-
«Քրիստոսին միտքը» գիտնանքԴիտարան 2000 | Փետրուար 15
-
-
«Քրիստոսին միտքը» գիտնանք
«Ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, որ անոր խրատ տուող ալ ըլլայ. բայց մենք Քրիստոսին միտքը ունինք»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 2։16
1, 2. Եհովա յարմար տեսաւ որ իր Խօսքին մէջ ի՞նչ յայտնէ Յիսուսի մասին։
ՅԻՍՈՒՍԻ երեւոյթը ի՞նչպէս էր։ Ի՞նչ էր իր մազերուն, մորթին եւ աչքերուն գոյնը։ Հասակը ո՞րքան էր։ Քաշը ո՞րքան էր։ Դարերու ընթացքին արուեստագէտներ Յիսուսը տարբեր ձեւերով ներկայացուցած են՝ տրամաբանականէն մինչեւ անբնականը։ Ոմանք զինք պատկերացուցած են որպէս առնական եւ կայտառ, մինչ ուրիշներ՝ ճղճիմ ու տժգոյն։
2 Աստուածաշունչը սակայն, Յիսուսի երեւոյթին վրայ ուշադրութիւն չի հրաւիրեր։ Ընդհակառակը, Եհովա յարմար տեսաւ որ շատ աւելի կարեւոր եղող բան մը՝ Յիսուսի ի՛նչպիսի անհատ մը ըլլալը՝ յայտնէ։ Աւետարանները ո՛չ միայն կը տեղեկագրեն ինչ որ Յիսուս ըսաւ ու ըրաւ, այլ նաեւ կը յայտնեն անոր խօսքերուն ու արարքներուն ետին գտնուող զգացումի խորութիւնն ու մտածելակերպը։ Ներշնչեալ այս չորս արձանագրութիւնները մեզի կ’օգնեն որ աւելի մօտէն քննենք զայն, որու Պօղոս առաքեալ ակնարկեց որպէս «Քրիստոսին միտքը»։ (Ա. Կորնթացիս 2։16) Կարեւոր է որ Յիսուսի խորհուրդներուն, զգացումներուն եւ անձնաւորութեան ծանօթանանք։ Ինչո՞ւ։ Առնուազն երկու պատճառով։
3. Քրիստոսին մտքին ծանօթանալը մեզի ի՞նչ ներատեսութիւն կու տայ։
3 Առաջին՝ Քրիստոսին միտքը մեզի գաղափար մը կու տայ Եհովա Աստուծոյ մտքին մասին։ Յիսուս ա՛յնքան մտերմօրէն կը ճանչնար իր Հայրը, որ կրցաւ ըսել. «Մէ՛կը չի գիտեր թէ ո՞վ է Որդին, բայց միայն Հայրը եւ թէ ո՞վ է Հայրը, բայց միայն Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ’ուզէ յայտնել»։ (Ղուկաս 10։22) Կարծես Յիսուս ըսել կ’ուզէր՝ ‘Եթէ կ’ուզէք գիտնալ թէ Եհովան ի՛նչպիսի մէկն է՝ ինծի նայեցէք’։ (Յովհաննու 14։9) Ուստի, երբ սերտենք ինչ որ Աւետարանները կը յայտնեն Յիսուսի մտածելակերպին ու զգացումին մասին, իրականութեան մէջ սորված կ’ըլլանք թէ Եհովա ի՛նչպէս կը խորհի ու կը զգայ։ Այսպիսի գիտութիւն մը մեզ աւելի կը մօտեցնէ Աստուծոյ։—Յակոբու 4։8
4. Եթէ իրապէս Քրիստոսի նման պիտի վարուինք, նախ ի՞նչ պէտք է սորվինք եւ ինչո՛ւ։
4 Երկրորդ՝ Քրիստոսի միտքը գիտնալը մեզի կ’օգնէ որ «իր շաւիղներուն մօտէն հետեւինք»։ (Ա. Պետրոս 2։21, ՆԱ) Յիսուսի հետեւիլը պարզապէս իր խօսքերը կրկնել եւ իր արարքները ընդօրինակել չէ։ Քանի որ խորհուրդներն ու զգացումները կ’ազդեն մէկուն խօսակցութեան եւ արարքներուն, հետեւաբար Քրիստոսի հետեւիլը կը պահանջէ իր ունեցած նոյն «միտքը» մշակել։ (Փիլիպպեցիս 2։5) Ուրիշ խօսքով, եթէ իրապէս Յիսուսի նման պիտի վարուինք, նախ պէտք է սորվինք, որպէս անկատար անհատներ մեր կարողութեան ներած չափով, իրեն նման խորհիլ ու զգալ։ Ուստի, Աւետարանը գրողներուն օգնութեամբ, մօտէն քննենք Քրիստոսին միտքը։ Նախ պիտի խօսինք այն ազդակներուն մասին, որոնք Յիսուսի մտածելակերպին ու զգացումին ազդեցին։
Իր Նախամարդկային Գոյութիւնը
5, 6. (ա) Մեր ընկերակիցները ի՞նչ ազդեցութիւն կրնան ունենալ մեր վրայ։ (բ) Աստուծոյ անդրանիկ Որդին երկիր գալէն առաջ, ի՞նչ ընկերակցութիւն ունէր երկնքի մէջ, եւ ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ իր վրայ։
5 Մեր սերտ ընկերակիցները կրնան ազդել մեզի վրայ, մեր մտածելակերպին, զգացումներուն եւ արարքներուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնելով, անիկա ըլլայ լաւ կամ վատ։a (Առակաց 13։20) Նկատի առէք երկիր գալէն առաջ, երկնքի մէջ Յիսուսի ունեցած ընկերակցութիւնը։ Յովհաննու Աւետարանը՝ որպէս Աստուծոյ «Բան»ը կամ Խօսնակը՝ Յիսուսի նախամարդկային գոյութեան վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ։ Յովհաննէս կ’ըսէ. «Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր եւ Բանը Աստուած էր։ Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ քովն էր»։ (Յովհաննու 1։1, 2) Քանի որ Եհովա սկիզբ չունի, Բանը «սկիզբէն» Աստուծոյ հետ ըլլալը պէտք է ակնարկէ Աստուծոյ ստեղծագործութեան սկիզբին։ (Սաղմոս 90։2) Յիսուս «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկ»ն է։ Հետեւաբար, ան գոյութիւն ունէր հոգեղէն միւս արարածներէն ու տիեզերքը ստեղծուելէն առաջ։—Կողոսացիս 1։15. Յայտնութիւն 3։14
6 Ըստ գիտական կարգ մը հաշիւներու, ֆիզիքական տիեզերքը առնուազն 12 միլիառ տարիէ գոյութիւն ունի։ Եթէ այս հաշիւները որեւէ կերպով շիտակ են, Աստուծոյ անդրանիկ Որդին անհաշուելիօրէն երկար ժամանակ իր Հօրը հետ սերտ յարաբերութիւն վայելած ըլլալու է Ադամի ստեղծուելէն առաջ։ (Համեմատել՝ Միքիայ 5։2) Այս կերպով, երկուքին միջեւ շատ գորովալից ու խոր կապ մը զարգացած էր։ Որպէս անձնաւորուած իմաստութիւն, այս անդրանիկ Որդին իր նախամարդկային գոյութեան մէջ որպէս թէ հետեւեալը կ’ըսէ. «Ամէն օր անոր [Եհովայի] զուարճութիւնն էի ու միշտ անոր առջեւ կ’ուրախանայի»։ (Առակաց 8։30) Վստահաբար, սիրոյ Աղբիւրին հետ անհամար դարեր անցընելը խոր ազդեցութիւն ունեցաւ Աստուծոյ Որդւոյն վրայ։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Այս Որդին իր Հօրը խորհուրդները, զգացումները եւ ճամբաները ոեւէ մէկէն լաւ գիտցաւ եւ արտացոլացուց։—Մատթէոս 11։27
Երկրային Կեանքը եւ Կրած Ազդեցութիւնները
7. Աստուծոյ անդրանիկ Որդւոյն երկիր գալուն անհրաժեշտ եղող պատճառներէն մէկը ի՞նչ էր։
7 Աստուծոյ Որդին տակաւին շատ սորվելիք ունէր, քանի որ Եհովայի նպատակն էր իր Որդին պատրաստել, որպէսզի գորովագութ Քահանայապետ մը ըլլար՝ «մեր տկարութիւններուն կարեկից»։ (Եբրայեցիս 4։15) Այս դերին պահանջներուն գոհացում տալը պատճառներէն մէկն էր, որու համար Որդին որպէս մարդ երկիր եկաւ։ Երկրի վրայ որպէս միսէ ու արիւնէ բաղկացած մարդ մը, Յիսուս այնպիսի պարագաներու ու ազդեցութիւններու ենթարկուեցաւ, զորս նախապէս միայն երկնքէն դիտած էր։ Արդ, մարդկային զգացումներու ու յուզումներու հետ անմիջական շփման մէջ եկաւ։ Ան երբեմն յոգնած, ծարաւ ու անօթի զգաց։ (Մատթէոս 4։2. Յովհաննու 4։6, 7) Ասկէ զատ, ան ամէն տեսակ նեղութիւն ու տառապանք կրեց։ Այս կերպով ան «հնազանդութիւն սորվեցաւ» եւ որպէս Քահանայապետ իր դերին համար լիովին որակելի եղաւ։—Եբրայեցիս 5։8-10
8. Յիսուսի երկրային կեանքի սկիզբին մասին ի՞նչ գիտենք։
8 Երկրի վրայ իր կեանքին սկիզբը Յիսուսի ունեցած փորձառութեան մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։ Իր մանկութեան մասին շատ քիչ արձանագրութիւն կայ։ Արդարեւ, միայն Մատթէոս եւ Ղուկաս իր ծնունդին մասին եղած իրադարձութիւնները պատմած են։ Աւետարան գրողները գիտէին որ Յիսուս երկիր գալէն առաջ երկնքի մէջ ապրած էր։ Այդ նախամարդկային գոյութիւնը, որեւէ բանէ աւելի կը լուսաբանէ իր ի՛նչպիսի մէկը դառնալը։ Այսուհանդերձ, Յիսուս իրապէս մարդկային էր։ Թէեւ կատարեալ էր, բայց տակաւին իր մանկութենէն երախայութեան պիտի անցնէր, իսկ պատանեկութենէն՝ չափահասութեան, ու այս ամբողջ տեւողութեան պիտի սորվէր։ (Ղուկաս 2։51, 52) Աստուածաշունչը Յիսուսի կեանքի սկիզբին մասին կարգ մը բաներ կը յայտնէ, որոնք անկասկած ազդեցութիւն ունեցան իր վրայ։
9. (ա) Ի՞նչ բան կը նշէ որ Յիսուս աղքատ ընտանիքի մը մէջ ծնած էր։ (բ) Յիսուս հաւանաբար ի՞նչպիսի պայմաններու ներքեւ մեծցաւ։
9 Ըստ տուեալներու, Յիսուս աղքատ ընտանիքի մը մէջ ծնած էր։ Իր ծնունդէն 40 օր ետք Յովսէփի ու Մարիամի տաճար բերած զոհէն ասիկա յայտնի կ’ըլլայ։ Փոխանակ որպէս ողջակէզ խոյ մը եւ մեղքի պատարագի համար աղաւնիի երկու ձագ կամ տատրակ բերելու, անոնք «զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ» բերին։ (Ղուկաս 2։24) Մովսիսական Օրէնքին համաձայն, այս զոհի մատուցումը աղքատներուն համար եղած կարգադրութիւն մըն էր։ (Ղեւտացւոց 12։6-8) Ժամանակի ընթացքին, այս համեստ ընտանիքը մեծցաւ։ Յովսէփ եւ Մարիամ Յիսուսի հրաշալի ծնունդէն ետք, բնական միջոցներով առնուազն վեց ուրիշ զաւակներ ունեցան։ (Մատթէոս 13։55, 56) Ուստի, Յիսուս մեծցաւ բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ, հաւանաբար համեստ պայմաններու ներքեւ։
10. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Յովսէփ եւ Մարիամ աստուածավախ անհատներ էին։
10 Յիսուս աստուածավախ ու հոգածու ծնողներու ձեռքին մէջ մեծցաւ։ Իր մայրը՝ Մարիամ, բացառիկ կին մըն էր։ Յիշեցէք որ երբ Գաբրիէլ հրեշտակը զինք ողջունեց, անոր ըսաւ. «Ողջոյն քեզ, ո՛վ շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է»։ (Ղուկաս 1։28) Յովսէփ ալ բարեպաշտ մարդ մըն էր։ Ան ամէն տարի 150 քմ. կը ճամբորդէր, Պասեքի առթիւ Երուսաղէմ երթալու համար։ Մարիամ ալ կ’երթար, հակառակ անոր որ միայն տղամարդոցմէ պահանջուած էր ասիկա։ (Ելից 23։17. Ղուկաս 2։41) Այս առիթներէն մէկուն ընթացքին, Յովսէփ եւ Մարիամ 12 տարեկան Յիսուսը ամէն կողմ փնտռելէն ետք, զայն գտան տաճարին մէջ, ուսուցիչներուն հետ։ Յիսուս իր մտահոգուած ծնողքին ըսաւ. «Չէի՞ք գիտեր թէ ինծի պէտք է որ իմ Հօրս տունը ըլլամ»։ (Ղուկաս 2։49) ‘Հայր’. այս բառը ջերմ ու լիարժէք իմաստ մը ունենալու էր պատանի Յիսուսի համար։ Նախ, հաւանաբար իրեն ըսուած էր որ Եհովա էր իր իրական Հայրը։ Ասկէ զատ, Յիսուսի համար Յովսէփ լաւ որդեգիր հայր մը եղած ըլլալու էր։ Վստահաբար Եհովա կոշտ կամ անգութ մարդու մը պիտի չվստահէր Իր սիրելի Որդւոյն հոգատարութիւնը։
11. Յիսուս ի՞նչ արհեստ սորվեցաւ, եւ սուրբ գրային ժամանակներուն այս արհեստը իր մէջ ի՞նչ կը պարփակէր։
11 Նազարէթի մէջ իր անցուցած տարիներու ընթացքին, Յիսուս ատաղձագործութիւն սորվեցաւ, հաւանաբար զինք որդեգրած հօրմէն՝ Յովսէփէն։ Յիսուս այնքան լաւ տիրապետած էր արհեստին որ ինք անձամբ կոչուած էր «հիւսնը»։ (Մարկոս 6։3) Սուրբ գրային ժամանակներուն, ատաղձագործները կը գործածուէին տուն կառուցանելու, կարասիներ (սեղան, աթոռ եւ նստարան) եւ երկրագործական գործիքներ շինելու համար։ Երկխօսութիւն Տրիփոնին Հետ իր երկին մէջ, Հ.Դ. երկրորդ դարուն ապրած Յուստինոս Նահատակ Յիսուսի մասին գրեց. «Ան մարդոց մէջ գտնուած ժամանակ որպէս ատաղձագործ կ’աշխատէր, գութաններ եւ լուծեր շինելով»։ Ասիկա դիւրին աշխատանք մը չէր, քանի որ անցեալին ատաղձագործ մը թերեւս իր փայտը գնելու կարելիութիւնը չունէր։ Շատ հաւանաբար ան կ’երթար ծառը կ’ընտրէր, զայն կը կտրէր ու տուն կը բերէր։ Ուստի, կրնայ ըլլալ որ Յիսուս ապրուստ ճարելու, յաճախորդներուն հետ վարուելու եւ ընտանիքի մը նիւթական ծախսերը հոգալու դժուարութիւններուն ծանօթ էր։
12. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Յովսէփ ակներեւաբար Յիսուսէ առաջ մեռաւ, եւ ասիկա ի՞նչ նշանակած ըլլալու է Յիսուսի համար։
12 Որպէս անդրանիկ որդի, Յիսուս հաւանաբար ընտանիքին հոգ կը տանէր, մանաւանդ որ, ըստ երեւոյթին, Յովսէփ իրմէ առաջ մեռած էր։b 1 Յունուար 1900–ի Սիօնի Դիտարանը ըսաւ. «Աւանդութիւնը կ’ըսէ որ Յովսէփ մեռաւ, երբ տակաւին Յիսուս պատանի էր եւ թէ այս վերջինը ստանձնեց ատաղձագործութիւնը եւ ընտանիքին հոգ տարաւ։ Ասոր նեցուկ կը կանգնի Սուրբ Գրքի վկայութիւնը, ուր Յիսուս անձամբ կոչուած է հիւսնը եւ հոն յիշուած են իր մայրն ու եղբայրները, բայց ոչ՝ Յովսէփ։ (Մարկոս 6։3) . . . Շատ հաւանական է որ մեր Տիրոջ կեանքին տասնըութը երկար տարիները՝ [Ղուկաս 2։41-49–ի մէջ արձանագրուած] դէպքէն մինչեւ իր մկրտութեան ժամանակը՝ կեանքի սովորական պարտականութիւնները կատարելով անցան»։ Մարիամ եւ իր զաւակները՝ Յիսուսն ալ ներառեալ, հաւանաբար գիտցան սիրելի ամուսինի մը եւ հօր մը մահուան առթած վիշտը։
13. Երբ Յիսուս իր ծառայութեան ձեռնարկեց, ինչո՞ւ ասիկա ըրաւ այնպիսի գիտութեամբ, ներատեսութեամբ եւ խոր զգացումով, զոր ուրիշ ոեւէ մէկը ընելու կարող չէր։
13 Որոշ է որ Յիսուս փափուկ կեանքի համար ծնած չէր։ Ընդհակառակը, ան ուղղակի սովորական մարդոց նման կեանք մը վարեց։ Ապա՝ Հ.Դ. 29–ին, ժամանակը եկաւ որ Յիսուս զինք սպասող աստուածային նշանակումը կատարէր։ Այդ տարուան աշնան, ան ջուրի մէջ մկրտուեցաւ եւ որպէս Աստուծոյ հոգեւոր Որդի մը ծնաւ։ «Երկինքը բացուեցաւ» իր առջեւ, բացայայտօրէն նշելով որ ան երկնքի մէջ իր ունեցած նախամարդկային գոյութիւնը յիշեց՝ անոր ընկերակցող խորհուրդներն ու զգացումներն ալ ներառեալ։ (Ղուկաս 3։21, 22) Ուստի, երբ Յիսուս իր ծառայութեան ձեռնարկեց, ասիկա ըրաւ այնպիսի գիտութեամբ, ներատեսութեամբ եւ խոր զգացումով, զոր ուրիշ ոեւէ մէկը ընելու կարող չէր։ Աւետարանը գրողները լաւ պատճառով մը իրենց գրութեան մեծ մասը նուիրեցին Յիսուսի ծառայութեան հետ առնչուող դէպքերուն։ Այսպէս ըլլալով հանդերձ, անոնք չկրցան գրել անոր ըսած ու ըրած բոլոր բաները։ (Յովհաննու 21։25) Բայց ինչ որ ներշնչուեցան գրելու, մեզի կ’օգնէ որ ցարդ ապրած մեծագոյն մարդուն միտքը աւելի մօտէն քննենք։
Յիսուսի Անձնաւորութիւնը
14. Աւետարանները Յիսուսը ի՞նչպէս կը պատկերացնեն որպէս գորովագութ եւ խոր զգացումներու տէր մարդ մը։
14 Աւետարաններէն ի յայտ կու գայ Յիսուսի անձնաւորութիւնը որպէս գորովագութ եւ խոր զգացումներու տէր մարդ մը։ Ան այլազան յոյզեր դրսեւորեց. բորոտի մը խղճաց (Մարկոս 1։40, 41), չընդառաջող մարդոց համար ցաւ զգաց (Ղուկաս 19։41, 42), ագահ ստակ փոխողներու դէմ արդարացի զայրոյթ յայտնեց։ (Յովհաննու 2։13-17) Կարեկից մարդ մը ըլլալով, Յիսուս արցունքի անձնատուր եղաւ եւ իր զգացումները չթաքցուց։ Երբ իր սիրելի բարեկամը՝ Ղազարոս մահացաւ, Ղազարոսի քրոջ՝ Մարիամի վշտահար երեւոյթէն յուզուած, Յիսուս ինք ալ արցունք թափեց, ուրիշներուն ներկայութեան լալով։—Յովհաննու 11։32-36
15. Յիսուսի գորովը ի՞նչպէս յայտնի կ’ըլլար ուրիշներու հանդէպ իր ունեցած կեցուածքէն եւ վերաբերմունքէն։
15 Յիսուսի գորովը մասնաւորաբար յայտնի կ’ըլլար ուրիշներու հանդէպ իր ունեցած կեցուածքէն եւ վերաբերմունքէն։ Ան աղքատին ու հարստահարուածին կը հասնէր, անոնց օգնելով որ ‘իրենց անձերուն հանգստութիւն գտնեն’։ (Մատթէոս 11։4, 5, 28-30) Ան վշտահարներու կարիքներուն չընդառաջելու աստիճան զբաղած չէր, անիկա ըլլար արիւնահոսութենէ տառապող կին մը, որ իր հանդերձին դպաւ, թէ կոյր մուրացկան մը, որու չէին կրնար լռեցնել։ (Մատթէոս 9։20-22. Մարկոս 10։46-52) Յիսուս ուրիշներուն մէջ լաւ բաները կը տեսնէր եւ զանոնք կը գովէր. բայց երբ հարկ ըլլար՝ կը յանդիմանէր։ (Մատթէոս 16։23. Յովհաննու 1։47. 8։44) Այն ժամանակ երբ կիներ շատ քիչ իրաւունքներ ունէին, անոնց հետ վարուեցաւ հաւասարակշռուած յարգանքով ու պատուով։ (Յովհաննու 4։9, 27) Հասկնալի է որ խումբ մը կիներ իրենց ստացուածքով սիրայօժար կերպով սպասարկութիւն կ’ընէին իրեն։—Ղուկաս 8։3
16. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Յիսուս կեանքի ու նիւթական բաներու նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունէր։
16 Յիսուս կեանքի նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունէր։ Իր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը նիւթական բաները չէին։ Այնպէս կը թուի որ նիւթական գետնի վրայ շատ քիչ բան ունէր։ Ան ըսաւ որ ‘իր գլուխը դնելիք տեղ մը չունէր’։ (Մատթէոս 8։20) Բայց միեւնոյն ատեն Յիսուս ուրիշներուն ուրախութիւնը կ’աւելցնէր։ Երբ հարսանեկան խնճոյքի մը ներկայ եղաւ, որ մասնաւորաբար յատկորոշուած կ’ըլլար երաժշտութեամբ, երգով ու զուարճութեամբ, որոշ է որ ան հոն չգնաց անոնց տրամադրութիւնը աւրելու համար։ Արդարեւ, Յիսուս իր առաջին հրաշքը հոն կատարեց։ Երբ գինին պակսեցաւ, ան ջուրը ընտիր գինիի վերածեց. խմիչք մը, որ «կ’ուրախացնէ մարդուն սիրտը»։ (Սաղմոս 104։15. Յովհաննու 2։1-11) Այս կերպով խնճոյքը կրնար շարունակուիլ եւ հարսն ու փեսան սեւերես ելլելէ կը խնայուէին։ Տակաւին իր հաւասարակշռութիւնը ցոյց կը տրուի այն բազմաթիւ յիշատակութիւններով թէ Յիսուս իր ծառայութեան մէջ երկար ժամեր եւ ծանր կ’աշխատէր։—Յովհաննու 4։34
17. Ինչո՞ւ զարմանալի չէ որ Յիսուս Վարպետ Ուսուցիչ մըն էր իր ուսուցումները ի՞նչ կ’արտացոլացնէին։
17 Յիսուս Վարպետ Ուսուցիչ մըն էր։ Իր ուսուցումներէն շատերը առօրեայի իրողութիւններու հետ կապ ունէին, որոնց քաջածանօթ էր։ (Մատթէոս 13։33. Ղուկաս 15։8) Ան սորվեցնելու անբաղդատելի կերպ մը ունէր. շատ յստակ, պարզ եւ գործնական։ Բայց շատ աւելի ուշագրաւ էին իր սորվեցուցած բաները։ Իր ուսուցումները կ’արտացոլացնէին Եհովայի խորհուրդները, զգացումները եւ ճամբաները իր ունկնդիրներուն ծանօթացնելու իր սրտանց փափաքը։—Յովհաննու 17։6-8
18, 19. (ա) Պատկերալից ի՞նչ վառ լեզուով Յիսուս նկարագրեց իր Հայրը։ (բ) Յաջորդ յօդուածով ի՞նչ բան նկատի պիտի առնուի։
18 Յաճախ օրինակներ գործածելով, Յիսուս իր Հայրը ներկայացուց պատկերալից վառ լեզուով մը, որ հեշտութեամբ չէր մոռցուեր։ Աստուծոյ ողորմածութեան մասին ընդհանուր կերպով խօսիլը բան մըն է, բայց բոլորովին տարբեր է Եհովան նմանցնել ներող հօր մը, որ ա՛յնքան յուզուած էր իր որդւոյն վերադարձը տեսնելով, որ «վազելով՝ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա»։ (Ղուկաս 15։11-24) Մերժելով այն անթեք մշակոյթը, որով կրօնական առաջնորդները ցած աչքով կը նայէին հասարակ ժողովուրդին, Յիսուս բացատրեց որ իր Հայրը դիւրամերձ Աստուած մըն էր, որ կը նախընտրէր հեզ մաքսաւորի մը պաղատանքը լսել, քան՝ սնապարծ Փարիսեցիի մը ցուցամոլ աղօթքը։ (Ղուկաս 18։9-14) Յիսուս Եհովան պատկերացուց որպէս հոգածու Աստուած մը, որ փոքր ճնճղուկի մը գետին իյնալէն տեղեակ է։ Ան իր աշակերտները վստահեցուց. «Մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք»։ (Մատթէոս 10։29, 31) Հասկնալի է որ մարդիկ կը զարմանային «անոր վարդապետութեանը վրայ» եւ անոր կը մօտենային։ (Մատթէոս 7։28, 29) Այո՛, առիթով մը «խիստ շատ» մարդիկ երեք օր քովը մնացին, նոյնիսկ առանց ուտելու։—Մարկոս 8։1, 2
19 Երախտապարտ կրնանք ըլլալ որ Եհովա իր Խօսքին մէջ յայտնած է Քրիստոսին միտքը։ Սակայն մենք ի՞նչպէս կրնանք Քրիստոսին միտքը մշակել եւ ասիկա ցոյց տալ ուրիշներու հետ մեր վերաբերմունքին մէջ։ Ասիկա նկատի պիտի առնուի յաջորդ յօդուածով։
[Ստորանիշներ]
a Յայտնութիւն 12։3, 4–ը կը նշէ որ հոգեղէն արարածներն ալ իրենց ընկերակցութենէն կ’ազդուին։ Հոն Սատանան նկարագրուած է որպէս «վիշապ» մը, որ կրցած է ազդեցութիւն բանեցնել, որպէսզի ուրիշ «աստղեր» կամ հոգեղէն որդիներ իր ըմբոստ ընթացքին մէջ իրեն միանան։—Համեմատել՝ Յոբայ 38։7
b Յովսէփի մասին վերջին ուղղակի յիշատակութիւն մը եղած է, երբ Յիսուս 12 տարեկանին տաճարին մէջ գտնուեցաւ։ Չէ յիշուած որ Յովսէփ Կանայի հարսանեկան խրախճանքին ներկայ էր՝ Յիսուսի ծառայութեան սկիզբը։ (Յովհաննու 2։1-3) Հ.Դ. 33–ին, ցցահանուած Յիսուս Մարիամը վստահեցաւ սիրելի Յովհաննէս առաքեալի հոգածութեան։ Եթէ Յովսէփ ողջ եղած ըլլար, Յիսուս վստահաբար այսպիսի բան մը ըրած պիտի չըլլար։—Յովհաննու 19։26, 27
-
-
«Քրիստոսին միտքը» ունի՞քԴիտարան 2000 | Փետրուար 15
-
-
«Քրիստոսին միտքը» ունի՞ք
«Համբերութեան ու մխիթարութեան Աստուածը տայ ձեզի, որ . . . միեւնոյն խորհուրդը ունենաք՝ Քրիստոս Յիսուսին . . . պէս»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 15։5
1. Քրիստոնեայ Աշխարհի պատկան շատ մը նկարչութիւններու մէջ Յիսուս ի՞նչպէս պատկերացուած է. ինչո՞ւ ասիկա Յիսուսի ճիշդ պատկերը չէ։
«ԱՆՈՐ խնդալը բնա՛ւ տեսնուած չէ»։ Յիսուս այսպէս նկարագրուած է վաւերագրի մը մէջ, որու գրութիւնը սխալ կերպով վերագրուած է վաղեմի Հռովմէացի բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը։ Կ’ըսուի որ շատ մը արուեստագէտներ ազդուած են այս վաւերագրէն՝ որ իր ներկայ ձեւով ծանօթ է շուրջ 11–րդ դարէն ի վեր։a Շատ նկարչութիւններու մէջ Յիսուս մռայլ երեւոյթ մը ունի, որ գրեթէ չի խնդար։ Բայց ասիկա բնաւ ճիշդ նկարագրութիւն մը չէ իր մասին, զոր Աւետարանները կը ներկայացնեն որպէս խոր զգացումներ ունեցող ջերմ, հեզահամբոյր մարդ մը։
2. Ի՞նչպէս կրնանք մշակել «միեւնոյն խորհուրդը . . . Քրիստոս Յիսուսին . . . պէս», եւ ասիկա ի՞նչ ընելու պիտի զինէ մեզ։
2 Որոշ է ուրեմն, որ իսկական Յիսուսը ճանչնալու համար մեր միտքն ու սիրտը պէտք է լեցնենք երկրի վրայ եղած ատեն Յիսուսի իրապէս ի՛նչպիսի անհատ մը ըլլալուն ճշգրիտ հասկացողութեամբ։ Ուստի, Աւետարանի կարգ մը պատմութիւնները քննենք, որոնք մեզի կ’օգնեն որ «Քրիստոսին միտք»ին, այսինքն իր զգացումներուն, խելամտութեան, խորհուրդներուն եւ դատողութիւններուն թափանցենք։ (Ա. Կորնթացիս 2։16) Մինչ ասիկա կ’ընենք, նկատի առնենք թէ ի՛նչպէս կրնանք մշակել «միեւնոյն խորհուրդը . . . Քրիստոս Յիսուսին . . . պէս»։ (Հռովմայեցիս 15։5) Այս կերպով, մեր կեանքին եւ ուրիշներու հետ մեր վերաբերմունքին մէջ իր ձգած օրինակին հետեւելու համար աւելի լաւ զինուած կ’ըլլանք։—Յովհաննու 13։15
Դիւրամերձ
3, 4. (ա) Մարկոս 10։13-16–ի մէջ արձանագրուած դէպքին ընդհանուր պատկերը ի՞նչ էր։ (բ) Յիսուս ի՞նչպէս հակազդեց, երբ իր աշակերտները չձգեցին որ երախաները իրեն մօտենան։
3 Մարդիկ Յիսուսով կը հրապուրուէին։ Շատ առիթներով, տարբեր տարիքի ու ենթահողի պատկանող անհատներ դիւրութեամբ իրեն կը մօտենային։ Նկատի առէք Մարկոս 10։13-16–ի մէջ արձանագրուած դէպքը։ Անիկա տեղի ունեցաւ իր ծառայութեան գրեթէ վերջաւորութեան, երբ վերջին անգամ ըլլալով Երուսաղէմ կ’ուղղուէր տանջալից մահ մը դիմագրաւելու համար։—Մարկոս 10։32-34
4 Մտապատկերացուցէք տեսարանը։ Մարդիկ կը սկսին երախաներ, նոյնիսկ մանուկներ բերել, որպէսզի Յիսուս օրհնէ զանոնք։b Բայց աշակերտները կը ջանան արգիլել որ երախաները Յիսուսի մօտենան։ Թերեւս անոնք կը խորհին որ ճգնաժամային այս շաբաթներուն Յիսուս չ’ուզեր անհանգստնալ երախաներով։ Բայց անոնք կը սխալին։ Երբ Յիսուս աշակերտներուն ըրածին կ’անդրադառնայ, ան կը դժգոհի։ Երախաները քովը կը կանչէ ու կ’ըսէ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը [«մանուկները», Երուսաղէմ], որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք»։ (Մարկոս 10։14) Ապա իրապէս գորովալից եւ սիրալիր բան մը կ’ընէ։ Պատմութիւնը կ’ըսէ. «Զանոնք գիրկը առաւ, անոնց վրայ ձեռք դրաւ ու օրհնեց զանոնք»։ (Մարկոս 10։16) Պարզ է որ երախաները հանգիստ կը զգան, երբ Յիսուս խնամքով զիրենք իր գիրկը կ’առնէ։
5. Մարկոս 10։13-16–ի դրուագը Յիսուսի ինչպիսի անհատ մը ըլլալուն մասին ի՞նչ կը յայտնէ։
5 Այդ հակիրճ դրուագը մեզի շատ բան կ’ըսէ Յիսուսի ի՛նչպիսի անհատ մը ըլլալուն մասին։ Նկատի առէք որ ան դիւրամերձ էր։ Թէեւ ան երկնքի մէջ բարձր տեղ մը գրաւած էր, բայց անկատար մարդիկը ո՛չ կ’ամչցնէր եւ ոչ ալ կը նուաստացնէր։ (Յովհաննու 17։5) Նշանակալից չէ՞ որ նոյնիսկ երախաներ հանգիստ կը զգային իրեն հետ։ Վստահաբար անոնք պիտի չմօտենային սառն, բնաւ չժպտացող կամ չխնդացող տխրադէմ անհատի մը։ Ամէն տարիքի մարդիկ կը մօտենային Յիսուսի, քանի որ կը զգային որ ան ջերմ, հոգածու անհատ մըն էր եւ վստահ էին որ ան իրենցմէ երես պիտի չդարձնէր։
6. Երէցները ի՞նչպէս կրնան իրենք զիրենք աւելի դիւրամերձ դարձնել։
6 Այս դրուագին մասին խորհելով, մենք մեզի կրնանք հարցնել. ‘Քրիստոսին միտքը ունի՞մ։ Դիւրամե՞րձ եմ’։ Այս ճգնաժամային օրերուն, Աստուծոյ ոչխարները կարիքը ունին դիւրամերձ հովիւներու, տղամարդոց, որոնք «հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս» են։ (Եսայեայ 32։1, 2. Բ. Տիմոթէոս 3։1) Ո՛վ երէցներ, եթէ ձեր եղբայրներուն հանդէպ անկեղծ ու սրտանց հետաքրքրութիւն մշակէք եւ ձեր անձերէն տալու յօժար ըլլաք, անոնք պիտի զգան ձեր հոգածութիւնը։ Անիկա ձեր դէմքի արտայայտութեան մէջ պիտի տեսնեն, ձեր ձայնի եղանակին մէջ պիտի լսեն եւ ձեր ազնիւ վերաբերմունքին մէջ պիտի նկատեն։ Այսպիսի հարազատ ջերմութիւն եւ հետաքրքրութիւն վստահեցուցիչ մթնոլորտ մը կրնան ստեղծել, որ բոլորին՝ մէջը ըլլալով երախաներուն, ձեզի մօտենալը կը դիւրացնէ։ Քրիստոնեայ կին մը կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ որոշ երէցի մը կրցաւ իր սիրտը բանալ. «Ան գորովով ու կարեկցութեամբ խօսեցաւ հետս։ Այլապէս, հաւանաբար չկարենայի բա՛ռ մը ըսել։ Ան օգնեց որ ապահով զգամ»։
Ուրիշներու Հանդէպ Նկատառու
7. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ ուրիշներու հանդէպ նկատառու էր։ (բ) Յիսուս կոյր մարդու մը տեսողութիւնը հաւանաբար ինչո՞ւ աստիճանաբար վերահաստատեց։
7 Յիսուս նկատառու էր։ Ան ուրիշներու զգացումներուն նկատմամբ զգայուն էր։ Վշտահարներու երեւոյթը ա՛յնքան խոր կերպով կը յուզէր զինք, որ անոնց ցաւերը ամոքելու կը մղուէր։ (Մատթէոս 14։14) Ան ուրիշներու սահմանափակումներուն եւ կարիքներուն հանդէպ ալ նկատառու էր։ (Յովհաննու 16։12) Անգամ մը, մարդիկ կոյր մարդ մը բերին Յիսուսի եւ իրմէ խնդրեցին որ զինք բժշկէր։ Յիսուս մարդուն տեսողութիւնը վերահաստատեց, բայց ասիկա աստիճանաբար ըրաւ։ Նախ՝ մարդը աղօտ կերպով մարդիկ տեսաւ «ծառերու պէս որ կը պտըտին»։ Ապա Յիսուս անոր տեսողութիւնը ամբողջովին վերահաստատեց։ Ան ինչո՞ւ աստիճանաբար բուժեց մարդը։ Կրնայ ըլլալ որ ասիկա ըրաւ երկար ժամանակ չտեսնելով մթութեան մէջ եղող անհատին օգնելու համար, որպէսզի ան յանկարծ պայծառ եւ բարդ աշխարհ մը տեսնելու ցնցումին վարժուի։—Մարկոս 8։22-26
8, 9. (ա) Յիսուս եւ իր աշակերտները Դեկապոլիսի շրջանը մտնելէն քիչ ետք ի՞նչ պատահեցաւ։ (բ) Յիսուսի կողմէ խուլ մարդուն բժշկուիլը նկարագրեցէք։
8 Նկատի առէք նաեւ դրուագ մը, որ տեղի ունեցաւ Հ.Դ. 32–ի Պասեքէն ետք։ Յիսուս եւ իր աշակերտները Գալիլիոյ Ծովուն արեւելքը գտնուող Դեկապոլիսի շրջանը մտած էին։ Անմիջապէս շատ ժողովուրդ զիրենք գտան հոն ու բազմաթիւ հիւանդներ ու կաղեր Յիսուսի բերին եւ բոլորն ալ բժշկեց։ (Մատթէոս 15։29, 30) Հետաքրքրականօրէն, Յիսուս որոշ անհատ մը միւսներէն անջատեց, անոր մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայելով։ Մարկոս Աւետարանիչը՝ միակը որ այս դրուագը արձանագրած է, կը տեղեկագրէ եղելութիւնը։—Մարկոս 7։31-35
9 Մարդը խուլ ու դժուարախօս էր։ Յիսուս զգացած ըլլալու էր այս մարդուն մասնայատուկ ջղագրգռութիւնը կամ շփոթութիւնը։ Ուստի, ան արտասովոր բան մը ըրաւ։ Ան մարդը մէկ կողմ քաշեց, ամբոխէն հեռու առանձին տեղ մը։ Ապա կարգ մը շարժումներ ըրաւ, անոր իմացնելու համար թէ ինչ պիտի ընէր շուտով։ Ան «իր մատները անոր ականջներուն մէջ խոթեց ու թքաւ, եւ անոր լեզուին դպաւ»։ (Մարկոս 7։33) Անկէ ետք, Յիսուս երկինք նայեցաւ եւ սրտագին հառաչանք մը արձակեց։ Ցուցադրական այս արարքները մարդուն ըսել պիտի ուզէին՝ ‘Ինչ որ պիտի ընեմ քեզի համար, Աստուծոյ զօրութեամբ է’։ Վերջապէս Յիսուս ըսաւ՝ «Բացուէ՛»։ (Մարկոս 7։34) Իսկոյն մարդը իր լսողութիւնը գտաւ եւ սկսաւ բնականոն կերպով խօսիլ։
10, 11. Ժողովքին մէջ ուրիշներու զգացումներուն հանդէպ ի՞նչպէս կրնանք նկատառութիւն ցոյց տալ. ընտանիքին մէջ ի՞նչպէս կրնանք ընել ասիկա։
10 Յիսուս ուրիշներու հանդէպ ի՜նչ խոր նկատառութիւն ցոյց տուաւ։ Անոնց զգացումներուն հանդէպ անտարբեր չէր եւ այս կարեկից նկատողութիւնը իր կարգին, զինք մղեց այնպէս մը վարուելու որ անոնց զգացումները չվիրաւորէր։ Որպէս Քրիստոնեաներ մենք ալ այս ուղղութեամբ Քրիստոսին միտքը պէտք է մշակենք եւ ցուցաբերենք։ Աստուածաշունչը մեզ կը խրատէ. «Ամէնքդ մէկ մտքի վրայ եղէք, կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ»։ (Ա. Պետրոս 3։8) Ասիկա վստահաբար մեզմէ կը պահանջէ որ ուրիշներուն զգացումները նկատի առնելով խօսինք եւ գործենք։
11 Ժողովքին մէջ ուրիշներուն զգացումները նկատի կ’առնենք զանոնք պատուելով, անոնց հետ վարուելով ա՛յնպէս՝ ինչպէս պիտի ուզէինք որ անոնք մեզի հետ վարուէին։ (Մատթէոս 7։12) Ասիկա իր մէջ պէտք է պարփակէ ուշադիր ըլլալ թէ ի՛նչ կ’ըսենք եւ թէ՝ ի՛նչպէս կ’ըսենք զայն։ (Կողոսացիս 4։6) Մի՛ մոռնաք որ «անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն»։ (Առակաց 12։18) Ի՞նչ է պարագան ընտանիքին մէջ։ Զիրար իրապէս սիրող ամուսին եւ կին իրարու զգացումները նկատի կ’առնեն։ (Եփեսացիս 5։33) Անոնք կը զգուշանան բիրտ խօսքերէ, դաժան քննադատութիւններէ եւ կծու ծաղրանքներէ. բաներ՝ որոնք զգացումներ կը վիրաւորեն, եւ դիւրութեամբ չեն բուժուիր։ Երախաներն ալ զգացումներ ունին եւ սիրալիր ծնողներ զանոնք նկատի կ’առնեն։ Երբ սրբագրումի կարիքը տեսնուի, այսպիսի ծնողներ զայն ա՛յնպէս կը մատակարարեն որ իրենց զաւակներուն արժանապատուութիւնը յարգեն եւ անհարկի շփոթեցուցիչ վիճակներէ խնայեն զանոնք։c (Կողոսացիս 3։21) Երբ այս կերպով նկատառու ըլլանք ուրիշներու հանդէպ, կ’ապացուցանենք որ Քրիստոսին միտքը ունինք։
Ուրիշներուն Վստահեցէք
12. Յիսուս իր աշակերտներուն հանդէպ ի՞նչ հաւասարակշռուած եւ իրապաշտ տեսակէտ մը ունէր։
12 Յիսուս իր աշակերտներուն հանդէպ հաւասարակշռուած եւ իրապաշտ տեսակէտ մը ունէր։ Ան քաջ գիտէր որ անոնք կատարեալ չէին։ Արդարեւ, ան մարդոց սրտերը կրնար կարդալ։ (Յովհաննու 2։24, 25) Այսպէս ըլլալով հանդերձ, պարզապէս անոնց անկատարութիւնները չտեսաւ, այլ՝ անոնց լաւ յատկութիւններուն նայեցաւ։ Ան նաեւ տեսաւ այս մարդոց ունեցած կարողութիւնները, զորոնք Եհովա իրեն քաշած էր։ (Յովհաննու 6։44) Իր աշակերտներուն հանդէպ Յիսուսի վերաբերմունքէն եւ անոնց հետ իր վարուած կերպէն յայտնի էր անոնց նկատմամբ իր ունեցած դրական տեսակէտը։ Ասոր համար անոնց վստահելու պատրաստակամութիւն ցոյց տուաւ։
13. Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ իր աշակերտներուն կը վստահէր։
13 Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ այդ վստահութիւնը։ Երբ երկիրը ձգեց, ան իր օծեալ աշակերտներուն ծանր պատասխանատուութիւն մը յանձնեց։ Անոնց ձեռքին մէջ դրաւ իր Թագաւորութեան համաշխարհային շահերուն հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը։ (Մատթէոս 25։14, 15. Ղուկաս 12։42-44) Իր ծառայութեան ընթացքին, նոյնիսկ չնչին եւ անուղղակի կերպով ցոյց տուաւ որ կը վստահէր իրենց։ Երբ բազմութիւններ հրաշալիօրէն կերակրելու համար ուտելիքը շատցուց, ան իր աշակերտներուն յանձնեց կերակուրը բաշխելու պատասխանատուութիւնը։—Մատթէոս 14։15-21. 15։32-37
14. Մարկոս 4։35-41–ի մէջ արձանագրուած դրուագը ի՞նչպէս կրնաք ամփոփել։
14 Մարկոս 4։35-41–ի դրուագն ալ նկատի առէք։ Այս պարագային, Յիսուս եւ իր աշակերտները նաւ մը նստան եւ Գալիլիոյ Ծովուն արեւելեան կողմը նաւարկեցին։ Նաւը ճամբայ ելլելէն քիչ ետք, Յիսուս նաւուն ետեւը երկնցաւ ու շուտով քնացաւ։ Սակայն շատ չանցած «մեծ փոթորիկ մը ելաւ»։ Այսպիսի փոթորիկներ անսովոր չէին Գալիլիոյ Ծովուն վրայ։ Անոր մակարդակը ցած ըլլալուն պատճառաւ (շուրջ 200 մեթր ծովու մակերեսէն ցած), հոն օդը շատ աւելի տաք է քան շրջակայ մասերուն մէջ, եւ ասիկա մթնոլորտային խանգարումներ կը ստեղծէ։ Ասկէ զատ, Հերմոն Լեռնէն զօրաւոր հովեր կը փչեն դէպի Յորդանանի Հովիտը, որ հիւսիսը կը գտնուի։ Ժամանակաւոր հանդարտութիւն մը յանկարծ կրնայ տեղի տալ մեծ փոթորիկի մը։ Խորհեցէ՛ք. Յիսուս Գալիլիա մեծցած ըլլալով անկասկած իրեն ծանօթ էին այդ փոթորիկները։ Այսուհանդերձ ան խաղաղութեամբ կը քնանար, աշակերտներուն վարպետութեան վստահելով, որոնցմէ քանի մը հատը ձկնորսներ էին։—Մատթէոս 4։18, 19
15. Ուրիշներուն վստահելու Յիսուսի յօժարակամութիւնը ի՞նչպէս կրնանք ընդօրինակել։
15 Իր աշակերտներուն վստահելու Յիսուսի կամեցողութիւնը կրնա՞նք ընդօրինակել։ Ոմանք ուրիշներու պատասխանատուութիւններ յանձնելու դժուարութիւն ունին։ Անոնք միշտ կ’ուզեն ղեկը իրենց ձեռքը պահել։ Անոնք կրնան խորհիլ. ‘Եթէ կ’ուզեմ որ բան մը շիտակ ըլլայ, պէտք է որ ձեռքո՛վս ընեմ’։ Բայց եթէ ամէն բան մենք պիտի ընենք, մենք մեզ պիտի մաշեցնենք եւ անտեղի կերպով մեր ընտանիքին ժամանակէն պիտի առնենք։ Ասկէ զատ, եթէ ուրիշներուն պարտականութիւններ ու պատասխանատուութիւններ չյանձնենք, զանոնք զրկած կ’ըլլանք փորձառութենէ եւ մարզումէ, որոնց պէտք ունին։ Իմաստութիւն պիտի ըլլար սորվիլ ուրիշներուն վստահիլ, անոնց որոշ բաներ յանձնելով։ Պարկեշտօրէն մենք մեզի հարցնենք. ‘Այս հարցին մէջ Քրիստոսին միտքը ունի՞մ։ Կը յօժարի՞մ որոշ պարտականութիւններ տալ ուրիշներուն, վստահելով որ անոնք իրենց լաւագոյնը պիտի ընեն’։
Ան Իր Աշակերտներուն Վրայ Վստահութիւն Արտայայտեց
16, 17. Իր երկրային կեանքի վերջին գիշերը, Յիսուս իր առաքեալներուն ի՞նչ երաշխիք տուաւ, գիտնալով հանդերձ որ զինք պիտի լքէին։
16 Յիսուս ուրիշ կարեւոր կերպով մըն ալ իր աշակերտները դրական աչքով կը դիտէր։ Ան ուզեց որ անոնք գիտնան թէ իրենց կը վստահէր։ Իր երկրային կեանքի վերջին գիշերը իր առաքեալներուն ըսած խրախուսիչ խօսքերը ասիկա կը հաստատեն։ Նկատի առէք թէ ի՛նչ պատահեցաւ։
17 Անիկա լեցուն գիշեր մըն էր Յիսուսի համար։ Ան իր առաքեալներուն խոնարհութեան գործնական դաս մը տուաւ, անոնց ոտքերը լուալով։ Անկէ ետք, իր մահուան յիշատակը ըլլալիք ընթրիքը հաստատեց։ Ետքը, առաքեալները անգամ մը եւս տաք վիճաբանութեան մը բռնուեցան թէ իրենցմէ ո՛վ ամենամեծն էր։ Միշտ համբերող ըլլալով, Յիսուս չյանդիմանեց զանոնք, այլ անոնց հետ տրամաբանեց։ Անոնց ըսաւ թէ ի՛նչ կը սպասէր իրենց. «Դուք ամէնքդ այս գիշեր իմ վրայովս պիտի գայթակղիք. վասն զի գրուած է թէ ‘Հովիւը պիտի զարնեմ ու հօտին ոչխարները պիտի ցրուին’»։ (Մատթէոս 26։31. Զաքարեայ 13։7) Ան գիտէր որ իր նեղ ժամանակին, իր ամենամօտիկ բարեկամները զինք պիտի լքէին։ Այսուհանդերձ, զանոնք չդատապարտեց։ Ընդհակառակը, անոնց ըսաւ. «Բայց յարութիւն առնելէս յետոյ ձեզմէ առաջ Գալիլիա պիտի երթամ»։ (Մատթէոս 26։32) Այո, զանոնք վստահեցուց որ թէեւ իրենք զինք պիտի լքէին, բայց ինք բնաւ զիրենք պիտի չլքէր։ Այս սարսափելի ծանր փորձութիւնը անցնելէ ետք, դարձեալ իրենց պիտի հանդիպէր։
18. Գալիլիոյ մէջ, Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ ծանրակշիռ յանձնարարութիւն տուաւ եւ առաքեալները զայն ի՞նչպէս կատարեցին։
18 Յիսուս իր խօսքը պահեց։ Հետագային, յարուցեալ Յիսուս իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն երեւցաւ Գալիլիոյ մէջ, որոնք ակներեւաբար ուրիշ շատերուն հետ հաւաքուած էին։ (Մատթէոս 28։16, 17. Ա. Կորնթացիս 15։6) Հոն Յիսուս անոնց ծանրակշիռ յանձնարարութիւն մը տուաւ. «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Գործք Առաքելոց գիրքը որոշ կերպով կ’ապացուցանէ որ առաքեալները այդ յանձնարարութիւնը կատարեցին։ Առաջին դարուն անոնք հաւատարմօրէն բարի լուրի քարոզչութիւնը գլխաւորեցին։—Գործք 2։41, 42. 4։33. 5։27-32
19. Իր յարութենէն ետք Յիսուսի առած քայլերը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնեն Քրիստոսի մտքին մասին։
19 Այս բացայայտիչ դրուագը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Քրիստոսի մտքին մասին։ Յիսուս իր աշակերտներուն վատ կողմերը տեսած էր, սակայն «մինչեւ վերջն ալ սիրեց զանոնք»։ (Յովհաննու 13։1) Հակառակ իրենց թերութիւններուն, անոնց գիտցուց որ իրենց վրայ վստահութիւն ունէր։ Յիսուսի ունեցած վստահութիւնը անտեղի չէր։ Անոնց նկատմամբ իր արտայայտած հաւատքն ու վստահութիւնը անկասկած զօրացուցին զիրենք, որպէսզի իրենց սրտին մէջ վճռեն կատարել այն գործը, զոր իրենց պատուիրած էր։
20, 21. Մեր հաւատակիցներուն հանդէպ ի՞նչպէս դրական տեսակէտ մը կրնանք յայտնաբերել։
20 Այս մարզին մէջ ի՞նչպէս կրնանք Քրիստոսին միտքը յայտնաբերել։ Ձեր հաւատակիցներուն նկատմամբ յոռետես մի՛ ըլլաք։ Եթէ անոնց մասին վատ բաներ մտածէք, ձեր խօսքերն ու արարքները ասիկա պիտի յայտնեն։ (Ղուկաս 6։45) Բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ սէրը «ամէն բանի կը հաւատայ»։ (Ա. Կորնթացիս 13։7) Սէրը դրական է եւ ո՛չ թէ ժխտական։ Անիկա կը կերտէ եւ ո՛չ թէ կը քանդէ։ Մարդիկ շատ աւելի դիւրութեամբ կ’ընդառաջեն սիրոյ ու քաջալերութեան, քան՝ յանդիմանութեան։ Կրնանք ուրիշները կերտել եւ քաջալերել, անոնց հանդէպ վստահութիւն յայտնելով։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։11) Եթէ, Քրիստոսի նման, մեր եղբայրներուն դրական աչքով նայինք, անոնց հետ ա՛յնպէս պիտի վարուինք որ զանոնք պիտի կերտենք եւ զանոնք պիտի մղենք որ իրենց լաւագոյնը տան։
21 Քրիստոսին միտքը մշակելը եւ զայն ցոյց տալը, Յիսուսի ըրած որոշ բաները ընդօրինակելէն շատ աւելի անդին կ’երթայ։ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ յիշուեցաւ, եթէ իրապէս Յիսուսի նման պիտի վարուինք, նախ պէտք է սորվինք ամէն բան իր տեսադաշտէն դիտել։ Աւետարանները մեզի կ’օգնեն որ իր անձնաւորութեան ուրիշ մէկ երեսակը տեսնենք՝ իրեն նշանակուած գործին հանդէպ իր ունեցած խորհուրդներն ու զգացումները. յաջորդ յօդուածը պիտի խօսի այս մասին։
[Ստորանիշներ]
a Վաւերագրին մէջ, զեղծարար անհատը կը նկարագրէ Յիսուսի ենթադրեալ ֆիզիքական երեւոյթը, մէջը ըլլալով անոր մազին, մօրուքին եւ աչքերուն գոյնը։ Աստուածաշունչի թարգմանիչ Էտկար Ժ. Կուտսփիտ կը բացատրէ թէ այս զեղծարարութիւնը՝ «Յիսուսի անձնական երեւոյթին մասին գծագրիչներու ստեղծագործութեանց մէջ տրուած նկարագրութեան վարկ տալու նպատակաւ էր»։
b Երեւութապէս երախաները տարբեր տարիքի կը պատկանէին։ Հոս «մանուկ» թարգմանուած բառը գործածուած է նաեւ Յայրոսի 12 տարեկան աղջկան համար։ (Մարկոս 5։39, 42. 10։13, Երուսաղէմ) Սակայն, զուգահեռ պատմութեան մէջ, Ղուկաս կը գործածէ բառ մը որ նաեւ գործածուած է մանուկներու համար։—Ղուկաս 1։41. 2։12. 18։15, Երուսաղէմ
c Տեսնել՝ «Անոնց Արժանապատուութիւնը կը Յարգէ՞ք» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 Ապրիլ 1998 համարին մէջ (Անգլերէն)։
-
-
Յիսուսի նման վարուելու մղումը ունի՞քԴիտարան 2000 | Փետրուար 15
-
-
Յիսուսի նման վարուելու մղումը ունի՞ք
«[Յիսուս] շատ ժողովուրդ տեսնելով խղճաց անոնց վրայ, վասն զի հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին եւ շատ բաներ սորվեցուց անոնց»։—ՄԱՐԿՈՍ 6։34
1. Ինչո՞ւ հասկնալի է որ մարդիկ հիանալի յատկութիւններ կը ցուցաբերեն։
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ պատմութեան տեւողութեան, շատեր հիանալի յատկութիւններ ցուցաբերած են, եւ կրնաք հասկնալ թէ ինչո՛ւ։ Եհովա Աստուած սէր, ազնուութիւն, առատաձեռնութիւն եւ ուրիշ գնահատելի յատկութիւններ ունի ու կը ցուցաբերէ։ Մարդիկ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած էին։ Ուստի կրնանք հասկնալ թէ ինչո՛ւ շատեր որոշ չափով սէր, ազնուութիւն, կարեկցութիւն եւ աստուածային ուրիշ յատկութիւններ ցոյց կու տան, ինչպէս շատեր խղճմտանք կը յայտնաբերեն։ (Ծննդոց 1։26. Հռովմայեցիս 2։14, 15) Բայց կը գիտակցիք թէ ոմանք այս յատկութիւնները ուրիշներէն աւելի հեշտութեամբ կը ցուցաբերեն։
2. Ոմանք ի՞նչպիսի բարի գործեր կ’ընեն, թերեւս խորհելով որ Քրիստոսը կ’ընդօրինակեն։
2 Հաւանաբար կը ճանչնաք այրեր ու կիներ, որոնք յաճախ հիւանդներու կ’այցելեն կամ անոնց կ’օգնեն, հաշմանդամներու հանդէպ կարեկցութիւն ցոյց կու տան, կամ իրենց ձեռքը աղքատներու կը բանան։ Նաեւ խորհեցէք այն անհատներուն մասին, որոնք կարեկցութենէ մղուած իրենց կեանքը բորոտանոցներու կամ որբանոցներու մէջ աշխատելով կ’անցընեն, անոնք որ հիւանդանոցներու կամ անկելանոցներու մէջ կամաւորներ են, կամ անոնք որ տնազուրկներուն կամ գաղթականներուն կ’օգնեն։ Հաւանաբար, անոնցմէ ոմանք կը խորհին որ Յիսուսը կ’ընդօրինակեն, որ օրինակ ձգեց Քրիստոնեաներուն։ Աւետարաններուն մէջ կը կարդանք որ Քրիստոս հիւանդները բժշկեց եւ անօթիները կերակրեց։ (Մարկոս 1։34. 8։1-9. Ղուկաս 4։41) Յիսուսի ցուցադրած սէրը, փափկութիւնը եւ կարեկցութիւնը «Քրիստոսին միտք»ին յայտնաբերումներն են, որ իր կարգին կ’ընդօրինակէր իր երկնաւոր Հայրը։—Ա. Կորնթացիս 2։16
3. Յիսուսի բարի գործերուն նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենալու համար, ի՞նչ բան պէտք է նկատի առնենք։
3 Նկատի առա՞ծ էք որ ներկայիս Յիսուսի սէրէն եւ կարեկցութենէն ազդուած անհատներէն շատեր Քրիստոսին միտքը բնորոշող կարեւոր մէկ երեսակը կ’անտեսեն։ Մարկոս 6–րդ գլուխը ուշադրութեամբ նկատի առնելով կրնանք ասիկա ըմբռնել։ Հոն կը կարդանք որ մարդիկ հիւանդներ բերին Յիսուսի, որպէսզի զանոնք բժշկէ։ Նոյն բովանդակութենէն կը տեղեկանանք որ Յիսուս տեսնելով որ իրեն եկած հազարաւոր մարդիկը անօթեցած էին, հրաշք մը կատարելով զանոնք կերակրեց։ (Մարկոս 6։35-44, 54-56) Հիւանդներ բժշկելն ու անօթիները կերակրելը սիրալիր կարեկցութեան ուշագրաւ ապացոյցներ էին, բայց արդեօք Յիսուս ա՞յս կերպերով գլխաւորաբար օգնեց ուրիշներուն։ Իսկ մենք ի՞նչպէս կրնանք լաւագոյնս ընդօրինակել իր սիրոյ, ազնուութեան եւ կարեկցութեան կատարեալ օրինակը, ինչպէս ինք ընդօրինակեց Եհովան։
Հոգեւոր Կարիքներու Ընդառաջելու Մղուած
4. Մարկոս 6։30-34–ի միջադէպին ընդհանուր պատկերը ի՞նչ է։
4 Յիսուս իր շուրջի մարդոց խղճաց, գլխաւորաբար իրենց հոգեւոր կարիքներուն պատճառաւ։ Այս կարիքները ֆիզիքական կարիքներէն շա՛տ աւելի կարեւոր էին։ Մարկոս 6։30-34–ի միջադէպը նկատի առէք։ Հոն արձանագրուած միջադէպը տեղի ունեցած էր Գալիլիոյ Ծովու ափերուն, Հ.Դ. 32–ի Պասեքի ժամանակէն քիչ առաջ։ Առաքեալները խանդավառ էին եւ ասոր համար վաւերական պատճառ մը ունէին։ Տակաւին նոր ամբողջացուցած ըլլալով լայնածիր շրջապտոյտ մը, անոնք Յիսուսի քով եկան անկասկած իրենց ունեցած փորձառութիւնները պատմելու անհամբերութեամբ։ Բայց այնքան մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ իրենց շուրջ, որ Յիսուս եւ առաքեալները ո՛չ կրնային ուտել եւ ոչ հանգստանալ։ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ. «Եկէք դուք առանձին անապատ մը եւ քիչ մը հանգչեցէք»։ (Մարկոս 6։31) Նաւ մը մտնելով հաւանաբար Կափառնայումի մօտերը, անոնք Գալիլիոյ Ծովու դիմացի կողմը դէպի հանդարտ վայր մը նաւարկեցին։ Բայց բազմութիւնը ծովափէն վազելով նաւէն առաջ հասաւ հոն։ Ի՞նչ եղաւ Յիսուսի ընդառաջումը։ Ան նեղացա՞ւ որ իր առանձնութիւնը խանգարուեցաւ։ Բնա՛ւ երբեք։
5. Ի՞նչ էր Յիսուսի զգացումը իրեն եկող ամբոխներուն հանդէպ եւ ըստ այնմ ի՛նչ ըրաւ։
5 Յիսուս յուզուեցաւ երբ տեսաւ զինք անձկագին սպասող հազարաւորներէ բաղկացած այս բազմութիւնը, հիւանդները ներառեալ։ (Մատթէոս 14։14. Մարկոս 6։44) Յիսուսի գութը շարժող պատճառին եւ անոր ընդառաջումին վրայ կեդրոնանալով, Մարկոս գրեց. «Շատ ժողովուրդ տեսնելով խղճաց անոնց վրայ, վասն զի հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին եւ շատ բաներ սորվեցուց անոնց»։ (Մարկոս 6։34) Յիսուս պարզապէս մարդոց զանգուած մը չէր որ տեսաւ։ Ան հոգեւոր կարիքներ ունեցող անհատներ տեսաւ։ Անոնք զիրենք արօտներ առաջնորդող կամ զիրենք պաշտպանող հովիւ չունեցող անօգնական ու մոլորած ոչխարներու նման էին։ Յիսուս գիտէր որ քարասիրտ կրօնական առաջնորդները՝ որոնք հոգածու հովիւներ ըլլալու էին, արդարեւ կ’արհամարհէին հասարակ ժողովուրդը եւ անոնց հոգեւոր կարիքները կ’անտեսէին։ (Եզեկիէլ 34։2-4. Յովհաննու 7։47-49) Յիսուս անոնց հետ տարբեր կերպով կը վարուէր, կարելի եղած ամէն բարիք ընելով անոնց։ Ան սկսաւ անոնց սորվեցնել Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։
6, 7. (ա) Ըստ Աւետարաններուն, Յիսուս մարդոց կարիքներուն ընդառաջելու ատեն ի՞նչ բան առաջնահերթ նկատեց։ (բ) Յիսուս ի՞նչ շարժառիթով քարոզեց եւ սորվեցուց։
6 Զուգահեռ պատմութեան մէջ նկատի առէք բացայայտ եղող հերթականութիւնը եւ առաջնահերթութիւնը։ Գրողը Ղուկասն է, որ բժիշկ մըն էր եւ ուրիշներու ֆիզիքական բարօրութեամբ մեծապէս հետաքրքրուած էր։ «Ժողովուրդը . . . [Յիսուսի] ետեւէն գացին։ Ինք ալ զանոնք ընդունելով՝ կը խօսէր անոնց Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայով եւ որոնք որ բժշկութեան կարօտ էին՝ կը բժշկէր»։ (Ղուկաս 9։11. Կողոսացիս 4։14) Թէեւ իւրաքանչիւր հրաշքի պարագային նոյնը չէ ըսուած, բայց այս առթիւ Ղուկասի ներշնչուած պատմութիւնը նախ ի՞նչ կը նշէ։ Անիկա կը նշէ այն իրողութիւնը թէ Յիսուս մարդոց սորվեցուց։
7 Ասիկա արդարեւ համաձայն է Մարկոս 6։34–ի մէջ դրուած շեշտին հետ։ Այդ համարը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ Յիսուս գլխաւորաբար ի՛նչպէս մղուեցաւ իր գութը արտայայտել։ Ան մարդոց սորվեցուց, անոնց հոգեւոր կարիքներուն ընդառաջելով։ Իր ծառայութեան սկիզբը, Յիսուս ըսած էր. «Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ»։ (Ղուկաս 4։44) Բայց սխալած կ’ըլլանք, եթէ խորհինք որ Յիսուս Թագաւորութեան պատգամը զուտ պարտականութեան զգացումէ մղուած կը ծանուցանէր, մեքենայաբար կատարելով իր ընելիք քարոզչութիւնը։ Ո՜չ, գլխաւորաբար մարդոց հանդէպ իր անձնուէր կարեկցութենէն մղուած ան բարի լուրը կը բաժնէր անոնց հետ։ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը գիտնալու, ընդունելու եւ սիրելու մէջ անոնց օգնելո՛վ էր, որ Յիսուս մեծագոյն բարիքը կրնար ընել՝ նոյնիսկ հիւանդներուն, դիւահարներուն, աղքատներուն եւ անօթիներուն։ Այդ ճշմարտութիւնը հիմնական կարեւորութիւն ունէր, Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովելու եւ մարդկութեան մնայուն օրհնութիւններ բերելու համար Թագաւորութեան խաղցած դերին պատճառաւ։
8. Յիսուս իր քարոզչութիւնը եւ ուսուցումը ի՞նչպէս կը նկատէր։
8 Յիսուսի երկիր գալուն հիմնական պատճառներէն մէկն էր Թագաւորութեան մասին աշխոյժ կերպով քարոզել։ Իր երկրային ծառայութեան գրեթէ վերջաւորութեան, Յիսուս Պիղատոսի ըսաւ. «Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ։ Ամէն մարդ որ ճշմարտութենէն է՝ իմ ձայնիս ականջ կը դնէ»։ (Յովհաննու 18։37) Նախորդ երկու յօդուածներով նկատի առինք որ Յիսուս քնքուշ զգացումներու տէր էր. հոգածու, դիւրամերձ, փափկանկատ, վստահող եւ մանաւանդ՝ սիրալիր։ Իր անձնաւորութեան այս երեսակները պէտք է գնահատենք, եթէ իրապէս կ’ուզենք հասկնալ Քրիստոսին միտքը։ Նոյնքան կարեւոր է գիտակցիլ որ Քրիստոսին միտքը կը բովանդակէ այն նախապատուութիւնը, որ ինք տուաւ իր քարոզչութեան եւ ուսուցումի գործին։
Ուրիշները Յորդորեց որ Վկայեն
9. Քարոզելը եւ ուսուցանելը որո՞նց համար առաջնահերթ պէտք էր ըլլային։
9 Սիրոյ ու կարեկցութեան որպէս արտայայտութիւն քարոզչութիւնը եւ ուսուցումը առաջնահերթ տեղը դնելը, միայն Յիսուսի վիճակուած չէր։ Ան իր հետեւորդները յորդորեց որ իր շարժառիթները, առաջնահերթութիւնները եւ արարքները ընդօրինակեն։ Յիսուս իր 12 առաքեալները ընտրելէն ետք անոնք ի՞նչ պիտի ընէին։ Մարկոս 3։14, 15–ը կ’ըսէ. «Տասներկու հոգի ընտրեց, [«որոնք նաեւ առաքեալ անուանեց», Անթիլիաս, ստորանիշ] որպէս զի իրեն հետ ըլլան, որպէս զի զանոնք ղրկէ քարոզելու։ Ու իշխանութիւն տուաւ ցաւերը բժշկելու եւ դեւերը հանելու»։ Նկատի առի՞ք թէ ի՛նչ բան առաջնահերթ էր առաքեալներուն համար։
10, 11. (ա) Երբ առաքեալները կը ղրկէր, Յիսուս անոնց ի՞նչ ըսաւ որ ընեն։ (բ) Առաքեալները ղրկելու համապատկերին մէջ, ի՞նչ բանի վրայ կեդրոնացուած էր ուշադրութիւնը։
10 Ժամանակի ընթացքին Յիսուս կարողութիւն տուաւ 12–ին որ ուրիշները բժշկեն եւ դեւեր հանեն։ (Մատթէոս 10։1. Ղուկաս 9։1) Ապա զանոնք ղրկեց, «Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն»։ Ի՞նչ ընելու համար։ Յիսուս անոնց ուղղութիւն տուաւ. «Երբ կ’երթաք, քարոզեցէք ու ըսէք. ‘Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է’։ Հիւանդները բժշկեցէք, բորոտները մաքրեցէք, դեւերը հանեցէք»։ (Մատթէոս 10։5-8. Ղուկաս 9։2) Արդ, անոնք ի՞նչ ըրին։ «Անոնք ելլելով, [1] կը քարոզէին որ մարդիկ ապաշխարեն։ [2] Շատ դեւեր կը հանէին ու շատ հիւանդներ իւղով կ’օծէին ու կը բժշկէին զանոնք»։—Մարկոս 6։12, 13
11 Քանի որ ամէն պարագայի ուսուցանելը նախ յիշուած չէ, արդեօք վերոյիշեալ յաջորդականութիւնը շա՞տ շեշտ կը դնէ առաջնահերթութեան հարցին, կամ անոր մէջ պարփակուած շարժառիթներուն վրայ։ (Ղուկաս 10։1-8) Ո՛չ. ուսուցումը բուժումներէն առաջ յիշուած ըլլալուն յաճախականութիւնը թեթեւի պէտք չէ առնենք։ Այս պարագային բովանդակութիւնը նկատի առէք։ 12 առաքեալները ղրկելէն ճիշդ առաջ, Յիսուս ժողովուրդին վիճակէն ազդուած էր։ Կը կարդանք. «Յիսուս կը պտըտէր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց ժողովարաններուն մէջ կը սորվեցնէր ու կը քարոզէր արքայութեան աւետարանը եւ կը բժշկէր բոլոր ախտերն ու բոլոր հիւանդութիւնները ժողովուրդին մէջ։ Ժողովուրդները տեսնելով, անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս։ Այն ատեն ըսաւ իր աշակերտներուն. ‘Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ, ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին’»։—Մատթէոս 9։35-38
12. Յիսուսի եւ առաքեալներուն հրաշքները յաւելեալ ի՞նչ նպատակի կրնային ծառայել։
12 Իր հետ ըլլալով, առաքեալները որոշ չափով կրնային իւրացնել Քրիստոսին միտքը։ Անոնք կրնային զգալ որ մարդոց հանդէպ իրապէս սիրալիր եւ կարեկից ըլլալը կը բովանդակէր անոնց քարոզել եւ սորվեցնել Թագաւորութեան մասին. իրենց բարի գործերուն գլխաւոր երեսակը այս պէտք էր ըլլար։ Անոր ընկերակցող ֆիզիքական բնոյթ ունեցող բարի գործերը, ինչպէս՝ հիւանդները բժշկելը՝ կարօտեալներուն պարզապէս օգնելէն աւելին իրագործեցին։ Դժուար չէ երեւակայել որ կարգ մը անհատներ բժշկութիւններով եւ հրաշքով հայթայթուած կերակուրով հրապուրուած կրնային ըլլալ։ (Մատթէոս 4։24, 25. 8։16. 9։32, 33. 14։35, 36. Յովհաննու 6։26) Սակայն, ֆիզիքապէս օգնելէ զատ, այդ գործերը տեսնողները իրապէս մղուեցան ընդունելու որ Յիսուս Աստուծոյ Որդին էր, Մովսէսի նախագուշակած «մարգարէն»։—Յովհաննու 6։14. Բ. Օրինաց 18։15
13. Բ. Օրինաց 18։18–ի մարգարէութիւնը գալիք մարգարէին ո՞ր դերին վրայ շեշտ կը դնէր։
13 Ինչո՞ւ յատկանշական էր ընդունիլ որ Յիսուս «մարգարէն» էր։ Լաւ, անոր համար նախագուշակուած գլխաւոր դերը ի՞նչ էր։ «Մարգարէն» հրաշալի բուժումներ կատարելուն, կամ անօթիներուն կարեկցաբար կերակուր հայթայթելուն համա՞ր համբաւաւոր պիտի ըլլար։ Բ. Օրինաց 18։18–ն կը նախագուշակէր. «Քեզի պէս [Մովսէս] մարգարէ մը պիտի հանեմ անոնց իրենց եղբայրներուն մէջէն եւ իմ խօսքերս անոր բերանը պիտի դնեմ ու ինչ որ անոր պատուիրեմ, անոնց պիտի ըսէ»։ Ուստի, մինչ առաքեալները քնքուշ զգացումներ ունենալ ու արտայայտել սորվեցան, անոնք կրնային եզրակացնել որ Քրիստոսին միտքը բացայայտ պէտք էր ըլլար նաեւ իրենց քարոզչութեան եւ ուսուցումին մէջ։ Ասիկա լաւագոյն բարիքն էր որ անոնք կրնային ընել մարդոց։ Այսպիսով, հիւանդներն ու աղքատները ոչ թէ մարդկային կարճատեւ կեանքի սահմանափակուած օգուտներ, կամ քանի մը ճաշեր կրնային վայելել, այլ՝ մնայուն օգուտներ կրնային քաղել։—Յովհաննու 6։26-30
Ներկայիս Քրիստոսին Միտքը Մշակել
14. Մեր քարոզչութեան մէջ Քրիստոսին միտքը ունենալը ի՞նչ կը պարփակէ։
14 Ոեւէ մէկս չենք խորհիր որ Քրիստոսին միտքը առաջին դարուն՝ Յիսուսի եւ նախկին աշակերտներուն համար էր միայն, որոնց Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մենք Քրիստոսին միտքը ունինք»։ (Ա. Կորնթացիս 2։16) Պէտք է իսկոյն ընդունինք որ մենք ալ ստիպուած ենք բարի լուրը քարոզել եւ աշակերտել։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Սակայն լաւ է որ այդ գործը կատարելու մեր անձնական մղումներուն մասին խորհինք։ Անիկա զուտ պարտականութեան զգացումէ տարուած պէտք չէ ընենք։ Գլխաւորաբար Աստուծոյ հանդէպ սէրէ մղուած պէտք է մասնակցինք ծառայութեան, եւ իրապէս Յիսուսի նման ըլլալը իր մէջ կը բովանդակէ գութէ մղուած քարոզել եւ սորվեցնել։—Մատթէոս 22։37-39
15. Մեր հանրային ծառայութեան մէջ կարեկցութիւն ցոյց տալը ինչո՞ւ պատշաճ է։
15 Ճիշդ է որ միշտ դիւրին չէ կարեկցիլ անոնց, որոնք մեր հաւատքը չեն բաժներ, մանաւանդ երբ անտարբերութեան, մերժումի կամ հակառակութեան հանդիպինք։ Բայց եթէ մարդոց հանդէպ մեր սէրն ու կարեկցութիւնը կորսնցնենք, քրիստոնէական ծառայութեան մասնակցելու կենսական շարժառիթը կրնանք կորսնցնել։ Արդ, ի՞նչպէս կրնանք կարեկցութիւն մշակել։ Կրնանք փորձել մարդոց նայիլ, ինչպէս Յիսուս կը նայէր, որպէս «յոգնած ու ցիրուցան եղած . . . հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։ (Մատթէոս 9։36) Այսօր շատեր այս նկարագրութեան չե՞ն յարմարիր։ Անոնք կեղծ հովիւներու կողմէ անտեսուած ու հոգեւորապէս կուրացած են։ Անոր համար անոնք չեն գիտեր Աստուածաշունչին մէջ գտնուած ողջախոհ առաջնորդութիւնը, ոչ ալ մօտ ատենէն երկրի վրայ Աստուծոյ Թագաւորութեան բերելիք դրախտային վիճակները։ Անոնք առանց Թագաւորութեան յոյսը ունենալու, առօրեայ կեանքի խնդիրները կը դիմագրաւեն՝ աղքատութիւն, ընտանեկան անհամաձայնութիւն, հիւանդութիւն եւ մահ։ Մենք ունինք այն բանը, որու պէտքը ունին անոնք. հիմա երկնքի մէջ հաստատուած Աստուծոյ Թագաւորութեան փրկարար բարի լո՛ւրը։
16. Ինչո՞ւ պէտք է փափաքինք ուրիշներու հետ բաժնել բարի լուրը։
16 Երբ ձեր շուրջը գտնուողներուն հոգեւոր կարիքներուն մասին այսպէս մտածէք, ձեր սիրտը ձեզ չի՞ մղեր որ ձեր կարելին ընէք, Աստուծոյ սիրալիր նպատակին մասին անոնց խօսելու համար։ Այո, մեր գործը կարեկցութեան հետ կապուած է։ Երբ մարդոց հանդէպ ունենանք ա՛յն զգացումը որ Յիսուս ունէր, անիկա յայտնի պիտի ըլլայ մեր ձայնի եղանակէն, մեր դէմքի արտայայտութենէն, մեր սորվեցնելու կերպէն։ Այս բոլորը մեր պատգամը աւելի գրաւիչ պիտի դարձնեն «յաւիտենական կեանքի սահմանուած» անհատներուն։—Գործք 13։48
17. (ա) Ուրիշներուն հանդէպ մեր սէրն ու կարեկցութիւնը ցոյց տալու կարգ մը կերպերը ի՞նչ են։ (բ) Ինչո՞ւ հարցը կա՛մ բարի գործեր ընել, կա՛մ ծառայութեան մասնակցիլ չէ։
17 Մեր սէրը եւ կարեկցութիւնը անշուշտ պէտք է բացայայտ ըլլայ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին մէջ։ Ասոր մէջ պարփակուած է անբարենպաստ վիճակի մէջ գտնուողներուն, հիւանդներուն եւ աղքատներուն հանդէպ ազնիւ վերաբերմունքը, ընելով ի՛նչ որ տրամաբանօրէն կրնանք ընել, իրենց տառապանքը ամոքելու համար։ Անիկա նաեւ կը պարփակէ մահուան մէջ սիրելիներ կորսնցուցած անհատներուն վիշտը ամոքելու համար մեր թափած ջանքերը՝ խօսքով եւ արարքով։ (Ղուկաս 7։11-15. Յովհաննու 11։33-35) Սակայն, սիրոյ, ազնուութեան եւ կարեկցութեան այսպիսի արտայայտութիւններ մեր բարի գործերուն կորիզը պէտք չէ կազմեն, ինչպէս է պարագան կարգ մը մարդասէրներու։ Շատ աւելի մնայուն կարեւորութիւն կրնան ունենալ աստուածային նման յատկութիւններէ մղուած ջանքերը, եթէ զանոնք յայտնաբերենք քրիստոնէական քարոզչութեան եւ ուսուցումի գործին մասնակցելով։ Յիշեցէք ինչ որ Յիսուս ըսաւ Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն մասին. «[Դուք] անանուխին ու սամիթին եւ չամանին տասանորդը կը վճարէք ու կը ձգէք օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը. ասոնք պէտք է ընէիք եւ զանոնք չձգէիք»։ (Մատթէոս 23։23) Յիսուսի համար մէկը կամ միւսը չէր. կա՛մ մարդոց ֆիզիքական կարիքներուն օգնել, կա՛մ կենսատու հոգեւոր բաներ սորվեցնել անոնց։ Յիսուս երկուքն ալ ըրաւ։ Այսուհանդերձ, որոշ է որ ուսուցանելու իր գործը առաջին գծի վրայ կու գար, քանի որ անով իր իրագործած բարիքը յաւիտենական օգուտ կրնար տալ։—Յովհաննու 20։16
18. Քրիստոսին միտքը նկատի առնելը մեզ ի՞նչ ընելու պիտի մղէ։
18 Որքա՜ն երախտապարտ կրնանք ըլլալ որ Եհովա մեզի յայտնած է Քրիստոսին միտքը։ Աւետարաններուն միջոցաւ կրնանք աւելի լաւ գիտնալ ցարդ ապրած մեծագոյն մարդուն խորհուրդները, զգացումները, յատկութիւնները, գործունէութիւնները եւ առաջնահերթութիւնները։ Մեզի կ’իյնայ Յիսուսի մասին Աստուածաշունչին ըսածը կարդալ, անոր մասին խոկալ եւ զայն գործադրել։ Յիշեցէք որ եթէ ի՛րապէս Յիսուսի նման պիտի վարուինք, նախ պէտք է սորվինք որեւէ հարցի մասին իրեն նման մտածել, զայն զգալ եւ արժեւորել՝ որպէս անկատար անհատներ մեր լաւագոյնը տալով։ Ուստի, վճռենք Քրիստոսին միտքը մշակել եւ յայտնաբերել։ Ասկէ լաւ ապրելակերպ, ասկէ լաւ վարուելակերպ գոյութիւն չունի, եւ մեզի ու ուրիշներուն համար աւելի լաւ կերպ մը չկայ մօտենալու մեր գորովագութ Աստուծոյն, Եհովայի, զոր Յիսուս կատարելապէս արտացոլացուց։—Բ. Կորնթացիս 1։3. Եբրայեցիս 1։3
-
-
Յիսուսի նման վարուելու մղումը ունի՞քԴիտարան 2000 | Փետրուար 15
-
-
[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 23]
-