Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Մեռելները յարութիւն պիտի առնեն»
    Դիտարան 1998 | Յուլիս 1
    • 7. (ա) Պօղոս իր ուշադրութիւնը ո՞ր հիմնական հարցին վրայ կեդրոնացուց։ (բ) Որո՞նք տեսան յարուցեալ Յիսուսը։

      7 Առաջին Կորնթացիս 15–րդ գլուխին առաջին երկու համարներուն մէջ, Պօղոս իր զրոյցին բնաբան մը կը դնէ. «Եղբա՛յրներ, ձեզի կ’իմացնեմ այն աւետարանը որ ես ձեզի քարոզեցի եւ որը ընդունեցիք ու անոր վրայ հաստատուած էք. որով կը փրկուիք ալ, . . . այնպէս որ պարապ տեղը հաւատացած չըլլաք»։ Եթէ Կորնթացիները աւետարանին մէջ հաստատ չկենային, ճշմարտութիւնը պարապ տեղ ընդունած պիտի ըլլային։ Պօղոս շարունակեց. «Ամենէն առաջ ես ձեզի աւանդեցի զանիկա, որ ես ալ ընդունեցի, թէ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, գրքերուն ըսածին համեմատ եւ թաղուեցաւ ու յարութիւն առաւ երրորդ օրը, գրքերուն ըսածին համեմատ եւ երեւցաւ Կեփասին ու ետքը տասներկուքին. ետքը հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու մէկտեղ երեւցաւ, որոնցմէ շատերը մինչեւ հիմա կ’ապրին եւ ոմանք՝ ննջեցին։ Ետքը երեւցաւ Յակոբոսին, ետքը բոլոր առաքեալներուն։ Ամենէն ետքը՝ որպէս թէ վիժածի [«կանխահաս ծնածի», ՆԱ] մը՝ ինծի ալ երեւցաւ»։—Ա. Կորնթացիս 15։3-8

  • «Մեռելները յարութիւն պիտի առնեն»
    Դիտարան 1998 | Յուլիս 1
    • 9 Քրիստոս աւելի մեծ խումբի մըն ալ երեւցաւ, «հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու»։ Քանի որ միայն Գալիլիոյ մէջ այսքան մեծ թիւով հետեւորդներ ունէր, հաւանաբար այս առիթն է որ նկարագրուած է Մատթէոս 28։16-20–ի մէջ, երբ Յիսուս աշակերտելու պատուէրը տուաւ։ Այդ ականատեսները ի՜նչ ուժեղ վկայութիւն մը կրնային տալ։ Անոնցմէ ոմանք տակաւին ողջ էին Հ.Դ. 55–ին, երբ Պօղոս գրեց այս Առաջին Կորնթացիս նամակը։ Նկատի առէք որ մեռածներու մասին խօսուած է, որպէս ‘ննջածներ’։ Անոնք իրենց երկնային վարձատրութիւնը ստանալու համար տակաւին յարուցանուած չէին։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել