Ծանր աշխատեցէք ձեր ընտանիքին փրկութեանը համար
«Զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը [Եհովայի] վարժութիւնովն ու խրատովը»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6։4
1, 2. Ներկայիս ծնողներ ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։
ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ պարբերաթերթ մը յեղափոխութիւն կոչեց զայն։ Ասիկա յօդուածի մը մէջ էր, որ վերջին տարիներուն ընտանիքին մէջ տեղի ունեցած ապշեցուցիչ փոփոխութիւնները կը նկարագրէր։ Ըսուեցաւ որ անոնք «ամուսնալուծման, վերամուսնութեան, վերամուսնալուծման, ապօրինութեան համաճարակի մը եւ անխախտ ընտանիքներուն մէջ նոր լարուածութիւններուն հետեւանքն» են։ Այսպիսի ձգտուածութիւններ եւ լարուածութիւններ զարմանալի չեն, քանի որ Աստուածաշունչը նախագուշակած էր որ այս «վերջին օրեր»ուն, մարդիկ «չար ժամանակներ» պիտի դիմագրաւէին։—Բ. Տիմոթէոս 3։1–5
2 Հետեւաբար, ծնողներ նախկին սերունդներուն անծանօթ եղած դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Թէեւ մեր մէջ կան ծնողներ որոնք իրենց զաւակները ‘մանկութենէն’ բարեպաշտութեան մէջ մեծցուցած են, սակայն շատ մը ընտանիքներ վերջերս սկսած են ‘ճշմարտութեան մէջ քալել’։ (Բ. Տիմոթէոս 3։15. Գ. Յովհաննու 4) Իրենց զաւակները թերեւս մեծ էին, երբ ծնողներ սկսան Աստուծոյ ճամբաները սորվեցնել անոնց։ Ասկէ զատ, մեր մէջ կը գտնուին երթալով աւելցող մէկ ծնողով ընտանիքներ եւ խորթ–ընտանիքներ։ Ինչ ալ ըլլայ ձեր պարագան, Պօղոս առաքեալի խրատը ձեզի ալ կը կիրարկուի. «Զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։—Եփեսացիս 6։4
Քրիստոնեայ Ծնողները եւ Անոնց Դերերը
3, 4. (ա) Ի՞նչ ազդակներ պատճառ եղած են հայրերու դերին նուազման։ (բ) Քրիստոնեայ հայրերը ինչո՞ւ միայն հաց ճարողներ պէտք չէ ըլլան։
3 Նկատի առէք որ Եփեսացիս 6։4–ին մէջ, Պօղոս իր խօսքը կ’ուղղէ գլխաւորաբար «հայրեր»ուն։ Գրող մը կը բացատրէ որ նախկին սերունդներուն «հայրերը իրենց զաւակներուն բարոյական եւ հոգեւոր աճման պատասխանատու էին. հայրերը իրենց զաւակներուն դաստիարակութեան պատասխանատու էին։ ... Բայց Ճարտարարուեստական Յեղափոխութիւնը այս մտերմութիւնը անոնցմէ խլեց։ Հայրերը իրենց ագարակներն ու խանութները ձգեցին, իրենց տուները ձգեցին, գործարաններու եւ հետագային գրասենեակներու մէջ աշխատելու համար։ Մայրերը սկսան շատ մը պարտականութիւններ կատարել, որոնց նախապէս պատասխանատու էին հայրերը։ Երթալով, հայրութիւնը վերացական դարձաւ»։
4 Ո՛վ Քրիստոնեայ այրեր, միայն հաց ճարողներ ըլլալով մի՛ գոհանաք, ձեր զաւակներուն բոլոր մարզումն ու հոգատարութիւնը ձեր կիներուն վրայ ձգելով։ Առակաց 24։27–ն հետեւեալ յորդորը կու տար նախկին ժամանակներու հայրերուն. «Դուրսի գործդ կանոնաւորէ եւ զանիկա քու արտիդ մէջ կարգի դիր ու տունդ ետքը շինէ»։ Այսօր ալ, աշխատող մը ըլլալով, ապրուստ ճարելու համար թերեւս հարկ ըլլայ որ դուք երկար ժամեր եւ ծանր աշխատիք։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Բայց անկէ ետք, հաճեցէք ժամանակ յատկացնել զգացական եւ հոգեւոր գետնի վրայ ‘ձեր տունը շինելուն’։
5. Քրիստոնեայ կիներ ինչպէ՞ս կրնան իրենց ընտանիքին փրկութեանը համար աշխատիլ։
5 Ո՛վ Քրիստոնեայ կիներ, դուք ալ ծանր պէտք է աշխատիք ձեր ընտանիքին փրկութեանը համար։ Առակաց 14։1–ը կ’ըսէ. «Իմաստուն կիները իրենց տուները կը շինեն»։ Կողակիցներ ըլլալով, դուք եւ ձեր ամուսինը ձեր զաւակները մարզելու պատասխանատուութիւնը ունիք։ (Առակաց 22։6. Մաղաքեայ 2։14) Ասիկա կը բովանդակէ ձեր զաւակները կրթել, զանոնք Քրիստոնէական ժողովներու եւ ծառայութեան համար պատրաստել, կամ նոյնիսկ ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը վարել, երբ ձեր ամուսինը ասիկա ընելու ի վիճակի չէ։ Նաեւ կրնաք ձեր զաւակներուն սորվեցնել առտնին պարտականութիւններ, քաղաքավարութիւն, ֆիզիքական մաքրութիւն եւ ուրիշ բազմաթիւ օգտակար բաներ։ (Տիտոս 2։5) Երբ ամուսիններ եւ կիներ այս կերպով կը համագործակցին, անոնք աւելի լաւ կերպով կրնան իրենց զաւակներուն կարիքներուն հոգ տանիլ։ Ի՞նչ են այդ կարիքներէն ոմանք։
Անոնց Զգացական Կարիքներուն Հոգ Տարէք
6. Մայրեր եւ հայրեր ի՞նչ դեր կը խաղան իրենց զաւակներուն զգացական զարգացման մէջ։
6 Երբ «դայեակ մը» «իր երախաները կը խնամէ», անոնք ապահով, պաշտպանուած եւ սիրուած կը զգան։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7. Սաղմոս 22։9) Դժուար է որ մայրեր իրենց մանուկները չողողեն հոգածութեամբ։ Եսայի մարգարէն հարցուց. «Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ, այնպէս որ իր որովայնին ծննդեանը վրայ չի գթայ»։ (Եսայեայ 49։15) Հետեւաբար, մայրերը կարեւոր դեր մը կը խաղան զաւակներուն զգացական զարգացման մէջ։ Սակայն, այս մարզին մէջ, հայրերը նուազ կարեւոր դեր մը չունին։ Ընտանեկան դաստիարակ Փոլ Լէվիս կ’ըսէ. «Բնաւ չեմ ունեցած նոյնիսկ մէկ դաստիարակ որ [յանցագործ] զաւկէ մը լսէ թէ իր հօրը հետ լաւ յարաբերութիւն մը ունեցած է։ Ոչ իսկ մէկ հոգի՝ հարիւրաւորներուն մէջէն»։
7, 8. (ա) Եհովա Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն միջեւ զօրաւոր կապի ի՞նչ ապացոյց կայ։ (բ) Հայրերը ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն հետ սիրալիր կապ մը հաստատել։
7 Հետեւաբար, կենսական է որ Քրիստոնեայ հայրեր հոգածութեամբ սիրոյ կապեր հաստատեն իրենց զաւակներուն հետ։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի պարագան։ Յիսուսի մկրտութեան, Եհովա ըսաւ. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի հաւնեցայ»։ (Ղուկաս 3։22) Այս քանի մը բառերուն մէջ շա՜տ բան կ’արտայայտուի։ Եհովա (1) իր որդին ընդունեց, (2) Յիսուսի հանդէպ իր սէրը բացայայտօրէն արտայայտեց եւ (3) իր հաճութիւնը գիտցուց Յիսուսի։ Բայց, ասիկա միակ անգամը չէր որ Եհովա իր սէրը կ’արտայայտէր իր Որդւոյն հանդէպ։ Հետագային, Յիսուս իր Հօրը ըսաւ. «Դուն զիս սիրեցիր աշխարհի սկիզբէն առաջ»։ (Յովհաննու 17։24) Արդարեւ, բոլոր հնազանդ տղաքն ու աղջիկները կարիքը չունի՞ն որ իրենց հայրերը զիրենք ընդունին, սիրեն եւ իրենց հաճին։
8 Եթէ հայր մըն էք, հաւանաբար շատ մը կերպերով կրնաք ձեր զաւակներուն հետ սիրալիր կապ մը հաստատել, կանոնաւորաբար սիրոյ պատշաճ արտայայտութիւններ ունենալով, թէ՛ արարքով եւ թէ խօսքով։ Ճիշդ է որ կարգ մը այր մարդիկ դժուարութիւն ունին իրենց սէրը ցուցաբերելու մէջ, մանաւանդ երբ բացայայտ գուրգուրանք բնաւ չեն տեսած իրենց հօրմէն։ Բայց ձեր զաւակներուն հանդէպ սիրոյ արտայայտութեան նոյնիսկ անճարակ փորձ մը կրնայ զօրաւոր տպաւորութիւն ձգել։ Արդարեւ, «սէրը շինութիւն կ’ընէ»։ (Ա. Կորնթացիս 8։1) Եթէ ձեր զաւակները ապահով կը զգան ձեր հայրական սիրոյ պատճառաւ, այն ատեն աւելի հակամէտ պիտի ըլլան ‘իրական տղաք եւ աղջիկներ’ ըլլալու եւ ազատ պիտի զգան իրենց գաղտնիքները ձեզի յայտնելու։—Առակաց 4։3, ՆԱ։
Անոնց Հոգեւոր Կարիքներուն Հոգ Տարէք
9. (ա) Իսրայելացի աստուածավախ ծնողներ ինչպէ՞ս իրենց ընտանիքին հոգեւոր կարիքներուն հոգ կը տանէին։ (բ) Քրիստոնեաները իրենց զաւակներուն անպաշտօն կերպով սորվեցնելու ի՞նչ առիթներ ունին։
9 Զաւակները հոգեւոր կարիքներ ալ ունին։ (Մատթէոս 5։3) Մովսէս Իսրայելացի ծնողներուն հետեւեալ յորդորը տուաւ. «Այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու եւ ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր»։ (Բ. Օրինաց 6։6, 7) Եթէ Քրիստոնեայ ծնող մըն էք, կրնաք անպաշտօն կերպով շատ բան սորվեցնել, զոր օրինակ, «ճամբայ քալած ատեն»։ Երբ ինքնաշարժով կը ճամբորդէք, գնում կ’ընէք, կամ երբ ձեր զաւակներուն հետ տունէ–տուն կը քարոզէք, կրնաք այս լաւ առիթներէն օգտուիլ հանգիստ կերպով անոնց լաւ դաստիարակութիւն մը տալու համար։ Ճաշի պահերը մասնաւորաբար լաւ առիթներ են ընտանեկան խօսակցութեան համար։ «Մենք ճաշի ժամերը կը գործածենք օրուան մէջ պատահած բաներուն մասին խօսակցելու համար», կը բացատրէ մայր մը։
10. Ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը երբեմն ինչո՞ւ դժուար է, եւ ծնողներ պէտք է վճռեն ի՞նչ ընել։
10 Սակայն, ձեր զաւակներուն հետ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութեան պաշտօնական դաստիարակութիւնն ալ կենսական է։ Ճիշդ է որ «մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է»։ (Առակաց 22։15) Կարգ մը ծնողներ կ’ըսեն որ իրենց զաւակները կրնան շատ դիւրութեամբ խանգարել ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը։ Ինչպէ՞ս։ Իրենց տեղը հանգիստ չկենալով եւ ձանձրոյթ յայտնելով, չղայնացուցիչ խաղեր ընելով (զոր օրինակ՝ իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ կռուելով), կամ Աստուածաշունչի հիմնական ճշմարտութիւններուն անգէտ ըլլալ ձեւացնելով։ Եթէ հարցը ‘որո՛ւ ուզածը պիտի ըլլայ’ աստիճանին հասնի, ծնողքին ուզածը պէտք է ըլլայ։ Քրիստոնեայ ծնողները տեղի պէտք չէ տան թոյլ տալով որ զաւակները տիրեն ընտանիքին։—Բաղդատել Գաղատացիս 6։9։
11. Ինչպէ՞ս կարելի է ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը հաճելի դարձնել։
11 Եթէ ձեր զաւակները ընտանեկան ուսումնասիրութենէն հաճոյք չեն առներ, թերեւս կարելի է կարգ մը փոփոխութիւններ ընել։ Օրինակի համար, արդեօք ուսումնասիրութիւնը կ’օգտագործէք որպէս առիթ ձեր զաւկին վերջին յանցագործութի՞ւնը աչքէ անցնելու համար։ Թերեւս աւելի լաւ պիտի ըլլար այսպիսի հարցեր անջատաբար նկատի առնել։ Ձեր ուսումնասիրութիւնը կանոնաւո՞ր է։ Եթէ ձեր նախասիրած հեռատեսիլի յայտագրի մը կամ մարմնամարզանքի մը առիթով զայն չեղեալ համարէք, հաւանական է որ ձեր զաւակները շատ լուրջի չառնեն ուսումնասիրութիւնը։ Ուսումնասիրութիւնը վարելու կերպին մէջ ջանադիր եւ խանդավա՞ռ էք։ (Հռովմայեցիս 12։8) Այո, ուսումնասիրութիւնը հաճելի պէտք է ըլլայ։ Ջանացէք բոլոր երախաներն ալ պարփակել։ Դրական ու կերտիչ եղէք, ձեր զաւակները ջերմօրէն գովելով իրենց մասնակցութեանը համար։ Պարզապէս նիւթը վերջացնելու մի՛ նայիք, այլ փորձեցէք անոնց սրտին հասնիլ։—Առակաց 23։15
Արդարութեան մէջ Խրատել
12. Կրթութիւնը ինչո՞ւ միշտ ֆիզիքական պատիժ չի պարփակեր։
12 Զաւակները կրթութեան մեծ կարիքն ալ ունին։ Որպէս ծնողներ, անոնց սահմանագծեր պէտք է դնէք։ Առակաց 13։24–ը կ’ըսէ. «Գաւազանին խնայողը իր որդին կ’ատէ, բայց իր որդին սիրողը կանուխ կը խրատէ»։ Սակայն Աստուածաշունչը ըսել չուզեր որ խրատը անպայման ֆիզիքական պատիժ մը պէտք է ըլլայ։ Առակաց 8։33–ը կ’ըսէ. ‘Խրատի մտիկ ըրէ’, իսկ մեզի ըսուած է որ «մէկ յանդիմանութիւնը խոհեմ մարդուն աւելի կ’ազդէ, քան թէ հարիւր գաւազանի հարուած՝ յիմարին»։—Առակաց 17։10
13. Կրթութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է տրուի զաւկի մը։
13 Երբեմն, որոշ ֆիզիքական պատիժ մը կրնայ տեղին ըլլալ։ Սակայն, երբ անիկա բարկութեամբ կատարուի, հաւանական է որ չափազանցուի եւ նպատակին չծառայէ։ Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ. «Հա՛յրեր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, որպէսզի չվհատին»։ (Կողոսացիս 3։21) Արդարեւ, «բռնութիւնը իմաստունը յիմար կ’ընէ»։ (Ժողովողի 7։7) Դառնացած երիտասարդ մը կրնայ նոյնիսկ արդար սկզբունքներու դէմ ըմբոստանալ։ Ուստի, ծնողներ Սուրբ Գրութիւնները պէտք է գործածեն իրենց զաւակները արդարութեան մէջ հաստատամտութեամբ կրթելու համար, բայց՝ հաւասարակշռուած կերպով։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Աստուածային կրթութիւնը՝ սիրով եւ մեղմութեամբ կը տրուի։—Բաղդատել Բ. Տիմոթէոս 2։24, 25։a
14. Ծնողները ի՞նչ պէտք է ընեն, եթէ զգան որ բարկութեան անձնատուր պիտի ըլլան։
14 Անշուշտ, «ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք»։ (Յակոբու 3։2) Նոյնիսկ սովորաբար սիրալիր ծնող մը կրնայ պարագայի ճնշումէն բռնուիլ եւ անազնիւ բան մը ըսել կամ բարկանալ։ (Կողոսացիս 3։8) Եթէ այսպիսի բան մը պատահի, թոյլ մի՛ տաք որ արեւը մար մտնէ վշտի մէջ եղող ձեր զաւկին կամ ձեր բարկացած վիճակին վրայէն։ (Եփեսացիս 4։26, 27) Ձեր զաւկին հետ հարցը լուծեցէք, եթէ հարկ ըլլայ՝ ներողութիւն խնդրելով։ (Բաղդատել Մատթէոս 5։23, 24։) Այսպիսի խոնարհութիւն ցուցաբերելը ձեզ աւելի կը մօտեցնէ իրարու։ Եթէ կը զգաք որ դուք չէք կրնար ձեր բարկութիւնը զսպել եւ բարկութեան անձնատուր կ’ըլլաք, ժողովքի նշանակուած երէցներէն օգնութիւն խնդրեցէք։
Մէկ Ծնողով Ընտանիքներ եւ Խորթ–Ընտանիքներ
15. Ինչպէ՞ս կարելի է մէկ ծնողով զաւակներուն օգնել։
15 Սակայն, բոլոր զաւակներն ալ երկու ծնողներու՝ թէ՛ հօր եւ թէ մօր՝ հոգատարութիւնը չունին։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, երախաներուն չորսէն մէկը կը մեծնայ մէկ ծնողի կողմէ։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն ‘հայր չունեցող որբեր’ սովորական էին եւ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, անոնց հոգատարութեան մասին կրկին անգամ յիշատակութիւն եղած է։ (Ելից 22։22, ՆԱ) Ներկայիս, մէկ ծնողով Քրիստոնեայ ընտանիքներն ալ ճնշումներ եւ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, բայց անոնք կրնան մխիթարուիլ գիտնալով որ Եհովա «որբերուն հայրը ու որբեւարիներուն դատաւոր»ն է։ (Սաղմոս 68։5) Քրիստոնեաներուն քաջալերութիւն տրուած է որ ‘որբերուն ու որբեւարիներուն այցելեն նեղութեան ատեն’։ (Յակոբու 1։27) Հաւատակիցներ կրնան շատ մը կերպերով մէկ ծնողով ընտանիքներուն օգնել։b
16. (ա) Առանձին ծնողներ անձնապէս ի՞նչ պէտք է ընեն իրենց ընտանիքին օգնելու համար։ (բ) Կրթութիւնը ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ, սակայն անիկա ինչո՞ւ պէտք է տրուի։
16 Եթէ դուք մէկ ծնող մըն էք, դուք անձամբ ի՞նչ կրնաք ընել ձեր ընտանիքին օգտին համար։ Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութեան, ժողովներուն ներկայ ըլլալուն եւ քարոզչութեան մէջ պարտաճանաչ պէտք է ըլլաք։ Կրթութիւնը, սակայն, մասնաւորաբար դժուար պարտականութիւն մըն է։ Թերեւս տակաւին ձեր սիրելի կողակիցին մահուան վրայ կ’ողբաք։ Կամ թերեւս ամուսնական քայքայման համար յանցապարտութեան կամ զայրոյթի զգացումներու հետ կը մաքառիք։ Եթէ զաւակներուն պահպանութիւնը երկուքիդ յանձնուած է, թերեւս նոյնիսկ վախնաք որ ձեր զաւակը նախընտրէ զատուած կամ ամուսնալուծուած կողակիցին հետ մնալ։ Այսպիսի վիճակներ կրնան զգացականօրէն դժուարացնել կրթութեան մատակարարումը։ Սակայն, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «իր կամքին ձգուած տղան իր մայրը կ’ամչցնէ»։ (Առակաց 29։15) Ուստի, ձեր նախկին կողակիցին համար յանցապարտութեան զգացում, խղճահարութիւն, կամ զգացական ընկճուածութիւն մի՛ ունենաք։ Տրամաբանական եւ անխախտ չափանիշներ դրէք։ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն մէջ համակերպումներ մի՛ ընէք։—Առակաց 13։24
17. Մէկ ծնողով ընտանիքին անդամներուն դերերը ինչո՞ւ կրնան շփոթ ըլլալ, եւ ինչպէ՞ս կարելի է ասոր առաջքը առնել։
17 Սակայն, կրնան դժուարութիւններ ծագիլ, եթէ առանձին մայր մը իր տղուն հետ վարուի որպէս իր ամուսնոյն փոխանորդը՝ որպէս տան մարդը՝ կամ իր աղջիկը նկատէ որպէս գաղտնեկից մը, իր ներքնագոյն խնդիրներով բեռնաւորելով զայն։ Այսպէս վարուիլը տեղին չէ եւ շփոթութեան կը մատնէ զաւակ մը։ Երբ ծնողի եւ զաւկի դերերը շփոթ ըլլան, կրթութիւն տալը կրնայ իր կշիռը կորսնցնել։ Պէտք է գիտցուի որ դուք էք ծնողը։ Եթէ մայր մըն էք եւ սուրբ գրային խրատի կարիքը ունիք, երէցներէն կամ ուրիշ աւելի տարեց հասուն քրոջմէ մը օգնութիւն խնդրեցէք։—Բաղդատել Տիտոս 2։3–5։
18, 19. (ա) Խորթ–ընտանիքներու դիմագրաւած կարգ մը դժուարութիւնները ի՞նչ են։ (բ) Խորթ–ընտանիքի մը մէջ, ծնողներ եւ զաւակներ ինչպէ՞ս կրնան իմաստութիւն եւ ներատեսութիւն ցուցաբերել։
18 Խորթ–ընտանիքներն ալ դժուարութիւն կը դիմագրաւեն։ Յաճախ, խորթ–ծնողներ կը տեսնեն որ իրենց խորթ–զաւակներուն հետ «անմիջական սէր» հաստատելը դիւրին չէ։ Օրինակի համար, խորթ–զաւակները կրնան շատ դիւրազգաց ըլլալ հարազատ զաւակներու հանդէպ ցոյց տրուած երեւութական նախասիրութեան համար։ (Բաղդատել Ծննդոց 37։3, 4։) Իրականութեան մէջ, այդ զաւակները թերեւս մեկնող ծնողին համար իրենց զգացած վշտին հետ կը մաքառին եւ կը վախնան որ խորթ–ծնող մը սիրելը իրենց հարազատ հօրը կամ մօրը հանդէպ կերպով մը անհաւատարմութիւն պիտի ըլլար։ Հարկ եղած կրթութիւնը տալու փորձերը կրնան հետեւեալ կատաղի վերյիշեցումին հանդիպիլ. ‘Դուն իմ իրական ծնողս չե՛ս’։
19 Առակաց 24։3–ը կ’ըսէ. «Տունը իմաստութեամբ կը շինուի ու հանճարով [ներատեսութեամբ (ՆԱ)] կը հաստատուի»։ Արդարեւ, խորթ–ընտանիք մը յաջողակ ըլլալու համար, բոլորին կողմէ իմաստութիւն եւ ներատեսութիւն կը պահանջուի։ Ժամանակի ընթացքին, զաւակները պէտք է ընդունին այն դառն իրողութիւնը թէ իրերը փոխուած են։ Խորթ–ծնողներն ալ պէտք է սորվին համբերող ու կարեկից ըլլալ, շուտով չվիրաւորուելով, երբ մերժուած զգան։ (Առակաց 19։11. Ժողովողի 7։9) Դաստիարակի դերը կատարելէ առաջ, աշխատեցէք բարեկամութիւն հաստատել ձեր խորթ–զաւկին հետ։ Եթէ այս կապը չհաստատուի, ոմանք թերեւս խորհին թէ աւելի լաւ է կրթութեան հարցը հարազատ ծնողին ձգել։ Երբ լարուածութիւններ ծագին, հաղորդակցելու համար ջանք պէտք է թափել։ «Խրատին մտիկ ընողներուն [իրարու հետ խորհրդակցողներուն (ՆԱ)] քով իմաստութիւն կայ», կ’ըսէ Առակաց 13։10–ն։c
Շարունակեցէք Աշխատիլ Ձեր Ընտանիքին Փրկութեանը Համար
20. Քրիստոնէական ընտանիքներու գլուխները պէտք է շարունակեն ի՞նչ ընել։
20 Քրիստոնեայ զօրաւոր ընտանիքներ ունենալը դիպուածի մնացած հարց մը չէ։ Ո՛վ ընտանիքի գլուխներ, դուք պէտք է շարունակէք ծանր աշխատիլ ձեր ընտանիքին փրկութեանը համար։ Արթուն եղէք, որեւէ վատառողջ գծեր կամ աշխարհային հակումներ նշմարելու։ Խօսքի, վարքի, սիրոյ, հաւատքի եւ մաքրութեան մէջ լաւ օրինակ հանդիսացէք։ (Ա. Տիմոթէոս 4։12) Աստուծոյ հոգիին պտուղները ցուցաբերեցէք։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Ձեր զաւակներուն Աստուծոյ ճամբաները սորվեցնելու համար, համբերութիւնը, փափկանկատութիւնը, ներողամտութիւնը եւ քաղցրութիւնը թիկունք պիտի կանգնին ձեր ջանքերուն։—Կողոսացիս 3։12–14
21. Ինչպէ՞ս կարելի է տան մէջ ջերմ, ուրախ մթնոլորտ մը պահել։
21 Աստուծոյ օգնութեամբ, ջանացէք ձեր տան մէջ ուրախ, ջերմ հոգի մը պահել։ Միասնաբար ժամանակ անցուցէք որպէս ընտանիք, օրական առնուազն անգամ մը միասնաբար ճաշել ջանալով։ Քրիստոնէական ժողովները, քարոզչութիւնը եւ ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը կենսական են։ Սակայն, «ծիծաղելու ժամանակ ... ու կաքաւելու ժամանակ» ալ կայ։ (Ժողովողի 3։1, 4) Այո, կերտիչ զբօսանքի պահեր ալ ունեցէք ձեր յայտագրին մէջ։ Ամբողջ ընտանիքին համար հաճելի է թանգարաններ, կենդանաբանական պարտէզներ եւ նման տեղեր այցելել։ Կամ հեռատեսիլը մարելով, կրնաք միասնաբար երգել, երաժշտութիւն ունկնդրել, խաղեր ընել եւ խօսակցիլ։ Ասիկա կ’օգնէ որ ընտանիքի անդամները իրարու հետ աւելի մտերմանան։
22. Ինչո՞ւ ծանր պէտք է աշխատիք ձեր ընտանիքին փրկութեանը համար։
22 Ո՛վ Քրիստոնեայ ծնողներ, Եհովան մեծապէս հաճեցնելու համար շարունակեցէք աշխատիլ, «բարի գործերով պտղաբեր» ըլլալով ու «Աստուծոյ գիտութիւնովը» աճելով։ (Կողոսացիս 1։10) Ձեր ընտանիքը կերտեցէք Աստուծոյ Խօսքին հնազանդելու զօրաւոր հիմին վրայ։ (Մատթէոս 7։24–27) Իսկ վստահ եղէք որ ձեր զաւակները Եհովայի «վարժութիւնովն ու խրատովը» մեծցնելու ձեր ջանքերը իր հաճութեան պիտի արժանանան։—Եփեսացիս 6։4
[Ստորանիշ էջ 29]
a Տես, Զարթի՛ր Սեպտեմբեր 8, 1992–ի Անգլերէն թիւին մէջ «Աստուածաշունչի Տեսակէտը. ‘Կրթութեան Գաւազանը’ Ժամանակավրէ՞պ Է» խորագրով յօդուածը։
[Ստորանիշ էջ 30]
b Տես Դիտարան 15 Սեպտեմբեր 1980–ի Անգլերէն թիւը, էջ 15–26։
[Ստորանիշ էջ 31]
c Տես Դիտարան 15 Հոկտեմբեր 1984–ի Անգլերէն թիւը, էջ 21–25։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ամուսին եւ կին իրենց ընտանիքը կերտելու մէջ ինչպէ՞ս պէտք է համագործակցին։
◻ Զաւակներու զգացական կարգ մը կարիքները ի՞նչ են, եւ ինչպէ՞ս կարելի է անոնց գոհացում տալ։
◻ Տան գլուխները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն սորվեցնել թէ՛ պաշտօնական եւ թէ անպաշտօն կերպով։
◻ Ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան արդարութեան մէջ խրատել։
◻ Ի՞նչ կարելի է ընել մէկ ծնողով եւ խորթ–ծնողով ընտանիքներուն օգտին համար։
[Նկար՝ էջ 31]
Զաւկի մը զգացական զարգացման համար, հօր մը սէրն ու հաճութիւնը կարեւոր են