Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Յոյս ունիմ առ Աստուած»
    Դիտարան (ուսումնասիրական) 2017 | Դեկտեմբեր
    • 15. Յիսուս ինչո՞ւ կոչուած է «առաջին պտուղը»։

      15 Յիսուս առաջին անհատն էր որ յարութիւն առնելով երկինք ելաւ որպէս հոգեղէն անձ։ Ասիկա ամէնէն կարեւոր յարութիւնն է (Գործք 26։23)։ Բայց ան միակը չէ որ յարութիւն առնելով երկինք կ’ելլէ։ Յիսուս խոստացաւ որ իր հաւատարիմ առաքեալները իրեն հետ թագաւորեն երկինքին մէջ (Ղուկ. 22։28-30)։ Բայց որպէսզի ասիկա իրականանար, անոնք նախ պէտք էր որ մեռնէին։ Ետքը, անոնք յարութիւն պիտի առնէին հոգեղէն մարմինով։ Պօղոս գրեց որ «Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ննջեցեալներուն առաջին պտուղը»։ Ան նշեց որ ուրիշներ ալ յարութիւն առնելով երկինք պիտի ելլէին։ Ետքը, ան ըսաւ. «Ամէն մէկը իր կարգովը. առաջին պտուղը Քրիստոս, ետքը Քրիստոսինները՝ իր գալու [«ներկայութեան», ՆԱ] ատենը» (Ա. Կոր. 15։20, 23)։

      16. Ի՞նչ բան կը ցուցնէ թէ երկնային յարութիւնը ե՛րբ պիտի ըլլար։

      16 Պօղոսին ըսածը մեզի գաղափար մը կու տայ, թէ երկնային յարութիւնը ե՛րբ տեղի պիտի ունենար։ Ատիկա տեղի պիտի ունենար Քրիստոսին «ներկայութեան ատենը»։ Եհովայի վկաները երկար տարիներ առաջ Սուրբ Գիրքէն փաստած են, թէ Քրիստոսին «ներկայութիւնը» սկսաւ 1914–ին։ Տակաւին կ’ապրինք իր «ներկայութեան» ընթացքին, եւ այս չար աշխարհին վերջը շատ մօտ է։

      17, 18. Կարգ մը օծեալներու ի՞նչ պիտի պատահի Քրիստոսին ներկայութեան ընթացքին։

      17 Սուրբ Գիրքը նաեւ մանրամասնութիւններ կու տայ երկնային յարութեան մասին. «Չենք ուզեր, եղբայրներ, որ տգէտ ըլլաք ննջեցեալներուն վրայով. . . եթէ կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ ու յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ Աստուած ննջեցեալները Յիսուսով պիտի բերէ անոր հետ. . . եթէ մենք մինչեւ Տէրոջը գալուստը [«ներկայութիւնը», ՆԱ] ողջ մնանք, բնաւ ննջեցեալներէն առաջ պիտի չանցնինք։ Վասն զի Տէրը ինք ազդարարութեան հրամանով. . . երկնքէն պիտի իջնէ եւ Քրիստոսով մեռածները առաջ յարութիւն պիտի առնեն։ Ետքը մենք ալ, որ ողջ մնացած ենք՝ անոնց հետ պիտի յափշտակուինք ամպերով Տէրոջը առջեւ ելլելու՝ օդին մէջ եւ այնպէս յաւիտեան Տէրոջը հետ պիտի ըլլանք» (Ա. Թես. 4։12-16)։

      18 Երկնային յարութիւնը տեղի պիտի ունենար Քրիստոսին «ներկայութիւնը» սկսելէն ժամանակ մը ետք։ Այն օծեալները, որոնք մեծ նեղութեան ընթացքին երկրի վրայ են, ‘ամպերով պիտի յափշտակուին’։ ‘Յափշտակուողները’ պիտի չննջեն, այսինքն՝ երկար ժամանակ մահացած պիտի չմնան։ Անոնք ‘ամէնքն ալ պիտի փոխուին, յանկարծակի աչք գոցել բանալու մէջ՝ վերջին փողին հնչուելու ատենը’ (Ա. Կոր. 15։51, 52. Մատ. 24։31)։

  • «Յոյս ունիմ առ Աստուած»
    Դիտարան (ուսումնասիրական) 2017 | Դեկտեմբեր
    • 20. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ յարութիւնը կազմակերպուած պիտի ըլլայ։

      20 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ երկնային յարութիւն առնողները՝ «ամէն մէկը իր կարգովը» կը յարուցանուի (Ա. Կոր. 15։23)։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ երկրային յարութիւնն ալ կազմակերպուած կերպով տեղի պիտի ունենայ։ Այս յոյսը մեր հետաքրքրութիւնը կը շարժէ։ Արդեօք վերջերս մահացողները Քրիստոսին հազարամեայ իշխանութեան սկի՞զբը յարութիւն պիտի առնեն եւ իրենց ծանօթները զիրենք պիտի դիմաւորեն։ Արդեօք անցեալի հաւատարիմ մարդիկը, որոնք կարող առաջնորդներ էին, աւելի կանո՞ւխ յարութիւն պիտի առնեն, որպէսզի օգնեն Աստուծոյ ժողովուրդը կազմակերպելու նոր աշխարհին մէջ։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ այն մարդոց, որոնք բնա՛ւ չծառայեցին Եհովային։ Անոնք ե՞րբ եւ ո՞ւր յարութիւն պիտի առնեն։ Թերեւս ասոնց պէս շատ մը հարցումներ մեր միտքէն անցնին։ Բայց խօսքին բացը, պէտք կա՞յ որ հի՛մա մեր միտքին մէջ առնենք–տանք այս բաներուն մասին։ Աւելի լաւ չ’ը՞լլար որ սպասենք ու տեսնենք։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ շատ հետաքրքրական պիտի ըլլայ անձամբ տեսնել, թէ Եհովան ինչպէ՛ս պիտի ընէ այս բաները։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել