Ինչո՛ւ կը տօնակատարենք Տէրունական ընթրիքը
«Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (Ա. ԿՈՐ. 11։24)։
1, 2. Յիսուս ի՞նչ ըրաւ Ք.Ե. 33–ի նիսան 14–ի երեկոյեան (տե՛ս բացման պատկերը)։
ԳԻՇԵՐ է արդէն, բայց լիալուսնի շողը կը թափանցէ Երուսաղէմի մէջ։ Թուականը՝ Ք.Ե. 33–ի նիսան 14–ն է։ Յիսուս եւ իր առաքեալները տօնած են Պասեքը, յիշելով թէ ինչպէ՛ս իսրայէլ 15 դար առաջ ազատագրուեցաւ եգիպտական գերութենէն։ Այժմ, Յիսուս իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն հետ յատուկ ընթրիք մը կը հաստատէ,– ընթրիք մը, որ պիտի յիշատակէ իր մահը, որ տեղի պիտի ունենայ նախքան այդ օրուան աւարտը (Մատ. 26։1, 2)a։
2 Յիսուս կ’օրհնէ եւ անխմոր հաց կը հրամցնէ առաքեալներուն, ըսելով. «Առէ՛ք, կերէ՛ք»։ Ապա, ան գաւաթ մը գինի կ’առնէ, դարձեալ շնորհակալութիւն կը յայտնէ եւ կ’ըսէ. «Ամէնքդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ» (Մատ. 26։26-28ա)։ Այս կարեւոր գիշերը, Յիսուս ըսելիք շատ բան ունի իր հաւատարիմ հետեւորդներուն։
3. Այս յօդուածը ինչպիսի՞ հարցումներ պիտի քննարկէ։
3 Այսպէս Յիսուս հաստատեց իր մահուան Յիշատակատօնը, որ նաեւ «Տէրունական ընթրիք» կը կոչուի (Ա. Կոր. 11։20)։ Այս առնչութեամբ թերեւս հարցումներ ծագին։ Ինչո՞ւ յիշատակել Յիսուսի մահը։ Հացին ու գինիին իմաստը ի՞նչ է։ Ինչպէ՞ս կրնանք նախապատրաստուիլ Յիշատակատօնին։ Որո՞նք պէտք է մասնակցին խորհրդանիշներուն։ Եւ քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կ’ընդառաջեն այն խօսքերուն, որոնք իրենց յոյսին մասին գրուած են Աստուածաշունչին մէջ։
ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԸ ՅԻՇԱՏԱԿԵՆՔ ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՀԸ
4. Յիսուսի մահը ի՞նչ բան կարելի դարձուց մեզի։
4 Ադամէն սերած ըլլալով, մենք մեղքն ու մահը ժառանգած ենք (Հռով. 5։12)։ Ո՛չ մէկ անկատար մարդ կրնայ իրեն կամ ուրիշներու համար փրկանք տալ Աստուծոյ (Սաղ. 49։6-9)։ Բայց Յիսուս իր մահովը միակ ընդունելի փրկագինը վճարեց,– իր կատարեալ մարմինը եւ թափուած արիւնը։ Փրկանքի արժէքը Աստուծոյ ներկայացնելով, Յիսուս մեզի կարելի դարձուց, որ մեղքէն ու մահէն ազատուինք եւ յաւիտենական կեանքի պարգեւը ստանանք (Հռով. 6։23. Ա. Կոր. 15։21, 22)։
5. ա) Ինչպէ՞ս գիտենք, թէ Աստուած եւ Քրիստոս մարդկութիւնը կը սիրեն։ բ) Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին ինչո՞ւ ներկայ պէտք է գտնուինք։
5 Փրկանքի կարգադրութիւնը կը փաստէ, որ Աստուած մարդկութիւնը կը սիրէ (Յովհ. 3։16)։ Իր զոհաբերութեամբ, Յիսուս ալ փաստեց որ մեզ կը սիրէ։ Նոյնիսկ իր նախամարդկային գոյութեան ատեն, որպէս Աստուծոյ «ճարտարապետ», իր «զուարճութիւն[ը] մարդոց որդիներուն հետ էր» (Առ. 8։30, 31)։ Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն հանդէպ երախտապարտ ըլլալը, մեզ պէտք է մղէ որ Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուինք, հետեւելով այս պատուէրին. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (Ա. Կոր. 11։23-25)։
ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇՆԵՐԸ Ի՛ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԵՆ
6. Յիշատակատօնի հացն ու գինին ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։
6 Յիշատակատօնը հաստատելու ատեն, Յիսուս հրաշքով մը հացն ու գինին իր բառացի մարմնին եւ արիւնին չվերածեց։ Փոխարէն, հացին մասին ըսաւ. «Ա՛յս է [«կը խորհրդանշէ», ՆԱ] իմ մարմինս»։ Իսկ գինիին մասին ըսաւ. «Ասիկա է [«կը խորհրդանշէ», ՆԱ] իմ արիւնս նոր ուխտի, որ շատերու համար պիտի թափուի» (Մար. 14։22-24)։ Յստակ է ուրեմն, որ հացն ու գինին պէտք է խորհրդանիշներ նկատենք։
7. Յիշատակատօնին գործածուած հացը ի՞նչ կը ներկայացնէ։
7 Ք.Ե. 33–ի այդ շատ կարեւոր առիթին, Յիսուս Պասեքի ընթրիքէն մնացած անխմոր հացը գործածեց (Ել. 12։8)։ Աստուածաշունչին մէջ, խմորը երբեմն փտածութեան կամ մեղքի կ’ակնարկէ (Մատ. 16։6, 11, 12. Ղուկ. 12։1)։ Արդ, տեղին ըլլալով՝ Յիսուս անխմոր հաց գործածեց, իր անմեղ մարմինը ներկայացնելով (Եբ. 7։26)։ Ուստի Յիշատակատօնին այդպիսի հաց կը գործածուի։
8. Յիշատակատօնին գործածուած գինին ի՞նչ կը ներկայացնէ։
8 Ք.Ե. 33–ի նիսան 14–ին Յիսուսի գործածած գինին ներկայացուց իր արիւնը. այսօր ալ Յիշատակատօնին գործածուած գինին իր արիւնը կը ներկայացնէ։ Գողգոթայի մէջ, Երուսաղէմէն դուրս, Յիսուսի արիւնը թափուեցաւ «մեղքերուն թողութեան համար» (Մատ. 26։28. 27։33)։ Որովհետեւ Յիշատակատօնի հացն ու գինին հնազանդ մարդկութեան ի նպաստ Յիսուսի անգին զոհաբերութիւնը կը ներկայացնեն, եւ քանի որ այս սիրալիր կարգադրութիւնը կը գնահատենք, տեղին է որ անձամբ նախապատրաստուինք Տէրունական ընթրիքը տօնելու։
ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԵԼՈՒ ԿԵՐՊԵՐ
9. ա) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան յայտագրին հետեւինք։ բ) Փրկանքին նկատմամբ ի՞նչ կը զգաս։
9 Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր գրքոյկին մէջ նշուած Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան յայտագրին հետեւելով, կրնանք խոկալ թէ Յիսուս իր մահուան նախորդող օրերը ի՛նչ ըրաւ։ Ասիկա կրնայ մեր սիրտը պատրաստել Տէրունական ընթրիքին համարb։ «Անհամբեր կը սպասենք Յիշատակատօնին», գրեց քոյր մը։ «Ամէն տարի անիկա մեզի համար աւելի մասնայատուկ կը դառնայ։ Կը յիշեմ. . . մեռելատան մէջ, երբ սիրելի հօրս կը նայէի, սկսայ սրտանց գնահատել փրկանքը։ . . .Անոր առնչութեամբ բոլոր համարները գիտէի ու կը բացատրէի։ Բայց միայն մահուան պաղ իրողութիւնը զգալէս ետքն էր որ սիրտս իսկապէս ուրախացաւ, այդ թանկագին փրկանքին շնորհիւ մեզի ի նպաստ իրագործուելիք բաներուն համար»։ Արդարեւ Յիշատակատօնին նախապատրաստուելու ատեն, լաւ կ’ըլլայ որ խոկանք, թէ Յիսուսի զոհաբերութիւնը մեզ ինչպէ՛ս կ’ազատագրէ մեղքի ու մահուան պատուհասէն։
Մատչելի գործիքները գործածէ, որպէսզի սիրտդ պատրաստես Յիշատակատօնին համար (տե՛ս պարբերութիւն 9)
10. Ուրիշ ի՞նչ կրնանք ընել Յիշատակատօնին նախապատրաստուելու համար։
10 Յիշատակատօնին նախապատրաստուելու այլ կերպ մըն է՝ մեր ծառայութիւնը ընդարձակել, թերեւս Յիշատակատօնի շրջանին օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելով։ Մինչ Աստուածաշունչի աշակերտներ եւ ուրիշներ կը հրաւիրենք Տէրունական ընթրիքին, պիտի ուրախանանք խօսելով Աստուծոյ, իր Որդւոյն եւ այն օրհնութիւններուն մասին, որոնք Եհովան հաճեցնող եւ փառաբանող մարդոց կը սպասեն (Սաղ. 148։12, 13)։
11. Կորնթացիներէն ոմանք ինչպէ՞ս անարժանաբար մասնակցեցան Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն։
11 Մինչ Տէրունական ընթրիքին կը նախապատրաստուիս, նկատի առ թէ Պօղոս առաքեալ ի՛նչ գրեց Կորնթոսի ժողովքին (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 11։27-34)։ Ան ըսաւ թէ ո՛վ որ անարժանաբար հացը ուտէ եւ գինին խմէ, «պարտական պիտի ըլլայ Տէրոջը [Յիսուս Քրիստոսի] մարմնին եւ արիւնին»։ Ուստի օծեալը պէտք է նա՛խ «իր անձը փորձէ» եւ ե՛տքը խորհրդանիշներուն մասնակցի։ Ապա թէ ոչ, «իր անձին դատապարտութիւնը կ’ուտէ ու կը խմէ»։ Անպատշաճ վարքի պատճառով, կորնթացիներէն շատեր «հիւանդ» ու տկար էին եւ հոգեւորապէս ‘կը ննջէին’։ Հաւանական է որ ոմանք Յիշատակատօնէն առաջ կամ ատոր ընթացքին այնքան կերան ու խմեցին, որ թէ՛ մտովի եւ թէ հոգեւորապէս արթուն չէին։ Որովհետեւ անոնք անարժանաբար մասնակցեցան խորհրդանիշներուն, Աստուած անոնց չհաճեցաւ։
12. ա) Պօղոս Յիշատակատօնը ինչի՞ հետ համեմատեց եւ ի՞նչ բանէ զգուշացուց։ բ) Լուրջ մեղք գործած օծեալ մը ի՞նչ պէտք է ընէ։
12 Պօղոս Յիշատակատօնը համեմատեց ճաշի հետ, եւ մասնակցողները զգուշացուց. «Չէք կրնար խմել Տէրոջը գաւաթը ու դեւերուն գաւաթը. չէք կրնար վայելել Տէրոջը սեղանէն ու դեւերուն սեղանէն» (Ա. Կոր. 10։16-21)։ Եթէ անհատ մը, որ Տէրունական ընթրիքի խորհրդանիշներուն կը մասնակցի, լուրջ մեղք մը գործած է, հարկ է որ հոգեւոր օգնութիւն խնդրէ (կարդա՛ Յակոբոս 5։14-16)։ Եւ եթէ այդպիսի օծեալ մը «ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղ» բերած է, Յիսուսի զոհաբերութիւնը չ’անարգեր երբ Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն կը մասնակցի (Ղուկ. 3։8)։
13. Ինչո՞ւ պէտք է աղօթենք մեր աստուածատուր յոյսին մասին։
13 Յիշատակատօնին նաեւ կրնանք նախապատրաստուիլ աղօթելով եւ խոկալով մեր աստուածատուր յոյսին մասին։ Եհովայի նուիրուած ծառաներէն եւ իր Որդւոյն հաւատարիմ հետեւորդներէն ո՛չ ոք պիտի ուզէ անարգել Յիսուսի զոհաբերութիւնը, Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցելով՝ առանց յստակ ապացոյց ունենալու թէ օծեալ քրիստոնեայ է։ Հետեւաբար, անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ գիտնալ, թէ խորհրդանիշներուն պէտք է մասնակցի կամ ոչ։
ՈՐՈ՞ՆՔ ՊԷՏՔ Է ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ
14. Որովհետեւ օծեալները նոր ուխտին մաս կը կազմեն, Յիշատակատօնին ի՞նչ կ’ընեն։
14 Անոնք որոնք իրաւացիօրէն կը մասնակցին Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն, բացարձակապէս վստահ են որ նոր ուխտին մաս կը կազմեն։ Յիսուս գինիին մասին ըսաւ. «Այս գաւաթը կը խորհրդանշէ նոր ուխտը, իմ արեանս հիման վրայ» (Ա. Կոր. 11։25, ՆԱ)։ Երեմիա մարգարէի բերնով, Աստուած մարգարէացաւ թէ պիտի հաստատէր նոր ուխտ մը, որ իսրայէլացիներուն հետ ըրած Օրէնքի ուխտէն տարբեր պիտի ըլլար (կարդա՛ Երեմիա 31։31-34)։ Աստուած նոր ուխտը հոգեւոր իսրայէլացիներուն հետ ըրած է (Գաղ. 6։15, 16)։ Այս ուխտը վաւերացուեցաւ Յիսուսի մահով եւ անոր թափուած արիւնով (Ղուկ. 22։20)։ Յիսուս նոր ուխտին Միջնորդն է, եւ այս ուխտին մէջ եղող հաւատարիմ օծեալները երկնային ժառանգ մը կը ստանան (Եբ. 8։6. 9։15)։
15. Որո՞նք Թագաւորութեան ուխտին մաս կը կազմեն եւ ի՞նչ առանձնաշնորհում կը սպասէ իրենց, եթէ հաւատարիմ մնան։
15 Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցողները նաեւ գիտեն, թէ Թագաւորութեան ուխտին մաս կը կազմեն (կարդա՛ Ղուկաս 12։32)։ Անոնք որոնք Յիսուսի օծեալ հետեւորդները դարձան եւ հաւատարմօրէն իրեն կառչած մնացին՝ իր չարչարանքներուն հաղորդակից ըլլալով, իրեն հետ պիտի իշխէին երկինքի մէջ (Փլպ. 3։10)։ Թագաւորութեան ուխտին մէջ ըլլալով, այժմու հաւատարիմ օծեալներն ալ Քրիստոսի հետ յաւիտեան պիտի թագաւորեն երկինքի մէջ (Յայտ. 22։5)։ Այս անհատները Տէրունական ընթրիքի ընթացքին իրաւացիօրէն կը մասնակցին խորհրդանիշներուն։
16. Հակիրճ կերպով բացատրէ՛ Հռովմայեցիս 8։15-17։
16 Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն պէտք է մասնակցին միայն անոնք, որոնք հոգիին վկայութիւնը ունին, թէ Աստուծոյ որդիներն են (կարդա՛ Հռովմայեցիս 8։15-17)։ Նկատէ թէ Պօղոս գործածեց արամերէն «Աբբա» բառը, որ կը նշանակէ «ո՛վ Հայր»։ Զաւակ մը կրնար այս բառը գործածել երբ իր հօր հետ խօսէր, քանի որ ատոր մէջ կայ թէ՛ մտերմիկ «պապա» բառը եւ թէ յարգալից «հայր» բառը։ «Որդեգրութեան հոգին» առած քրիստոնեաները Աստուծոյ հոգիէն–ծնած զաւակներն են։ Իր հոգին իրենց հոգիին հետ վկայութիւն կու տայ, իրենց գիտակցիլ տալով թէ Եհովայի օծեալ որդիներն են։ Ասիկա չի նշանակեր որ անոնք պարզապէս չեն հետաքրքրուած երկրի վրայ ապրելով, հապա՝ որ անոնք վստահ են որ երկնային Թագաւորութեան մէջ Յիսուսի ժառանգակիցները պիտի ըլլան եթէ մինչեւ մահ հաւատարիմ մնան։ Ներկայիս, Քրիստոսի հետեւող եւ Եհովայէն՝ ‘Սուրբէն օծութիւն ունեցող’ 144,000–էն միայն մնացորդ մը կայ երկրի վրայ (Ա. Յովհ. 2։20. Յայտ. 14։1)։ Անոնք իր հոգիին միջոցով է որ կը կանչեն. «Աբբա Հայր»։ Ի՜նչ օրհնեալ փոխյարաբերութիւն մը ունին Աստուծոյ հետ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՅՈՅՍԻԴ ԸՆԴԱՌԱՋԵԼ
17. ա) Օծեալներուն յոյսը ի՞նչ է։ բ) Անոնք իրենց օծեալ ըլլալը ինչպէ՞ս կը գիտնան։
17 Եթէ օծեալ քրիստոնեայ մըն ես, երկնային յոյսդ յաճախ կը նշես անձնական աղօթքներուդ մէջ։ Երկնաւոր փեսային՝ Յիսուս Քրիստոսին հետ ‘նշանուած’ ըլլալու մասին Աստուածաշունչի խօսքերը քեզի կը կիրարկես եւ անհամբեր կը սպասես Քրիստոսի «հարս»ին մաս կազմելու (Բ. Կոր. 11։2. Յովհ. 3։27-29. Յայտ. 21։2, 9-14)։ Երբ Եհովան Աստուածաշունչին մէջ իր սէրը կ’արտայայտէ իր հոգեւոր զաւակներուն նկատմամբ, դուն կ’ըսես. «Ասիկա ինծի ուղղուած է»։ Եւ երբ Աստուծոյ Խօսքը օծեալներուն ուղղութիւններ կու տայ, սուրբ հոգին քեզ կը մղէ որ հնազանդիս եւ սրտիդ մէջ ըսես. «Ասիկա ինծի կը կիրարկուի»։ Այս կերպով, Աստուծոյ հոգին եւ քու հոգիդ միասնաբար կը վկայեն, թէ երկնային յոյսը ունիս։
18. «Ուրիշ ոչխարները» ի՞նչ յոյս ունին, եւ ասոր նկատմամբ ի՞նչ կը զգաս։
18 Միւս կողմէ, եթէ «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութեան» մաս կը կազմես, աստուածատուր յոյսդ երկրային է (Յայտ. 7։9. Յովհ. 10։16)։ Կ’ուզես յաւիտեան Դրախտին մէջ ապրիլ եւ ուրախութիւն կը զգաս խոկալով, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ երկրային ապագայ կեանքին մասին։ Անհամբեր կը սպասես ընտանիքիդ եւ արդար մարդոց հետ խաղաղութեան առատութիւնը վայելելու։ Կը տենչաս տեսնել այն օրը, երբ ա՛լ պիտի չըլլան ուտելիքի պակաս, աղքատութիւն, տառապանք, հիւանդութիւն եւ մահ (Սաղ. 37։10, 11, 29. 67։6. 72։7, 16. Եսա. 33։24)։ Կարօտով կը սպասես դիմաւորել այն յարուցեալները, որոնք երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը պիտի ունենան (Յովհ. 5։28, 29)։ Որքա՜ն երախտապարտ ես, որ Եհովան քեզ օրհնած է երկրային յոյսը տալով։ Խորհրդանիշներուն չմասնակցելով հանդերձ, ներկայ կ’ըլլաս Յիշատակատօնին, քանի որ Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհը կը գնահատես։
ՆԵՐԿԱՅ ՊԻՏԻ ԳՏՆՈՒԻ՞Ս
19, 20. ա) Աստուածատուր յոյսդ ինչպէ՞ս կրնայ իրականանալ։ բ) Ինչո՞ւ ներկայ պիտի գտնուիս Տէրունական ընթրիքին։
19 Յոյսդ ըլլայ երկրային կամ երկնային, պիտի իրականանայ միայն եթէ հաւատաս Եհովա Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսին եւ փրկանքին։ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուիլը քեզի առիթ պիտի տայ, որ խոկաս ունեցած յոյսիդ վրայ եւ Յիսուսի մահուան մեծ կարեւորութեան վրայ։ Ուստի նպատակադրէ ըլլալ այն միլիոնաւորներու շարքին, որոնք ներկայ պիտի գտնուին Տէրունական ընթրիքին, որ տեղի պիտի ունենայ համայն աշխարհի մէջ, ուրբաթ արեւամուտէն ետք, 3 ապրիլ 2015–ին, Թագաւորութեան սրահներու եւ ա՛յլ վայրերու մէջ։
20 Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելով, Յիսուսի փրկանքի զոհին նկատմամբ երախտագիտութիւնդ պիտի խորանայ։ Դասախօսութիւնը ուշադրութեամբ մտիկ ընելով, թերեւս մղուիս դրացիներուդ հանդէպ սէրդ ցոյց տալու՝ անոնց պատմելով թէ ի՛նչ սորված ես Եհովայի սիրոյն եւ մարդկութեան նկատմամբ իր մեծ նպատակին մասին (Մատ. 22։34-40)։ Ամէն գնով ներկայ գտնուէ Տէրունական ընթրիքին։
a Եբրայեցիներուն քով, օրը կը սկսէր արեւամուտին եւ կ’աւարտէր յաջորդ արեւամուտին։