Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ապահովութիւն գտէք
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
    • «ՍԷՐԸ ՀԱԳԷՔ»

      9. Սէր ցոյց տալու մէջ Եհովա ինչպէ՞ս օրինակ հանդիսացած է։

      9 Պօղոս գրեց. «Սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է»։ (Կողոսացիս 3։14) Եհովա այս հագուստը ձրիօրէն հայթայթած է մեզի։ Ի՞նչ կերպով։ Քրիստոնեաները կրնան սէր ցուցաբերել, քանի որ անիկա Եհովայի սուրբ հոգիին աստուածատուր պտուղներէն մէկն է։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Եհովա ինք մեծագոյն սէրը ցուցաբերեց, իր միածին Որդին ղրկելով, որպէսզի մենք կարենանք յաւիտենական կեանք ունենալ։ (Յովհաննու 3։16) Սիրոյ այս գերագոյն արտայայտութիւնը մեզի օրինակ կը հանդիսանայ, որպէսզի մենք ալ այս յատկութիւնը ցուցաբերենք։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Եթէ Աստուած մեզ այսպէս սիրեց, ուրեմն մենք ալ պարտաւոր ենք մէկզմէկ սիրել»։—Ա. Յովհաննու 4։11

      10. ‘Բոլոր Եղբայրներու ընկերակցութենէն’ ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

      10 Թագաւորութեան Սրահին մէջ ժողովներու յաճախելը, ձեզի հոյակապ պատեհութիւն պիտի տայ ձեր սէրը ցոյց տալու։ Հոն շատ տարբեր անհատներու պիտի հանդիպիք։ Անկասկած շուտով անոնցմէ շատերուն մօտիկ պիտի զգաք։ Անշուշտ, նոյնիսկ Եհովայի ժողովուրդին մէջ, անձնաւորութիւնները կը տարբերին։ Թերեւս անցեալին, կը խուսափէիք այն անհատներէն, որոնք նոյն հետաքրքրութիւնները կամ նկարագրի գծերը չունէին։ Սակայն Քրիստոնեաները պէտք է «[ամբողջ] եղբայրակցութիւնը սիրեն»։ (Ա. Պետրոս 2։17, ՆԱ) Ուստի, մտադրեցէք Թագաւորութեան Սրահ գտնուողներուն հետ ծանօթանալ, նոյնիսկ անոնց հետ որոնց տարիքը, անձնաւորութիւնը, ցեղը կամ կրթական մակարդակը ձերինէն տարբեր է։ Հաւանաբար պիտի նկատէք որ իւրաքանչիւր անհատ յատկութեան մը մէջ զօրաւոր է որ զինք հաճելի կը դարձնէ։

      11. Եհովայի ժողովուրդին մէջ գտնուող անձնաւորութիւններու տարբերութիւնները ինչո՞ւ պէտք չէ ձեզ խանգարեն։

      11 Ժողովքին մէջ անձնաւորութիւններու տարբերութիւնները պէտք չէ խանգարեն ձեզ։ Օրինակ մը տանք. երեւակայեցէք որ անհամար ինքնաշարժներ ձեզի հետ նոյն ճամբուն մէջ կը ճամբորդեն։ Բոլորն ալ նոյն արագութեամբ չեն ընթանար, ոչ ալ բոլորը նոյն վիճակի մէջ են։ Ոմանք թերեւս բազմաթիւ քիլոմեթրներ ըրած են, իսկ ուրիշներ, թերեւս ձեզի նման տակաւին նոր ճամբայ ելած են։ Այսուհանդերձ, բոլորն ալ ճամբորդութեան մէջ են։ Ժողովքի մը բաղադրեալ անդամներուն պարագան ալ նոյնն է։ Բոլորն ալ Քրիստոնէական յատկութիւնները նոյն արագութեամբ չեն զարգացներ։ Ասկէ զատ, բոլորն ալ ֆիզիքական կամ զգացական նոյն վիճակը չունին։ Ոմանք երկար տարիներէ ի վեր Եհովան կը պաշտեն, իսկ ուրիշներ տակաւին նոր սկսած են։ Սակայն, բոլորն ալ յաւիտենական կեանքի ճամբուն մէջ կը քալեն, «մէկ մտքի ու մէկ խորհուրդի վրայ հաստատուած»։ (Ա. Կորնթացիս 1։10) Ուստի, անոնց մէջ ցցուն եղող յատկութիւններուն նայեցէք եւ ոչ թէ տկարութիւններուն։ Ասիկա ձեր սիրտը պիտի տոգորէ, քանի որ պիտի անդրադառնաք որ Աստուած ի՛րապէս այս ժողովուրդին մէջ է։ Իսկ դուք կ’ուզէք այսպիսի տեղ մը գտնուիլ։—Ա. Կորնթացիս 14։25

      12, 13. (ա) Եթէ ժողովքին մէջ մէկը ձեզ վիրաւորէ, ի՞նչ կրնաք ընել։ (բ) Ինչո՞ւ կարեւոր է ոխ չպահել։

      12 Քանի որ բոլոր մարդիկ անկատար են, կրնայ պատահիլ որ ժողովքին մէջ մէկը բան մը ըսէ կամ բան մը ընէ որ հիասթափեցնէ ձեզ։ (Հռովմայեցիս 3։23) Յակոբոս աշակերտ իրապաշտօրէն գրեց. «Ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք. եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ՝ անիկա կատարեալ մարդ է»։ (Յակոբու 3։2) Եթէ անհատ մը ձեզ վիրաւորէ, ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր հակազդեցութիւնը։ Սուրբ գրային առակ մը կ’ըսէ. «Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ եւ յանցանքը ներելը անոր պարծանք է»։ (Առակաց 19։11) Խոհեմ կամ ներատես ըլլալ կը նշանակէ կացութեան մը խորքը թափանցել, ըմբռնել կարգ մը ազդակներ, որոնք մղեցին որ անհատ մը որոշ կերպով մը խօսի կամ վարուի։ Շատերս մեր անձնական մեղքերը չքմեղացնելու համար շատ ներատես կը գտնուինք։ Ինչո՞ւ ներատես չգտնուինք ուրիշներու նկատմամբ, անոնց անկատարութիւններն ալ հասկնալով ու զանոնք ծածկելով։—Մատթէոս 7։1–5. Կողոսացիս 3։13

      13 Բնաւ չմոռնանք որ եթէ կ’ուզենք Եհովայի ներողամտութեան արժանանալ, պէտք է մենք ալ ուրիշներուն ներենք։ (Մատթէոս 6։9, 12, 14, 15) Եթէ ճշմարտութիւնը կը գործադրենք, ուրեմն ուրիշներուն հետ սիրալիր կերպով պէտք է վարուինք։ (Ա. Յովհաննու 1։6, 7. 3։14–16. 4։20, 21) Ուրեմն, եթէ ժողովքին մէջ մէկու մը հետ խնդիր մը ունենաք, ոխակալ մի՛ ըլլաք։ Եթէ սէրը հագած էք, պիտի ջանաք խնդիրը լուծել, իսկ եթէ դուք վիրաւորած էք, առանց վարանելու ներողութիւն պէտք է խնդրէք։—Մատթէոս 5։23, 24. 18։15–17

      14. Ո՞ր յատկութիւնը մեր վրայ պէտք է հագնինք։

      14 Մեր հոգեւոր հագուստը սիրոյ հետ սերտ կապակցութիւն ունեցող ուրիշ յատկութիւններ ալ պէտք է ունենայ։ Պօղոս գրեց. «Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը»։ Նկարագրի այս գծերը՝ սիրով շրջապատուած՝ աստուածավախ ‘նոր անձնաւորութեան’ մաս կը կազմեն։ (Կողոսացիս 3։10, 12) Այս հագուստը հագնելու ջանք պիտի թափէ՞ք։ Մանաւանդ երբ եղբայրասիրութիւն հագնիք, Յիսուսի աշակերտները բնորոշող նշանը պիտի ունենաք, քանի որ ան ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։—Յովհաննու 13։35

  • Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ապահովութիւն գտէք
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
    • [Էջը ծածկող նկար՝ էջ 165]

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել