Ուրախութեամբ հպատակինք հեղինակութեան
«Սրտանց հնազանդեցաք»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6։17
1, 2. (ա) Այսօր աշխարհին մէջ ի՞նչ հոգի բացայայտ է, եւ անոր աղբիւրն ու ազդեցութիւնը ի՞նչ են։ (բ) Եհովայի նուիրուած ծառաները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան թէ իրենք տարբեր են։
‘ԱՅՆ հոգին որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ’ ահաւոր կերպով բացայայտ է ներկայիս։ Անիկա անսանձ անկախութեան հոգի մըն է, որ ծագում կ’առնէ Սատանայէն՝ «օդին իշխանութեանը իշխան»էն։ Այս հոգին՝ այս «օդ»ը, կամ անձնասիրութեան եւ անհնազանդութեան տիրապետող կեցուածքը, «իշխանութիւն», կամ ոյժ, կը բանեցնէ մարդկութեան մեծամասնութեան վրայ։ Ահաւասիկ պատճառներէն մէկը թէ աշխարհը ի՛նչու հեղինակութեան տագնապ կոչուած բանէն կը տառապի։—Եփեսացիս 2։2
2 Բարեբախտաբար, ներկայիս ապրող Եհովայի նուիրուած ծառաները իրենց հոգեւոր թոքերը այս ապականած «օդ»ով՝ կամ ըմբոստութեան հոգիով՝ չեն լեցներ։ Անոնք գիտեն որ «Աստուծոյ բարկութիւնը կու գայ անհնազանդութեան որդիներուն վրայ»։ Պօղոս առաքեալ կ’աւելցնէ. «Ուստի անոնց հաղորդ մի՛ ըլլաք»։ (Եփեսացիս 5։6, 7) Ընդհակառակը, ճշմարիտ Քրիստոնեաները կը ջանան ‘Եհովայի հոգիո՛վ լեցուիլ’ եւ ‘վերին իմաստութենէն’ կը խմեն, որ «սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու»։—Եփեսացիս 5։17, 18. Յակոբու 3։17
Եհովայի Գերիշխանութեան Յօժարակամ Հպատակութիւն
3. Յօժարակամ հպատակութեան բանալին ի՞նչ է, եւ պատմութիւնը մեզի ի՞նչ մեծ դաս կը սորվեցնէ։
3 Յօժարակամ հպատակութեան բանալին օրինական հեղինակութեան ճանաչումն է։ Մարդկութեան պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ Եհովայի գերիշխանութիւնը մերժելը երջանկութիւն չի բերեր։ Անոր մերժումը երջանկութիւն չբերաւ Ադամի ու Եւայի, ո՛չ ալ անոնց ըմբոստութիւնը հրահրողին՝ Բանսարկու Սատանային։ (Ծննդոց 3։16-19) Իր ներկայ նուաստացած վիճակին մէջ, Սատանան «շատ բարկացած է» գիտնալով որ իր ժամանակը կարճ է։ (Յայտնութիւն 12։12) Մարդկութեան, այո, ամբողջ տիեզերքի խաղաղութիւնն ու երջանկութիւնը Եհովայի արդար գերիշխանութեան տիեզերական ճանաչումէն կախեալ են։—Սաղմոս 103։19-22
4. (ա) Եհովա կ’ուզէ որ իր ծառաները ի՞նչպիսի հպատակութիւն եւ հնազանդութիւն ցուցաբերեն։ (բ) Ի՞նչ բանէ համոզուած պէտք է ըլլանք, եւ սաղմոսերգուն ինչպէ՞ս ասիկա կ’արտայայտէ։
4 Սակայն, իր հոյակապօրէն հաւասարակըշռուած յատկութիւններուն պատճառաւ, Եհովա պաղ հնազանդութեամբ չի բաւարարուիր։ Այո, ան զօրեղ է իսկապէս, բայց բռնակալ մը չէ։ Ան սիրոյ Աստուած մըն է եւ կ’ուզէ որ իր մտացի արարածները կամաւ, սէրէ մղուած, իրեն հնազանդին։ Ան կ’ուզէ որ անոնք իր գերիշխանութեան հպատակին, քանի որ սրտանց ընտրած են իր արդար ու օրինական հեղինակութեան ներքեւ գալ, համոզուած ըլլալով որ իրեն յաւիտեան հնազանդելէն աւելի լաւ բան գոյութիւն չունի։ Եհովա իր տիեզերքին մէջ կ’ուզէ այն անձը որ կը բաժնէ սաղմոսերգուին զգացումները. «Տէրոջը օրէնքը կատարեալ է, հոգին կը նորոգէ. Տէրոջը վկայութիւնը ճշմարիտ է, տգէտը իմաստուն կ’ընէ։ Տէրոջը կանոնները շիտակ են, սիրտը կ’ուրախացնեն։ Տէրոջը պատուիրանքները պայծառ են, աչքերուն լոյս կու տան։ Տէրոջը վախը սուրբ է, յաւիտեան կը մնայ։ Տէրոջը դատաստանները ճշմարիտ ու բոլորովին արդար են»։ (Սաղմոս 19։7-9) Եհովայի գերիշխանութեան իրաւացի եւ արդար ըլլալուն նկատմամբ անվերապահ վստահութիւն մը—ասիկա պէտք է ըլլայ մեր կեցուածքը, եթէ կ’ուզենք Եհովայի նոր աշխարհին մէջ ապրիլ։
Ուրախութեամբ Հպատակինք Մեր Թագաւորին
5. Յիսուս իր հնազանդութեան համար ինչպէ՞ս վարձատրուեցաւ, եւ ի՞նչ բան կամաւ կ’ընդունինք։
5 Քրիստոս Յիսուս իր երկնաւոր Հօր հպատակելու մէջ աչքառու օրինակ մըն է։ Կը կարդանք որ ան «ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ ու այն ալ խաչի մահուամբ»։ Պօղոս կ’աւելցնէ. «Ասոր համար Աստուած ալ զանիկա խիստ բարձրացուց ու անոր անուն մը տուաւ՝ որ ամէն անունէ վեր է. որպէսզի Յիսուսին անունին ծնրադրեն երկնաւորները ու երկրաւորները ու սանդարամետականները։ Ամէն լեզու դաւանի թէ՝ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հօր Աստուծոյ փառքին համար»։ (Փիլիպպեցիս 2։8-11) Այո, ուրախութեամբ կը ծնրադրենք մեր Առաջնորդին ու իշխող Թագաւորին՝ Քրիստոս Յիսուսի՝ առջեւ։—Մատթէոս 23։10, ՆԱ։
6. Յիսուս ինչպէ՞ս փաստած է ազգերուն վկայ մը եւ առաջնորդ մը ըլլալ, եւ իր «իշխանութիւնը» ինչպէ՞ս պիտի շարունակուի մեծ նեղութենէն ետք։
6 Մեր Առաջնորդին՝ Քրիստոսին՝ մասին Եհովա մարգարէացաւ. «Ահա զանիկա ժողովուրդներուն՝ վկայ, ազգերուն առաջնորդ ու հրամանատար դրի»։ (Եսայեայ 55։4) Իր երկրային ծառայութեամբ եւ իր մահէն ու յարութենէն ետք, երկնքէն քարոզելու գործունէութիւնը առաջնորդելով, Յիսուս ցոյց տուած է որ ինք բոլոր ազգերէն եղող մարդոց դիմաց իր Հօրը «հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան» է։ (Յայտնութիւն 3։14. Մատթէոս 28։18-20) Այս բոլոր ազգերը այժմ ներկայացուած են երթալով աւելցող ‘մեծ բազմութեամբ’ որ «մեծ նեղութենէն» պիտի վերապրի Քրիստոսի առաջնորդութեան ներքեւ։ (Յայտնութիւն 7։9, 14) Բայց Յիսուսի առաջնորդութիւնը հոն վերջ չի գտներ։ Անոր «իշխանութիւնը» հազար տարի պիտի տեւէ։ Ան հնազանդ մարդոց հանդէպ պիտի գործէ իր անուան համաձայն. «Սքանչելի Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան Իշխան»։—Եսայեայ 9։6, 7. Յայտնութիւն 20։6
7. Եթէ կ’ուզենք որ Քրիստոս Յիսուս «կենդանի ջուրերու աղբիւրներ»ու առաջնորդէ մեզ, անյապաղ ի՞նչ պէտք է ընենք, եւ ի՞նչ բան պատճառ պիտի ըլլայ որ Յիսուս ու Եհովա մեզ սիրեն։
7 Եթէ կ’ուզենք «կենդանի ջուրերու աղբիւրներ»էն օգտուիլ, որոնց կ’առաջնորդէ Գառնուկը՝ Քրիստոս Յիսուս՝ արդարամիտ մարդիկը, մեր գործերով անյապաղ պէտք է փաստենք որ իր իշխանութեան ուրախութեամբ կը հպատակինք որպէս մեր Թագաւորը։ (Յայտնութիւն 7։17. 22։1, 2. բաղդատել Սաղմոս 2։12։) Յիսուս նշեց. «Եթէ զիս կը սիրէք, իմ պատուիրանքներս պահեցէ՛ք։ Ան որ իմ պատուէրներս կը բռնէ ու կը պահէ զանոնք, անիկա է զիս սիրողը եւ ան որ զիս կը սիրէ՝ իմ Հօրմէս պիտի սիրուի ու ես զանիկա պիտի սիրեմ»։ (Յովհաննու 14։15, 21) Կ’ուզէ՞ք սիրուիլ Յիսուսի ու իր Հօրը կողմէ։ Ուրեմն անոնց հեղինակութեան հպատակեցէ՛ք։
Ուրախութեամբ Հնազանդող Տեսուչներ
8, 9. (ա) Ժողովքին շինութեանը համար, Քրիստոս ի՞նչ հայթայթած է, եւ այս մարդիկը ո՞ր մարզին մէջ օրինակ պէտք է հանդիսանան հօտին։ (բ) Քրիստոնեայ տեսուչներուն հպատակութիւնը ինչպէ՞ս խորհրդանշուած է Յայտնութիւն գրքին մէջ, եւ երբ դատական հարցեր ձեռք առնեն, անոնք ինչպէ՞ս «հնազանդ սիրտ» մը պէտք է փնտռեն։
8 «Եկեղեցին հնազանդ [է] Քրիստոսին»։ Անոր Տեսուչը ըլլալով, ան «մարդոց ձեւով պարգեւներ (ՆԱ)» հայթայթած է ժողովքին «շինութեանը» համար։ (Եփեսացիս 4։8, 11, 12. 5։24) Հոգեւոր գետնի վրայ եղող երէցներուն ըսուած է որ իրենց հոգածութեան ներքեւ եղող «Աստուծոյ հօտը» արածեն, «ո՛չ թէ վիճակներուն վրայ տիրելով՝ հապա հօտին օրինակ ըլլալով»։ (Ա. Պետրոս 5։1-3) Հօտը Եհովայի կը պատկանի եւ Քրիստոս անոր «բարի հովիւ»ն է։ (Յովհաննու 10։14) Քանի որ տեսուչները Եհովայի եւ Քրիստոսի իրենց հոգածութեան յանձնած ոչխարներէն յօժարակամ համագործակցութիւն կ’ակնկալեն, տեղին ըլլալով ուրեմն, իրենք ալ հպատակութեան մէջ լաւ օրինակ մը պէտք է հանդիսանան։—Գործք 20։28
9 Առաջին դարուն, օծեալ տեսուչները այլաբանօրէն ներկայացուած էին Քրիստոսի աջ ձեռքին «մէջ», իրեն հանդէպ, որպէս ժողովքին Գլուխը, անոնց հպատակութեան մատնանշելով։ (Յայտնութիւն 1։16, 20. 2։1) Նմանապէս այսօր, Եհովայի Վկաներու ժողովքներուն մէջ եղող տեսուչները պէտք է հպատակին Քրիստոսի առաջնորդութեան եւ «Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ» խոնարհին։ (Ա. Պետրոս 5։6) Երբ դատական հարցեր ձեռք առնեն, անոնք Եհովայի պէտք է աղօթեն Սողոմոնին նման, որ իր հաւատարմութեան տարիներուն խնդրեց. «Քու ծառայիդ իմաստուն [հնազանդ (ՆԱ)] սիրտ տուր, որպէսզի քու ժողովուրդդ դատէ ու բարին ու չարը որոշէ»։ (Գ. Թագաւորաց 3։9) Հնազանդ սիրտը պիտի մղէ երէցի մը որ ջանայ իրերը տեսնել ինչպէս Եհովան ու Քրիստոս Յիսուսը կը տեսնեն զանոնք, այնպէս որ երկրի վրայ տրուած որոշումը կարելի եղածին չափ նման ըլլայ երկնքին մէջ տրուած որոշումին։—Մատթէոս 18։18-20
10. Բոլոր տեսուչները ինչպէ՞ս պէտք է ջանան ոչխարներուն հետ Յիսուսին վարուած կերպը ընդօրինակել։
10 Ճամբորդող տեսուչները եւ ժողովքի երէցները նմանապէս պիտի ջանան ոչխարներուն հետ Քրիստոսին վարուած կերպը ընդօրինակել։ Փարիսեցիներուն հակառակը, Յիսուս անոնց չպարտադրեց շարք մը օրէնքներ որոնց հետեւիլը դժուար էր։ (Մատթէոս 23։2-11) Ան ոչխարանման անհատներուն ըսաւ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասնզի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։ (Մատթէոս 11։28-30) Մինչ ճիշդ է որ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ «իր բեռը ... [պէտք է] կրէ», տեսուչները Յիսուսին օրինակը պէտք է յիշեն եւ օգնեն իրենց եղբայրներուն որ զգան թէ իրենց Քրիստոնէական պատասխանատուութեան բեռը «քաղցր» ու «թեթեւ» է, իսկ զայն կրելը՝ հաճելի։—Գաղատացիս 6։5
Աստուածպետական Հպատակութիւն
11. (ա) Անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ գլխաւորութիւնը յարգել, բայց եւ այնպէս իրապէս աստուածպետական չըլլալ. լուսաբանեցէք այս գաղափարը։ (բ) Ի՞նչ կը նշանակէ իրապէս աստուածպետական ըլլալ։
11 Աստուածպետութիւնը Աստուծոյ իշխանութիւն կը նշանակէ։ Անիկա կը պարփակէ Ա. Կորնթացիս 11։3–ին մէջ արտայայտուած գլխաւորութեան սկզբունքը։ Բայց անիկա անկէ աւելին կը նշանակէ։ Անհատ մը կրնայ գլխաւորութեան հանդէպ երեւութապէս յարգանք ցուցաբերել, բայց եւ այնպէս բառին բուն իմաստով աստուածպետական չըլլալ։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ։ Լուսաբանենք. ժողովրդավարութիւնը՝ կառավարութիւն մըն է՝ ժողովուրդին կողմէ եւ ժողովրդավարը սահմանուած է որպէս «անձ մը որ ժողովրդավարութեան իտէալներուն կը հաւատայ»։ Մարդ մը կրնայ ժողովրդավարական ըլլալ դաւանիլ, քուէարկութիւններու մասնակցիլ եւ նոյնիսկ գործունեայ քաղաքագէտ մը ըլլալ։ Բայց եթէ, իր ընդհանուր վարքով, ան արհամարհէ ժողովրդավարութեան հոգին եւ անոր պարփակած բոլոր սկզբունքները, կրնա՞յ ըսուիլ թէ ան իսկապէս ժողովրդավարական է։ Նմանապէս, ի՛րապէս աստուածպետական ըլլալու համար, անհատ մը գլխաւորութեան ձեւականօրէն հպատակելէն աւելին պէտք է ընէ։ Ան Եհովայի ճամբաներն ու յատկութիւնները պէտք է ընդօրինակէ։ Ան իրապէս ամէն կերպով Եհովայի կողմէ պէտք է կառավարուի։ Իսկ քանի որ Եհովա իր Որդւոյն լիարժէք իշխանութիւն շնորհած է, աստուածպետական ըլլալ նաեւ կը նշանակէ Յիսուսը ընդօրինակել։
12, 13. (ա) Աստուածպետական ըլլալը յատկապէս ի՞նչ կը պարփակէ։ (բ) Աստուածպետական հպատակութիւնը շատ մը կանոններու հնազանդի՞լ կը նշանակէ. լուսաբանեցէք այս գաղափարը։
12 Յիշեցէք որ Եհովա սէրէ մղուած կամաւ հպատակութիւն կ’ուզէ։ Ան այդ կերպով կը կառավարէ տիեզերքը։ Ան սիրոյ մարմնացումն է։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Քրիստոս Յիսուս «իր փառքին լոյսն է եւ իր էութեան՝ բուն պատկերը»։ (Եբրայեցիս 1։3) Ան կը պահանջէ որ իր ճշմարիտ աշակերտները իրար սիրեն։ (Յովհաննու 15։17) Ուստի, աստուածպետական ըլլալը կը պարփակէ ոչ միայն հպատակող ըլլալ, այլ նաեւ՝ սիրալիր։ Հարցը կարելի է ամփոփել հետեւեալ կերպով. Աստուածպետութիւնը Աստուծոյ կողմէ իշխանութիւնն է. Աստուած սէր է. հետեւաբար աստուածպետութիւնը սիրով իշխել է։
13 Երէց մը կրնայ մտածել թէ աստուածպետական ըլլալու համար, եղբայրները ամէն տեսակ կանոնի պէտք է հնազանդին։ Երէցներէն ոմանք, ‘հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային’ ժամանակ առ ժամանակ տուած թելադրութիւնները կանոններու վերածած են։ (Մատթէոս 24։45) Օրինակի համար, անգամ մը թելադրուեցաւ որ ժողովքին մէջ, եղբայրներուն հետ աւելի դիւրաւ ծանօթանալու համար, լաւ կ’ըլլայ որ Թագաւորութեան Սրահին մէջ միշտ նոյն տեղը չնստինք։ Ասիկա գործնական թելադրութիւն մըն էր, ոչ թէ խիստ կանոն մը։ Բայց կարգ մը երէցներ կրնան զայն կանոնի մը վերածել եւ խորհիլ որ անոնք որոնք ասոր չեն հետեւիր աստուածպետական չեն։ Սակայն կրնայ ըլլալ որ լաւ պատճառով մը եղբայր մը կամ քոյր մը կը նախընտրէ որոշ տեղ մը նստիլ։ Եթէ երէց մը այսպիսի բաներ սիրալիր կերպով նկատի չառներ, ինք անձնապէս աստուածպետական կ’ըլլա՞յ։ Աստուածպետական ըլլալու համար, «ձեր ամէն բաները սիրով [պէտք է] ըլլան»։—Ա. Կորնթացիս 16։14
Ուրախութեամբ Ծառայենք
14, 15. (ա) Երէց մը ինչպէ՞ս կրնայ որոշ եղբայրներու կամ քոյրերու Եհովայի ծառայութեան մէջ ունեցած ուրախութիւնը խլել, եւ ասիկա ինչո՞ւ աստուածպետական պիտի չըլլար։ (բ) Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ ինք կը գնահատէ ծառայութեամբ մեր արտայայտած սէրը, քան թէ՝ քանակը։ (գ) Երէցները ի՞նչ բան նկատի պէտք է առնեն։
14 Աստուածպետական ըլլալը նաեւ կը նշանակէ Եհովայի ուրախութեամբ ծառայել։ Եհովա ‘ուրախ Աստուած’ է։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11, ՆԱ) Ան կ’ուզէ որ իր երկրպագուները ուրախութեամբ իրեն ծառայեն։ Անոնք որոնք կանոններու նկատմամբ խստապահանջ են, պէտք է յիշեն որ հետեւեալը կար այն կանոններուն մէջ, զորս Իսրայէլ «պահելու եւ ընելու» էր. «Քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ քու բոլոր ձեռնարկներուդ վրայ պիտի ուրախանաս»։ (Բ. Օրինաց 12։1, 18) Եհովայի ծառայութեան մէջ ինչ բանի ալ ձեռնարկենք, անիկա ուրախութիւն մը պէտք է ըլլայ, ոչ թէ՝ բեռ մը։ Տեսուչները կրնան շատ բան ընել, որպէսզի եղբայրները ուրախութիւն զգան Եհովայի ծառայութեան մէջ իրենց կարելին ընելով։ Ասոր հակառակը, եթէ ուշադիր չըլլան, երէցները կրնան կարգ մը եղբայրներուն ուրախութիւնը խլել։ Օրինակի համար, եթէ անոնք բաղդատութիւններ ընեն վկայելու տրամադրուած ժամերուն մէջ ժողովքին միջինին հասած կամ աւելին ըրած անհատները գովելով եւ լռելեայն քննադատեն անոնք որոնք անոր չեն հասած, ինչպէ՞ս պիտի զգան անոնք որոնք վաւերական պատճառ մը ունեցած են շատ քիչ ժամեր տեղեկագրելու։ Անոնք կրնան անտեղիօրէն յանցաւոր զգալ եւ իրենց ուրախութիւնը կորսնցնել։
15 Հանրային վկայութեան մէջ ոմանց յատկացուցած մի քանի ժամերը կրնան աւելի մեծ ջանք մը ներկայացնել քան քարոզչութեան մէջ ուրիշներու տրամադրած շատ մը ժամերը, քանի որ անոնք աւելի երիտասարդ, աւելի առողջ են եւ ուրիշ յարմարութիւններ ունին։ Այս մարզին մէջ, երէցները պէտք չէ դատեն զանոնք։ Արդարեւ, Յիսուսին է որ Հայրը «դատաստան ընելու իշխանութիւն» տուած է։ (Յովհաննու 5։27) Յիսուս քննադատե՞ց աղքատ որբեւարին, քանի որ անոր ընծան միջինէն նուազ էր։ Ոչ, ան զգաց որ այդ երկու լուման իրապէս ի՛նչ կ’արժէր անոր համար։ Անոնք անոր «ունեցածին բոլորը ... իր բոլոր ապրուստ»ն էին։ Անոնք ի՜նչ խոր սէր կը ներկայացնէին Եհովայի հանդէպ։ (Մարկոս 12։41-44) Երէցները նուա՞զ զգայուն պէտք է ըլլան անոնց հանդէպ, որոնց թափած բոլոր սիրալիր ջանքերը «միջին»էն ցած են։ Եթէ Եհովայի հանդէպ անոնց ունեցած սէրով չափուելու ըլլան, թերեւս այսպիսի ջանքեր միջինէն շա՜տ բարձր ըլլան։
16. (ա) Երբ թուանշաններ գործածեն իրենց դասախօսութիւններուն մէջ, տեսուչները ինչո՞ւ ներատեսութեան ու լաւ հաւասարակշռութեան կարիքը ունին։ (բ) Ինչպէ՞ս կարելի է լաւագոյն կերպով օգնել եղբայրներուն որ իրենց ծառայութիւնը աւելցնեն։
16 Այս նշմարները հիմա նոր «կանոն»ի՞ մը պէտք է վերածուի թէ թուանշանները, նոյնիսկ միջինները, բնաւ պէտք չէ յիշուին։ Անշուշտ ո՛չ։ Կէտը այն է որ տեսուչները հաւասարակշռուած պէտք է ըլլան, մէկ կողմէն եղբայրները քաջալերելով որ իրենց ծառայութիւնը ընդլայնեն, իսկ միւս կողմէն անոնց օգնելով որ ուրախութեամբ իրենց կարելին ընեն։ (Գաղատացիս 6։4) Յիսուսի տաղանդներու առակին մէջ, տէրը իր ունեցածը իր ծառաներուն յանձնեց «ամէն մէկուն իր կարողութեանը չափ»։ (Մատթէոս 25։14, 15) Երէցներն ալ նկատի պէտք է առնեն Թագաւորութեան իւրաքանչիւր հրատարակիչի կարելիութիւնները։ Ասիկա ներատեսութիւն կը պահանջէ։ Շատ հաւանական է որ ոմանք իսկապէս քաջալերանքի կարիքը ունին, որպէսզի աւելին ընեն։ Անոնք թերեւս գնահատեն իրենց գործունէութիւնը աւելի լաւ կազմակերպելու համար տրուած օգնութիւնը։ Ամէն պարագայի, եթէ անոնց օգնութիւն տրուի, որպէսզի անոնք իրենց կրցածը ուրախութեամբ ընեն, այդ ուրախութիւնը հաւանաբար զանոնք պիտի զօրացնէ, որպէսզի անոնք իրենց Քրիստոնէական գործունէութիւնը ընդլայնեն, երբ կարելի է։—Նէեմեայ 8։10. Սաղմոս 59։16. Երեմեայ 20։9
Ուրախութեամբ Հպատակելուն Բերած Խաղաղութիւնը
17, 18. (ա) Ուրախ հպատակութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն բերել մեզի։ (բ) Ի՞նչ բաներ կրնանք ձեռք ձգել, եթէ Աստուծոյ պատուիրանքին իրապէս մտիկ ընենք։
17 Եհովայի օրինական գերիշխանութեան ուրախութեամբ հպատակիլը մեծ խաղաղութիւն կը բերէ մեզի։ Սաղմոսերգուն իր աղօթքին մէջ Եհովայի ըսաւ. «Քու օրէնքդ սիրողներուն շատ խաղաղութիւն կայ ու անոնց գայթակղութիւն չկայ»։ (Սաղմոս 119։165) Աստուծոյ օրէնքին հնազանդելով, մենք մեզի բարիք կ’ընենք։ Եհովա Իսրայէլի ըսաւ. «Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, քու Փրկիչդ, Իսրայէլի Սուրբը. ‘Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ։ Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար’»։—Եսայեայ 48։17, 18
18 Քրիստոսի փրկանքի զոհագործութիւնը Աստուծոյ հետ խաղաղութեան մէջ կը բերէ մեզ։ (Բ. Կորնթացիս 5։18, 19) Եթէ հաւատք ընծայենք Քրիստոսի քաւիչ արեան եւ խղճմտօրէն ջանանք մեր տկարութիւններուն հետ մաքառիլ ու Աստուծոյ կամքը կատարել, յանցապարտութեան զգացումէ կը ձերբազատուինք։ (Ա. Յովհաննու 3։19-23) Այսպիսի հաւատք մը, որու նեցուկ կը կանգնին գործերը, Եհովայի առջեւ արդար կեցուածք մը ունենալու եւ «մեծ նեղութենէն» վերապրելու ու Եհովայի նոր աշխարհին մէջ յաւիտեան ապրելու հոյակապ յոյսին կ’արժանացնէ։ (Յայտնութիւն 7։14-17. Յովհաննու 3։36. Յակոբու 2։22, 23) Այս բոլոր բաները ձեռք կը ձգենք, ‘եթէ Աստուծոյ պատուիրանքին իսկապէս մտիկ ընենք’։
19. Հիմա մեր ուրախութիւնը եւ յաւիտենական կեանքի մեր յոյսը ի՞նչ բանէ կախեալ են, եւ Դաւիթ ինչպէ՞ս մեր սրտագին համոզումը արտայայտեց։
19 Այո, հիմա մեր ուրախութեան եւ դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանքի մեր յոյսին առանցքը կը կազմէ որպէս տիեզերքին գերիշխան Տէր Եհովայի իշխանութեան ուրախութեամբ հպատակիլը։ Թող միշտ բաժնեկցինք Դաւիթի զգացումը, որ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, մեծութիւնը, զօրութիւնը, փառքը, պայծառութիւնն ու վայելչութիւնը քուկդ են. քանզի բոլոր երկնքի ու երկրի վրայ եղածը քուկդ է։ Ո՛վ Տէր, թագաւորութիւնը քուկդ է ու դուն իբրեւ գլուխ ամենէն բարձրացեալն ես։ Եւ հիմա, ո՛վ մեր Աստուածը, քեզի գոհութիւն կու տանք ու քու փառաւորեալ անունդ կ’օրհնենք»։—Ա. Մնացորդաց 29։11, 13
Յիշելիք Կէտեր
◻ Եհովա կ’ուզէ որ իր ծառաները ի՞նչպիսի հպատակութիւն եւ հնազանդութիւն ցուցաբերեն։
◻ Յիսուս ինչպէ՞ս վարձատրուեցաւ իր հնազանդութեանը համար, եւ մեր գործերով ի՞նչ պէտք է փաստենք։
◻ Բոլոր տեսուչները ինչպէ՞ս պէտք է ընդօրինակեն ոչխարներուն հետ Յիսուսին վարուած կերպը։
◻ Աստուածպետական ըլլալուն մէջ ի՞նչ պարփակուած է։
◻ Ուրախ հպատակութիւնը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ մեզի։
[Նկար՝ էջ 18]
Երէցները կը քաջալերեն ոչխարները որ իրենց կարելին ուրախութեամբ ընեն
[Նկար՝ էջ 20]
Եհովա հաճոյք կ’առնէ սրտանց իրեն հնազանդողներէն