Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Հի՛մա է փրկութեան օրը
    Դիտարան 1999 | Յունուար 1
    • 12. Եհովայի դեսպաններն ու պատուիրակները ի՞նչ կարեւոր ծառայութիւն մը կը մատուցանեն։

      12 Փրկուելու համար, պէտք է Պօղոսի խօսքերուն համաձայն գործենք. «Ուստի մենք ալ [Եհովայի] գործակից ըլլալով՝ կ’աղաչենք որ Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ ընդունած չըլլաք։ Վասն զի ‘Ընդունելի ժամանակի մը մէջ լսեցի քեզի, կ’ըսէ, եւ փրկութեան օրը օգնութիւն ըրի քեզի’։ Ահա՛ հիմա է ընդունելի ժամանակը, ահա՛ հիմա է փրկութեան օրը»։ (Բ. Կորնթացիս 6։1, 2) Եհովայի օծեալ դեսպաններն ու իր պատուիրակները՝ «ուրիշ ոչխարներ»ը, իրենց երկնաւոր Հօր շնորհքը պարապ տեղ չեն ընդունիր։ (Յովհաննու 10։16) Այս «ընդունելի ժամանակ»ին մէջ իրենց ուղիղ վարքով եւ նախանձախնդիր ծառայութեամբ, անոնք աստուածային հաճութիւնը կը փնտռեն եւ երկրի բնակիչներուն կը տեղեկացնեն որ հիմա է «փրկութեան օրը»։

  • Հի՛մա է փրկութեան օրը
    Դիտարան 1999 | Յունուար 1
    • 15. Ե՞րբէն ի վեր հոգեւոր Իսրայելացիները ջանացած են Աստուծոյ շնորհքին արժանի ըլլալնին փաստել, եւ ի՞նչ նպատակակէտով։

      15 Պօղոս Եսայեայ 49։8–ը կիրարկեց օծեալ Քրիստոնեաներուն, անոնց աղաչելով որ ‘Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ ընդունած չըլլան’, թերանալով իր բարեհաճութիւնը փնտռել «ընդունելի ժամանակ»ին եւ իր հայթայթած «փրկութեան օր»ուան ընթացքին։ Պօղոս կ’աւելցնէ. «Ահա՛ հիմա է ընդունելի ժամանակը, ահա՛ հիմա է փրկութեան օրը»։ (Բ. Կորնթացիս 6։2) Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ի վեր, հոգեւոր Իսրայելացիները ջանացած են ապացուցանել որ Աստուծոյ շնորհքին արժանի են, որպէսզի «ընդունելի ժամանակ»ը՝ «փրկութեան օր» մը ըլլայ իրենց համար։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել