Երբ մեղքը չքանայ
«ՄԵՆՔ մեղքի մէջ ծնա՞ծ ենք»։ Այս հարցումը շփոթութեան մատնեց շրջանաւարտ աշակերտ մը Միացեալ Նահանգներու մէջ, երբ նոր սկսած էր Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Պրահմանական ենթահող ունենալուն համար, ժառանգուած մեղքի գաղափարը անծանօթ էր իրեն։ Սակայն, եթէ մեղքը իրապէս ժառանգած ենք, տրամաբանեց ան, զայն ուրանալը կամ անտեսելը անօգուտ պիտի ըլլայ։ Անհատ մը այս հարցումին պատասխանը ի՞նչպէս կրնայ գտնել։
Եթէ մեղքը ժառանգուած է, անիկա սկիզբ մը ունեցած ըլլալու է։ Արդեօք առաջին մարդը չա՞ր ստեղծուած էր, այնպէս որ ան նկարագրի չար գծեր փոխանցեց իր զաւակներուն։ Կամ, այս թերութիւնը հետագայի՞ն զարգացաւ։ Ճիշդ ե՞րբ մեղքը սկսաւ։ Միւս կողմէ, եթէ մեղքը միայն արտաքին, անջատ չար էութիւն կամ սկզբունք մըն է, կրնա՞նք յուսալ որ օր մը անկէ պիտի ազատուինք։
Պրահմանական ուսուցումին համաձայն, տառապանքը եւ չարութիւնը ստեղծագործութեան ընկերակցած են։ Պրահմանական ուսումնական մը կ’ըսէ. «Տառապանքը [կամ չարութիւնը] երկարատեւ յօդացաւի նման է, միայն մէկ տեղէն միւսը կ’անցնի, բայց բոլորովին չի բուժուիր»։ Իրապէս, չարութիւնը մարդկութեան աշխարհին մէկ մասը եղած է ամբողջ արձանագրուած պատմութեան մէջ։ Եթէ անոր ծագումը մարդկային արձանագրուած պատմութենէն առաջ է, անոր մասին վստահելի տեղեկութիւններ ձեռք ձգելու համար, մարդէն աւելի բարձր աղբիւրի մը դիմելը անհրաժեշտ է։ Պատասխանները պէտք է Աստուծմէ գան։—Սաղմոս 36։9
Մարդը Առանց Մեղքի Ստեղծուած Է
Պրահմանական իմաստասէր Նիգիլանընտան կ’ընդունի, որ Վէտաներուն մէջ յիշուած մարդուն ստեղծագործութեան նկարագրութիւնը այլաբանական է։ Նմանապէս, Արեւելեան կրօնքներուն մեծամասնութիւնը ստեղծագործութեան մասին միայն առասպելական բացատրութիւններ կու տայ։ Սակայն, առաջին մարդուն ստեղծագործութեան մասին Աստուածաշունչի պատմութեան հաւատալու տրամաբանական եւ գիտական պատճառներ կան։a Անոր առաջին գլուխը կ’ըսէ. «Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք»։—Ծննդոց 1։27
Ի՞նչ կը նշանակէ «Աստուծոյ պատկերովը» ստեղծուիլ։ Պարզապէս հետեւեալը. Մարդը Աստուծոյ նման ստեղծուեցաւ, աստուածային յատկութիւններ ունենալով, ինչպէս՝ արդարութիւն, իմաստութիւն եւ սէր, որոնք զինք կը զատորոշեն անասուններէն։ (Բաղդատել՝ Կողոսացիս 3։9, 10։) Այս յատկութիւնները անոր տուին բարին կամ չարը ընտրելու կարողութիւնը, զինք բարոյական ազատ գործակալ դարձնելով։ Երբ առաջին մարդը ստեղծուեցաւ, անոր մէջ մեղք գոյութիւն չունէր, ոչ ալ իր կեանքին մէջ չարութիւն կամ տառապանք կար։
Առաջին մարդուն՝ Ադամին, Եհովա Աստուած հետեւեալ պատուէրը տուաւ. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։ (Ծննդոց 2։16, 17) Եթէ Ադամ ու իր կինը Եւա ընտրէին հնազանդիլ, իրենց Ստեղծիչին փառաբանութիւն ու պատիւ պիտի բերէին եւ մեղքէ զերծ պիտի մնային։ Միւս կողմէ, անհնազանդ արարք մը ցոյց պիտի տար թէ անոնք Աստուծոյ կատարեալ չափանիշներուն գոհացում չէին տուած եւ ասիկա զիրենք անկատար՝ մեղաւորներ՝ պիտի դարձնէր։
Ադամն ու Եւան աստուածային բնոյթով ստեղծուած չէին։ Սակայն, անոնք որոշ չափով աստուածային յատկութիւններ, ինչպէս նաեւ բարոյական որոշումներ տալու կարողութիւնը ունէին։ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը ըլլալով, անոնք անմեղ՝ կամ կատարեալ՝ էին։ (Ծննդոց 1։31. Բ. Օրինաց 32։4) Անոնց ստեղծուիլը՝ դարեր շարունակ Աստուծոյ ու տիեզերքին միջեւ տիրական եղող համերաշխութիւնը չխանգարեց։ Ուստի, մեղքը ի՞նչպէս սկսաւ։
Մեղքին Ծագումը
Առաջին անգամ մեղք գործուեցաւ հոգեւոր ծիրին մէջ։ Երկիրը ու մարդը ստեղծելէն առաջ, Աստուած հոգեղէն մտացի արարածներ ստեղծած էր. հրեշտակները։ (Յոբայ 1։6. 2։1. 38։4-7. Կողոսացիս 1։15-17) Այս հրեշտակներէն մէկը իր անձնական գեղեցկութեան ու խելացութեան վրայ մեծ համարում ունեցաւ։ (Բաղդատել՝ Եզեկիէլ 28։13-15։) Այս հրեշտակը լսելով զաւակներ բերելու Ադամի ու Եւայի տրուած Աստուծոյ պատուէրը, կրնար տեսնել թէ շուտով ամբողջ երկիրը արդար մարդոցմով պիտի լեցուէր, որոնք բոլորն ալ Աստուած պիտի պաշտէին։ (Ծննդոց 1։27, 28) Այս հոգեղէն արարածը փափաքեցաւ անոնց կողմէ պաշտուիլ։ (Մատթէոս 4։9, 10) Այս ցանկութեան մասին խոկալը զինք առաջնորդեց սխալ ընթացք մը բռնելու։—Յակոբու 1։14, 15
Օձի մը միջոցաւ Եւային խօսելով, այս ըմբոստ հրեշտակը ըսաւ թէ բարիի ու չարի գիտութեան ծառին պտուղէն ուտելը արգիլելով, Աստուած Եւայէն ետ կը պահէր գիտութիւն մը, զոր ան պէտք էր ունենար։ (Ծննդոց 3։1-5) Ասիկա զզուելի սուտ մըն էր, մեղաւոր արարք մը։ Այս սուտը ըսելով, հրեշտակը ինքզինք մեղաւոր մը դարձուց։ Ասոր հետեւանքով, ան կոչուեցաւ Բանսարկու, այսինքն՝ զրպարտիչ, եւ Սատանայ, այսինքն՝ Աստուծոյ հակառակորդ։—Յայտնութիւն 12։9
Սատանայի համոզիչ առարկութիւնը Եւայի համար աննպաստ հետեւանք ունեցաւ։ Փորձիչին խօսքերուն վստահելով, ան իր անձին թոյլ տուաւ որ հրապուրուի եւ արգիլուած ծառին պտուղէն ուտէ։ Անոր ամուսինը՝ Ադամ՝ պտուղը ուտելով իրեն միացաւ, եւ այսպէս երկուքն ալ մեղաւորներ եղան։ (Ծննդոց 3։6. Ա. Տիմոթէոս 2։14) Բացայայտօրէն, ընտրելով Աստուծոյ անհնազանդ ըլլալ, մեր առաջին ծնողքը կատարելութեան նշանակէտէն վրիպեցան եւ իրենք զիրենք մեղաւորներ ըրին։
Ի՞նչ կրնանք ըսել Ադամի ու Եւայի սերունդին նկատմամբ։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։ (Հռովմայեցիս 5։12) Ժառանգական օրէնքը արդէն իսկ ի զօրու էր։ Ադամ չէր կրնար իր զաւակներուն փոխանցել բան մը որ ինք չունէր։ (Յոբայ 14։4) Կատարելութիւնը կորսնցուցած ըլլալով, առաջին զոյգը մեղաւոր էր, երբ սկսաւ զաւակներ ունենալ։ Ասոր որպէս արդիւնք, բոլորս ալ, առանց բացառութեան, մեղք ժառանգեցինք։ (Սաղմոս 51։5. Հռովմայեցիս 3։23) Մեղքն ալ իր կարգին, չարութիւն եւ տառապանք յառաջ բերաւ։ Ասկէ զատ, մեղքին պատճառաւ բոլորս ալ կը ծերանանք ու կը մեռնինք, «քանզի մեղքին վարձքը մահ է»։—Հռովմայեցիս 6։23
Խղճմտանքը ‘կը Յանդիմանէ’ Կամ ‘Իրաւունք կու Տայ’
Նկատի առէք նաեւ մեղքին ազդեցութիւնը մարդկային առաջին զոյգին վարուելակերպին վրայ։ Անոնք իրենց մարմիններուն մէկ մասը ծածկեցին ու փորձեցին Աստուծոյ երեսէն պահուըտիլ։ (Ծննդոց 3։7, 8) Ուստի, մեղքը պատճառ եղաւ որ յանցաւոր, մտահոգ եւ ամօթ զգան։ Ներկայիս, մարդկութիւնը շատ ծանօթ է այս զգացումներուն։
Ո՞վ անհանգիստ չէ զգացած կարօտեալի մը օգնութեան ձեռք չերկարելուն համար, կամ՝ չէ զղջացած այնպիսի խօսքեր ըսելուն համար, զորս բնաւ պէտք չէր ըսեր։ (Յակոբու 4։17) Ինչո՞ւ այսպիսի մտահոգիչ զգացումներ կ’ունենանք։ Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ թէ ‘օրէնքը մեր սրտին մէջ գրուած է’։ Այդ օրէնքը բեկանելը ներքին տակնուվրայութիւն մը կը ստեղծէ, բացի եթէ մեր խղճմտանքը կարծրացած է։ Ուստի, խղճմտանքին ձայնն է, որ մեզ ‘կը յանդիմանէ’ կամ ‘իրաւունք կու տայ’։ (Հռովմայեցիս 2։15. Ա. Տիմոթէոս 4։2. Տիտոս 1։15) Կը գիտակցինք կամ ոչ, սխալի՝ կամ մեղքի՝ ներքին զգացում մը ունինք։
Պօղոս իր մեղաւոր հակումներուն քաջածանօթ էր։ Ան ընդունեց. «Երբ բարին ընելը կամենամ, չարը իմ քովս կ’ըլլայ։ Վասն զի ներսի մարդուն նայելով՝ Աստուծոյ օրէնքին կը հաւնիմ. բայց ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ’ընէ մեղքի օրէնքին, որ իմ անդամներուս մէջ է»։ Ուստի Պօղոս հարց տուաւ. «Ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմնէն»։—Հռովմայեցիս 7։21-24
Մեղքէ Ազատագրում—Ի՞նչպէս
Ուսումնականի մը համաձայն, «պրահմանական աւանդութեան մէջ, ազատագրումը՝ կրկնուող ծնունդներէ եւ մահերէ ազատագրում մըն է»։ Պուտտայականութիւնն ալ, ասոր որպէս լուծում, կը մատնանշէ Նիրվանան՝ մոռացութեան վիճակ մը արտաքին իրականութեան հանդէպ։ Ժառանգուած մեղքի հասկացողութիւնը չըմբռնելով, Պրահմանականութիւնը կը խոստանայ միայն գոյութենէ փախչիլ։
Միւս կողմէ, Աստուածաշունչի նշած ազատագրման միջոցը մեղաւոր վիճակին իրապէս վերջ մը պիտի դնէ։ Մեղքէն ի՛նչպէս ազատուելու մասին հարցնելէ յետոյ, Պօղոս առաքեալ կը պատասխանէ, ըսելով. «Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ (Հռովմայեցիս 7։25) Այո, ազատագրութիւնը Աստուծմէ է, Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով։
Մատթէոսի Աւետարանին համաձայն, «Որդին մարդոյ»՝ Յիսուս Քրիստոս, եկաւ «իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։ (Մատթէոս 20։28) Ինչպէս արձանագրուած է Ա. Տիմոթէոս 2։6–ի մէջ, Պօղոս գրեց որ Յիսուս «իր անձը ամենուն տեղ [«ինքզինք համապատասխան», ՆԱ] փրկանք տուաւ»։ «Փրկանք» բառը կը մատնանշէ՝ գերիներու ազատութեան համար վճարուած գինը։ Այն իրողութիւնը որ անիկա համապատասխան փրկանք մըն է, կը շեշտէ վճարուած գինին զօրութիւնը, արդարութեան օրինական պահանջքը գոհացնելու համար։ Սակայն, մէկ մարդուն մահը ի՞նչպէս կրնայ ‘ամենուն տեղ համապատասխան փրկանք’ նկատուիլ։
Ադամ ամբողջ մարդկութիւնը, ի ներառեալ մեզ, մեղքի ու մահուան ծախեց։ Անոր վճարած գինը, կամ պատիժը, իր կատարեալ մարդկային կեանքն էր։ Ասոր փոխարէն, ուրիշ կատարեալ մարդկային կեանք մը՝ համապատասխան փրկանք մը՝ պէտք էր վճարուէր։ (Ելից 21։23. Բ. Օրինաց 19։21. Հռովմայեցիս 5։18, 19) Քանի որ ոչ մէկ անկատար մարդ կրնար հայթայթել այս փրկանքը, Աստուած, իր անսահման իմաստութեամբ, այս դժուարալոյծ խնդրին ելք մը գտաւ։ (Սաղմոս 49։6, 7) Ան իր միածին Որդւոյն կատարեալ կեանքը երկնքէն փոխադրեց երկրի վրայ ապրող կոյսի մը արգանդը, թոյլ տալով որ ան ծնի որպէս կատարեալ մարդ մը։—Ղուկաս 1։30-38. Յովհաննու 3։16-18
Մարդկութիւնը փրկելու իր գործը իրագործելու համար, Յիսուս երկրի վրայ եղած ամբողջ ժամանակամիջոցին իր ուղղամտութիւնը պէտք էր պահէր։ Ան ասիկա ըրաւ։ Ապա զոհաբերական մահ մը ունեցաւ։ Այս կերպով, Յիսուս վստահ եղաւ որ մարդկութիւնը ազատագրելու համար իր կատարեալ մարդկային կեանքին արժէքը որպէս փրկանք վճարուելու պատրաստ է։—Բ. Կորնթացիս 5։14. Ա. Պետրոս 1։18, 19
Քրիստոսի Փրկանքը Ի՛նչ Կրնայ Ընել Մեզի Համար
Հիմա իսկ Յիսուսի փրկանքի զոհը կրնայ մեզի օգտակար ըլլալ։ Անոր հաւատք ընծայելով, կրնանք Աստուծոյ առջեւ մաքուր կեցուածք ունենալ եւ Եհովայի սիրալիր ու քաղցր հոգատարութեան ներքեւ գալ։ (Գործք 10։43. Հռովմայեցիս 3։21-24) Փոխանակ նախապէս մեր գործած մեղքերուն համար չափազանց յանցաւոր զգալու, կրնանք փրկանքի հիման վրայ ազատօրէն Աստուծմէ մեղքերու թողութիւն խնդրել։—Եսայեայ 1։18. Եփեսացիս 1։7. Ա. Յովհաննու 2։1, 2
Հետագայ օրերուն, փրկանքը կարելի պիտի դարձնէ որ մարդկութիւնը մեղքին պատճառած հիւանդագին վիճակէն ամբողջովին ապաքինի։ Աստուածաշունչի վերջին գիրքը կը նկարագրէ Աստուծոյ գահէն բխող «կեանքի ջուրի գետ մը»։ Գետեզերքին երկու կողմերը պտղաբեր ծառեր կան, որոնք «հեթանոսներուն բժշկութեան» համար տերեւներ ունին։ (Յայտնութիւն 22։1, 2) Այլաբանօրէն, Աստուածաշունչը հոս կը խօսի Ստեղծիչին սքանչելի կարգադրութիւններուն մասին, որոնք մարդկութիւնը մեղքէ ու մահէ յաւիտեան պիտի ազատեն, Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ։
Յայտնութեան գրքին մարգարէական տեսիլքները շուտով պիտի կատարուին։ (Յայտնութիւն 22։6, 7) Անկէ ետք, բոլոր ուղիղ–սրտով անհատները կատարեալ պիտի ըլլան, «ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով»։ (Հռովմայեցիս 8։20, 21) Ասիկա պէտք չէ՞ մղէ մեզ, որ Եհովա Աստուծոյ ու փրկանքը եղող իր հաւատարիմ Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսին՝ մասին աւելի սորվինք։—Յովհաննու 17։3
[Ստորանիշ]
a Տես՝ Կեանքը Ի՞նչպէս Գոյացաւ—Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ խորագրով գիրքը (Անգլերէն), հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
[Նկար՝ էջ 6]
Ադամ մարդկութեան վրայ մեղք ու մահ բերաւ
[Նկար՝ էջ 7]
Յիսուսի փրկանքի զոհը մեղքէն ու մահէն կ’ազատագրէ