-
Շարունակեցէք ձեր սորվածը գործադրելԴիտարան 2002 | Հոկտեմբեր 1
-
-
«Առասպելներ»ը Մերժեցէ՛ք
8. (ա) Սատանան ի՞նչպէս կը փորձէ մեր հաւատքը կործանել ներկայիս։ (բ) Բ. Տիմոթէոս 4։3, 4–ի մէջ Պօղոս ի՞նչ ազդարարութիւն կու տայ։
8 Սատանան կը ջանայ մեր ուղղամտութիւնը բեկանել, մեզի ուսուցուած բաներուն մասին կասկածներ ցանելով։ Ներկայիս, ինչպէս առաջին դարուն, հաւատուրացներ եւ ուրիշներ կը ջանան անմեղ անհատներու հաւատքը կործանել։ (Գաղատացիս 2։4. 5։7, 8) Երբեմն անոնք լրատուամիջոցները կը գործածեն, խեղաթիւրուած տեղեկութիւններ կամ նոյնիսկ բացայայտ սուտեր տարածելու համար, Եհովայի ժողովուրդին մեթոտներուն ու շարժառիթներուն մասին։ Պօղոս ազդարարեց որ ոմանք ճշմարտութենէն պիտի հեռանային։ Ան գրեց. «Ժամանակ պիտի գայ որ ողջամիտ վարդապետութեանը պիտի չհամբերեն, հապա հաճելի բաներ լսելու մարմաջով իրենց ցանկութիւններուն համեմատ վարդապետներ պիտի դիզեն իրենց եւ ճշմարտութենէն ականջնին պիտի դարձնեն ու առասպելներու ետեւէ պիտի մոլորին»։—Բ. Տիմոթէոս 4։3, 4
9. Պօղոս թերեւս ի՞նչ բան ի մտի ունէր, երբ «առասպելներու» ակնարկութիւն ըրաւ։
9 Փոխանակ ողջամիտ խօսքերուն օրինակին կառչելու, ոմանք ‘առասպելներով’ հրապուրուած էին։ Ի՞նչ էին այս առասպելները։ Թերեւս Պօղոս ի մտի ունէր երեւակայական աւանդավէպեր, Տոբիթ պարականոն գրքին պարունակածին նման։a Առասպելները թերեւս պարփակած էին նաեւ զգայացունց ու ենթադրական տարաձայնութիւններ։ Կրնայ ըլլալ որ ոմանք «իրենց ցանկութիւններուն համեմատ», մտքով խաբուած էին անոնց կողմէ, որոնք Աստուծոյ չափանիշներուն հանդէպ թոյլատու կեցուածք մը որդեգրած էին, կամ ժողովքին մէջ առաջնորդութիւնը առնողներուն հանդէպ քննադատական էին։ (Գ. Յովհաննու 9, 10. Յուդա 4) Ի՛նչ որ ալ ըլլային գայթակղելու պատճառները, բացայայտօրէն ոմանք Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւններուն փոխարէն ստութիւնները նախընտրեցին։ Շուտով անոնք դադրեցան իրենց սորվածը գործադրելէ, եւ ասիկա վնաս հասցուց իրենց հոգեւորականութեան։—Բ. Պետրոս 3։15, 16
10. Ի՞նչ են կարգ մը արդի առասպելները, եւ Յովհաննէս զգոյշ ըլլալու կարիքը ի՞նչպէս աչքառու դարձուց։
10 Ներկայիս կրնանք խուսափիլ առասպելներով հրապուրուելէ, եթէ մեր լսած եւ կարդացած բաները մանրակրկիտ քննենք եւ ընտրողական ըլլանք։ Օրինակ, յաճախ լրատուամիջոցները անբարոյութիւնը յառաջ կը մղեն։ Շատեր երեւութապաշտութիւնը կամ անաստուածութիւնը կը քաջալերեն։ Բարձրագոյն քննադատներ կը ծիծաղին Աստուածաշունչի դաւանութեան վրայ թէ Աստուծմէ ներշնչուած է։ Իսկ այժմու հաւատուրացները յարատեւաբար կը ջանան կասկածի սերմեր ցանել, Քրիստոնեաներուն հաւատքը ապականելու համար։ Առաջին դարու սուտ մարգարէներուն պատճառած նման մէկ վտանգին մասին խօսելով, Յովհաննէս առաքեալ ազդարարեց. «Սի՛րելիներ, ամէն հոգիի մի՛ հաւատաք, հապա հոգիները փորձեցէք՝ թէ արդեօք Աստուծմէ՞ են. վասն զի աշխարհի մէջ շատ սուտ մարգարէներ ելած են»։ (Ա. Յովհաննու 4։1) Ուստի, պէտք է զգոյշ ըլլանք։
11. Ի՞նչ կերպով մը կրնանք մեր անձերը քննել, տեսնելու համար թէ հաւատքին մէ՛ջն ենք։
11 Այս առնչութեամբ, Պօղոս գրեց. «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք»։ (Բ. Կորնթացիս 13։5, Անթիլիաս) Առաքեալը մեզ յորդորեց որ մեր անձերը քննենք, տեսնելու համար թէ քրիստոնէական բոլոր հաւատալիքներուն կը կառչի՞նք թէ ոչ։ Եթէ դժգոհ անհատներու մտիկ ընելու հակումը ունինք, աղօթքով մեր կեցուածքը պէտք է վերլուծենք։ (Սաղմոս 139։23, 24) Եհովայի ժողովուրդին մէջ թերութիւն գտնելու հակումը ունի՞նք։ Եթէ այո, ինչո՞ւ։ Մէկու մը խօսքերէն կամ արարքներէն վիրաւորուա՞ծ ենք։ Եթէ այս է պարագան, հարցերը պատշաճ տեսանկիւնէն կը դիտե՞նք։ Իրերու այս դրութեան մէջ մեր դիմագրաւած որեւէ նեղութիւն ժամանակաւոր է։ (Բ. Կորնթացիս 4։17) Նոյնիսկ եթէ ժողովքին մէջ որոշ փորձութիւն մը դիմագրաւենք, ինչո՞ւ Աստուծոյ ծառայելէ դադրինք։ Եթէ բան մը մեզ կը նեղէ, աւելի լաւ չէ՞ հարցը լուծելու համար մեր կարելին ընենք, ապա զայն Եհովայի ձեռքերուն մէջ ձգենք։—Սաղմոս 4։4. Առակաց 3։5, 6. Եփեսացիս 4։26
12. Բերիացիները մեզի համար ի՞նչպէս լաւ օրինակ մը հանդիսացան։
12 Փոխանակ քննադատական ըլլալու, թող որ անձնական ուսումնասիրութեան եւ ժողովներու միջոցաւ մեր ստացած տեղեկութիւններուն հանդէպ հոգեւորապէս առողջ տեսակէտ մը պահպանենք։ (Ա. Կորնթացիս 2։14, 15) Իսկ փոխանակ Աստուծոյ Խօսքը կասկածի տակ դնելու, որքա՜ն խոհեմութիւն է առաջին դարու Բերիացիներուն կեցուածքը ունենալ, որոնք Սուրբ Գրութիւնները մօտէն քննեցին։ (Գործք 17։10, 11) Ետքը, մեր սորվածը գործադրենք, առասպելները մերժելով եւ ճշմարտութեան կառչելով։
13. Ի՞նչպէս կրնանք անգիտակցաբար առասպելներ տարածել։
13 Տարբեր տեսակ առասպել մը կայ, որմէ պէտք է զգուշանանք։ Բազմաթիւ զգայացունց պատմութիւններ կը շրջաբերին, յաճախ ելեկտրոնական թղթակցութեամբ (Ե–նամակով)։ Այսպիսի պատմութիւններու նկատմամբ զգոյշ ըլլալը խոհեմութիւն է, մանաւանդ եթէ տեղեկութիւններուն բուն աղբիւրը չենք գիտեր։ Նոյնիսկ եթէ փորձառութիւն ղրկողը բարեհամբաւ Քրիստոնեայ մըն է, ան կրնայ իրողութիւնները անձնապէս լսած չըլլալ։ Ասոր համար կարեւոր է որ զգոյշ ըլլանք անստոյգ պատմութիւններ կրկնելէ կամ ուրիշներուն ղրկելէ։ Վստահաբար պիտի չուզէինք ‘պիղծ առասպելներ’ կրկնել։ (Ա. Տիմոթէոս 4։7) Քանի որ իրարու ճշմարտութիւնը խօսելու պարտաւորութիւնը ունինք, խոհեմութեամբ վարուած կ’ըլլանք եթէ խուսափինք նոյնիսկ անգիտակցաբար ստութիւններ տարածելէ։—Եփեսացիս 4։25
-
-
Շարունակեցէք ձեր սորվածը գործադրելԴիտարան 2002 | Հոկտեմբեր 1
-
-
a Տոբիթ գիրքը, որ հաւանաբար Հ.Դ.Ա. երրորդ դարուն գրուած է, կը բովանդակէ Տուբի անունով Հրեայի մը հեքիաթը։ Կ’ըսուի թէ ան բուժելու եւ դեւեր հանելու կարողութիւն ունէր, գործածելով հրէշային ձուկի մը սիրտը, մաղձն ու լեարդը։
-