-
Մկրտութիւն. արժէքաւոր նպատակակէտ մըԿեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
-
-
3. Անհատը ի՞նչ պէտք է ընէ, որպէսզի յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն
Մկրտուելու համար, կարեւոր է որ Եհովային մասին սորվիս եւ իրեն հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունենաս (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։6)։ Մինչ գիտելիքներդ եւ հաւատքդ կ’աւելնան, Եհովային հանդէպ սէրդ ալ պիտի աւելնայ։ Այն ատեն, պիտի ուզես իր մասին ուրիշներուն պատմել եւ իր ուզած կերպով ապրիլ (Բ. Տիմոթէոս 4։2. Ա. Յովհաննէս 5։3)։ Երբ անհատը Աստուծոյ ‘արժանի կերպով քալէ եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնէ’, շատ հաւանաբար պիտի ուզէ իր կեանքը Աստուծոյ նուիրել եւ մկրտուիլ (Կողոսացիս 1։9, 10)a։
-
-
Մկրտութիւն. արժէքաւոր նպատակակէտ մըԿեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
-
-
a Եթէ մէկը նախապէս ուրիշ կրօնքի մէջ մկրտուած է, պէտք է նորէն մկրտուի։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այդ կրօնքը Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը չսորվեցուց (տե՛ս Գործք 19։1-5 եւ Դաս 13)։
-
-
Պատրա՞ստ ես մկրտուելուԿեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
-
-
1. Մկրտուելէ առաջ, որքա՞ն բան պէտք է գիտնաս
Մկրտուելու համար, պէտք է ‘ճշմարտութիւնը ճանչնաս’ (Ա. Տիմոթէոս 2։4)։ Ասիկա չի նշանակեր, որ մկրտուելէ առաջ պէտք է գիտնաս ամէն մէկ սուրբգրային հարցումի պատասխանը։ Նոյնիսկ երկար տարիներէ ի վեր մկրտուած քրիստոնեաները կը շարունակեն սորվիլ (Կողոսացիս 1։9, 10)։ Բայց անշուշտ պէտք է որ Սուրբ Գիրքին հիմնական ուսուցումները հասկնաս։ Ժողովքին երէցները քեզի պիտի օգնեն, որ գիտնաս թէ բաւարար գիտելիքներ ունի՛ս կամ ոչ։
-