Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ որ շարունակես Սուրբ Գիրքը սերտել
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • 4. Սուրբ Գիրքը սերտելը կեանքիդ մէջ կարեւոր տեղ թող ունենայ

      Ատեններ մեր կեանքը այնքա՛ն խճողուած կ’ըլլայ, որ կը զգանք թէ ժամանակ չունինք Սուրբ Գիրքը սերտելու։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել։ Կարդացէ՛ք Փիլիպպեցիս 1։10 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Կեանքի մէջ ի՞նչ կարգ մը բաներ կը սեպես «լաւ», այսինքն՝ աւելի կարեւոր։

      • Ի՞նչ կրնաս ընել որ Սուրբ Գիրքը սերտելը կեանքիդ մէջ կարեւոր տեղ ունենայ։

      Ա. Գաւաթներ, որոնք քարերով եւ աւազով լեցուած են։ 1. Աւազ եւ քարեր։ 2. Գաւաթ մը գրեթէ լեցուած է աւազով։ 3. Քարերը աւազին երեսը կեցած են, իսկ ոմանք չբաւելով գետինը ինկած են։ Բ. 1. Նոյն աւազը եւ քարերը։ 2. Նոյն գաւաթը գրեթէ լեցուած է քարերով։ 3. Աւազը մինչեւ գաւաթին բերանը լեցուած է, քարերուն միջեւ բաւելով։ Քիչ մը աւազ ալ գաւաթէն դուրս կը մնայ։
      1. Ա. Եթէ գաւաթի մը մէջ աւազ դնես եւ ետքը քարեր աւելցնես, քարերը գաւաթին մէջ պիտի չբաւեն

      2. Բ. Եթէ նա՛խ քարերը դնես, տեղ պիտի մնայ որ աւազին մեծ մասը աւելցնես։ Նոյնպէս, եթէ աւելի կարեւոր բաները կեանքիդ մէջ առաջին տեղը դնես, պիտի կարենաս անոնք ընել, եւ ուրիշ բաներ ընելու ալ ժամանակ պիտի ունենաս

      Մենք պէտք ունինք որ Աստուած ճանչնանք եւ զինք պաշտենք, եւ Սուրբ Գիրքը սերտելով այդ պէտքը կը գոհացնենք։ Կարդացէ՛ք Մատթէոս 4։4 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք, երբ Սուրբ Գիրքը սերտելուն կարեւոր տեղ տանք մեր կեանքին մէջ։

  • Ընտրէ ժամանց, որ Եհովան կը հաճեցնէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • 4. Ժամանակդ իմաստութեամբ գործածէ

      Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

      ՎԻՏԷՕ. Ժամանակիդ մեծ մասը ո՞ւր կ’երթայ (2։45)

      • Թէեւ եղբայրը վնասակար բան մը չէր դիտեր, ազատ ժամանակը անցընելու իր կերպը ինչպէ՞ս իրեն կ’ազդէր։

      Կարդացէ՛ք Փիլիպպեցիս 1։10 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Այս համարը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ որոշենք թէ որքա՛ն ժամանակ ժամանցին տանք։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել