Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Յիսուսի եղբօրմէն սորվէ
    Դիտարան (ուսումնասիրական) 2022 | Յունուար
    • ՅԱԿՈԲՈՍԻՆ ՊԷՍ ԽՈՆԱ՛ՐՀ ՄՆԱ

      Յիսուս յարութիւն առնելէ ետք կ’երեւի Յակոբոսին, մինչ ան կ’աշխատի որպէս ատաղձագործ։

      Երբ Յիսուս Յակոբոսին երեւցաւ, ան խոնարհաբար ընդունեց թէ Յիսուս Մեսիան էր, եւ անկէ ետք հաւատարմօրէն ծառայեց որպէս Քրիստոսի աշակերտ (տե՛ս պարբ. 5-7)

      5. Յակոբոս ինչպէ՞ս ընդառաջեց, երբ Յիսուս իրեն երեւցաւ։

      5 Յակոբոս ե՞րբ Յիսուսի հաւատարիմ հետեւորդ եղաւ։ Յիսուս յարութիւն առնելէ ետք, «երեւցաւ Յակոբոսին, ետքը բոլոր առաքեալներուն» (Ա. Կոր. 15։7)։ Այդ հանդիպումէն ետք, ան Յիսուսի աշակերտը եղաւ, եւ ներկայ էր երբ Երուսաղէմի մէջ առաքեալները վերնատան մը մէջ կը սպասէին խոստացեալ սուրբ հոգիին (Գործք 1։13, 14)։ Յետագային, ան ծառայեց որպէս առաջին դարու կառավարիչ մարմինին մէկ անդամը (Գործք 15։6, 13-22. Գաղ. 2։9)։ Իսկ Ք.Ե. 62–էն առաջ, ան ներշնչումով օծեալ քրիստոնեաներուն նամակ մը գրեց։ Անոր գրածը կ’օգտէ մեզի այսօր, ըլլա՛յ մեր յոյսը երկնային կամ երկրային (Յակ. 1։1)։ Առաջին դարու պատմաբան Յովսեպոսի համաձայն, Յակոբոս մահապատիժի ենթարկուեցաւ քահանայապետ Անանիոսի հրամանով։ Յակոբոս մինչեւ իր մահը Եհովայի հաւատարիմ մնաց։

  • Յիսուսի եղբօրմէն սորվէ
    Դիտարան (ուսումնասիրական) 2022 | Յունուար
Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել