Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ձեր գործը կրակի պիտի դիմանա՞յ
    Դիտարան 1998 | Նոյեմբեր 1
    • 9. Թէեւ Պօղոս գլխաւորաբար հիմ դնող մըն էր, սակայն իր ուսուցումով ճշմարտութիւնը ընդունողներուն հանդէպ ի՞նչ հետաքրքրութիւն ունէր։

      9 Պօղոս գրեց. «Եթէ մէկը այս հիմին վրայ շինելու գործածէ ոսկի, արծաթ, պատուական քարեր, փայտ, խոտ, եղէգ, ամէն մէկուն գործը յայտնի պիտի ըլլայ. քանզի օրը երեւան պիտի հանէ, վասն զի կրակով պիտի յայտնուի եւ ամէն մէկուն գործին ի՛նչ տեսակ ըլլալը կրակը պիտի փորձէ»։ (Ա. Կորնթացիս 3։12, 13) Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց։ Ենթահողը նկատի առէք. Պօղոս գլխաւորաբար հիմ դնող մըն էր։ Իր միսիոնարական շրջապտոյտներու ընթացքին, ան քաղաքէ քաղաք գնաց, քարոզելով շատերուն, որոնք բնաւ չէին լսած Քրիստոսի մասին։ (Հռովմայեցիս 15։20) Մինչ մարդիկ իր սորվեցուցած ճշմարտութիւնը կ’ընդունէին, ժողովքներ կը հաստատուէին։ Պօղոս շատ հոգ տարաւ այդ հաւատարիմներուն։ (Բ. Կորնթացիս 11։28, 29) Սակայն, իր գործը կը պահանջէր որ ան շարունակէր իր ուղեւորութիւնը։ Ուստի, Կորնթոսի մէջ 18 ամիս հիմ դնելով զբաղելէ ետք, ան գնաց որպէսզի ուրիշ քաղաքներու մէջ քարոզէ։ Սակայն, ան տակաւին անկեղծօրէն հետաքրքրուած էր որ ուրիշներ իր սկսած գործը ի՛նչպէս կը շարունակէին։—Գործք 18։8-11. Ա. Կորնթացիս 3։6

  • Ձեր գործը կրակի պիտի դիմանա՞յ
    Դիտարան 1998 | Նոյեմբեր 1
    • 11 Հրդեհի պարագային այս շինարարութիւններուն ի՞նչ կրնար պատահիլ։ Պատասխանը բացայայտ էր Պօղոսի օրերուն, ինչպէս նաեւ՝ մեր։ Կորնթոս քաղաքը նուաճուած եւ կրակի տրուած էր Հռովմէացի Զօրավար Մումիուսի կողմէ, Հ.Դ.Ա. 146–ին։ Փայտէ, խոտէ կամ եղէգէ շինուած շատ կառոյցներ հիմնայատակ եղած էին։ Իսկ քարէ շինուած եւ արծաթով ու ոսկիով զարդարուած շինարարութիւններո՞ւն ինչ պատահած էր։ Անոնք անկասկած փրկուած էին։ Կորնթոսի մէջ գտնուող Պօղոսի աշակերտները ամէն օր այսպիսի շինարարութիւններու կողքէն անցնելու էին. աղէտներէ վերապրած քարեղէն փարթամ շինարարութիւններ, մինչ աւելի նուազ դիմացկուն շինարարութիւնները շատոնց հիմնայատակ եղած էին։ Արդ, Պօղոս շատ վառ կերպով շեշտեց իր կէտը։ Երբ կը սորվեցնենք, մենք մեզ պէտք է նկատենք որպէս շինարարներ։ Կ’ուզենք կարելի եղած չափով լաւագոյն եւ ամենադիմացկուն նիւթերով աշխատիլ։ Այդ պարագային շատ հաւանաբար մեր գործը գոյատեւէ։ Ի՞նչ են այդ դիմացկուն նիւթերը եւ ինչո՞ւ կենսական է անոնց գործածութիւնը։

  • Ձեր գործը կրակի պիտի դիմանա՞յ
    Դիտարան 1998 | Նոյեմբեր 1
    • 12. Կորնթացի Քրիստոնեաներէն ոմանք ի՞նչ կերպերով անփութօրէն կը շինէին։

      12 Պօղոս զգաց որ Կորնթոսի մէջ կարգ մը Քրիստոնեաներ խեղճ կերպով կը շինէին։ Ո՞ւր էր սխալը։ Ընդհանուր բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ որ ժողովքին մէջ երկպառակութիւններ կային եւ ժողովքին միութիւնը վտանգելու աստիճան, մարդկային անձնաւորութիւններու կապուած էին։ Ոմանք կ’ըսէին՝ «Ես Պօղոսեան եմ», իսկ ուրիշներ կը պնդէին՝ ‘Ես Ապօղոսեան եմ’։ Այնպէս կը թուի որ ոմանք իրենք իրենց վրայ բարձր համարում ունէին։ Ուստի զարամանալի չէր որ մարմնաւոր խորհուրդներու, հոգեւոր անհասունութեան եւ ‘նախանձի ու հակառակութեան’ մթնոլորտ մը կը տիրէր։ (Ա. Կորնթացիս 1։12. 3։1-4, 18) Այս կեցուածքները անշուշտ ժողովքին մէջ կատարուած ուսուցումին եւ ծառայութեան կ’ազդէին։ Որպէս հետեւանք, անոնց աշակերտելու գործը կաղաց, անորակ նիւթերով եղած շինարարութեան մը նման։ Անիկա պիտի չկարենար «կրակի» դիմանալ։ Պօղոս ի՞նչ կրակի մասին կը խօսէր։

      13. Պօղոսի օրինակին մէջ կրակը ի՞նչ կը ներկայացնէ, եւ ամէն մէկ Քրիստոնեայ ի՞նչ բանի գիտակից պէտք է ըլլայ։

      13 Կրակ մը կայ, որ բոլորս ալ մեր կեանքի ընթացքին անկէ կ’անցնինք. մեր հաւատքին փորձութիւնը։ (Յովհաննու 15։20. Յակոբու 1։2, 3) Կորնթոսի մէջ եղբայրներ պէտք էր գիտնային՝ ինչպէս որ մենք ներկայիս պէտք է գիտնանք, թէ անոր որ ճշմարտութիւնը կը սորվեցնենք՝ փորձէ պիտի անցնի։ Եթէ խեղճ կերպով սորվեցնենք, անիկա գէշ հետեւանք կրնայ ունենալ։ Պօղոս զգուշացուց. «Եթէ մէկուն շինած գործը մնայ, ինք վարձք պիտի առնէ. եւ եթէ մէկուն շինածը այրի, անիկա վնաս պիտի քաշէ. բայց ինք պիտի ազատի, սակայն այնպէս՝ իբր թէ կրակի մէջէն ելած է»։c —Ա. Կորնթացիս 3։14, 15

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել