Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 11/1 էջ 21-25
  • Առաջ այս աւետարանը պէտք է քարոզուի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Առաջ այս աւետարանը պէտք է քարոզուի
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Քրիստոնեայ Աշխարհի Կղերներուն Հակապատկերը
  • Ինչո՞ւ Առաջ Աւետարանը Քարոզել
  • Աւետարանը եւ Եհովայի Սէրը
  • Աւետարանը եւ Եհովայի Զօրութիւնը
  • Աւետարանը եւ Եհովայի Իմաստութիւնը
  • Աւետարանը եւ Աստուծոյ Արդարութիւնը
  • Աւետարանը Ի՞նչ Տարողութեամբ Ծածկած Է Աշխարհը
  • Ի՞նչ Բան կը Մղէ Վկաներուն որ Շարունակեն Քարոզեն
  • «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Եհովա «յիմարութիւն»ը կը գործածէ հաւատացեալները փրկելու համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • ‘Բարութեան աւետիս բերենք’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաները աւետարանիչներ են
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 11/1 էջ 21-25

Առաջ այս աւետարանը պէտք է քարոզուի

«Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն»։—ՄԱՐԿՈՍ 13։10

1, 2. Վկաներուն վաճառանիշը ի՞նչ է եւ ինչո՞ւ։

ԵՀՈՎԱՅԻ Վկաները ինչո՞ւ ա՛յսքան յարատեւօրէն կը քարոզեն։ Վստահաբար համայն աշխարհի ծանօթ է մեր հանրային ծառայութիւնը, անիկա ըլլայ տունէ տուն, փողոցը, կամ անպաշտօն կերպով։ Ամէն պատեհ առիթով, մենք մեզ կը ճանչցնենք որպէս Վկաներ եւ փափկանկատութեամբ կը փորձենք մեզի համար արժէքաւոր եղող բարի լուրը հաղորդել։ Իրապէս, կրնանք ըսել որ այս ծառայութիւնը մեր վաճառանիշն է։—Կողոսացիս 4։6

2 Պահ մը խորհեցէք. երբ մարդիկ նկատեն խումբ մը լաւ հագուած այրեր, կիներ եւ երախաներ՝ պայուսակներով, անոնք անմիջապէս ի՞նչ կը խորհին։ Անոնք կը խորհի՞ն թէ ‘Ահա նորէն Կաթողիկէները (կամ՝ Ուղղափառները)’, կամ՝ ‘Ահա նորէն Պէնտէկոստականները (կամ՝ Մկրտչականները)’։ Ո՛չ. մարդիկ գիտեն որ այդ կրօնքները տունէ տուն ընտանիոք չեն քարոզեր։ Թերեւս կրօնական կարգ մը յարանուանութիւններ այդպէս կոչուած «միսիոնարներ» երկու տարուան համար որոշ շրջաններ կ’ուղղարկեն, բայց անոնց ծուխերը այսպիսի քարոզչութեան մը չեն մասնակցիր։ Համայն աշխարհի մէջ, մի՛այն Եհովայի Վկաները ճանչցուած են ամէն պատեհ առիթով իրենց պատգամը ուրիշներուն հաղորդելու իրենց նախանձախնդրութեանը համար։ Անոնք նաեւ ճանչցուած են իրենց Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերով։—Եսայեայ 43։10–12. Գործք 1։8

Քրիստոնեայ Աշխարհի Կղերներուն Հակապատկերը

3, 4. Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները յաճախ ինչպէ՞ս նկարագրուած են մամուլին մէջ։

3 Անոնց ճիշդ հակապատկերը ըլլալով, տեղեկատուութիւններ յաճախ երեւան կը հանեն որ կարգ մը երկիրներու մէջ շատ մը կղերներ մանկասէր, անբարոյ դրամաշորթներ եւ խարդախներ են։ Անոնց մարմնի գործերն ու չափազանց փարթամ ապրելակերպը բոլորիս կողմէ տեսանելի են։ Երգահան մը ասիկա լաւ կերպով արտայայտեց իր երգերէն մէկուն մէջ, որու խորագիրն էր՝ «Յիսուս Ռոլէքս [շատ սուղ ոսկիէ ժամացոյց] մը Պիտի Կրէ՞ր, Երբ Հեռատեսիլէն Ելոյթ մը Ունենար»։ Ան կը հարցնէ. «Եթէ Յիսուս վերստին երկիր գար, քաղաքագէտ մը պիտի ըլլա՞ր։ Ան Փալմ Սբրինկզի մէջ [Գալիֆորնիոյ հարուստ համայնք մը] երկրորդ տուն մը պիտի ունենա՞ր, իր հարստութիւնը պահել ջանալով»։ Որքա՜ն տեղին են Յակոբոսի խօսքերը. «Երկրին վրայ փափկութեամբ եւ հեշտութեամբ ապրեցաք, սրտերնիդ սնուցանեցիք՝ որպէս թէ մորթուելու օրուան համար»։—Յակոբու 5։5. Գաղատացիս 5։19–21

4 Քաղաքագէտներուն հետ կղերներուն մտերիմ խօսակցութիւնները եւ նոյնիսկ քուէարկութիւններու մասնակցիլը որպէս քաղաքական թեկնածուներ բացայայտ կ’ընեն որ անոնք արդի դպիրներ ու Փարիսեցիներ են։ Միեւնոյն ժամանակ, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի նման երկիրներու մէջ, կրօնքներուն արկղները կը ցամքին երախաներուն եւ չափահասներուն հետ կղերներուն լիրբ վարքին պատճառաւ անոնց դէմ եղած դատավարութիւններու եւ դատավճիռներու վճարուած բարձր գիներով։—Մատթէոս 23։1–3

5. Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները ինչո՞ւ չեն փաստած «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ըլլալ։

5 Շատ ճիշդ են իր օրուան կղերներուն ըսած Յիսուսի խօսքերը. «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ կը նմանիք ծեփած գերեզմաններու, որոնք դուրսէն գեղեցիկ կ’երեւնան, բայց ներսէն մեռելներու ոսկորներով եւ ամէն կերպ պղծութիւնով լեցուն են։ Նոյնպէս դուք դուրսէն մարդոց արդար կ’երեւնաք ու ներսէն կեղծաւորութեամբ եւ անօրէնութեամբ լեցուն էք»։ Հետեւաբար, Աստուած բարի լուրը քարոզելու յանձնարարութիւնը չէ տուած Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերներուն, ըլլան անոնք Կաթողիկէ, Բողոքական, Ուղղափառ, կամ յարանուանութիւն չունեցող անհատներ։ Անոնք չեն փաստած նախագուշակուած «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ըլլալ։—Մատթէոս 23։27, 28. 24։45–47

Ինչո՞ւ Առաջ Աւետարանը Քարոզել

6. Շուտով ի՞նչ դէպքեր տեղի պիտի ունենան։

6 Բոլոր ազգերուն բարի լուրը քարոզելու Յիսուսի տուած հակիրճ պատուէրին մէջ, միայն Մարկոսը «առաջ» բառը կը գործածէ։ (Մարկոս 13։10. բաղդատել Մատթէոս 24։14։) Ժ. Պ. Ֆիլիբբսի թարգմանութիւնը կ’ըսէ. «Քանզի վախճանը գալէն առաջ, աւետարանը պէտք է ծանուցանուի բոլոր ազգերուն»։ «Առաջ» բառին մակբայական գործածութիւնը այն գաղափարը կու տայ որ ուրիշ դէպքեր համաշխարհային աւետարանչական գործունէութեան պիտի յաջորդեն։ Այդ դէպքերուն մաս կը կազմեն խոստացուած մեծ նեղութիւնը եւ նոր աշխարհին վրայ Քրիստոսի արդար իշխանութիւնը։—Մատթէոս 24։21–31. Յայտնութիւն 16։14–16. 21։1–4

7. Աստուած ինչո՞ւ կ’ուզէ որ առաջ բարի լուրը քարոզուի։

7 Ուստի, Աստուած ինչո՞ւ կ’ուզէ որ առաջ բարի լուրը քարոզուի։ Նախ քանի որ ան սիրոյ, արդարութեան, իմաստութեան եւ զօրութեան Աստուած է։ Մատթէոս 24։14–ին եւ Մարկոս 13։10–ին մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերուն կատարման մէջ կրնանք Եհովայի այս բարեմասնութիւններուն տպաւորիչ յայտնաբերումը տեսնել։ Հակիրճօրէն զանոնք մէկ առ մէկ քննենք եւ տեսնենք թէ անոնք ի՛նչպէս կապակցութիւն ունին բարի լուրի քարոզչութեան հետ։

Աւետարանը եւ Եհովայի Սէրը

8. Բարի լուրի քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս Աստուծոյ սիրոյ ցուցաբերումն է։ (Ա Յովհաննու 4։7–16)

8 Բարի լուրին քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս Աստուծոյ սէրը կ’արտացոլացնէ։ Նախ եւ առաջ, անիկա միմիայն մէկ ցեղի կամ խումբի մը տրուելու համար մտադրուած պատգամ մը չէ։ Անիկա բարի լուր մըն է «բոլոր ազգերուն»։ Աստուած մարդկային ընտանիքը ա՛յդքան կը սիրէ, որ իր միածին Որդին երկիր ղրկեց, որպէսզի ամբողջ մարդկութեան եւ ոչ թէ մէկ ցեղի մը մեղքերուն համար փրկանքի զոհ մը ըլլայ։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ։ Վասնզի Աստուած իր Որդին չղրկեց աշխարհ, որպէսզի աշխարհը դատէ, հապա՝ որպէսզի աշխարհ անով փրկուի»։ (Յովհաննու 3։16, 17) Վստահաբար, բարի լուրը խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ արդարութեան նոր աշխարհ մը խոստացող պատգամ մը՝ Աստուծոյ սիրոյ ապացոյցն է։—Բ. Պետրոս 3։13

Աւետարանը եւ Եհովայի Զօրութիւնը

9. Եհովա ինչո՞ւ Քրիստոնեայ Աշխարհի զօրաւոր կրօնքները չէ գործածած բարի լուրը քարոզել տալու համար։

9 Բարի լուրի քարոզչութեամբ, Եհովայի զօրութիւնը ինչպէ՞ս կը ցուցաբերուի։ Նկատի առէք թէ ան որո՛նց գործածած է այս յանձնարարութիւնը կատարելու համար։ Ան Քրիստոնեայ Աշխարհի ամենէն զօրաւոր կրօնական կազմակերպութիւննե՞րը՝ Հռովմէական Կաթողիկէ Եկեղեցին կամ Բողոքական կարկառուն յարանուանութիւնները՝ գործածեց։ Ոչ, քանի որ քաղաքականութեան միջամուխ ըլլալով, անոնք այս նշանակումին որակելի չեն։ (Յովհաննու 15։19. 17։14. Յակոբու 4։4) Անոնց յարաբերական հարստութիւնը եւ իշխող ընտրանի դասակարգին հետ անոնց կապերն ու ազդեցութիւնը չեն տպաւորած Եհովա Աստուած, ոչ ալ՝ անոնց աւանդութիւններու կապուած աստուածաբանութիւնը։ Աստուծոյ կամքը կատարուելու համար մարդկային զօրութեան կարիքը չէ տեսնուած։—Զաքարեայ 4։6

10. Քարոզչութիւնը կատարելու համար Աստուած որո՞նց ընտրած է։

10 Ճիշդ ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ Կորընթացւոց ժողովքին գրած իր նամակին մէջ ըսաւ. «Արդարեւ, դուք ձեր կոչումը կը տեսնէք, ե՛ղբայրներ, որ ոչ թէ մարմնի կողմանէ շատ իմաստուններ եւ ոչ թէ շատ զօրաւորներ եւ ոչ թէ շատ ազնուականներ կանչուեցան. բայց Աստուած աշխարհիս յիմարները ընտրեց, որպէսզի ամօթով ընէ իմաստունները ու աշխարհիս տկարները ընտրեց, որպէսզի ամօթով ընէ զօրաւորները, եւ աշխարհիս ցածազգիներն ու անարգները ընտրեց եւ ոչինչները, որպէսզի անոնք որ բան մը ըլլալ կը կարծեն, խափանէ. որ մարմին մը չպարծի Աստուծոյ առջեւ»։—Ա. Կորնթացիս 1։26–29

11. Ի՞նչ իրողութիւններ յատուկ դարձուցած են Վկաները։

11 Եհովայի Վկաները իրենց շարքերուն մէջ շատ քիչ մեծահարուստ անդամներ ունին, իսկ վստահաբար քաղաքական հեղինակութիւն ունեցող մը չունին։ Քաղաքական հարցերու մէջ անոնց խիստ չէզոքութիւնը կը նշանակէ որ անոնք չեն կրնար քաղաքական ազդեցութիւն բանեցնել։ Ընդհակառակը, այս քսաներորդ դարուն, անոնք յաճախ կրօնական եւ քաղաքական առաջնորդներու կողմէ ստորին հալածանքներու զոհ դարձած են։ Սակայն, հակառակ Նացիական, Ֆաշիստական, Համայնավարական, ազգայնական եւ սուտ կրօնքի հետեւորդներուն կողմէ անոնց վրայ եկող վայրագ հակառակութեան, Վկաները ոչ միայն համայն աշխարհի մէջ բարի լուրը կը քարոզեն, այլ նաեւ անոնց թիւը ապշեցուցիչ կերպով կ’աւելնայ։—Եսայեայ 60։22

12. Վկաները ինչո՞ւ յաջողակ եղած են։

12 Վկաները իրենց յաջողութիւնը ի՞նչ բանի կը վերագրեն։ Յիսուս իր աշակերտներուն խոստացաւ. «Սուրբ հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։ Ուստի, իրենց յաջողութեան աղբիւրը իրապէս ի՞նչ բան պիտի ըլլար։ Յիսուս ըսաւ. «Սուրբ հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք»։ Այսօր ալ, համաշխարհային ծառայութեան մէջ Վկաներուն ունեցած յաջողութեան բանալին Աստուծմէ եկած զօրութիւնը եղած է, ոչ թէ՝ մարդկային կարողութիւնը։ Երեւութապէս շատ տկար անհատներ գործածելով, Աստուած պատմութեան մէջ դաստիարակչական մեծագոյն գործը կը կատարէ։—Գործք 1։8. Եսայեայ 54։13

Աւետարանը եւ Եհովայի Իմաստութիւնը

13. (ա) Վկաները ինչո՞ւ կամաւոր կերպով եւ առանց վճարումի կը ծառայեն։ (բ) Եհովա ինչպէ՞ս պատասխանած է Սատանայի հեգնանքին։

13 Բարի լուրը քարոզողները կամաւորներ են։ Յիսուս ըսաւ. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք»։ (Մատթէոս 10։8) Հետեւաբար, Եհովայի Վկաներէն ոչ մէկը Աստուծոյ ծառայելու համար ամսական կը ստանայ, ոչ ալ անոնք կը փափաքին ունենալ։ Իրականութեան մէջ, անոնք իրենց ժողովքներուն մէջ հանգանակութիւն չեն ըներ։ Անոնք ուրախ են, որ իրենց նուիրուած անձնազոհ ծառայութեամբ, պատասխան մը կը հայթայթեն Աստուած զրպարտողին՝ Բանսարկու Սատանային։ Աստուծոյ հակառակող այս հոգեղէն արարածը, իրականութեան մէջ, ըսած էր որ մարդիկ անձնազոհ մղումներով Աստուծոյ պիտի չծառայէին։ Իր իմաստութեամբ, Եհովա ջախջախիչ պատասխան մը հայթայթած է Սատանայի հեգնանքին. տունէ տուն, փողոցը եւ անպաշտօն կերպով բարի լուրը քարոզող միլիոնաւոր հաւատարիմ Քրիստոնեայ Վկաներ։—Յոբայ 1։8–11. 2։3–5. Առակաց 27։11

14. ‘Ծածուկ իմաստութիւն’ը ի՞նչ է, որու կ’ակնարկէ Պօղոս։

14 Բարի լուրը քարոզելու մէջ Աստուծոյ իմաստութեան ուրիշ մէկ ապացոյցն է թէ Թագաւորութեան խոստումը ինքնին Աստուծոյ իմաստութեան յայտնաբերումն է։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Կատարեալներուն [հասուններուն] հետ իմաստութեան մասին կը խօսինք, բայց ո՛չ թէ աշխարհի իմաստութեան եւ ո՛չ այս աշխարհի մահկանացու իշխաններուն, հապա Աստուծոյ ծածուկ իմաստութեան մասին կը խօսինք, խորհրդով, որ աշխարհի ստեղծուելէն առաջ սահմանեց Աստուած մեր փառքին համար»։ Այդ ‘ծածուկ իմաստութիւն’ը կ’ակնարկէ Եդեմի մէջ սկսած ըմբոստութեան վերջ դնելու համար Աստուծոյ իմաստուն կերպերուն։ Այդ սրբազան խորհուրդին իմաստութիւնը յայտնուեցաւ Յիսուս Քրիստոսով որ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրին առանցքը կը կազմէ։a—Ա. Կորնթացիս 2։6, 7. Կողոսացիս 1։26–28

Աւետարանը եւ Աստուծոյ Արդարութիւնը

15. Ինչպէ՞ս գիտենք որ Եհովա արդարութեան Աստուած է։ (Բ. Օրինաց 32։4. Սաղմոս 33։5)

15 Մանաւանդ արդարութեան հետ կապակցաբար կը տեսնենք Մարկոս 13։10–ին «առաջ» բառին կարեւորութիւնը։ Եհովա արդարութեան Աստուած է. արդարութիւն մը որու կը բարեխառնուի ողորմութիւնը։ Ան իր Երեմիա մարգարէին միջոցով կ’ըսէ. «Ան որ կը պարծի, թող անով պարծի, որ կը հասկնայ ու զիս կը ճանչնայ եւ գիտէ թէ ե՛ս եմ Տէրը, որ երկրի վրայ ողորմութիւն, իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընեմ. քանզի ես ասոնց կը հաճիմ»։—Երեմեայ 9։24

16. Ինչպէ՞ս կարելի է օրինակով մը ցոյց տալ թէ արդարութիւնը նախազգուշացում տալ կը պահանջէ։

16 Բարի լուրի քարոզելուն հետ կապակցաբար, Եհովայի արդարութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց կը տրուի։ Ասիկա պատկերացնենք մօր մը օրինակով, որ տուրմով համեղ կարկանդակ մը շինած է, որպէսզի երբ հիւրերը գան, միասնաբար ուտեն։ Եթէ ան սեղանին վրայ դնէ զայն առանց իր զաւակներուն ըսելու թէ ե՛րբ պէտք է ուտեն, զաւակները բնականաբար ի՞նչ ընելու հակումը պիտի ունենան։ Բոլորս ալ ժամանակին երախաներ եղած ենք։ Մատիկներ պիտի ուզեն այդ կարկանդակը համտեսել։ Հիմա, եթէ մայրը չէ նախազգուշացուցած, ան չի կրնար պատիժի պատճառանք մը ունենալ։ Սակայն, եթէ ան նշած է որ այդ կարկանդակը պիտի ուտեն, երբ հիւրերը գան եւ հետեւաբար պէտք չէ դպնալ անոր, այդ պարագային ան յստակօրէն նախազգուշացուցած կ’ըլլայ։ Եթէ անհնազանդութիւն մը ըլլայ, ան իրաւունք կ’ունենայ հաստատ եւ արդար քայլեր առնելու։—Առակաց 29։15

17. Մանաւանդ 1919–էն ի վեր, Եհովա ինչպէ՞ս արդարութիւն ցոյց տուած է։

17 Եհովա, իր արդարութեամբ, իրերու այս ամբարիշտ դրութեան դէմ դատավճիռ պիտի չբերէ, առանց նախապէս հարկ պէտք եղած ազդարարութիւնը տալու։ Հետեւաբար, մանաւանդ 1919–էն ի վեր, առաջին աշխարհամարտը «ցաւերուն սկիզբ»ը բերելէն ետք, Եհովա պատճառ եղած է որ համայն երկրի վրայ իր Վկաները բարի լուրը նախանձախնդրաբար հրատարակեն։ (Մատթէոս 24։7, 8, 14) Ազգերը չեն կրնար դաւանիլ որ այս անզուգական ազդարարութենէն տեղեակ չէին։

Աւետարանը Ի՞նչ Տարողութեամբ Ծածկած Է Աշխարհը

18. (ա) Հեռաւոր շրջաններու մէջ Վկաներու գործունէութեան ի՞նչ ապացոյց կայ։ (բ) Անոնց մասին ուրիշ ի՞նչ օրինակներ գիտէք։

18 Այս համաշխարհային դաստիարակչութեան ազդու ըլլալը կրնանք տեսնել Վերջին Վայրերը—Ճամբորդութիւն մը Դէպի Հիւսիս՝ գրքին մէջ (Անգլ.)։ Անոր հեղինակը կը պատմէ որ, երբ ծովու աշխարհացոյցին վրայ Սքոթլանտայի հիւսիսը գտնուող Շէթլանտի կղզիներէն մէկը՝ մեկուսացած Ֆաուլա կղզին՝ կը քննէր, աշխարհացոյցը կը մատնանշէր «ամբողջ կղզիին շուրջ ՆԲԿ (նաւաբեկումներ), ԺՌՐ (ժայռեր), ԽԹՐ (խութեր) եւ ԽՉԴՏՐ (խոչընդոտներ)։ Ասոնք «ապագացու նաւաստիներուն կ’ազդարարէին, որ հեռու մնան»։ Ֆաուլայի ջուրերը չափազանց վախազդու ականուած դաշտ մըն էին, որու պատճառաւ կղզին անհիւրընկալ էր զբօսանաւ ունեցողներուն, ցորեկ ատեն շրջապտոյտ կատարողներուն եւ նոյնիսկ Նորին Վեհափառութեան հանրային սպասարկութեան զինուորական միաւորին համար. թէեւ ոչ՝—ինչ որ քանի մը օր առաջ տեղեկացայ—Եհովայի Վկաներուն համար»։ Ան կը շարունակէր. «Ճիշդ ինչպէս որ անոնք մեծ քաղաքներու թաղերուն եւ Երրորդ Աշխարհին մէջ մանրակրկիտ փնտռտուք կ’ընեն նորահաւատներ ընելու համար, նոյնը կ’ընեն այս հեռաւոր Ֆաուլա կղզիին վրայ»։ Ան կ’ընդունէր որ կղզիաբնակ մը՝ Անտրիու՝ քանի մը ամիսներ առաջ իր տան սեմին Դիտարան մը գտած էր։ Ապա ան կ’աւելցնէր. «Շաբաթ մը ետք, [Դաներէն Զարթի՛րի] օրինակ մը տեսայ Ֆաէրոզի մէջ [Հիւսիսային Ծովու կղզիները] եւ երկու ամիս ետք, [Դաներէն Դիտարանի] օրինակ մը Կրինլատայի Նիւգ քաղաքին մէջ»։ Այս հիւսիսային տարածութեան վրայ, Եհովայի Վկաներու նախանձախնդիր գործունէութեան ի՜նչ պերճախօս վկայութիւն մը։

Ի՞նչ Բան կը Մղէ Վկաներուն որ Շարունակեն Քարոզեն

19, 20. (ա) Ի՞նչ բան կը մղէ Եհովայի Վկաներուն որ շարունակեն քարոզել։ (բ) Յաջորդիւ ո՞ր հարցումներուն պատասխանները պիտի առնենք։

19 Անշուշտ, տունէ տուն երթալ եւ օտարներու քարոզելը դիւրին հարց չէ, նոյնիսկ երբ անհատ մը, տարիներէ ի վեր, Վկայ մըն է։ Ուստի, ի՞նչ բան կը մղէ այս Քրիստոնեաներուն որ շարունակեն քարոզել։ Անիկա իրենց Քրիստոնէական նուիրումն ու պատասխանատուութեան գիտակցութիւնն է։ Պօղոս գրեց. «Եթէ ես աւետարանը կը քարոզեմ, ինծի պարծանք մը չէ, իմ պարտականութիւնս է. մանաւանդ վայ է ինծի՝ եթէ աւետարանը չքարոզեմ»։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները պատգամ մը ունին, որ կեանք կը նշանակէ, ուստի անոնք ինչպէ՞ս կրնան զայն իրենց պահել։ Վտանգի ժամանակ ազդարարութիւն տալու մէջ զլանալուն արիւնապարտ ըլլալու սկզբունքը ինքնին բարի լուրը քարոզելու դրդապատճառ մըն է։—Ա. Կորնթացիս 9։16. Եզեկիէլ 3։17–21

20 Ուստի, բարի լուրը ինչպէ՞ս կը քարոզուի։ Վկաներուն յաջողութեան բանալին ի՞նչ է։ Անոնց ծառայութեան եւ կազմակերպութեան ո՞ր երեսակները կ’օգնեն անոնց կրօնքը բնորոշելու որպէս ճշմարիտ։ Մեր յաջորդ յօդուածը պիտի պատասխանէ այս հարցումներուն։

[Ստորանիշ էջ 23]

a Աստուծոյ իմաստութեան եւ ‘սրբազան խորհուրդ’ին մասին յաւելեալ բացատրութեան համար, տես Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ Անգլերէն գիրքը, Հատոր Բ., էջ 1190. հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

Կը Յիշէ՞ք

◻ Ի՞նչ բան Եհովայի Վկաները կը զատորոշէ կղերներէն։

◻ Քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս կ’արտացոլացնէ Աստուծոյ սէրը, զօրութիւնն ու իմաստութիւնը։

◻ Բարի լուրը քարոզելը ինչպէ՞ս կ’արտացոլացնէ արդարութիւնը։

◻ Ի՞նչ բան կը մղէ Եհովայի Վկաներուն որ շարունակեն ծառայել։

[Նկարներ՝ էջ 25]

Մարդիկ որքան ալ մեկուսացած ըլլան, Եհովայի Վկաները կ’ուզեն անոնց հասնիլ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել