Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ինչպիսի՞ մարդիկ կը տեսնես
    Դիտարան (ուսումնասիրական) 2018 | Յունուար
    • 9. Ի՞նչը պիտի օգնէ զաւակներուն, որ իրենց ծնողքին հնազանդին։

      9 Երբ զաւակները մտածեն բոլոր այն լաւ բաներուն մասին, որ իրենց ծնողքը ըրած է իրենց համար, ասիկա պիտի օգնէ որ գնահատեն եւ հնազանդին իրենց ծնողքին, հակառակ որ իրենց շուրջինները չեն հնազանդիր։ Անոնք նաեւ պէտք է ըմբռնեն որ Աստուած՝ մեր բոլորին Հայրը, կ’ակնկալէ որ իրենց ծնողքին հնազանդին։ Երբ պատանիները լաւ բաներ խօսին իրենց ծնողքին մասին, ուրիշ պատանիներու կ’օգնեն որ իրենք ալ իրե՛նց ծնողքին դրական աչքով նային։ Անշուշտ, եթէ ծնողները գութ չունին իրենց զաւակներուն հանդէպ, դժուար կ’ըլլայ սրտանց հնազանդիլը։ Անդին, երբ զաւակը զգայ թէ իր ծնողքը անկեղծօրէն կը սիրէ զինք, պիտի մղուի անոնց հնազանդելու, նոյնիսկ եթէ դժուար ըլլայ։ Օսթըն անունով եղբայր մը կը խոստովանի. «Թէեւ շատ անգամներ կը փորձէի ընտանիքիս օրէնքներուն շատ չհնազանդիլ, բայց ծնողքս տրամաբանական օրէնքներ կը դնէին, ատոնց պատճառները կը բացատրէին եւ միշտ կը հաղորդակցէին հետս։ Ասիկա ինծի օգնեց որ հնազանդիմ։ Կը տեսնէի որ ինձմով հետաքրքրուած են, եւ ասիկա զիս մղեց որ ուզեմ զիրենք ուրախացնել»։

      10, 11. ա) Ո՞ր գէշ յատկութիւնները կը ցուցնեն որ մարդիկ իրար չեն սիրեր։ բ) Ճշմարիտ քրիստոնեաները ո՞ր աստիճան կը սիրեն ուրիշները։

      10 Պօղոս նաեւ նշեց ուրիշ յատկութիւններ, որոնք կը ցուցնեն թէ մարդիկ սէր չունին իրարու հանդէպ։ «Ծնողներու անհնազանդ» ըսելէ ետք, ան կը նշէ ապերախտ, քանի որ ապերախտ անձերը չեն գնահատեր այն լաւ բաները, որ ուրիշները իրենց համար կ’ընեն։ Մարդիկ նաեւ պիտի ըլլային անսուրբ։ Անոնք անհաշտ պիտի ըլլային, այսինքն՝ պիտի չուզէին ուրիշներու հետ հաշտուիլ։ Անոնք հայհոյիչ եւ մատնիչ պիտի ըլլային, գէշ ու վիրաւորական խօսքեր ըսելով մարդոց եւ նոյնիսկ Աստուծոյ մասին։ Նաեւ բանսարկու կամ զրպարտիչ մարդիկ պիտի ըլլային, որոնք վնասակար սուտեր կը խօսին՝ ուրիշին լաւ անունը աւրելու համարa։

  • Ինչպիսի՞ մարդիկ կը տեսնես
    Դիտարան (ուսումնասիրական) 2018 | Յունուար
    • a «Բանսարկու» կամ «ամբաստանող» թարգմանուած յունարէն բառը տի·ապո·լոս է, որ Սուրբ Գիրքին մէջ կը գործածուի որպէս տիտղոս Սատանային, որ Աստուած կը զրպարտէ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել