Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Յիսուսի յարութիւնը կեա՛նք կը նշանակէ
    Դիտարան 2013 | Մարտ 1
    • ՅԻՍՈՒՍԻ յարութիւնը պարզապէս անկապ վաղեմի դիպուած մը չէ, որ չնչին նշանակութիւն ունի մեզի համար։ Պօղոս առաքեալ անոր կարեւորութիւնը մատնանշեց, երբ գրեց. «Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ննջեցեալներուն առաջին պտուղը։ Քանզի մարդով եղաւ մահը, մարդով ալ մեռելներուն յարութիւնը պիտի ըլլայ։ Վասն զի ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան» (Ա. Կորնթացիս 15։20-22)։

  • Յիսուսի յարութիւնը կեա՛նք կը նշանակէ
    Դիտարան 2013 | Մարտ 1
    • Իր յաջորդ խօսքերով, Պօղոս բացատրեց թէ Յիսուսին յարութիւնը ի՛նչ բան կարելի դարձուցած է։ Ան ըսաւ. «Մարդով եղաւ մահը, մարդով ալ մեռելներուն յարութիւնը պիտի ըլլայ»։ Ադամէն ժառանգուած մեղքին եւ անկատարութեան պատճառով, բոլորս ալ կը մեռնինք։ Սակայն Յիսուս իր մարդկային կատարեալ կեանքը որպէս փրկանք տալով, մարդկութեան առիթ տուաւ, որ յարութեան միջոցով ազատագրուին մեղքի ու մահուան գերութենէն։ Գեղեցիկ եզրափակութեամբ, Պօղոս Հռովմայեցիս 6։23–ի մէջ կը գրէ. «Մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել