Տարեց ծնողներուն պատուելու վարձատրութիւնները
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ճշմարիտ երկրպագուները կը յարգեն, կը պատուեն եւ հոգ կը տանին իրենց տարեց ծնողներուն, քանի որ զանոնք կը սիրեն։ Անիկա իրենց պաշտամունքին մէկ մասն է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Թող [զաւակները կամ թոռները] առաջ սորվին իրենց տանը մէջ որդիական գութ ցուցնել ու փոխարէն հատուցանել իրենց ծնողներուն. վասն զի ա՛յն է բարին եւ ընդունելին Աստուծոյ առջեւ»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։4) Ըլլանք պատանի կամ չափահաս, պատշաճ է որ ‘փոխարէն հատուցանենք’ մեր ծնողներուն կամ մեր մեծ ծնողներուն։ Այս կերպով գնահատութիւն ցուցաբերած կ’ըլլանք անոնց սիրոյն, ծանր աշխատանքին, ինչպէս նաեւ երկար տարիներու անոնց հոգատարութեան համար։ Չմոռնանք որ մեր կեանքերն անգամ կը պարտինք մեր ծնողներուն։
Նկատի ունեցէք որ ծնողներուն կամ մեծ ծնողներուն փոխարէն հատուցանելը՝ ‘Աստուծոյ առջեւ ընդունելի’ է։ Անիկա կապ ունի մեր «աստուածպաշտութեան» հետ։ Ուստի, այս խրատը կիրարկելով կը վարձատրուինք, գիտնալով որ կ’ընենք ի՛նչ որ հաճելի է Աստուծոյ։ Ասիկա մեզի ուրախութիւն կը բերէ։
Ուրիշներուն տալու մէջ ուրախութիւն կայ, յատկապէս երբ տանք անոնց՝ որոնք առատաձեռնօրէն տուած են մեզի։ (Գործք 20։35) Հետեւաբար, ի՜նչ հոյակապ վարձատրութիւն կայ Աստուածաշունչի սկզբունքին համաձայն գործելով. «Թող քու հայրդ ու մայրդ քու վրադ ուրախանան ու քեզ ծնանողը թող ցնծայ»։—Առակաց 23։25
Ի՞նչպէս կրնանք մեր ծնողներուն եւ մեծ–ծնողներուն փոխարէն հատուցանել։ Երեք կերպերով. նիւթական, զգացական եւ հոգեւոր գետնի վրայ։ Իւրաքանչիւրը իր վարձատրութիւնները ունի։
Նիւթական Օգնութիւն Տալ
Աստուծոյ ծառայողները գիտեն թէ կարեւոր է ընտանիքի մօտիկ անդամներուն նիւթապէս հոգալ։ Պօղոս առաքեալ յորդորեց. «Եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է»։—Ա. Տիմոթէոս 5։8
Թունճի եւ Ճոյ կ’ապրին Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ։ Թէեւ նիւթապէս դժուար կացութեան մէջ էին, սակայն Ճոյի տարեց ծնողներուն առաջարկեցին որ իրենց հետ բնակին։ Հայրը հիւանդ էր եւ ի վերջոյ մահացաւ։ Թունճի կը յիշէ. «Երբ աներս մահացաւ, զոքանչս ողջագուրեց կնոջս ու ըսաւ. ‘Մարդկայնօրէն ինչ որ կարելի էր ըրիր։ Բնա՛ւ յանցաւոր մի զգար հօրդ մահուան համար’։ Թէեւ կը կարօտնանք աներոջս, բայց գիտենք որ իրեն համար լաւագոյն դեղերը գնեցինք եւ միշտ փորձեցինք որ զգայ թէ իրեն կ’ուզենք ու իր կարիքը ունինք. մեր աստուածատուր պատասխանատուութիւնը կրելու մէջ մեր լաւագոյնը ըրինք։ Ներկայիս, այդ գոհունակութիւնը ունինք»։
Անշուշտ, ամէն ոք ուրիշներուն նիւթապէս օգնելու կարող չէ։ Նիկերիոյ մէջ բնակող մարդ մը ըսաւ. «Եթէ մարդ մը ի՛ր ապրուստը չի կրնար ճարել, ի՞նչպէս պիտի կարենայ ուրիշի մը ապրուստը ճարել»։ Շատ մը երկիրներու մէջ կացութիւնը կրնայ աւելի վատթարանալ յառաջիկային։ Միացեալ Ազգերու կողմէ պատրաստուած նախատեսութեան մը համաձայն, ափրիկեան Սահարայի հարաւը գտնուող բնակչութեան կէսը շուտով ամբողջական աղքատութեան մէջ պիտի ապրի։
Եթէ տնտեսական նեղ կացութեան մէջ էք, իրական կեանքէ առնուած կարօտեալ որբեւայրիի մը պատմութենէն կրնաք մխիթարութիւն գտնել։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ան նկատեց որ որբեւայրի մը պզտիկ նուիրատուութիւն մը կը դնէր տաճարի գանձանակին մէջ։ Ան միայն «երկու լումայ» տուաւ։ Յիսուս անոր պարագան լաւ գիտնալով, ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւարին ամենէն աւելի ձգեց. վասն զի անոնք իրենց աւելցածէն Աստուծոյ ընծաներուն մէջ ձգեցին, բայց ասիկա իր չքաւորութենէն իր բոլոր ունեցած ապրուստը ձգեց»։—Ղուկաս 21։1-4
Նմանապէս, եթէ մեր լաւագոյնը ընենք մեր ծնողներուն կամ մեծ–ծնողներուն նիւթապէս հոգ տանելու համար, եթէ նոյնիսկ քիչ չափով, Եհովա նկատի կ’առնէ ու կը գնահատէ զայն։ Ան բնաւ չ’ակնկալեր որ մեր կարողութենէն աւելին ընենք։ Հաւանաբար մեր ծնողները կամ մեծ–ծնողներն ալ նոյնպէս պիտի զգան։
Զգացական Օգնութիւն Տալ
Մեր ծնողներուն եւ մեծ ծնողներուն հոգալը, անոնց նիւթական կարիքներուն գոհացում տալէն շատ աւելին կը պարփակէ։ Բոլորս ալ զգացական կարիքներ ունինք։ Բոլորս ալ, մէջը ըլլալով տարեցները, կը փափաքինք սիրուիլ, զգալ որ ընտանիքի միւս անդամները կ’ախորժին մեզմէ եւ մեր կարիքը ունին, ինչպէս նաեւ կ’արժեւորեն մեզ։
Մարին, որ Քենիայի մէջ կ’ապրի, երեք տարի իր տարեց կեսրոջ հոգ տարած է։ Ան կ’ըսէ. «Անոր նիւթական կարիքները հայթայթելէ զատ, միշտ կը խօսակցինք իր հետ։ Ան առտնին գործերուն շատ քիչ կը մասնակցի, բայց իրարու հետ կը խօսակցինք ու սերտ բարեկամներ եղած ենք։ Երբեմն Աստուծոյ մասին կը խօսակցինք, երբեմն ալ՝ մեր դրացիներուն մասին։ Թէեւ ան 90 տարեկան է, սակայն իր յիշողութիւնը շատ լաւ է։ Ան կը յիշէ եւ կը խօսի իր կեանքին մասին, երբ տակաւին աղջնակ մըն էր՝ 1914–էն առաջ»։
Մարին կը շարունակէ. «Դիւրին չէ տարեցի մը հոգ տանիլ, բայց զինք մեր տան մէջ ունենալը առատ օրհնութիւններ բերած է։ Ընտանիքին մէջ խաղաղութիւն եւ ներդաշնակութիւն ունինք։ Իրեն հոգ տանիլս, ընտանիքի միւս անդամներուն մէջ տալու հոգին արթնցուցած է։ Ամուսինս աւելի կը յարգէ զիս։ Իսկ եթէ կեսուրս լսէ թէ մէկը հետս կոշտութեամբ կը խօսի, շուտով կը պաշտպանէ զիս։ Անոր ներկայութեան, ոեւէ մէկը չի համարձակիր ինծի հետ կոշտութեամբ խօսիլ»։
Հոգեւոր Օգնութիւն Տալ
Ինչպէս որ նիւթական եւ զգացական գետնի վրայ տալը վարձատրութիւններ կը բերէ տուողին, նոյն է պարագան հոգեւոր գետնի վրայ։ Պօղոս առաքեալ Հռովմի մէջ գտնուող քրիստոնէական ժողովքին գրեց. «Շատ կը փափաքիմ ձեզ տեսնել, որպէսզի ձեզի փոխանցեմ ոեւէ հոգեւոր պարգեւ որ ձեզ ամրապնդելու կը ծառայէ. այսինքն՝ ձեր մէջ ըլլալով՝ իրար քաջալերենք այն հաւատքով որ ունինք դուք եւ ես»։—Հռովմայեցիս 1։11, 12, Նոր Աշխարհաբար Թարգմանութիւն։
Աստուծոյ ծառայող տարեցներուն հոգեւորապէս տալու հարցին մէջ ալ քաջալերութիւնը յաճախ փոխադարձ է։ Օսոնտուն, որ Նիկերիոյ մէջ կը բնակի, կ’ըսէ. «Մեծ ծնողներուս նկատմամբ, ինծի ամենաշատ հետաքրքրող բանը այն է, որ անոնք ինծի պատեհութիւն մը կու տան որ անցեալի մասին գաղափար մը կազմեմ։ Մեծ հօրս աչքերը կը ճառագայթեն, երբ պատմէ 1950–ական եւ 1960–ական թուականներուն որպէս լիաժամ քարոզիչ իր աշխատած թաղամասին մասին։ Ան ժողովքային ներկայ կառոյցը կը բաղդատէ իր Վկայ եղած ատենուան կառոյցին հետ։ Այս փորձառութիւնները կ’օգնեն ինծի, իմ ռահվիրայական ծառայութեանս մէջ»։
Քրիստոնէական ժողովքին մէջ ուրիշներ ալ կրնան օգնել տարեցներուն հոգեւորապէս տալու մէջ։ Թունճին, որու մասին նախապէս խօսեցանք, բացատրեց թէ ի՛նչ պատահեցաւ իր ժողովքին մէջ. «Երիտասարդ եղբայր մը, որու հանրային դասախօսութիւն մը նշանակուած էր, ուրուագիծը աներոջս բերաւ, որպէսզի կարենան զայն միասնաբար պատրաստել։ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան վարիչը եկաւ ու ըսաւ աներոջս. ‘Դուն փորձառու ես, ըստ քեզի ի՞նչ բանի մէջ կրնամ բարելաւում ընել’։ Աներս կրցաւ այդ երէցին կարգ մը գործնական խրատներ տալ։ Եղբայրները շատ յաճախ իր անունը կը յիշէին ժողովքային աղօթքներուն մէջ։ Այս բոլորը իրեն զգացնել տուին որ փնտռուած էր»։
Բարի Վարքը Մարդիկը Աստուծոյ կը Մօտեցնէ
Մեր ծնողներուն ու մեծ–ծնողներուն հանդէպ յարգանք ու սէր ցոյց տալով, երբեմն մարդիկը Աստուծոյ կը մօտեցնենք։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահելով, որպէս զի եթէ ձեզ չարագործներու պէս բամբասեն, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած՝ այցելութեան օրը»։—Ա. Պետրոս 2։12
Էնտրու, Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ Քրիստոնեայ երէց մը, շաբաթը երկու անգամ 95 քիլոմեթր կը ճամբորդէր իր հիւանդ հօրը հոգ տանելու համար, որ հաւատացեալ մը չէր։ Ան կը պատմէ. «Երբ Եհովայի Վկայ եղայ, հայրս սաստիկ հակառակեցաւ։ Սակայն, տեսնելով ի՛նչպէս հոգ կը տանէի իրեն իր հիւանդութեան ժամանակ, ան կրտսեր եղբայրներուս ու քոյրերուս յորդորեց, ըսելով, ‘Պէտք է ձեր եղբօր կրօնքին միանաք’։ Ասիկա զիրենք քաջալերեց եւ այսօր հօրս ինը զաւակներն ալ Եհովայի Վկաներ են»։
Մեր տարեց ծնողներուն պատուելն ու անոնց հոգ տանիլը կրնայ շատ դժուար ըլլալ, մասնաւորաբար տնտեսական խիստ պայմաններու ներքեւ։ Բայց, մինչ Քրիստոնեաները կը ջանան ասիկա ընել, բազմաթիւ ճոխ վարձատրութիւններ կը քաղեն։ Մանաւանդ, անոնք տալու ուրախութիւն, ինչպէս նաեւ, գոհունակութիւն կը վայելեն, գիտնալով որ Եհովա Աստուած կը հաճեցնեն, որ «ամենուն Հայր»ն է։—Եփեսացիս 4։6
[Շրջանակ՝ էջ 6]
Աստուածային խրատներ՝ հոգատարութիւն ստացողներուն եւ զայն տուողներուն
Քաջալերող Եղէք. «Մեզմէ ամէն մէկը շինութեան համար իր ընկերին հաճոյ ըլլայ՝ բարի բաներու մէջ»։—Հռովմայեցիս 15։2
Հաստատ Եղէք. «Բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք»։—Գաղատացիս 6։9
Խոնարհ Եղէք. «Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք»։—Փիլիպպեցիս 2։3
Բարիք Գործող մը Եղէք. «Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ»։—Ա. Կորնթացիս 10։24
Բանաւոր Եղէք. «Ձեր քաղցրութիւնը [«բանաւորութիւնը», ՆԱ] ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ»։—Փիլիպպեցիս 4։5
Կարեկից Եղէք. «Իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու»։—Եփեսացիս 4։32