Ուրիշներուն զօրաւոր կողմերը ընդունէ
Խնդիրը
Անձնագով ըլլալը կրնայ անհատը նախապաշարուած դարձնել։ Այսպիսի մէկը իր անձին չափէ աւելի արժէք կու տայ։ Ան ինքզինք բարձր կը դասէ, իսկ իրմէ տարբեր եղողները ստորադաս կը նկատէ։ Ոեւէ մէկը կրնայ այս ծուղակին մէջ իյնալ։ Պրիթանիքա համայնագիտարանը կ’ըսէ, որ իւրաքանչիւր մշակոյթի պատկանող մարդոց մեծամասնութիւնը կը խորհի, թէ իրե՛նց ապրելակերպը, ուտելիքները, հագուելակերպը, սովորութիւնները, հաւատալիքները, արժանիքները եւ ուրիշ բաներ, ամէնէն լաւն են։ Ինչպէ՞ս կրնանք խուսափիլ այդ սխալ մտածելակերպէն։
Սուրբ Գիրքէն սկզբունք
«Խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք» (ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 2։3)։
Ի՞նչ կը նշանակէ։ Որպէսզի հպարտութենէ հեռու մնանք, պէտք է մշակենք ատոր հակառակ յատկութիւնը՝ խոնարհութիւնը։ Խոնարհութիւնը կ’օգնէ որ գիտակցինք, թէ կեանքի որոշ մարզերու մէջ ուրիշներ մեզմէ լաւ են։ Ո՛չ մէկ խումբ ունի բոլոր լաւ յատկութիւններն ու կարողութիւնները։
Նկատի առ Սթեֆանին օրինակը։ Ան մեծցաւ համայնավար երկրի մը մէջ, բայց կրցաւ ձերբազատուիլ ոչ–համայնավար երկիրներէ եղող մարդոց նկատմամբ իր նախապաշարումի զգացումներէն։ Ան կ’ըսէ. «Կը հաւատամ, որ ուրիշները քեզմէ բարձր սեպելը կարեւոր է նախապաշարումին դէմ դնելու համար։ Ես ամէն բան չեմ գիտեր. ամէն անհատէ կրնամ բան մը սորվիլ»։
Ի՞նչ կրնաս ընել
Քու անձիդ նկատմամբ իրատես եղիր ու սխալներուդ գիտակից եղիր։ Ընդունէ որ ուրիշներ զօրաւոր են այն մարզերուն մէջ, որոնց մէջ դուն տկար ես։ Մի՛ ենթադրեր, որ որոշ խումբի մը պատկանող բոլո՛ր մարդիկը նոյն թերութիւնները ունին։
Որոշ խումբի մը պատկանող մէկու մը մասին ժխտական գաղափար կազմելու փոխարէն, դուն քեզի հարցուր.
Ընդունէ որ ուրիշներ զօրաւոր են այն մարզերուն մէջ, որոնց մէջ դուն տկար ես
‘Այն բնաւորութիւնները, որոնք այդ անհատին մէջ չեմ հաւնիր, իրապէս գէ՞շ են, թէ՞ պարզապէս տարբեր են’։
‘Այդ անհատը իմ մէջս թերութիւններ կրնա՞յ գտնել’։
‘Անիկա ո՞ր մարզին մէջ ինձմէ աւելի ատակ է’։
Եթէ այս հարցումներուն անկեղծօրէն պատասխանես, ոչ միայն պիտի կարենաս նախապաշարումին դէմ դնել, այլ նաեւ թերեւս այդ անհատին մէջ հիանալի յատկութիւններ գտնես։