Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Եհովայի ողորմութիւնը ընդօրինակեցէք
    Դիտարան 1998 | Հոկտեմբեր 1
    • 17. (ա) Առաջին դարու Կորնթոսի մէջ ի՞նչ իրավիճակ գոյութիւն ունէր, եւ Պօղոս ժողովքի անդամներուն ի՞նչ խրատ տուաւ այս հարցը ձեռք առնելու մասին։ (բ) Պօղոսի խրատը ինչո՞ւ գործնական էր, եւ ի՞նչպէս կրնանք զայն կիրարկել մեր օրերուն։ (Տես նաեւ շրջագիծը։)

      17 Այս ուղղութեամբ մենք մեզ քննելու համար, նկատի առէք թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ Կորնթոսի մէջ, Հ.Դ. 55–ի ատենները։ Հոն, մարդ մը որ ժողովքէն վտարուած էր, վերջապէս իր կեանքը մաքրեց։ Եղբայրները ի՞նչ պէտք էր ընէին։ Պէտք էր կասկածով դիտէին իր զղջումը եւ իրմէ խուսափէի՞ն։ Ընդհակառակը, Պօղոս հետեւեալ յորդորը տուաւ Կորնթացիներուն. «Աւելի ներել պէտք է անոր ու մխիթարել զայն, որ չըլլայ թէ այնպիսին չափազանց տրտմութենէն ընկղմի։ Ուստի կ’աղաչեմ ձեզի, որ անոր վրայ ձեր սէրը հաստատէք»։ (Բ. Կորնթացիս 2։7, 8) Յաճախ, զղջացող յանցագործները մասնաւորաբար աչքէ ինկած ըլլալու ու յուսահատութեան զգացումներու ենթակայ են։ Հետեւաբար, անոնք պէտք ունին զգալու որ իրենց հաւատակիցներուն ու Եհովայի կողմէ սիրուած են։ (Երեմեայ 31։3. Հռովմայեցիս 1։12) Ասիկա կենսական է. ինչո՞ւ։

  • Եհովայի ողորմութիւնը ընդօրինակեցէք
    Դիտարան 1998 | Հոկտեմբեր 1
    • 19 Եթէ հիմա միւս ծայրայեղութեան երթային եւ չներէին զղջացողին, Սատանան անոնց վրայ պիտի տիրէր ուրիշ կերպով մը։ Ի՞նչպէս։ Սատանան անոնց բիրտ ու անողորմ վերաբերմունքը կրնար օգտագործել։ Եթէ զղջացող մեղաւորը ‘չափազանց տրտմութենէն ընկղմէր’՝ կամ ‘յուսահատութեան մատնուէր’ (Անթիլիաս)՝ երէցները ի՜նչ ծանր պատասխանատուութիւն մը պիտի կրէին Եհովայի առջեւ։ (Բաղդատել՝ Եզեկիէլ 34։6. Յակոբու 3։1։) Ուրեմն տեղին ըլլալով, ‘պզտիկներէն մէկը գայթակղեցնելու’ դէմ իր հետեւորդները զգուշացնելէ ետք, Յիսուս ըսաւ. «Զգուշութիւն ըրէք ձեր անձերուն։ Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, յանդիմանէ զանիկա։ Եթէ ապաշխարէ, ներէ անոր։a —Ղուկաս 17։1-4

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել