Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ19 թիւ 3 էջ 6-7
  • Հոգեկան առողջութիւն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հոգեկան առողջութիւն
  • Զարթի՛ր 2019
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆ
  • ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԱՅԼ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ
  • «Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
Զարթի՛ր 2019
զ19 թիւ 3 էջ 6-7
Մարդիկ կը ջղայնանան, մինչ նպարախանութի մէջ կարգի կեցած են, բայց կին մը եւ անոր աղջիկը հանդարտ կը մնան

Հոգեկան առողջութիւն

Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ վնասակար յուզումներէն եւ մեզ կը քաջալերէ որ շինիչ յուզումները մշակենք։

ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Երկայնամիտ մարդը հզօր մարդէն աղէկ է» (Առակաց 16։32)։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ. Երբ մեր զգացումները զսպելու զօրութիւնը զարգացնենք, կ’օգտուինք։ Թէեւ երբեմն տեղին ըլլալով կը բարկանանք, բայց եթէ մեր բարկութիւնը չզսպենք, կրնայ քանդիչ ըլլալ։ Արդի հետազօտիչներ կ’ըսեն, թէ երբ անհատը բարկացած է, միշտ յստակօրէն չի մտածեր եւ յաճախ կ’ըսէ կամ կ’ընէ բաներ, որոնց համար յետագային կը զղջայ։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ. Սորվէ բարկութիւնդ զսպել, արարքներուդ ղեկը ձեռքէդ չգացած։ Ոմանք կը խորհին, որ անսանձ բարկութիւնը զօրութեան նշան է, բայց իրականութեան մէջ անիկա տկարութեան նշան է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իր ոգին չզսպող մարդը՝ փլած ու անպարիսպ քաղաքի պէս է» (Առակաց 25։28)։ Բարկութիւնդ զսպելու գործնական կերպ մըն է՝ իրողութիւնները գիտնալ նախքան հակազդելը։ Աստուածաշունչը նաեւ կը նշէ. «Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ» (Առակաց 19։11)։ Լաւ կ’ըլլայ որ խոհեմութեամբ հարցը ամէն կողմէ դիտենք, այսպիսով կրնանք մեր բարկութիւնը զսպել։

ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Շնորհակա՛լ եղէք» (Կողոսացիս 3։15, ԱԾ)։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ. Կ’ըսուի որ միայն երախտագէտ անձը կրնայ երջանիկ ըլլալ։ Նոյնիսկ անոնք՝ որոնք մեծ կորուստ ունեցած են, ասոր կը համաձայնին։ Անոնք կ’ըսեն, թէ կրցան զգացականօրէն տոկալ, քանի որ կեդրոնացան ո՛չ թէ իրենց կորսնցուցածին վրայ, հապա այն մնացեալ բաներուն վրայ, որոնց համար երախտապարտ էին։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ. Իւրաքանչիւր օր մտածէ կամ գրի առ այն բաները, որոնց համար երախտապարտ ես։ Անոնք պայման չէ որ մեծ բաներ ըլլան։ Նկատի առ նոյնիսկ պզտիկ բաներ, ինչպէս՝ գեղեցիկ արեւածագ, սիրելիի մը հետ հաճելի զրոյց կամ պարզապէս ապրելիք նոր օր։ Այս դրական բաները կրնան հոգեկան առողջութեանդ մեծապէս նպաստել,– եթէ զանոնք նկատես ու գնահատես։

Յատկապէս կ’օգտուիս մտածելով, թէ ինչո՛ւ երախտապարտ ես ընտանիքիդ եւ բարեկամներուդ համար։ Երբ բնորոշես թէ ուրիշներու մէջ ի՛նչ կ’արժեւորես, զայն անոնց իմացուր՝ անձամբ, նամակով, ե–նամակով կամ կարճ հաղորդագրութեամբ։ Ասիկա շատ հաւանաբար փոխյարաբերութիւններդ պիտի զօրացնէ եւ տալէն եկած ուրախութիւնը պիտի վայելես (Գործք 20։35)։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԱՅԼ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ

Մայր մը Աստուածաշունչի ձայնագրութիւնը մտիկ կ’ընէ, մինչ իր աղջկան հագուստները կը ծալէ

Կրնաս Աստուածաշունչի ձայնագրութիւններ բեռնել որեւէ լեզուով որ գիտես։ Անոնք մատչելի են շուրջ 40 լեզուներով՝ jw.org կայքին մէջ

ՎԷՃԵՐԷ ՀԵՌԱՑԻՐ։

«Կռիւին սկզբնաւորութիւնը ջուրին արձակմանը կը նմանի, ուրեմն վէճը չբռնկած ետ քաշուէ» (ԱՌԱԿԱՑ 17։14)։

ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՆՏԵՂԻՕՐԷՆ ՄԻ՛ ՄՏԱՀՈԳՈՒԻՐ։

«Վաղուան համար հոգ մի՛ ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ. հերիք է օրուան իր նեղութիւնը» (ՄԱՏԹԷՈՍ 6։34)։

ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒԴ ՀԻՄԱՆ ՎՐԱՅ ՄԻ՛ ՀԱԿԱԶԴԵՐ. ԲԱՆ ՄԸ ԸՆԵԼԷ ԱՌԱՋ, ՇԱՏ ԼԱՒ ՄՏԱԾԷ։

«Խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ ու հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ» (ԱՌԱԿԱՑ 2։11)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել