Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ինչպէ՞ս կրնաս բարի լուրի մասին ուրիշներուն խօսիլ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • 1. Ինչպէ՞ս կրնաս սորվածներդ պատմել անոնց, որոնք կը ճանչնաս

      Յիսուսի աշակերտները ըսին. «Մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ» (Գործք 4։20)։ Անոնք այնքա՛ն արժեւորեցին ճշմարտութիւնը, որ ուզեցին կարելի եղածին չափ շատ մարդոց պատմել ատոր մասին։ Դուն ալ այդպէս կը զգա՞ս։ Եթէ այո, առիթներ փնտռէ որ սորվածներդ յարգանքով պատմես ընտանիքիդ եւ բարեկամներուդ (կարդա՛ Կողոսացիս 4։6)։

      Կրնաս այսպէս սկսիլ

      • Երբ ընտանիքիդ հետ կը խօսիս, Սուրբ Գիրքէն նիւթ մը բաց, ըսելով. «Այս շաբաթ հետաքրքրական բան մը գիտցայ»։

      • Քաջալերական համար մը ցոյց տուր հիւանդ կամ մտահոգ բարեկամի մը։

      • Երբ գործակից մը կը հարցնէ՝ «Այս շաբաթ ի՞նչ ըրիր», իրեն պատմէ թէ ի՛նչ սորվեցար Սուրբ Գիրքի դասիդ ատեն կամ ժողովի մը մէջ։

      • Բարեկամներուդ ցոյց տուր jw.org կայքը։

      • Ուրիշները հրաւիրէ, որ Սուրբ Գիրքի դասիդ ներկայ ըլլան, կամ իրենց ցոյց տուր, թէ ինչպէ՛ս կրնան jw.org կայքին միջոցաւ ուսումնասիրութիւն մը խնդրել։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս բարի լուրի մասին ուրիշներուն խօսիլ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • 4. Դիմացինդ յարգէ՛

      Մէկու մը քարոզելէ առաջ, բնականաբար պիտի մտածես թէ ի՛նչ պիտի ըսես։ Բայց նաեւ կարեւոր է, որ մտածես թէ ատիկա ինչպէ՛ս կրնաս յարգանքով ըսել։ Կարդացէ՛ք Բ. Տիմոթէոս 2։24 եւ Ա. Պետրոս 3։15 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Ինչպէ՞ս կրնաս այս համարները գործադրել, որպէսզի ուրիշներուն հետ մեղմութեամբ եւ խոր յարգանքով խօսիս։

      • Ընտանիքէդ կամ ընկերներէդ ոմանք թերեւս քեզի հետ չհամաձայնին։ Ի՞նչ կրնաս ընել։ Ի՞նչ պէտք չէ ընես։

      • Ինչո՞ւ աւելի լաւ է որ անհատին զգացումները նկատի առնելով հարցումներ հարցնես, փոխանակ անոր ուղղակի ըսելու թէ ինչի՛ պէտք է հաւատայ։

      Սուրբ Գիրքի աշակերտ մը Սուրբ Գիրքէն նիւթի մը շուրջ իր ազգականին կը խօսի։
Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել