնեայ ինք կ’որոշէ՝ խմիչք խմե՛լ կամ ոչ։ Նոյնիսկ եթէ ատեններ խմիչք կը խմէ, ուրիշ ատեններ թերեւս որոշէ չխմել

      5. Որոշէ թէ որքա՛ն պիտի խմես

      Եթէ որոշես խմիչք խմել, ասիկա յիշէ. մինչ Եհովան խմիչք խմելը սխալ չի նկատեր, ան կ’ըսէ որ չափազանց խմելը սխալ է։ Ինչո՞ւ։ Կարդացէ՛ք Ովսէէ 4։11, 18 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, երբ մէկը չափազանց կը խմէ։

      Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ չափազանց չխմենք։ Պէտք է խոնարհ ըլլանք եւ գիտնանք մեր տկարութիւնները։ Կարդացէ՛ք Առակաց 11։2 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ինչո՞ւ կ’արժէ որոշել, թէ ճիշդ որչա՛փ պիտի խմես։

      6. Ինչպէ՞ս կարելի է չափազանց խմելը յաղթահարել

      Տե՛ս թէ ի՛նչ բան տղամարդու մը օգնեց, որ չափազանց խմելը կեցնէ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

      ՎԻՏԷՕ. ‘Կեանքէս գանեցայ’ (6։32)

      ‘Կեանքէս գանեցայ’ վիտէոյէն տեսարաններ։ 1. Տմիթրին խմիչքի շիշին կը նայի։ 2. Տմիթրին, իր կինը եւ իրենց աղջիկը միասին Սուրբ Գիրքը կը սերտեն։
      • Վիտէոյին մէջ, խմիչքը ինչպէ՞ս ազդեց Տմիթրիին վարուելակերպին։

      • Ան մէկ կտոր կրցա՞ւ խմիչք խմելը կեցնել։

      • Ի վերջոյ, ան ինչպէ՞ս կրցաւ խմիչքի մոլութիւնը ձգել։

      Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 6։10, 11 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Գինովնալը որքա՞ն լուրջ բան մըն է։

      • Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ անհատ մը, որ չափազանց խմիչք կը խմէ, կրնայ փոխուիլ։

      Կարդացէ՛ք Մատթէոս 5։30 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ձեռք կտրելը կը նշանակէ զոհողութիւններ ընել՝ Եհովան հաճեցնելու համար։ Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ քեզի համար դժուար է չափազանց խմելը կեցնելa։

      Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 15։33 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ բարեկամներդ անհատներ են, որոնք խմիչքը շատ կը գործածեն։

      ԹԵՐԵՒՍ ՄԷԿԸ ՀԱՐՑՆԷ. «Խմիչք խմելը սխա՞լ է»։

      • Ի՞նչ կը պատասխանես։

      ԱՄՓՈՓՈՒՄ

      Եհովան խմիչքը տուած է որ վայելենք, բայց չափազանց խմելը եւ գինովնալը սխալ կը նկատէ։

      Վերաքաղ

      • Սուրբ Գիրքը խմիչքը ինչպէ՞ս կը նկատէ։

      • Չափազանց խմելուն վտանգները ի՞նչ են։

      • Ինչպէ՞ս կրնանք խմիչքին նկատմամբ ուրիշներու որոշումները յարգել։

      Նպատակակէտ

      ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

      Պատանիները ինչպէ՞ս կրնան խմիչք խմելու նկատմամբ լաւ որոշումներ առնել։

      Խմելէ առաջ մտածէ (2։31)

      Նկատի առ թէ ի՛նչ քայլեր կրնաս առնել, խմիչքի հետ կապ ունեցող խնդիր մը յաղթահարելու համար։

      «Ինչպէ՛ս ալքոլը իր տեղը պահել» (Դիտարան 1 փետրուար 2010)

      Քրիստոնեան պէ՞տք է կենաց խմէ։

      «Հարցումներ ընթերցողներէն» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)

      «Անյատակ տակառ էի» յօդուածին մէջ, տե՛ս թէ ինչպէ՛ս տղամարդ մը չափազանց խմելը կեցուց։

      «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)

      a Անոնք, որոնք խմիչքի մոլի են, թերեւս մասնագէտի օգնութեան պէտք ունենան իրենց մոլութիւնը յաղթահարելու համար։ Շատ մը բժիշկներ կ’ըսեն որ անոնք, որոնք խմելու հետ խնդիր ունին, բնա՛ւ պէտք չէ խմեն։

  • Ինչո՞ւ մեր հագուելակերպն ու տեսքը կարեւոր են
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • Դաս 52։ Կին մը կ’որոշէ ի՛նչ հագուստ գնել։

      ԴԱՍ 52

      Ինչո՞ւ մեր հագուելակերպն ու տեսքը կարեւոր են

      Ամէն մարդ հագուելու եւ շքուելու նկատմամբ իր ճաշակը ունի։ Սուրբ Գիրքի քանի մը պարզ սկզբունքներ մեզի պիտի օգնեն, որ թէ՛ մեր ճաշակով հագուինք եւ թէ Եհովան հաճեցնենք։ Նկատի առնենք այդ սկզբունքներէն ոմանք։

      1. Ի՞նչ սկզբունքներ պէտք է ազդեն մեր հագուելակերպին ու տեսքին

      Պէտք է զատենք ‘վայելուչ հագուստ, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ [«համեստութեամբ եւ ողջմտութեամբ», ՆԱ]’, եւ միշտ մաքուր տեսք ունենանք, որպէսզի ուրիշները տեսնեն մեր «աստուածպաշտութիւնը» (Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10)։ Նկատի առ այս չորս սկզբունքները. 1) Մեր հագուստը պէտք է «վայելուչ» ըլլայ։ Ինչպէս ժողովներուն նկատած ես, Եհովայի ծառաները տարբեր ճաշակներ ունին, բայց մեր հագուելակերպը եւ սանտրուածքը Աստուծոյ հանդէպ յարգանք ցոյց կու տան։ 2) «Համեստութեամբ» հագուիլ կը նշանակէ, որ չհագուինք հագուստներ որոնք ուրիշները կը գրգռեն կամ կը ձգեն որ բոլորին աչքերը մեր վրայ ըլլան։ 3) «Ողջմտութիւն» կամ խոհեմութիւն ցոյց կու տանք, երբ ամէն տեսակ նորոյթի ետեւէ չենք ըլլար։ 4) Մեր տեսքը միշտ պէտք է ցոյց տայ, որ Աստուծոյ նուիրուած ենք, որպէսզի ուրիշներուն յստակ ըլլայ, որ ճշմարիտ Աստուածը կը պաշտենք (Ա. Կորնթացիս 10։31)։

      2. Մեր տեսքը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն

      Թէեւ ազատ ենք մեր ուզածը հագնելու, բայց պէտք է մտածենք թէ մեր տեսքը ուրիշներուն ինչպէ՛ս պիտի ազդէ։ Մենք ամէն ջանք կ’ընենք, որ ոեւէ մէկը չնեղացնենք, հապա ‘շինութեան համար [մեր] ընկերին հաճոյ ըլլանք’ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 15։1, 2)։

      3. Մեր տեսքը ինչպէ՞ս կրնայ ուրիշները ճշմարիտ պաշտամունքին քաշել

      Մենք ջանք կ’ընենք, որ ամէն ատեն յարմար հագուստներ հագնինք։ Բայց մանաւանդ ուշադիր կ’ըլլանք թէ ինչպէ՛ս կը հագուինք ժողովներու եւ ծառայութեան մէջ, որպէսզի մարդոց ուշադրութիւնը չշեղի մեր քարոզած կարեւոր բարի լուրէն եւ չկեդրոնանայ մեր տեսքին վրայ։ Մենք կ’ուզենք որ մեր տեսքը ուրիշները ճշմարտութեան քաշէ եւ ‘Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ զարդարէ’ (Տիտոս 2։10)։

      ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

      Նկատի առ թէ ի՛նչ կրնանք ընել, որ մեր հագուելակերպն ու տեսքը քրիստոնէավայել ըլլան։

      Երկու տղամարդիկ դատաւորին առջեւ կայնած են։ Մէկը պաշտօնական հագուստ հագած է, իսկ միւսը պատռտուած ու թափթփած հագուստ հագած է եւ պէյսպոլի գլխարկ դրած է։

      Մեր տեսքը կրնայ ցոյց տալ, որ իշխանութիւն ունեցող մարդիկը կը յարգե՛նք կամ ոչ։ Ճիշդ է որ Եհովան մեր սիրտը կը տեսնէ, բայց կարեւոր է որ մեր տեսքն ալ իրեն հանդէպ յարգանք ցոյց տայ

      4. Մեր լաւ տեսքով Եհովայի հանդէպ յարգանք ցոյց կու տանք

      Ի՞նչ է ամէնէն կարեւոր պատճառը, որ մեր տեսքին ուշադրութիւն ընենք։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 47։2 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Յիշելը որ մենք Եհովան կը ներկայացնենք, ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ մեր հագուելակերպին։

      • Քու կարծիքովդ, իրապէս կարեւո՞ր է որ մեր տեսքին ուշադրութիւն ընենք, երբ ժողովներու կ’երթանք եւ ծառայութեան կը մասնակցինք։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

      5. Մեր հագուելակերպին եւ տեսքին նկատմամբ ինչպէ՞ս կրնանք լաւ որոշումներ առնել

      Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

      ՎԻՏԷՕ. «Ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք» (10։18)

      Կարեւոր չէ թէ մեր հագածը սուղ է կամ աժան է։ Կարեւորը այն է, որ մաքուր եւ առիթին յարմար ըլլայ։ Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 10։24 եւ Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10։ Ետքը, քննարկեցէ՛ք թէ ինչո՛ւ պէտք չէ հագնինք հագուստներ, որոնք՝

      • թափթփած կամ աղտոտ են։

      • փակած, բաց կամ ուրիշ կերպով գրգռիչ են։

      Ճիշդ է որ քրիստոնեաները Մովսիսական օրէնքին տակ չեն, բայց անիկա Եհովայի մտածելակերպը ցոյց կու տայ։ Կարդացէ՛ք Բ. Օրինաց 22։5 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ինչո՞ւ պէտք չէ տղամարդը կնոջ պէս հագուածք ու տեսք ունենայ, իսկ կինը՝ տղամարդու պէս։

      Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 10։32, 33 եւ Ա. Յովհաննէս 2։15, 16 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Ինչո՞ւ պէտք է հաշուի առնենք, թէ մեր տեսքը մեր շրջանակին կամ մեր ժողովքին մէջ ոմանց նեղութիւն կու տա՛յ կամ ոչ։

      • Շրջանիդ մէջ մարդիկ սովորաբար ինչպէ՞ս կը հագուին ու կը շքուին։

      • Քու կարծիքովդ, անոնց հագուելու եւ շքուելու կերպերէն ոմանք քրիստոնեային համար անյարմա՞ր են։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

      Կրնանք տարբեր կերպերով հագուիլ ու շքուիլ եւ միեւնոյն ատեն Եհովան հաճեցնել

      Տարբեր տարիքէ, ցեղերէ եւ ազգերէ եղող տղամարդիկ ու կիներ, տարբեր ճաշակի բայց քրիստոնէավայել հագուստներ հագած են եւ իրենց սանտրուածքը պատշաճ է։

      ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Ես ուզածս կը հագուիմ։ Մէկու մը չի խառնուիր»։

      • Ասոր կը համաձայնի՞ս։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

      ԱՄՓՈՓՈՒՄ

      Երբ մեր հագուելակերպին ու տեսքին նկատմամբ լաւ որոշումներ կ’առնենք, Եհովային եւ ուրիշներուն հանդէպ յարգանք ցոյց կու տանք։

      Վերաքաղ

      • Ինչո՞ւ մեր հագուելու եւ շքուելու կերպը Եհովայի համար կարեւոր է։

      • Ի՞նչ սկզբունքներ պէտք է ազդեն մեր հագուելակերպին ու տեսքին։

      • Մեր տեսքը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել ճշմարիտ պաշտամունքի նկատմամբ մարդոց կարծիքին։

      Նպատակակէտ

      ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

      Տե՛ս թէ հագուստներդ քու մասիդ ի՛նչ գաղափար կու տան։

      «Հագուստս ինչպէ՞ս է վրաս» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

      Նկատի առ թէ ինչո՛ւ կ’արժէ թաթու ընելէ առաջ, լրջօրէն մտածել հետեւանքներուն մասին։

      «Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ դաջուածք կամ թաթու ընելու մասին» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

      Տե՛ս ուրիշ սկզբունքներ, որոնք մեզի կ’օգնեն որոշումներ առնելու։

      «Հագուածքդ Եհովային փառք կը բերէ՞» (Դիտարան սեպտեմբեր 2016)

      Կարդա՛ անկեղծ կնոջ մը մասին, որ սորվեցաւ հագուելակերպի նկատմամբ ուրիշներուն առած որոշումները յարգել։

      «Հագուելակերպը եւ յարդարանքը ինծի արգելք կ’ըլլային որ ճշմարտութիւնը ընդունիմ» (յօդուած՝ Զարթի՛ր–ին մէջ)

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել