Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ20 Յունիս էջ 17
  • Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Հոգիով պիտի ընթանա՞ս’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Աստուծոյ հոգիին թոյլ կու տա՞ս որ քեզ առաջնորդէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Շարունակէ ‘շատ պտուղ բերել’
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Մկրտուելէ ետք, շարունակէ «նոր անձնաւորութիւնը» հագնիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
դ20 Յունիս էջ 17

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Գաղատացիս 5։22, 23–ի (ՆԱ) մէջ նշուած յատկութիւնները, «Հոգիին պտուղ»ին միա՞կ երեսակներն են։

  • ՍԷՐ

  • ԽՆԴՈՒԹԻՒՆ

  • ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

  • ԵՐԿԱՅՆՄՏՈՒԹԻՒՆ

  • ՔԱՂՑՐՈՒԹԻՒՆ

  • ԲԱՐՈՒԹԻՒՆ

  • ՀԱՒԱՏՔ

  • ՀԵԶՈՒԹԻՒՆ

  • ԺՈՒԺԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Այդ համարներուն մէջ նշուած են ինը յատկութիւններ. «Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատք, հեզութիւն, ժուժկալութիւն»։ Սակայն պէտք չէ կարծենք թէ ասոնք միակ լաւ յատկութիւններն են, որոնք Աստուծոյ հոգին կրնայ մեզի օգնել որ մշակենք։

Նկատի առ թէ Պօղոս առաքեալ ի՛նչ գրեց նախորդող համարներուն մէջ. «Մարմնին գործերը յայտնի են, որոնք են՝ շնութիւն, պոռնկութիւն, պղծութիւն, գիջութիւն, կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւններ, կռիւներ, նախանձներ, բարկութիւններ, կամ հակառակութիւններ, երկպառակութիւններ, բաժանումներ, չար նայուածքներ, մարդասպանութիւններ, գինովութիւններ, անառակութիւններ ու ինչ որ ասոնց նման են» (Գաղ. 5։19-21)։ Ուստի Պօղոս կրնար ուրիշ բաներ ալ նշել որպէս «մարմնին գործեր», ինչպէս անոնք որոնք Կողոսացիս 3։5–ի մէջ նշուած են։ Նոյնպէս, ան ինը լաւ յատկութիւնները թուելէ ետք, ըսաւ. «Այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ»։ Ուրեմն Պօղոս չնշեց բոլոր այն լաւ յատկութիւնները, որոնք սուրբ հոգիին օգնութեամբ կրնանք մշակել։

Ասիկա յստակ կը դառնայ, երբ այս ցանկը բաղդատենք Պօղոսի հետեւեալ խօսքին հետ. «Լուսոյ պտուղը ամէն կերպ բարութիւնով, արդարութիւնով ու ճշմարտութիւնով է» (Եփ. 5։8, 9, ստորանիշ)։ Ուրեմն, «բարութիւն»ը «լուսոյ պտուղ»ին մաս կը կազմէ, եւ միեւնոյն ատեն «Հոգիին պտուղ»ին երեսակներէն մէկն է։

Նմանապէս, Պօղոս Տիմոթէոսը յորդորեց որ երթայ «արդարութեան, աստուածպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան ու հեզութեան ետեւէն»,– վեց լաւ յատկութիւններ (Ա. Տիմ. 6։11)։ Ասոնցմէ միայն երեքը (հաւատք, սէր եւ հեզութիւն) նշուած են որպէս «Հոգիին պտուղ»ին երեսակներ։ Սակայն Տիմոթէոս նաեւ սուրբ հոգիին օգնութիւնը պիտի ուզէր, որպէսզի միւս երեք յատկութիւնները մշակէր. արդարութիւն, աստուածպաշտութիւն եւ համբերութիւն (համեմատէ՛ Կողոսացիս 3։12. Բ. Պետրոս 1։5-7)։

Հետեւաբար, Գաղատացիս 5։22, 23–ը (ՆԱ) չի նշեր բոլոր այն յատկութիւնները, որ քրիստոնեաները պէտք է մշակեն։ Աստուծոյ հոգին կրնայ մեզի օգնել որ զարգացնենք «Հոգիին պտուղ»ին ինը երեսակները։ Բայց յաւելեալ յատկութիւններ ալ պէտք է զարգացնենք, որպէսզի հասուն քրիստոնեաներ ըլլանք եւ ‘նոր մարդը մեր վրայ հագնինք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է’ (Եփ. 4։24)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել