-
Եհովայի տուած մխիթարութիւնը բաժնենքԴիտարան 1997 | Մարտ 1
-
-
«Ամէն Մխիթարութեան Աստուածը»
5. Պօղոս իր կրած բազմաթիւ նեղութիւններուն կողքին, նաեւ ի՞նչ բանի փորձառութիւնը ունեցաւ։
5 Անհատ մը որ խորապէս գնահատեց Աստուծոյ հայթայթած մխիթարութիւնը՝ Պօղոս առաքեալն էր։ Ասիոյ ու Մակեդոնիոյ մէջ յատկապէս դժուարին ժամանակ մը անցընելէ ետք, ան մեծապէս հանգստացաւ երբ լսեց որ Կորնթոսի ժողովքը դրական կերպով ընդառաջած էր իր յանդիմանական նամակին։ Ասիկա մղեց զինք երկրորդ նամակ մը գրելու անոնց, որ փառաբանութեան հետեւեալ արտայայտութիւնը կը բովանդակէ. «Օրհնեալ ըլլայ Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին հայրը՝ գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը. որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ»։—Բ. Կորնթացիս 1։3, 4
6. Բ. Կորնթացիս 1։3, 4–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խօսքերէն ի՞նչ կը սորվինք։
6 Այս ներշնչուած խօսքերը շատ բան կը յայտնեն։ Վերլուծե՛նք զանոնք։ Երբ Պօղոս իր նամակներուն մէջ Աստուծոյ փառաբանութիւն կամ շնորհակալութիւն կը յայտնէ, կամ անկէ բան մը կը հայցէ, սովորաբար կը նկատենք որ ան Յիսուսի՝ քրիստոնէական ժողովքի Գլուխին՝ հանդէպ խոր գնահատանք կը ներփակէ։ (Հռովմայեցիս 1։8. 7։25. Եփեսացիս 1։3. Եբրայեցիս 13։20, 21) Ուստի, Պօղոս փառաբանութեան այս արտայայտութիւնը կ’ուղղէ ‘Աստուծոյ՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին հօրը’։ Ապա, իր նամակներուն մէջ առաջին անգամ ըլլալով, ան Յունարէն գոյական մը կը գործածէ որ «գթութիւն» թարգմանուած է։ Այս գոյականը յառաջ կու գայ բառէ մը որ ուրիշի մը տառապանքին նկատմամբ վիշտ արտայայտելու համար կը գործածուի։ Այս կերպով, Պօղոս կը նկարագրէ Աստուծոյ կարեկցութիւնը՝ նեղութենէ տառապող Իր հաւատարիմ ծառաներէն ոեւէ մէկուն հանդէպ. կարեկցութիւն՝ որ զինք կը մղէ անոնց ի նպաստ ողորմածօրէն գործելու։ Վերջապէս, Պօղոս՝ Եհովան «գթութեան Հայրը» կոչելով, այս բաղձալի յատկութեան աղբիւրը կը բնորոշէ։
7. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Եհովա «ամէն մխիթարութեան Աստուած»ն է։
7 Աստուծոյ ‘գութը’՝ նեղութենէ տառապողին հանգստութիւն կը պատճառէ։ Ուստի, Պօղոս կը շարունակէ Եհովան նկարագրել որպէս «ամէն մխիթարութեան Աստուածը»։ Հետեւաբար, մեր հաւատակիցներու ցուցաբերած ազնուութենէն ի՛նչ մխիթարութիւն որ ստանանք, Եհովա՛ն կրնանք նկատել որպէս ատոր աղբիւրը։ Չկայ իսկական, մնայուն մխիթարութիւն մը որ Աստուծմէ ծագում չառնէ։ Ասկէ զատ, Ի՛նքն է որ մարդը իր պատկերով ստեղծեց, մխիթարիչներ ըլլալու որակելի դարձնելով մեզ։ Իսկ Աստուծոյ սուրբ հոգին է որ իր ծառաները կը մղէ, մխիթարութեան կարիքը ունեցողներուն հանդէպ գութ ցուցաբերելու։
-
-
Եհովայի տուած մխիթարութիւնը բաժնենքԴիտարան 1997 | Մարտ 1
-
-
8. Թէեւ Աստուած չէ մեր փորձութիւններուն աղբիւրը, սակայն նեղութիւններու տոկալը ի՞նչ օգտակար ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մեր վրայ։
8 Թէեւ Եհովա Աստուած իր հաւատարիմ ծառաներուն վրայ եկած զանազան փորձութիւնները կը թոյլատրէ, սակայն անոնց աղբիւրը ինք չէ։ (Յակոբու 1։13) Սակայն, մինչ նեղութիւններու կը տոկանք, անոր հայթայթած մխիթարութիւնը կրնայ մեզ մարզել ուրիշներու կարիքներուն աւելի զգայուն ըլլալու։ Ի՞նչ արդիւնքով։ «Որպէս զի մենք կարող ըլլանք մխիթարել զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են, այն մխիթարութիւնովը որով մենք Աստուծմէ կը մխիթարուինք»։ (Բ. Կորնթացիս 1։4) Այսպէս, Եհովա կը մարզէ մեզ որ իր մխիթարութիւնը ազդուօրէն բաժնենք հաւատակիցներու եւ ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած անհատներուն հետ, մինչ Քրիստոսը կ’ընդօրինակենք ու ‘սգաւորները կը մխիթարենք’։—Եսայեայ 61։2. Մատթէոս 5։4
-