-
«Ի՞նչպէս մեռելները յարութիւն կ’առնեն»Դիտարան (ուսումնասիրական) 2020 | Դեկտեմբեր
-
-
3. Ինչպէս Ա. Կորնթացիս 15։30-32–ը ցոյց կու տայ, յարութեան հանդէպ Պօղոսին հաւատքը օգնեց, որ ի՞նչ ընէ։
3 Ինչո՞ւ կ’արժէ մտածել այս հիանալի յոյսին մասին։ Քանի որ անիկա կրնայ մեզի օգնել, որ դժուարութիւններու դիմանանք, ինչպէս որ Պօղոս առաքեալին օրինակը ցոյց կու տայ։ Ան յարութեան կը հաւատար, անոր համար կրցաւ զանազան փորձութիւններու դիմանալ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։30-32)։ Ան կորնթացիներուն ըսաւ. «Ամէն օր կը մեռնիմ»։ Պօղոս նաեւ գրեց. ‘Եփեսոսի մէջ գազաններու հետ մարտնչեցայ’։ Հաւանաբար, ան կ’ակնարկէր Եփեսոսի ամփիթատրոնին մէջ իսկական գազաններու հետ իր մարտնչելուն (Բ. Կոր. 1։8. 4։10. 11։23)։ Կամ կրնայ ըլլալ որ կ’ակնարկէր թշնամի հրեաներուն կամ ուրիշներու, որոնք «գազաններու» պէս էին (Գործք 19։26-34. Ա. Կոր. 16։9)։ Ի՛նչ ալ ըլլայ պարագան, Պօղոս լուրջ վտանգներու մէջ էր։ Ատով հանդերձ, շարունակեց դրական աչքով նայիլ ապագային (Բ. Կոր. 4։16-18)։
-
-
«Ի՞նչպէս մեռելները յարութիւն կ’առնեն»Դիտարան (ուսումնասիրական) 2020 | Դեկտեմբեր
-
-
5. Ի՞նչ վտանգաւոր տեսակէտ կրնայ յարութեան հանդէպ մեր հաւատքը տկարացնել։
5 Պօղոս իր եղբայրները զգուշացուց ոմանց վտանգաւոր տեսակէտէն. «Եթէ մեռելները յարութիւն պիտի չառնեն՝ ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք»։ Այդ տեսակէտը գոյութիւն ունէր նոյնիսկ Պօղոսի օրերէն առաջ։ Ան թերեւս կը մէջբերէր Եսայի 22։13–ին խօսքը, որ կը վերաբերի իսրայէլացիներուն կեցուածքին։ Փոխանակ Աստուծոյ մօտենալու, անոնք հաճելի կեանքի ետեւէ էին։ Կարելի է ըսել, որ այդ իսրայէլացիներուն մտածելակերպն էր՝ «այսօր կանք, վաղը չկանք». տեսակէտ մը, որ մարդիկ ունին նոյնիսկ այսօր։ Սակայն Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած է իսրայէլացիներուն սխալ մտածելակերպին հետեւանքները (Բ. Մն. 36։15-20)։
6. Յարութեան յոյսը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ բարեկամներու մեր ընտրութեան։
6 Յստակ է, որ այն իրողութիւնը թէ Եհովան մեռելներուն կրնայ յարութիւն տալ, պէտք է ազդէ բարեկամներու մեր ընտրութեան։ Կորնթոսի մէջ եղբայրները պէտք էր յարութիւնը մերժողներուն հետ ընկերակցելէ զգուշանային։ Մենք կրնանք ասկէ դաս մը սորվիլ. բարեկամութիւնը անոնց հետ, որոնք «հիմա՛ կեանքդ վայելէ» մտածելակերպը ունին, գէշ հետեւանքներ կ’ունենայ։ Այսպիսիներու հետ ընկերակցիլը կրնայ քանդել ճշմարիտ քրիստոնեային մտածելակերպն ու սովորութիւնները։ Անոնք կրնան նոյնիսկ քրիստոնեան մղել, որ Աստուծոյ ատած բաները ընէ։ Անոր համար Պօղոս զօրաւոր յորդոր մը տուաւ. «Արդարութիւնով զգաստացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք» (Ա. Կոր. 15։33, 34)։
-