Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Ձեր փրկութիւնը մօտ է»
    Դիտարան 2015 | Յուլիս 15
    • 14, 15. Մագոգի Գոգի յարձակումը սկսելէն ետք ի՞նչ ժողովում տեղի պիտի ունենայ, եւ ինչպէ՞ս։

      14 Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ Մագոգի Գոգի յարձակումը սկսելէն ետք, ի՞նչ պիտի պատահի։ Մատթէոս եւ Մարկոս նոյն դէպքը արձանագրած են. «[Որդի մարդոյ] իր հրեշտակները պիտի ղրկէ եւ իր ընտրեալները պիտի ժողվէ չորս հովերէն, երկրի ծայրէն մինչեւ երկնքի ծայրը» (Մար. 13։27. Մատ. 24։31)։ Այս ժողվելը չ’ակնարկեր օծեալներուն սկզբնական ժողվուելուն, ոչ ալ կ’ակնարկէ օծեալ մնացորդին վերջնական կնքումին (Մատ. 13։37, 38)։ Այդ կնքումը տեղի կ’ունենայ մեծ նեղութիւնը չսկսած (Յայտ. 7։1-4)։ Ուստի, Յիսուսի նշած ժողովումը ի՞նչ է։ Անիկա այն ժամանակն է, երբ 144,000–ի մնացորդը իր երկնային վարձատրութիւնը պիտի ստանայ (Ա. Թես. 4։14-16. Յայտ. 14։1)։ Այս դէպքը տեղի պիտի ունենայ Մագոգի Գոգի յարձակումը սկսելէն ետք, որոշ մէկ հանգրուանին (Եզեկ. 38։11)։ Ապա Յիսուսի սա խօսքը պիտի կատարուի. «Այն ատեն արեւի պէս պիտի փայլին արդարները իրենց Հօրը թագաւորութեանը մէջ» (Մատ. 13։43)b։

      15 Քրիստոնէական աշխարհին մէջ շատեր կը հաւատան, թէ քրիստոնեաները մարդկային մարմնով երկինք պիտի առնուին, եւ թէ Յիսուս տեսանելի կերպով պիտի վերադառնայ, որպէսզի երկրի վրայ իշխէ։ Սակայն Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ «Որդի մարդոյ նշանը» երկնքի՛ մէջ պիտի երեւնայ, եւ թէ Յիսուս «երկնքի ամպերուն վրայ» պիտի գայ (Մատ. 24։30)։ Այս երկու արտայայտութիւններն ալ կը հասկցնեն թէ Յիսուսի վերադարձը անտեսանելի է։ Աւելին, «մարմին ու արիւն Աստուծոյ թագաւորութիւնը չեն կրնար ժառանգել». ուստի անոնք որոնք երկինք պիտի առնուին, նախ պէտք է «փոխու[ին], յանկարծակի աչք գոցել բանալու մէջ՝ վերջին փողին հնչուելու ատենը» (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։50-53)c։ Հաւատարիմ օծեալ մնացորդը բոլորը միասին յանկարծ պիտի առնուին։

  • «Ձեր փրկութիւնը մօտ է»
    Դիտարան 2015 | Յուլիս 15
    • c Այդ ժամանակ ողջ եղող օծեալներուն բառացի մարմինները երկինք պիտի չառնուին (Ա. Կոր. 15։48, 49)։ Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուսի մարմինը անհետացաւ, անոնց մարմիններն ալ մէջտեղէն պիտի վերցուին։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել