-
Ինչպիսի՞ մարդիկ կը տեսնեսԴիտարան (ուսումնասիրական) 2018 | Յունուար
-
-
3. Բ. Տիմոթէոս 3։2-5–ին մէջ ո՞ր մարդիկը նկարագրուած են։
3 Պօղոս գրեց թէ «վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան»։ Ետքը, ան նշեց 19 գէշ յատկութիւններ, որոնք շատ տարածուած պիտի ըլլային մեր օրերուն։ Այս յատկութիւնները նման են այն յատկութիւններուն, որոնք Հռովմայեցիս 1։29-31–ին մէջ նշուած են։ Բայց Տիմոթէոսին ուղղուած նամակին մէջ կան արտայայտութիւններ, որոնք Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ ուրիշ տեղ չեն նշուած։ Պօղոս սկսաւ այս բառերով՝ «մարդիկ պիտի ըլլան»։ Բայց ըսել չուզեց թէ բոլո՛ր մարդիկը պիտի ունենային իր նշած գէշ յատկութիւնները։ Աստուծոյ ծառաները ունին շա՜տ տարբեր յատկութիւններ (կարդա՛ Մաղաքիա 3։18)։
-
-
Ինչպիսի՞ մարդիկ կը տեսնեսԴիտարան (ուսումնասիրական) 2018 | Յունուար
-
-
4. Ինչպէ՞ս կը նկարագրես գոռոզ կամ հպարտ անհատները։
4 Երբ Պօղոս ըսաւ թէ մարդիկ անձնասէր եւ արծաթասէր պիտի ըլլային, աւելցուց թէ նաեւ պիտի ըլլային՝ ամբարտաւան, հպարտ եւ գոռոզ։ Այսպիսի մարդիկ ընդհանրապէս ինքզինքնին կը տեսնեն ուրիշին վրայ՝ իրենց կարողութիւններուն, տեսքին, հարստութեան կամ դիրքին պատճառով։ Անոնք ամէն բանէ աւելի շատ կ’ուզեն ուրիշները հիացնել։ Ուսումնական մը այսպիսի հպարտ անհատներու մասին գրեց. «Անոր սրտին մէջ պզտիկ խորան մը կայ, ուր կը խոնարհի ինքն իր առջեւ»։ Ոմանք ըսած են որ հպարտութիւնը այնքան զզուելի բան մըն է, որ նոյնիսկ հպարտները չեն ախորժիր հպարտ անձերէ։
-
-
Ինչպիսի՞ մարդիկ կը տեսնեսԴիտարան (ուսումնասիրական) 2018 | Յունուար
-
-
8. ա) Ոմանք ինչպէ՞ս կը նկատեն զաւակներուն անհնազանդ ըլլալը։ բ) Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կը քաջալերէ զաւակները որ ընեն։
8 Պօղոս բացատրեց թէ վերջին օրերուն մէջ մարդիկ ինչպէ՛ս պիտի վարուէին իրարու հետ։ Ան գրեց թէ զաւակները ծնողներու անհնազանդ պիտի ըլլային։ Ներկայիս, գիրքերը, ֆիլմերը եւ հեռատեսիլի յայտագիրները կը ցուցնեն, թէ բնական ու ընդունելի է որ զաւակները անհնազանդ ըլլան ծնողներուն։ Բայց իրականութիւնը այն է, որ անհնազանդութիւնը կը տկարացնէ ընտանիքը, որ մարդկային ընկերութեան հիմնական մասն է։ Մարդիկ ասիկա շատոնց գիտեն։ Օրինակ, անցեալին՝ Յունաստանի մէջ, եթէ մէկը իր ծնողքին զարնէր, քաղաքացիական բոլոր իրաւունքները կը կորսնցնէր։ Հռոմէական օրէնքին մէջ, եթէ մէկը իր հօր զարնէր, ոճրագործի մը նման կը պատժուէր։ Թէ՛ Եբրայերէն Գրութիւնները եւ թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները կը քաջալերեն զաւակները, որ իրենց ծնողքը պատուեն (Ել. 20։12. Եփ. 6։1-3)։
-
-
Ինչպիսի՞ մարդիկ կը տեսնեսԴիտարան (ուսումնասիրական) 2018 | Յունուար
-
-
10, 11. ա) Ո՞ր գէշ յատկութիւնները կը ցուցնեն որ մարդիկ իրար չեն սիրեր։ բ) Ճշմարիտ քրիստոնեաները ո՞ր աստիճան կը սիրեն ուրիշները։
10 Պօղոս նաեւ նշեց ուրիշ յատկութիւններ, որոնք կը ցուցնեն թէ մարդիկ սէր չունին իրարու հանդէպ։ «Ծնողներու անհնազանդ» ըսելէ ետք, ան կը նշէ ապերախտ, քանի որ ապերախտ անձերը չեն գնահատեր այն լաւ բաները, որ ուրիշները իրենց համար կ’ընեն։ Մարդիկ նաեւ պիտի ըլլային անսուրբ։ Անոնք անհաշտ պիտի ըլլային, այսինքն՝ պիտի չուզէին ուրիշներու հետ հաշտուիլ։ Անոնք հայհոյիչ եւ մատնիչ պիտի ըլլային, գէշ ու վիրաւորական խօսքեր ըսելով մարդոց եւ նոյնիսկ Աստուծոյ մասին։ Նաեւ բանսարկու կամ զրպարտիչ մարդիկ պիտի ըլլային, որոնք վնասակար սուտեր կը խօսին՝ ուրիշին լաւ անունը աւրելու համարa։
-