Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Եհովա ինչպէ՞ս կ’առաջնորդէ իր կազմակերպութիւնը
    Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
    • 11. (ա) Աստուածպետական կարգադրութեան մէջ, կիները ի՞նչ արժէքաւոր ծառայութիւններ կը մատուցանեն։ (բ) Անոնք ե՞րբ գլուխնին պէտք է ծածկեն եւ ինչո՞ւ։

      11 Ըստ Աստուածաշունչին, ժողովքին մէջ վերատեսչութիւնը այր մարդոց յանձնուած է։ Ասիկա ոչ մէկ կերպով կիները կը նսեմացնէ, քանի որ շատ մը կիներ երկնային Թագաւորութեան մէջ բաժին ունին։ Համեստ, մաքուր վարմունքով եւ իրենց ընտանիքին համար անխոնջ կերպով աշխատելով, Քրիստոնեայ կիներն ալ կը նպաստեն ժողովքի լաւ համբաւին։ (Տիտոս 2։3–5) Յաճախ անոնք գործունէութեան մեծ մասը կը կատարեն, հետաքրքրուած անհատներ գտնելով եւ զանոնք Աստուծոյ կազմակերպութեան հետ շփման մէջ բերելով։ (Սաղմոս 68։11) Սակայն ժողովքին մէջ սորվեցնելու գործը կը կատարեն նշանակուած այր մարդիկը։ (Ա. Տիմոթէոս 2։12, 13) Իսկ եթէ ժողովքին կողմէ կազմակերպուած հանդիպումի մը համար որակելի այր մարդ չըլլայ, այն ատեն կին մը կրնայ գլուխը ծածկելով ժողովքը վարել կամ աղօթել։a Այս կերպով, ան յարգանք ցոյց տուած կ’ըլլայ Եհովայի կարգադրութեան, ինչպէս Յիսուս ալ իր Հօրը ենթարկուելով օրինակ հանդիսացաւ բոլորին։—Ա. Կորնթացիս 11։3–16. Յովհաննու 8։28, 29

  • Եհովա ինչպէ՞ս կ’առաջնորդէ իր կազմակերպութիւնը
    Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
    • a Կին մը գլուխը ծածկելու պէտք չունի երբ տունէ–տուն կը քարոզէ, քանի որ քարոզելը բոլոր Քրիստոնեաներուն պատասխանատուութիւնըն է։ Բայց եթէ պարագաներու բերմամբ, իր ամուսնոյն ներկայութեան տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը վարէ, (նոյնիսկ երբ իր ամուսինը Քրիստոնեայ մը չէ,) պէտք է ծածկէ գլուխը։ Նաեւ, բացառիկ պարագաներու, երբ նուիրուած եւ մկրտուած եղբայր մը ներկայ է եւ ինք պէտք է վարէ ուսումնասիրութիւն մը, դարձեալ պէտք է ծածկէ իր գլուխը, սակայն եղբայրը պէտք է մատուցանէ աղօթքը։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել