Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • 7. Աստուծոյ Թագաւորութեան օրէնքները շա՜տ աւելի լաւ են

      Կառավարութիւնները օրէնքներ կը դնեն, որոնք իրենց հպատակներուն օգտակար կ’ըլլան եւ զիրենք կը պաշտպանեն։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնն ալ օրէնքներ ունի, եւ իր հպատակները անոնց պէտք է հնազանդին։ Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 6։9-11 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Քու կարծիքովդ, աշխարհը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ, երբ ամէն մարդ հետեւի վարուելակերպի նկատմամբ Աստուծոյ օրէնքներունa։

      • Կը կարծե՞ս որ տրամաբանական է, որ Եհովան Թագաւորութեան հպատակներէն պահանջէ այդ օրէնքները յարգել։ Ինչո՞ւ։

      • Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ մարդիկ, որոնք այդ օրէնքներուն չեն հնազանդիր, կրնա՛ն փոխուիլ (տե՛ս համար 11)։

      Ոստիկան մը խճողուած խաչմերուկի մը վրայ ինքնաշարժները կը կեցնէ։ Տարբեր տարիքներու մարդիկ փողոցը կը կտրեն։

      Կառավարութիւնները օրէնքներ կը դնեն, իրենց հպատակներուն պաշտպանութեան ու օգտին համար։ Իսկ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ա՛լ աւելի լաւ օրէնքներ ունի, իր հպատակներուն պաշտպանութեան ու օգտին համար

  • Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ սեռային յարաբերութեան մասին
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • Դաս 41։ Տղամարդ մը եւ կին մը իրարու ձեռքը բռնած են։

      ԴԱՍ 41

      Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ սեռային յարաբերութեան մասին

      Շատ մը մարդիկ հանգիստ չեն զգար սեռային յարաբերութեան մասին խօսելու։ Սակայն Սուրբ Գիրքը սեռային յարաբերութեան մասին բացէ ի բաց կը խօսի, բայց՝ յարգանքով։ Ատոր ըսածը մեր օգուտին համար է։ Ասիկա տրամաբանական է, քանի որ ի վերջոյ Եհովան մեր Ստեղծիչն է եւ գիտէ թէ մեզի համար լաւագոյնը ի՛նչ է։ Ան մեզի ցոյց կու տայ, թէ մեր արարքները ինչպէ՛ս կրնան զինք հաճեցնել եւ թէ ի՛նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ կեանքը վայելենք յաւիտեան։

      1. Եհովան սեռային յարաբերութիւնը ինչպէ՞ս կը նկատէ

      Սեռային յարաբերութիւնը նուէր մըն է Եհովայէն։ Ան կ’ուզէ որ սեռային յարաբերութիւնը ուրախութիւն բերէ տղամարդու մը եւ կնոջ մը, որոնք իրարու հետ ամուսնացած են։ Այս նուէրը ոչ միայն կարելի կը դարձնէ, որ զոյգը զաւակներ ունենան, հապա նաեւ իրարու հանդէպ իրենց սէրն ու գուրգուրանքը արտայայտեն բնական եւ հաճելի կերպով մը։ Անոր համար, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Քու երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր» (Առակաց 5։18, 19)։ Եհովան կ’ակնկալէ որ ամուսնացած քրիստոնեաները հաւատարիմ ըլլան իրենց կողակիցներուն եւ ուրիշ ոեւէ մէկու մը հետ սեռային յարաբերութիւն չունենան (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։4)։

      2. Ի՞նչ է սեռային անբարոյութիւնը

      Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ ‘պոռնիկները. . . Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն’ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10)։ Սուրբ Գիրքը գրող անհատներէն անոնք, որոնք յունարէնով գրեցին, սեռային անբարոյութեան համար գործածեցին բոռնէա բառը։ Այդ բառը կը գործածուի՝ 1) իրարու հետ չամուսնացած անհատներու միջեւ սեռային յարաբերութեան նկատմամբa, 2) միասեռականութեան նկատմամբ, եւ 3) մարդու եւ անասունի միջեւ սեռային յարաբերութեան նկատմամբ։ Եհովան կը հաճեցնենք եւ մենք ալ կ’օգտուինք, երբ ‘պոռնկութենէ ետ կը կենանք’ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3)։

      ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

      Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս կրնաս սեռային անբարոյութենէն փախչիլ եւ թէ բարոյապէս մաքուր մնալով ինչպէ՛ս պիտի օգտուիս։

      Յովսէփ Պետափրէսին կնոջմէն կը փախչի։ Անոր ձեռքին մէջ Յովսէփին հանդերձը կայ։

      3. Սեռային անբարոյութենէն փախի՛ր

      Հաւատարիմ Յովսէփը մերժեց կին մը, որ ուզեց իրեն հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալ։ Կարդացէ՛ք Ծննդոց 39։1-12 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Յովսէփ ի՞նչ պատճառով փախաւ (տե՛ս համար 9)։

      • Քու կարծիքովդ, Յովսէփ ճի՞շդ որոշումը առաւ։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

      Ներկայիս, պատանիները ինչպէ՞ս կրնան Յովսէփը ընդօրինակել եւ սեռային անբարոյութենէն փախչիլ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

      ՎԻՏԷՕ. Անբարոյութենէ փախի՛ր (5։06)

      Եհովան կ’ուզէ որ բոլորս հեռու մնանք անբարոյութենէն։ Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 6։18 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Մէկը ի՞նչ պայմաններու տակ կրնայ փորձուիլ սեռային անբարոյութիւն ընելու։

      • Ինչպէ՞ս կրնաս անբարոյութենէն փախչիլ։

      4. Կրնա՛ս փորձութեան դէմ դնել

      Ե՞րբ է որ սեռային անբարոյութեան դէմ դնելը կը դժուարանայ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

      ՎԻՏԷՕ. Սուրբ Գիրքը կարդալով փորձութեան դէմ դիր (3։02)

      • Վիտէոյին մէջ, եղբայրը ի՞նչ ըրաւ երբ անդրադարձաւ, որ իր մտքերն ու արարքները կրնային պատճառ ըլլալ, որ իր կնոջ անհաւատարիմ ըլլար։

      Նոյնիսկ հաւատարիմ քրիստոնեաներու համար ատեններ դժուար կ’ըլլայ իրենց մտքերը մաքուր պահել։ Ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի անբարոյ բաներու մասին շարունակ չմտածես։ Կարդացէ՛ք Փիլիպպեցիս 4։8 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Ի՞նչ տեսակ բաներու մասին պէտք է մտածենք։

      • Սուրբ Գիրքը կարդալը եւ Եհովայի ծառայութեան մէջ զբաղած մնալը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն, որ մեղք գործելու փորձութեան դէմ դնենք։

      5. Եհովայի չափանիշները մեզի համար օգտակար են

      Եհովան գիտէ թէ մեզի համար լաւագոյն բանը ի՛նչ է։ Ան մեզի կ’ըսէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք բարոյապէս մաքուր մնալ եւ թէ այդպէս ընելուն օգուտները ի՛նչ են։ Կարդացէ՛ք Առակաց 7։7-27 կամ դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

      ՎԻՏԷՕ. Պակասամիտ մի՛ ըլլար (9։32)

      • Երիտասարդը ինչպէ՞ս փորձութեան մէջ ինկաւ (տե՛ս Առակաց 7։8, 9)։

      • Առակաց 7։23, 26–ի համաձայն, սեռային անբարոյութիւնը կրնայ լուրջ խնդիրներու դուռ բանալ։ Եթէ բարոյապէս մաքուր մնանք, ի՞նչ խնդիրներէ կրնանք հեռու մնալ։

      • Բարոյական մաքրութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ կեանքը վայելենք յաւիտեան։

      Ոմանք կը մտածեն, որ միասեռականութեան մասին Սուրբ Գիրքին ըսածները խիստ են։ Բայց Եհովան՝ սիրոյ Աստուածը, կ’ուզէ որ ամէն մարդ կեանքը վայելէ յաւիտեան։ Յաւիտեան ապրելու համար, պէտք է իր չափանիշներուն համաձայն վարուինք։ Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 6։9-11 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Աստուծոյ աչքին միա՞յն միասեռական ցանկութիւնները սխալ են։

      Աստուած հաճեցնելու համար, բոլորս պէտք է փոփոխութիւններ ընենք։ Կ’արժէ՞ ջանք թափել։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 19։8, 11 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Քու կարծիքովդ, բարոյականութեան նկատմամբ Եհովայի պահանջները տրամաբանակա՞ն են։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

      1. Տխուր երիտասարդուհի մը իր ընկերոջ քով նստած է։ Ան իր բարեկամներուն հետ կը խմէ եւ կը ծխէ նայթքլապի մը մէջ։ 2. Նոյն երիտասարդուհին Թագաւորութեան սրահի մը մէջ ուրախութեամբ քոյրերու հետ կը խօսակցի։

      Եհովան շատերու օգնած է, որ իր բարոյական չափանիշներուն համաձայն ապրին։ Ան քեզի ալ կրնայ օգնել

      ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Այնքան ատեն որ երկու անձեր իրար կը սիրեն, կրնան իրարու հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալ»։

      • Ի՞նչ պատասխան կու տաս։

      ԱՄՓՈՓՈՒՄ

      Սեռային յարաբերութիւնը Եհովայի կողմէ նուէր մըն է ամուսնացած զոյգին։

      Վերաքաղ

      • Ի՞նչ բաներ ընելը սեռային անբարոյութիւն կը սեպուի։

      • Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ սեռային անբարոյութենէն հեռու մնանք։

      • Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք, երբ Եհովայի բարոյական չափանիշներուն համաձայն կ’ապրինք։

      Նպատակակէտ

      ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

      Նկատի առ թէ ինչո՛ւ Աստուծոյ համար կարեւոր է որ տղամարդ մը եւ կին մը, որոնք իրարու հետ կ’ապրին, ամուսնանան։

      «Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ առանց ամուսնանալու միասին ապրելու մասին» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

      Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, որ միասեռական վարքը սխալ է։ Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ որ պէտք է միասեռականները ատենք։

      «Միասեռականութիւնը սխա՞լ է» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

      Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս սեռային արարքներուն վերաբերեալ Աստուծոյ օրէնքները մեզ կը պաշտպանեն։

      «Բերանային սեռը իրապէս սեռային յարաբերութի՞ւն է» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

      «Ինծի հետ արժանապատուութեամբ վարուեցան» յօդուածին մէջ, տե՛ս թէ ի՛նչ բան պատճառ դարձաւ որ միասեռական մը իր ապրելակերպը փոխէ, որպէսզի Աստուած հաճեցնէ։

      «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)

      a Այս անընդունելի յարաբերութիւններէն կը սեպուին՝ բնական սեռային յարաբերութիւնը, բերանային սեռը, յետոյքային սեռը եւ միւս անհատին սեռային անդամները գրգռելը։

  • Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ լուրջ մեղք մը գործես
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • Թէեւ Եհովան շատ կը սիրես եւ ամէն ջանք կ’ընես որ չընես բաներ, որոնք զինք կը նեղացնեն, պիտի պատահի որ մեղքեր գործես։ Բայց կարգ մը մեղքեր ուրիշ մեղքերէ աւելի լուրջ են (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10)։ Եթէ լուրջ մեղք մը գործես, յիշէ որ Եհովան տակաւին քեզ կը սիրէ ու պատրաստ է քեզի ներելու եւ օգնելու։

      1. Ի՞նչ պէտք է ընենք, որ Եհովան մեզի ներէ

      Երբ մէկը, որ Եհովան կը սիրէ, լուրջ մեղք մը գործէ, մե՜ծ ցաւ կը զգայ։ Բայց ան կը մխիթարուի ան խոստումով, որ Եհովան իր ժողովուրդին տուաւ. «Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան» (Եսայի 1։18)։ Եթէ անկեղծօրէն զղջանք, Եհովան լման կերպով մեզի կը ներէ։ Ինչպէ՞ս կը զղջանք։ Մեր ըրածին համար խորապէս կը նեղուինք, մեղք գործելէն ետ կը կենանք եւ Եհովային կ’աղաչենք, որ մեզի ներէ։ Ետքը, ծանր կ’աշխատինք որ փոխենք այն սխալ մտածելակերպը կամ սովորութիւնը, որ պատճառ եղաւ որ մեղք գործենք, եւ ջանք կ’ընենք որ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրինք (կարդա՛ Եսայի 55։6, 7)։

      2. Եհովան ինչպէ՞ս երէցները կը գործածէ մեզի օգնելու, երբ մեղք կը գործենք

      Եթէ լուրջ մեղք մը գործենք, Եհովան մեզի կ’ըսէ, որ ‘երէցները կանչենք’ (կարդա՛ Յակոբոս 5։14, 15)։ Այս երէցները Եհովան եւ իր ոչխարները կը սիրեն։ Անոնք մարզուած են մեզի օգնելու, որ կարենանք Եհովայի հետ դարձեալ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալ (Գաղատացիս 6։1)։

      Երէցները ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն։ Երկու կամ երեք երէցներ մեզ պիտի սրբագրեն՝ Սուրբ Գիրքէն խրատներ տալով։ Անոնք նաեւ պիտի տան առաջարկներ եւ ուղղութիւններ, մեզի օգնելու որ նոյն մեղքը նորէն չգործենք։ Եթէ անհատ մը, որ լուրջ մեղք գործած է, չի զղջար, երէցները զինք ժողովքէն կը հեռացնեն, որպէսզի ժողովքին մէջ ուրիշները իրմէ չազդուին։

      ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

      Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կրնաս աւելի հասկնալ ու գնահատել այն կերպը, որով Եհովան մեզի կ’օգնէ, երբ լուրջ մեղք մը գործենք։

      3. Խոստովանիլը կ’օգնէ մեզի, որ բուժուինք

      Որեւէ մեղք որ կը գործենք, Եհովան կը վիրաւորէ։ Ուստի տեղին է, որ մեր մեղքը իրեն խոստովանինք։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 32։1-5 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ինչո՞ւ լաւ է, որ մեր մեղքը Եհովային խոստովանինք, փոխանակ զայն պահելու։

      Մեր մեղքը Եհովային խոստովանելէ զատ, կը հանգստանանք երբ երէցներէն օգնութիւն կը խնդրենք։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

      ՎԻՏԷՕ. «Տէրը իր սիրածը կը խրատէ» (3։01)

      • Վիտէոյին մէջ, երէցները ինչպէ՞ս Քենընին օգնեցին, որ Եհովային վերադառնայ։

      Պէտք է երէցներուն հետ անկեղծօրէն եւ բացէ ի բաց խօսինք, քանի որ անոնք կ’ուզե՛ն մեզի օգնել։ Կարդացէ՛ք Յակոբոս 5։16 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ինչո՞ւ երէցներուն համար աւելի դիւրին կ’ըլլայ որ մեզի օգնեն, երբ իրենց հետ անկեղծ կ’ըլլանք։

      1. Եղբայր մը ջախջախուած է։ 2. Եղբայրը Եհովային կ’աղօթէ։ 3. Եղբայրը երէցի մը հետ հեռաձայնով կը խօսի։ 4. Եղբայրը երեք երէցներու հետ հանդիպում կ’ունենայ։ 5. Եղբայրը կը ժպտայ, քանի որ մաքուր խիղճ ունի։

      Մեղքդ խոստովանէ, երէցներուն անկեղծօրէն խօսէ եւ Եհովայի սիրալիր օգնութիւնը ընդունէ

      4. Եհովան ողորմութիւն ցոյց կու տայ մեղաւորներուն

      Եթէ անհատ մը, որ լուրջ մեղք մը գործած է, կը մերժէ Եհովայի չափանիշներուն հետեւիլ, ան ժողովքէն կը հեռացուի եւ անոր հետ չենք ընկերակցիր։ Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 5։6, 11 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ճիշդ ինչպէս որ թթխմորը նոր շաղուած ամբողջ խմորը կը թթուեցնէ, չզղջացող մեղաւորին հետ ընկերակցիլը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել ժողովքին։

      Ճիշդ ինչպէս որ Եհովան ողորմութիւն ցոյց կու տայ անկատար մեղաւորներուն, նոյնպէս երէցները կը ջանան օգնել անոնց, որոնք ժողովքէն հեռացուած են։ Շատեր ժողովքին վերադարձած են։ Ինչո՞ւ։ Թէեւ ժողովքէն հեռացուած ըլլալը ցաւալի էր, բայց իրենց օգնեց որ անդրադառնան, թէ ի՜նչ սխալ մը գործած են (Սաղմոս 141։5)։

      • Մեղաւորներուն հետ Եհովային վարուած կերպը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ ան արդար ու սիրալիր է եւ ողորմութիւն կը ցուցնէ։

      5. Եհովան մեզի կը ներէ, երբ կը զղջանք

      Յիսուս առակ մը պատմեց, որ մեզի կ’օգնէ հասկնալու, թէ Եհովան ի՛նչ կը զգայ, երբ մէկը կը զղջայ։ Կարդացէ՛ք Ղուկաս 15։1-7 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ասիկա քեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովայի մասին։

      Կարդացէ՛ք Եզեկիէլ 33։11 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ի՞նչ բան կարեւոր է որ ընենք, փաստելու համար թէ իրապէս զղջացած ենք։

      Հովիւ մը գառնուկի մը վիրաւորուած ոտքը կը փաթթէ։

      Հովիւի մը պէս, Եհովան իր ոչխարները մեծապէս կը հոգայ

      ՈՄԱՆՔ Կ’ԸՍԵՆ. «Կը վախնամ որ եթէ երէցներուն պատմեմ, թէ մեղք գործած եմ, զիս ժողովքէն հեռացնեն»։

      • Ի՞նչ կրնաս ըսել մէկու մը, որ այդպէս կը զգայ։

      ԱՄՓՈՓՈՒՄ

      Եթէ լուրջ մեղք մը գործենք, բայց անկեղծօրէն զղջանք եւ որոշենք այդ մեղքը նորէն չգործել, Եհովան մեզի պիտի ներէ։

      Վերաքաղ

      • Ինչո՞ւ լաւ է որ մեր մեղքը Եհովային խոստովանինք։

      • Ի՞նչ պէտք է ընենք, որ Եհովան մեր մեղքը ներէ։

      • Եթէ լուրջ մեղք մը գործենք, ինչո՞ւ պէտք է երէցներէն օգնութիւն խնդրենք։

      Նպատակակէտ

      ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

      Տե՛ս թէ տղամարդ մը ինչպէ՛ս զգաց Եհովայի ողորմութիւնը, որ նկարագրուած է Եսայի 1։18–ին մէջ։

      Կասկած մի՛ ունենար որ Եհովան կ’ողորմի (5։02)

      Երէցները ինչպէ՞ս կը փորձեն օգնել լուրջ մեղք գործողի մը։

      «Երէցները սիրով եւ ողորմութեամբ կը վարուին յանցագործներուն հետ» (Դիտարան օգոստոս 2024)

      Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս սէր ու ողորմութիւն ցոյց կը տրուի չզղջացած մեղաւորներուն հանդէպ։

      «Երէցները ինչպէ՞ս կրնան օգնել ժողովքէն հեռացուած անձերուն» (Դիտարան օգոստոս 2024)

      «Պէտք էր Եհովային վերադառնայի» յօդուածին մէջ, տե՛ս թէ տղամարդ մը, որ ճշմարտութենէն հեռացաւ, ինչո՛ւ զգաց որ Եհովան զինք ետ իրեն քաշեց։

      «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել