Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Յոյսով խարսխուած՝ սիրով մղուած
    Դիտարան 1999 | Օգոստոս 1
    • Յոյսը՝ Խարիսխի Նմանցուած

      10, 11. Պօղոս մեր յոյսը ի՞նչ բանի նմանցուց, եւ այս բաղդատութիւնը ինչո՞ւ տեղին է։

      10 Պօղոս նշեց որ Եհովա խոստացած էր Աբրահամի միջոցաւ օրհնութիւններ բերել։ Ապա առաքեալը բացատրեց. «Աստուած . . . երդում ըրաւ. որպէս զի երկու անփոփոխելի բաներով [իր խօսքը եւ իր երդումը], որոնք կը ցուցնեն թէ՝ անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի, հաստատուն մխիթարութիւն ունենանք մենք, որ ապաստան գտանք մեր առջեւ դրուած յոյսը ամուր բռնելու, որ ունինք իբրեւ հաստատ ու անշարժ խարիսխ մը մեր անձին»։ (Եբրայեցիս 6։17-19. Ծննդոց 22։16-18) Օծեալ Քրիստոնեաներու դիմաց դրուած է երկնքի մէջ անմահ կեանքի յոյսը։ Ներկայիս, Եհովայի ծառաներուն հսկայ մեծամասնութիւնը դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու սքանչելի յոյսը ունի։ (Ղուկաս 23։43) Անհատ մը չի կրնար հաւատք ունենալ, առանց այսպիսի յոյս մը ունենալու։

      11 Խարիսխ մը ապահովութեան զօրաւոր եւ անհրաժեշտ գործիք մըն է, որպէսզի նաւը իր տեղը պահուի ու հովէ չքշուի։ Ոեւէ նաւաստի առանց խարիսխ նետելու նաւահանգիստէն չի հեռանար։ Քանի որ Պօղոս քանիցս նաւակոծութեան հանդիպած էր, ան փորձառաբար գիտէր որ նաւուն վրայ գտնուողներուն կեանքը յաճախ նաւուն խարիսխէն կախեալ է։ (Գործք 27։29, 39, 40. Բ. Կորնթացիս 11։25) Առաջին դարուն, նաւ մը շարժիչ չունէր որ նաւապետը կարենար իր ուզած կողմը ուղղել զայն։ Թիավարուող ռազմանաւերէն զատ, մնացեալ նաւերը շարժուելու համար գլխաւորաբար հովէն կախեալ էին։ Եթէ նաւապետը տեսնէր որ իր նաւը ժայռերուն պիտի զարնուի, անոր միակ ապաւէնն էր խարիսխը նետել, որպէսզի փոթորիկին դիմանայ, յուսալով որ խարիսխը ամուր կերպով բռնէ ծովուն հունը։ Ուստի, Պօղոս Քրիստոնեային յոյսը կը նմանցնէ ‘մեր անձերուն համար հաստատ ու անշարժ խարիսխի մը’։ (Եբրայեցիս 6։19) Երբ հակառակութեան փոթորիկներու բռնուինք կամ ուրիշ փորձութիւններ դիմագրաւենք, մեր հոյակապ յոյսը խարիսխի մը նման է, որ մեր անձերը կը հաստատէ, որպէսզի հոսանքը մեր հաւատքի նաւը չքշէ տանի կասկածի վտանգաւոր ծանծաղուտներուն, կամ հաւատուրացութեան աղիտալի ժայռերուն ուղղութեամբ։—Եբրայեցիս 2։1. Յուդա 8-13

      12. Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայէ հեռանալէ խուսափիլ։

      12 Պօղոս զգուշացուց Եբրայեցի Քրիստոնեաները. «Նայեցէ՛ք, ե՛ղբայրներ, չըլլայ որ ձեզմէ մէկուն ներսիդին անհաւատութեան չար սիրտ ըլլայ եւ ապստամբի կենդանի Աստուծոյ դէմ»։ (Եբրայեցիս 3։12) Յունարէն բնագրին մէջ, «ապստամբիլ» բառացիօրէն կը նշանակէ «ետ կենալ», այսինքն, հաւատուրաց դառնալ։ Բայց կրնանք խուսափիլ այսպիսի ամբողջական նաւակոծութենէ։ Հաւատքն ու յոյսը մեզի պիտի օգնեն որ Եհովայի կառչած մնանք, նոյնիսկ փորձութեան ամենասաստիկ փոթորիկի ընթացքին։ (Բ. Օրինաց 4։4. 30։19, 20) Մեր հաւատքը՝ հաւատուրաց ուսուցումի հովերէն տարուբերուող նաւու մը պիտի չնմանի։ (Եփեսացիս 4։13, 14) Իսկ խարիսխի նմանող յոյսով, որպէս Եհովայի ծառաներ, պիտի կարենանք կեանքի փոթորիկներուն դիմանալ։

  • Յոյսով խարսխուած՝ սիրով մղուած
    Դիտարան 1999 | Օգոստոս 1
    • Օ՛ն Յառաջ, Դէպի Մեր Նպատակակէտը

      18. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ ապագային հաւատքի որեւէ փորձութեան տոկանք։

      18 Մեր հաւատքն ու սէրը կրնան խստօրէն փորձի ենթարկուիլ, իրերու նոր դրութիւնը հասնելէ առաջ։ Բայց Եհովա «հաստատ ու անշարժ խարիսխ մը» հայթայթած է՝ որ է մեր հոյակապ յոյսը։ (Եբրայեցիս 6։19. Հռովմայեցիս 15։4, 13) Երբ հակառակութիւնը կամ ուրիշ փորձութիւններ մեզ հարուածեն, կրնանք տոկալ՝ եթէ մեր յոյսին միջոցաւ ապահով կերպով խարսխուած ըլլանք։ Փոթորիկին մէկը անցնելէն ետք եւ ուրիշ մը յաջորդելէն առաջ, վճռենք մեր յոյսը զօրացնել ու մեր հաւատքը ամրապնդել։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել