-
Ինչպէ՞ս կրնանք ‘համբերութեամբ սպասել’Դիտարան 2013 | Նոյեմբեր 15
-
-
9-11. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3–ը կատարուա՞ծ է։
9 Կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։1-3։ Մօտ ապագային, ազգերը պիտի յայտարարեն թէ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է»։ Եթէ չենք ուզեր որ ատիկա մեզ յանկարծակիի բերէ, պէտք է «արթուն ու զգաստ ըլլանք» (Ա. Թես. 5։6)։ Հոգեւորապէս արթուն մնալու համար, նկատի առնենք կարգ մը դէպքեր, որոնք ճամբան հարթած են այս կարեւոր յայտարարութեան։
10 Երկու աշխարհամարտերէն ետք, ազգերը խաղաղութեան աղաղակներ բարձրացուցին։ Ա. Աշխարհամարտէն ետք, Ազգերու դաշնակցութիւնը կազմուեցաւ՝ խաղաղութիւն բերելու յոյսով։ Յետագային, Բ. Աշխարհամարտէն ետք, մարդիկ յուսացին որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը երկրագունդի տարածքին խաղաղութիւն կրնայ բերել։ Քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդներ այս երկու կազմակերպութիւններուն վստահած են, մարդկութեան խաղաղ պայմաններ ապահովելու համար։ Օրինակ, ՄԱԿ–ը յայտարարեց որ 1986–ը Խաղաղութեան միջազգային տարի է։ Այդ տարի, կաթողիկէ եկեղեցիին պապին հրաւէրով բազմաթիւ քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդներ հաւաքուեցան Ասիզիի մէջ, Իտալիա, խաղաղութեան համար աղօթքներ մատուցանելու։
11 Բայց ո՛չ այդ յայտարարութիւնը, ոչ ալ համանման ուրիշ յայտարարութիւններ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3–ի կատարումը եղած են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կանխագուշակուած ‘յանկարծական կորուստը’ տակաւին տեղի չէ ունեցած։
12. «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է» յայտարարութեան մասին ի՞նչ գիտենք։
12 Ո՞վ պիտի ընէ այս ապագայ յայտարարութիւնը, թէ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է»։ Քրիստոնէական աշխարհի եւ ուրիշ կրօնքներու առաջնորդները ի՞նչ դեր պիտի խաղան։ Զանազան պետութիւններու առաջնորդներ ինչպէ՞ս ասոր մէջ բաժին պիտի բերեն։ Այս գծով, Սուրբ Գիրքը լուռ է։ Բայց գիտենք թէ այս յայտարարութիւնը ի՛նչ ձեւով ալ ըլլայ կամ որքա՛ն ալ համոզիչ թուի, խաբուսիկ պիտի ըլլայ։ Այս աշխարհը տակաւին Սատանայի իշխանութեան տակ պիտի մնայ։ Անիկա ամբողջովին նեխած է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ։ Ի՜նչ ցաւալի պիտի ըլլայ եթէ մեզմէ մէկը Սատանայի փրոփականտին հաւատայ եւ իր քրիստոնէական չէզոքութիւնը բեկանէ։
-
-
Ինչպէ՞ս կրնանք ‘համբերութեամբ սպասել’Դիտարան 2013 | Նոյեմբեր 15
-
-
14. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ Մեծ Բաբելոնը շուտով պիտի կործանուի։
14 Մեծ Բաբելոնը՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը՝ պիտի կործանուի։ ‘Ժողովուրդներ ու բազմութիւններ եւ ազգեր ու լեզուներ’ պիտի չկարենան անոր նեցուկ կանգնիլ։ Արդէն կը տեսնենք իրադարձութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ անոր վախճանը մօտ է (Յայտ. 16։12. 17։15-18. 18։7, 8, 21)։ Իրականութեան մէջ, այժմ լրատուամիջոցները ցոյց կու տան թէ կրօնքն ու կրօնական առաջնորդները աջակցութիւն չեն ստանար, հապա հետզհետէ յարձակման կ’ենթարկուին։ Ասով հանդերձ, Մեծ Բաբելոնի առաջնորդները կը զգան թէ իսկական վտանգի տակ չեն։ Անոնք որքա՜ն կը սխալին։ «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է» յայտարարուելէ ետք, Սատանայի աշխարհին քաղաքական տարրերը յանկարծ սուտ կրօնքին վրայ պիտի յարձակին եւ զայն կործանեն։ Ատիկա յաւերժ պիտի բնաջնջուի։ Վստահաբար, կ’արժէ այս հետաքրքրաշարժ դէպքերուն համբերութեամբ սպասել (Յայտ. 18։8, 10)։
-