-
Ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ որ շարունակես Սուրբ Գիրքը սերտելԿեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
-
-
5. Հակառակութիւնը թող քեզ չկեցնէ
Երբեմն ոմանք թերեւս փորձեն արգելք ըլլալ որ Սուրբ Գիրքը սերտես։ Նկատի առ թէ ի՛նչ եղաւ Ֆրանչեսքոյին հետ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։
Վիտէոյին մէջ, Ֆրանչեսքոյին ընկերները եւ ընտանիքը ի՞նչ ըրին, երբ իրենց պատմեց իր սորվածները։
Ան ինչպէ՞ս օրհնուեցաւ, քանի որ չյանձնուեցաւ։
Կարդացէ՛ք Բ. Տիմոթէոս 2։24, 25 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.
Ընտանիքիդ եւ ընկերներուդ կարծիքը ի՞նչ է սորվածներուդ մասին։
Այս համարներուն համաձայն, ինչպէ՞ս պէտք է վարուիս, եթէ կայ մէկը որ ուրախ չէ որ Սուրբ Գիրքը կը սերտես։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։
-
-
Ինչպէ՞ս կրնաս բարի լուրի մասին ուրիշներուն խօսիլԿեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
-
-
Մէկու մը քարոզելէ առաջ, բնականաբար պիտի մտածես թէ ի՛նչ պիտի ըսես։ Բայց նաեւ կարեւոր է, որ մտածես թէ ատիկա ինչպէ՛ս կրնաս յարգանքով ըսել։ Կարդացէ՛ք Բ. Տիմոթէոս 2։24 եւ Ա. Պետրոս 3։15 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.
Ինչպէ՞ս կրնաս այս համարները գործադրել, որպէսզի ուրիշներուն հետ մեղմութեամբ եւ խոր յարգանքով խօսիս։
Ընտանիքէդ կամ ընկերներէդ ոմանք թերեւս քեզի հետ չհամաձայնին։ Ի՞նչ կրնաս ընել։ Ի՞նչ պէտք չէ ընես։
Ինչո՞ւ աւելի լաւ է որ անհատին զգացումները նկատի առնելով հարցումներ հարցնես, փոխանակ անոր ուղղակի ըսելու թէ ինչի՛ պէտք է հաւատայ։
-