-
«Պէտք է ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք»Դիտարան 2002 | Հոկտեմբեր 1
-
-
«Պէտք է ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք»
«Պէտք է ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք մեր լսած բաներուն, որ չըլլայ թէ պակսինք»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 2։1
1. Բացատրեցէք թէ մտացիր ըլլալը ի՛նչպէս կրնայ աղէտի առաջնորդել։
ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԻ արկածները ամէն տարի շուրջ 37,000 կեանքեր կը խլեն միայն Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Մասնագէտներ կ’ըսեն թէ այս մահերէն շատերը կրնային չպատահիլ, եթէ շարժավարները ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընէին ճամբուն։ Կարգ մը շարժավարներ երթեւեկի նշաններու եւ ցուցատախտակներու, կամ բջիջային հեռաձայնի գործածութեան պատճառ մտացիր կ’ըլլան։ Կան նաեւ անոնք, որոնք ինքնաշարժ վարելու ժամանակ կ’ուտեն։ Այս բոլոր պարագաներուն, մտացիր ըլլալը կրնայ աղէտի առաջնորդել։
2, 3. Պօղոս Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն ի՞նչ յորդոր տուաւ, եւ իր խրատը ինչո՞ւ տեղին էր։
2 Ինքնաշարժի գիւտէն շուրջ 2,000 տարի առաջ, Պօղոս առաքեալ անուշադրութեան տեսակ մը բնորոշեց, որ կարգ մը Եբրայեցի Քրիստոնեաներու համար աղիտալի կը դառնար։ Պօղոս շեշտեց թէ յարուցեալ Յիսուս Քրիստոս բոլոր հրեշտակներէն գերազանց եղաւ, Աստուծոյ աջ կողմը նստելով։ Ապա առաքեալը ըսաւ. «Անոր համար պէտք է ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք մեր լսած բաներուն, որ չըլլայ թէ պակսինք [«փրկութեան ճամբէն հեռանանք», Անթիլիաս]»։—Եբրայեցիս 2։1
3 Եբրայեցի Քրիստոնեաները ինչո՞ւ ‘ա՛լ աւելի ուշադրութիւն պէտք էր ընէին [Յիսուսի վրայով] իրենց լսած բաներուն’։ Քանի որ գրեթէ 30 տարի անցած էր այն օրէն, երբ Յիսուս երկրային թատերաբեմը ձգեց։ Իրենց Տիրոջ բացակայութեան, կարգ մը Եբրայեցի Քրիստոնեաներ սկսած էին ճշմարիտ հաւատքէն հեռանալ։ Անոնք իրենց նախկին պաշտամունքի կերպով՝ Հրէականութեամբ՝ մտացիր եղած էին։
Մօտէն Ուշադրութիւն Ընելու Կարիքը Ունէին
4. Կարգ մը Եբրայեցի Քրիստոնեաներ ինչո՞ւ կրնային Հրէականութեան վերադառնալու փորձութեան դիմաց գտնուիլ։
4 Քրիստոնեայ մը ինչո՞ւ կրնար Հրէականութեան վերադառնալու փորձութեան դիմաց գտնուիլ։ Օրէնքին ներքեւ հաստատուած պաշտամունքի դրութիւնը շօշափելի բաներ կը պարփակէր։ Մարդիկ կրնային քահանաները տեսնել եւ կիզուող զոհերուն հոտը հոտոտալ։ Սակայն, կարգ մը երեսակներու մէջ, Քրիստոնէութիւնը շատ տարբեր էր։ Քրիստոնեաները ունէին Քահանայապետ մը՝ Յիսուս Քրիստոս, բայց ան երեք տասնամեակներէ ի վեր երկրի վրայ չէր տեսնուած։ (Եբրայեցիս 4։14) Անոնք տաճար մը ունէին, սակայն անոր սրբարանը բուն երկինքն էր։ (Եբրայեցիս 9։24) Օրէնքին ներքեւ եղած թլփատութեան հակառակը, քրիստոնէական թլփատութիւնը ‘սրտին թլփատութիւնն էր հոգիով’։ (Հռովմայեցիս 2։29) Հետեւաբար, Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն համար, Քրիստոնէութիւնը թերեւս սկսած էր վերացական բնոյթ մը ստանալ։
5. Պօղոս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ Յիսուսի կողմէ հաստատուած պաշտամունքի դրութիւնը Օրէնքին ներքեւ եղած պաշտամունքի դրութենէն գերադաս էր։
5 Եբրայեցի Քրիստոնեաները Քրիստոսի հաստատած պաշտամունքի դրութեան նկատմամբ շատ յատկանշական բանի մը պէտք էր անդրադառնային։ Անիկա հաւատքի վրայ հիմնուած էր, քան՝ երեւոյթի, այսուհանդերձ, Մովսէս մարգարէի միջոցաւ փոխանցուած Օրէնքէն գերադաս էր։ Պօղոս գրեց. «Եթէ ցուլերուն ու նոխազներուն արիւնը եւ երինջին մոխիրը սրսկուելով՝ պղծեալները կը սրբէր մարմնի մաքրութեան կողմանէ, ալ ո՜րչափ աւելի Քրիստոսին արիւնը, որ յաւիտենական Հոգիին ձեռքով իր անձը անարատ պատարագ մատուցանեց Աստուծոյ, պիտի սրբէ ձեր խղճմտանքը մեռած գործերէն՝ կենդանի Աստուածը պաշտելու»։ (Եբրայեցիս 9։13, 14) Այո, այն թողութիւնը որ մատչելի է Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին հանդէպ հաւատք ունենալով, բազմաթիւ կերպերով գերադաս է Օրէնքին ներքեւ մատուցուած զոհերուն կարելի դարձուցած թողութենէն։—Եբրայեցիս 7։26-28
6, 7. (ա) Ի՞նչ պարագայ ստիպողական դարձուց որ Եբրայեցի Քրիստոնեաները ‘ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընէին իրենց լսած բաներուն’։ (բ) Երբ Պօղոս Եբրայեցիներուն յղած իր նամակը գրեց, Երուսաղէմի համար ո՞րքան ժամանակ մնացած էր։ (Տես ստորանիշը։)
6 Ուրիշ պատճառ մըն ալ կար թէ Եբրայեցի Քրիստոնեաները ինչո՛ւ մօտէն ուշադրութիւն պէտք էր ընէին Յիսուսի վրայով իրենց լսած բաներուն։ Ան նախագուշակած էր թէ Երուսաղէմը պիտի կործանէր։ Յիսուս ըսաւ. «Օրեր պիտի գան քու վրադ՝ երբ թշնամիներդ քու բոլորտիքդ պատնէշ պիտի շինեն ու քեզ պիտի պաշարեն եւ ամէն կողմէ քեզ նեղը պիտի ձգեն եւ հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ ու մէջդ եղած զաւակներդ եւ ամենեւին քար մը քարի վրայ պիտի չթողուն քու մէջդ, քանի որ չճանչցար քու այցելութեանդ ժամանակը»։—Ղուկաս 19։43, 44
7 Ասիկա ե՞րբ պիտի պատահէր։ Յիսուս օրն ու ժամը չյայտնեց։ Փոխարէն, ան հետեւեալ պատուէրը տուաւ. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է։ Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին ու անոր մէջ եղողները թող հեռանան եւ անոնք որ ագարակներն են՝ թող չմտնեն անոր մէջ»։ (Ղուկաս 21։20, 21) Այս խօսքերը ըսուելէն ետք, 30 տարուան ընթացքին, Երուսաղէմի մէջ կարգ մը Քրիստոնեաներ իրենց ստիպողականութեան հոգին կորսնցուցին ու մտացիր դարձան։ Անոնց աչքերը որպէս թէ ճամբէն շեղած էին։ Եթէ իրենց մտածելակերպը չբարեճշդէին, աղէտը անխուսափելի էր։ Երուսաղէմի կործանումը մօտալուտ էր, անոնք այսպէս խորհած ըլլային կամ ոչ։a Բարեբախտաբար, Պօղոսի յորդորը ահազանգ մը եղաւ Երուսաղէմի մէջ հոգեւորապէս մրափող Քրիստոնեաներուն համար։
‘Ա՛լ Աւելի Ուշադրութիւն Ընել’ Ներկայիս
8. Ինչո՞ւ պէտք է ‘ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք’ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւններուն։
8 Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն նման, պէտք է ‘ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք’ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւններուն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մենք ալ մօտալուտ կործանում մը կը դիմագրաւենք, ո՛չ թէ մէկ ազգի, այլ՝ իրերու ամբողջ դրութեան մը։ (Յայտնութիւն 11։18. 16։14, 16) Անշուշտ, այս քայլը առնելու Եհովայի որոշած օրն ու ժամը չենք գիտեր։ (Մատթէոս 24։36) Այսուհանդերձ, ականատես ենք Աստուածաշունչի մարգարէութիւններու կատարման, որոնք բացայայտօրէն ցոյց կու տան թէ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Ուստի, պէտք է զգոյշ ըլլանք որ որեւէ բան մեզ մտացիր չընէ։ Աստուծոյ Խօսքին պէտք է ուշադրութիւն ընծայենք եւ ստիպողականութեան սուր զգացում մը պահպանենք։ Միայն այսպէս ընելով է որ պիտի կարենանք ‘այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիլ’։—Ղուկաս 21։36
-
-
«Պէտք է ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք»Դիտարան 2002 | Հոկտեմբեր 1
-
-
a Եբրայեցիներուն յղուած նամակը հաւանաբար Հ.Դ. 61–ին գրուած էր։ Եթէ այս էր պարագան, ուրեմն շուրջ հինգ տարի ետքն էր որ Սեսդիոս Գաղիոսի բանակները Երուսաղէմը պաշարեցին։ Շատ չանցած այդ բանակները քաշուեցան, թոյլ տալով որ արթուն Քրիստոնեաները փախչին։ Անկէ չորս տարի ետք, Զօրավար Տիտոսի հրամանատարութեան ներքեւ եղող հռովմէական զօրքերը քաղաքը քարուքանդ ըրին։
-