«Ապաստանի քաղաքներ»ուն մէջ մնացէ՛ք ու ապրեցէ՛ք
«Իր ապաստան քաղաքը նստելու էր, մինչեւ որ քահանայապետը մեռնէր»։—ԹՈՒՈՑ 35։28
1. Ո՞վ է արեան Վրէժխնդիրը եւ ան շուտով ի՞նչ քայլեր պիտի առնէ։
ԵՀՈՎԱՅԻ արեան Վրէժխնդիրը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ հարուածելու վրայ է։ Իր հրեշտակային ուժերուն հետ, այս Վրէժխնդիրը շատ շուտով քայլեր պիտի առնէ բոլոր անոնց դէմ, որոնք անզեղջ արիւնապարտներ են։ Այո, արագօրէն մօտեցող «մեծ նեղութեան» ընթացքին, Յիսուս պիտի ծառայէ որպէս Աստուծոյ Դահիճը։ (Մատթէոս 24։21, 22. Եսայեայ 26։21) Այդ ժամանակ, մարդկութիւնը դէմ յանդիման պիտի գտնուի իր արիւնապարտութեան հետ։
2. Ապաստանի միակ վայրը ո՞ւր է եւ ո՞ր հարցումները պատասխանի կը կարօտին։
2 Ապահով ըլլալու համար, անհատ մը այլաբանական ապաստանի քաղաք տանող ճամբան պէտք է առնէ եւ կեանքը ազատելու համար հոն վազէ։ Եթէ քաղաքին մէջ ընդունուի, ապաստանեալ մը պէտք է հոն մնայ, քանի որ անիկա իրական ապաստանի միակ վայրն է։ Բայց թերեւս հարց տաք, ‘Շատերս բնաւ մէկը չենք սպաննած, արդեօք իրապէս արիւնապա՞րտ ենք։ Ինչո՞ւ Յիսուս է արեան Վրէժխնդիրը։ Ի՞նչ է արդի ապաստանի քաղաքը։ Ոեւէ մէկը կրնա՞յ զայն ձգել ու ապահով ըլլալ’։
Իրապէս Արիւնապա՞րտ ենք
3. Մովսիսական Օրէնքի ո՞ր երեսակը մեզի պիտի օգնէ տեսնելու որ երկրին միլիառաւոր մարդիկը արիւնապարտ են։
3 Մովսիսական Օրէնքին մէկ երեսակը մեզի պիտի օգնէ տեսնելու որ երկրի միլիառաւոր բնակիչները արիւնապարտութեան մասնակից են։ Աստուած Իսրայելացիները արիւնահեղութեան մեղսակից կը համարէր։ Եթէ անհատ մը սպաննուած գտնուէր եւ զայն սպաննողը չգիտցուէր, դատաւորները շրջակայ քաղաքները կը չափէին, որոշելու համար ամենէն մօտիկ քաղաքը։ Ապա, յանցանքը սրբելու համար, արիւնապարտ կարծեցեալ այդ քաղաքին երէցները, չգործածուած երինջի մը վիզը պիտի կտրէին, չհերկուած ու չցանուած ձորի մը մէջ։ Ասիկա Ղեւտացի քահանաներուն դիմաց կը կատարուէր, ‘որովհետեւ Եհովա զանոնք ընտրեց, որպէսզի ամէն վէճ ու հակառակութիւն անոնք լուծեն’։ Քաղաքին երէցները իրենց ձեռքերը կը լուային երինջին վրայ ու կ’ըսէին. «Մեր ձեռքերը չթափեցին այս արիւնը ու մեր աչքերը չտեսան։ Ո՛վ Տէր, քաւէ քու Իսրայէլ ժողովուրդդ, որ դուն փրկեցիր ու անմեղ արիւնը քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ մի՛ սեպեր»։ (Բ. Օրինաց 21։1–9) Եհովա Աստուած չէր ուզեր որ Իսրայէլի երկիրը արիւնով պղծուէր եւ անոր ժողովուրդը արիւնապարտութեան մեղսակից ըլլար։
4. Մեծն Բաբելոնը արիւնապարտութեան ի՞նչ արձանագրութիւն ունի։
4 Այո, մեղսակցութիւն կամ համայնգային արիւնապարտութիւն գոյութիւն ունի։ Նկատի առէք Մեծն Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ վրայ հանգչած հսկայ արիւնապարտութիւնը։ Անիկա Եհովայի ծառաներուն արիւնովը գինովցած է։ (Յայտնութիւն 17։5, 6. 18։24) Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքները կը դաւանին Խաղաղութեան Իշխանին հետեւիլ, սակայն պատերազմները, կրօնական հաւատաքննութիւնները եւ մահաբեր խաչակրութիւնները զինք արիւնապարտ ըրած են Աստուծոյ աչքին։ (Եսայեայ 9։6. Երեմեայ 2։34) Արդարեւ, այս դարուս երկու աշխարհամարտերուն պատճառուած միլիոնաւոր մահերուն մեծագոյն յանցապարտութիւնը իր ուսերուն վրայ կը հանգչի։ Հետեւաբար, սուտ կրօնքի անդամները, ինչպէս նաեւ մարդկային պատերազմներու թիկունք կանգնողներն ու մասնակցողներն ալ արիւնապարտ են Աստուծոյ առջեւ։
5. Կարգ մը անհատներ ինչպէ՞ս Իսրայէլի մէջ սխալմամբ մարդ սպաննողին նման եղած են։
5 Ոմանք կամայականօրէն կամ անհոգութեամբ մարդ սպաննած են։ Ուրիշներ հաւաքական սպաննութեան մասնակից եղած են, թերեւս կրօնական առաջնորդներու կողմէ համոզուած՝ որ ասիկա Աստուծոյ կամքն է։ Տակաւին ուրիշներ Աստուծոյ ծառաները հալածած ու զանոնք սպաննած են։ Նոյնիսկ երբ այսպիսի բաներ ըրած չենք, մարդկային կեանքի կորուստի համար հաւաքական պատասխանատըւութիւն կը կրենք, քանի որ Աստուծոյ օրէնքն ու կամքը չէինք գիտեր։ Մենք կը նմանինք սխալմամբ մարդ սպաննողին, որ ‘նախապէս թշնամութիւն չունենալով, անգիտակցաբար դրացին մեռցուցած է’։ (Բ. Օրինաց 19։4) Այսպիսի անհատներ Աստուծոյ գթութիւնը պէտք է հայցեն եւ ապաստանի այլաբանական քաղաքը փախչին։ Ապա թէ ոչ, անոնք պիտի հանդիպին արեան Վրէժխընդրին, ինչ որ իրենց համար մահաբեր պիտի ըլլայ։
Յիսուսի Կենսական Դերերը
6. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Յիսուս Քրիստոս մարդկութեան ամենէն մօտիկ ազգականն է։
6 Իսրայէլի մէջ, արեան վրէժխնդիրը՝ զոհին ամենէն մօտիկ ազգականը կ’ըլլար։ Երկրի վրայ սպաննուած բոլոր անհատներուն՝ մանաւանդ Եհովայի ծառաներուն՝ վրէժը առնելու համար, այժմու արեան Վրէժխնդիրը պէտք է ամբողջ մարդկութեան ազգականը ըլլայ։ Այս դերը Յիսուս Քրիստոս կը լեցնէ։ Ան ծնաւ որպէս կատարեալ մարդ. իր անմեղ կեանքը մահուան մատնեց որպէս քաւիչ զոհ եւ երկինք յարուցուելէ ետք, ան իր զոհին արժէքը Աստուծոյ ներկայացուց, մեղաւոր Ադամի մահկանացու սերունդին ի նպաստ։ Այս կերպով, Քրիստոս մարդկութեան Փրկիչը եղաւ, մեր ամենէն մօտիկ ազգականը՝ արեան իրաւացի Վրէժխնդիրը։ (Հռովմայեցիս 5։12. 6։23. Եբրայեցիս 10։12) Յիսուս իր քայլերուն հետեւող օծեալներուն եղբայրը նկատուած է։ (Մատթէոս 25։40, 45. Եբրայեցիս 2։11–17) Երկնային Թագաւոր ըլլալով, ան «Յաւիտենականութեան Հայր»ը կ’ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք իր երկրային հպատակները ըլլալով, կ’օգտուին իր զոհագործութենէն։ Անոնք յաւիտեան պիտի ապրին։ (Եսայեայ 9։6, 7) Ուստի, շատ տեղին ըլլալով, Եհովա մարդկութեան այս Ազգականը նշանակած է որպէս արեան Վրէժխնդիր։
7. Որպէս մեծագոյն Քահանայապետ, Յիսուս ի՞նչ կ’ընէ մարդոց համար։
7 Յիսուս միեւնոյն ատեն անմեղ, փորձուած, կարեկից Քահանայապետ մըն է։ (Եբրայեցիս 4։15) Իր այս հանգամանքով, ան իր մեղք քաւող զոհին արժէքը կը կիրարկէ մարդկութեան։ Ապաստանի քաղաքները հաստատուած էին, «Իսրայէլի որդիներուն, օտարականին եւ [իրենց] մէջ բնակող պանդուխտին» համար։ (Թուոց 35։15) Ուստի, բարձրագոյն Քահանայապետը իր զոհին արժէքը նախ կիրարկեց իր օծեալ հետեւորդներուն՝ «Իսրայէլի որդիներուն»։ Անիկա հիմա ապաստանի այլաբանական քաղաքներուն մէջ հաստատուած «օտարականներուն» եւ «պանդուխտներուն» կը կիրարկուի։ Յիսուս Քրիստոսի այս «ուրիշ ոչխարներ»ը կը յուսան երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ։—Յովհաննու 10։16. Սաղմոս 37։29, 34
Ներկայ Ապաստանի Քաղաքը
8. Ի՞նչ է ապաստանի այլաբանական քաղաքը։
8 Ի՞նչ է այլաբանական ապաստանի քաղաքը։ Անիկա աշխարհագրական վայր մը չէ, Ղեւտական ապաստանի վեց քաղաքներէն մէկուն՝ Քեբրոնի՝ նման ուր Իսրայէլի Քահանայապետը կը բնակէր։ Ներկայ ապաստանի քաղաքը Աստուծոյ այն կարգադրութիւնն է, որ արեան սրբութեան նկատմամբ իր պատուիրանքը բեկանելով մահուան արժանալէ մեզ կը պահպանէ։ (Ծննդոց 6։9) Այդ պատուիրանքը գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար բռնաբարող ամէն անհատ Աստուծմէ թողութիւն եւ մեղքի ջնջում պէտք է խնդրէ, Քահանայապետին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ արեան հաւատք ընծայելով։ Երկնային յոյս ունեցող օծեալ Քրիստոնեաները եւ երկրային ակնկալութիւններ ունեցող «ուրիշ ոչխարներ»ը, Յիսուսի մեղք քաւող զոհագործութենէն օգտուած են եւ ապաստանի այլաբանական քաղաքին մէջ են։—Յայտնութիւն 7։9, 14. Ա. Յովհաննու 1։7. 2։1, 2
9. Տարսոնցի Սօղոս արեան նկատմամբ Աստուծոյ պատուէրը ինչպէ՞ս բեկանեց, բայց ան ինչպէս իր կեցուածքը փոխեց։
9 Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեայ ըլլալէն առաջ արեան նկատմամբ Աստուծոյ պատուէրը բեկանած էր։ Որպէս Տարսոնցի Սօղոս, ան Յիսուսի հետեւորդները հալածեց եւ նոյնիսկ անոնց սպաննութեան հաւանութիւն տուաւ։ «Բայց», կ’ըսէ Պօղոս, «ողորմութիւն գտայ, վասնզի անհաւատութեան մէջ եւ չգիտնալով ըրի»։ (Ա. Տիմոթէոս 1։13. Գործք 9։1–19) Սօղոս զղջաց եւ հետագային հաւատքի բազմաթիւ արարքներով ասիկա ցոյց տուաւ։ Սակայն, այլաբանական ապաստանի քաղաքը մտնելու համար, փրկանքին հաւատք ընծայելէն աւելին կը պահանջուի։
10. Ինչպէ՞ս կարելի է բարի խղճմտանք մը ձեռք ձգել, եւ զայն պահելու համար ի՞նչ պէտք է ընել։
10 Իսրայէլի մէջ, սխալմամբ մարդ սպաննողը, ապաստանի քաղաքներէն մէկուն մէջ կրնար մնալ միա՛յն երբ փաստէր թէ թափուած արեան նկատմամբ Աստուծոյ առջեւ բարի խղճմտանք մը ունէր։ Բարի խղճմտանք ունենալու համար, Յիսուսի զոհագործութեան պէտք է հաւատք ընծայենք, մեր մեղքերէն զղջանք եւ մեր ընթացքը փոխենք։ Հարկ է որ բարի խղճմտանք մը խնդրենք, Քրիստոսի միջոցով աղօթքով Աստուծոյ նուիրուելով եւ ապա մեր նուիրումը խորհրդանշելով ջուրի մկրտութեամբ։ (Ա. Պետրոս 3։20, 21) Այս բարի խղճմտանքը թոյլ կու տայ որ Եհովայի հետ մաքուր յարաբերութիւն մը ունենանք։ Բարի խղճմտանք ունենալու միակ կերպն է Աստուծոյ պահանջներուն ենթարկուիլ եւ ապաստանի այլաբանական քաղաքին մէջ մեզի նշանակուած գործը կատարել, ինչպէս որ վաղեմի ապաստանի քաղաքներու ապաստանեալները Օրէնքին պէտք էր հնազանդէին եւ իրենց նշանակուած գործը կատարէին։ Ներկայիս Եհովայի ծառաներուն գլխաւոր գործն է Թագաւորութեան պատգամը ծանուցանել։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Այդ գործը կատարելը մեզի պիտի օգնէ որ այժմու ապաստանի քաղաքին մէջ պիտանի բնակիչ մը ըլլանք։
11. Ի՞նչ բանէ պէտք է խուսափինք, եթէ կ’ուզնք ապահովութեամբ մնալ ներկայ ապաստանի քաղաքին մէջ։
11 Ներկայ ապաստանի քաղաքը ձգելը, մեզի համար կործանում կը նշանակէ, քանի որ արեան Վրէժխնդիրը շուտով գործի պիտի լծուի բոլոր արիւնապարտներուն դէմ։ Հիմա, այս պահպանիչ քաղաքէն դուրս բռնուելու, կամ անոր առօտավայրերուն սահմանէն քիչ մը անդին վտանգաւոր վայրի մը մէջ ըլլալու ժամանակը չէ։ Մենք ալ ապաստանի այլաբանական քաղաքէն դուրս պիտի գտնուինք, եթէ Քահանայապետին մեղք քաւող զոհագործութեան վրայ մեր հաւատքը կորսնցնենք։ (Եբրայեցիս 2։1. 6։4–6) Դարձեալ, ապահով պիտի չըլլանք, եթէ աշխարհային կերպեր որդեգրենք, Եհովայի կազմակերպութեան հետ լիովին չհամագործակցինք, կամ մեր երկնաւոր Հօր արդար չափանիշներէն շեղինք։—Ա. Կորնթացիս 4։4
Ապաստանի Քաղաքէն Ազատագրուած
12. Նախկին արիւնապարտները որքա՞ն ժամանակ պէտք է մնան ապաստանի այլաբանական քաղաքին մէջ։
12 Իսրայէլի մէջ սխալմամբ մարդ սպաննողը ապաստանի քաղաքին մէջ պիտի մնար՝ «մինչեւ որ քահանայապետը մեռնէր»։ (Թուոց 35։28) Ուստի, նախապէս արիւնապարտ եղողները որքա՞ն ժամանակ պէտք է կենան ապաստանի այլաբանական քաղաքին մէջ։ Մինչեւ որ այլեւս Քահանայապետին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ ծառայութեան կարիքը չունենան։ «Բոլորվին կարող ալ է ապրեցնելու զանոնք, որ իրմով Աստուծոյ կու գան», կ’ըսէ Պօղոս։ (Եբրայեցիս 7։25) Այնքան ատեն որ նախկին արիւնապարտութիւնը շարունակուի, Քահանայապետին ծառայութեան կարիքը կայ, որպէսզի անկատար մարդիկ Աստուծոյ առջեւ արդար կեցուածք մը ունենան։
13. Ներկայ «Իսրայէլի որդիներ»ը որո՞նք են եւ անոնք ո՞րքան ժամանակ պէտք է մնան «ապաստանի քաղաք»ին մէջ։
13 Չմոռնանք որ վաղեմի ապաստանի քաղաքները՝ «Իսրայէլի որդիներուն», օտարականներուն եւ պանդուխտներուն համար հաստատուած էին։ «Իսրայէլի որդիներ«ը՝ հոգեւոր Իսրայելացիներն են։ (Գաղատացիս 6։16) Անոնք ապաստանի այլաբանական քաղաքին մէջ պէտք է մնան այնքան ատեն որ երկրի վրայ կը գտնուին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ տակաւին անկատար մարմիններու մէջ են, հետեւաբար իրենց երկնաւոր Քահանայապետին քաւիչ արժանիքին կարիքը ունին։ Բայց երբ այս օծեալ Քրիստոնեաները մեռնին եւ երկնային կեանքի յարուցուին, անոնք այլեւս Քահանայապետին քաւիչ ծառայութեան կարիքը պիտի չունենան։ Անոնք իրենց մարմինը եւ անոր կապուած արիւնապարտութիւնը յաւիտեան ձգած պիտի ըլլան։ Այդ յարուցեալ օծեալներուն նկատմամբ, Քահանայապետը մեռած պիտի ըլլայ իր քաւիչ ու պահպանիչ դերին մէջ։
14. Ուրիշ ի՞նչ պատճառներով երկնային ակնկալութիւն ունեցողները պէտք է մնան ներկայ ապաստանի քաղաքին մէջ։
14 Տակաւին ուրիշ պատճառով մըն ալ «Քրիստոսին [երկնային] ժառանգակիցներ»ը պէտք է ապաստանի այլաբանական քաղաքին մէջ մնան, մինչեւ մահուամբ վերջ գտնէ իրենց երկրային ընթացքը։ Անոնք երբ մեռնին, յաւիտեան զոհած պիտի ըլլան իրենց մարդկային բնոյթը։ (Հռովմայեցիս 8։17. Յայտնութիւն 2։10) Յիսուսի զոհագործութիւնը միայն մարդկային բնոյթ ունեցողներուն կիրարկելի է։ Հետեւաբար, հոգեւոր Իսրայէլի նկատմամբ Քահանայապետը կը մեռնի, երբ անոնք յարուցուին որպէս հոգեւոր արարածներ, յաւիտեան երկնքի մէջ ապրելով որպէս «աստուածային բնութեանը հաղորդակից»ներ։—Բ. Պետրոս 2։4
15. Որո՞նք են արդի «օտարականներ»ն ու «պանդուխտներ»ը, եւ մեծագոյն Քահանայապետը ի՞նչ պիտի ընէ անոնց համար։
15 Իսկ Քահանայապետը ե՞րբ պիտի ‘մեռնի’ արդի «օտարականներուն» ու «պանդուխտներուն» նկատմամբ, թոլյ տալով որ անոնք ապաստանի այլաբանական քաղաքը ձգեն։ Մեծ բազմութեան անդամները չեն կրնար ապաստանի այս քաղաքէն դուրս գալ մեծ նեղութենէն անմիջապէս ետք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք տակաւին իրենց անկատար, մեղաւոր մարմիններուն մէջ պիտի ըլլան եւ Քահանայապետին պաշպանութեան ներքեւ մնալու կարիքը ունին։ Անոր հազարամեայ իշխանութեան ու քահանայութեան շրջանին իր քաւչական սպասարկութիւններէն օգտուելով, անոնք մարդկային կատարելութեան պիտի հասնին։ Այն ատեն Յիսուս զանոնք Աստուծոյ պիտի ներկայացնէ, որպէսզի իրենց ուղղամտութիւնը վերջնական, վճռական փորձի ենթարկուի, քիչ մը ժամանակ Սատանան ու իր դեւերը արձակուելով։ Երբ անոնք այս փորձութենէն աստուածային հաճութեամբ անցնին, Եհովան զիրենք արդար պիտի յայտարարէ։ Այս կերպով անոնք մարդկային ամբողջական կատարելութեան պիտի հասնին։—Ա. Կորնթացիս 15։28. Յայտնութիւն 20։7–10a
16. Մեծ նեղութենէն վերապրողները ե՞րբ այլեւս կարիքը պիտի չունենան Քահանայապետին քաւչական ծառայութիւններուն։
16 Ուրեմն, մեծ նեղութենէն վերապրողները, բարի խղճմտանք մը պիտի պահեն, ապաստանի այլաբանական քաղաքին մէջ մնալով մինչեւ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան վախճանը։ Կատարեալ ըլլալով, անոնք այլեւս կարիքը պիտի չունենան Քահանայապետին քաւչական սպասարկութիւններուն եւ պաշտպանութեան։ Այդ ժամանակ, Յիսուս իրենց նկատմամբ պիտի մեռնի որպէս Քահանայապետ, քանի որ այլեւս կարիքը պիտի չունենան որ իր զոհագործութեան արիւնով զիրենք մաքրէ։ Այդ ատեն է որ անոնք ապաստանի այլաբանական քաղաքը պիտի ձգեն։
17. Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին յարուցուողները ինչո՞ւ ապաստանի այլաբանական քաղաքը մտնելու ու հոն մնալու կարիքը պիտի չունենան։
17 Յիսուսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին յարուցուողները ապաստանի այլաբանական քաղաքը պէ՞տք է մտնեն եւ հոն մնան մինչեւ քահանայապետին մեռնիլը։ Ո՛չ, քանի որ անոնք մեռնելով իրենց մեղանչականութեան պատիժը վճառեցին։ (Հռովմայեցիս 6։7. Եբրայեցիս 9։27) Այսուամենայնիւ, Քահանայապետը անոնց պիտի օգնէ որ կատարելութեան հասնին։ Եթէ Հազարամեայի վերջաւորութեան փորձութենէն յաջողութեամբ դուրս գան, Աստուած զիրենք ալ արդար պիտի յայտարարէ եւ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի երաշխիքը պիտի տայ անոնց։ Անշուշտ, Աստուծոյ պահանջներուն չենթարկուիլը, պիտի դատապարտէ զանոնք եւ կործանում պիտի բերէ ոեւէ անհատի վրայ որ չկարենայ վերջին փորձէն յաջողութեամբ անցնիլ, որպէս ուղղամիտ անհատ մը։
18. Յիսուսի թագաւորութեան եւ քահանայութեան կապակցաբար, ի՞նչ բան յաւիտեան մարդոց հետ պիտի մնայ։
18 Իսրայելացի քահանայապետ մը վերջապէս կը մեռնէր։ Բայց Յիսուս «յաւիտեան քահանայապետ [է] Մելքիսեդեկին կարգին պէս»։ (Եբրայեցիս 6։19, 20. 7։3) Ուստի, մարդկութեան նկատմամբ որպէս միջնորդ Քահանայապետ Յիսուսի պաշտօնին դադարումը, իր կեանքին վերջ չի դներ։ Որպէս Թագաւոր եւ Քահանայապետ իր ծառայութեան լաւ ազդեցութիւնները յաւիտեան պիտի մնան մարդկութեան վրայ եւ մարդկութիւնը յաւիտեան պարտական պիտի ըլլայ իրեն, իր մատուցած այս ծառայութիւններուն համար։ Ասկէ զատ, ամբողջ յաւիտենականութեան մէջ, Յիսուս ինք պիտի առաջնորդէ Եհովայի մաքուր պաշտամունքը։—Փիլիպպեցիս 2։5–11
Մեզի Համար Արժէքաւոր Դասեր
19. Ապաստանի քաղաքի կարգադրութենէն ի՞նչ կը սորվինք ատելութեան ու սիրոյ մասին։
19 Ապաստանի քաղաքներու կարգադրութենէն շատ դասեր կրնանք սորվիլ։ Օրինակ, իր զոհին հանդէպ մահացու ատելութիւն ունեցող ո՛չ մէկ մարդասպան կրնար բնակիլ ապաստանի քաղաքին մէջ։ (Թուոց 35։20, 21) Ուստի, ապաստանի այլաբանական քաղաքին մէջ գտնուող մը ինչպէ՞ս կրնայ իր սրտին մէջ իր եղբօրը հանդէպ ատելութիւն թոյլատրել։ «Ամէն ով որ իր եղբայրը կ’ատէ՝ մարդասպան է», գրեց Յովհաննէս առաքեալ, «Գիտէք թէ ամէն մարդասպան իր մէջ յաւիտենական կեանք չունի»։ Ուստի, շարունակենք ‘մէկզմէկ սիրել, վասնզի սէրը Աստուծմէ է’։—Ա. Յովհաննու 3։15. 4։7
20. Արեան Վրէժխնդիրէն պաշտպանուելու համար, ապաստանի այլաբանական քաղաքին մէջ եղողները ի՞նչ պէտք է ընեն։
20 Արեան վրէժխնդիրէն պաշտպանուելու համար, սխալմամբ մարդ սպաննողը ապաստանի քաղաքին մէջ պէտք էր մնար եւ անոր առօտավայրներէն անդին չանցնէր։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ապաստանի այլաբանական քաղաքին մէջ եղողներուն մասին։ Արեան մեծագոյն Վրէժխնդիրէն պաշտպանուելու համար, անոնք քաղաքէն դուրս պէտք չէ ելլեն։ Արդարեւ, անոնք պէտք է դէմ դնեն այդպէս կոչուած առօտավայրին ծայրերը երթալու ցանկութեան։ Անոնք զգոյշ պէտք է ըլլան որ իրենց սրտին մէջ Սատանայի աշխարհին հանդէպ սէր չմշակեն։ Ասիկա թերեւս աղօթքի եւ ջանքի կարիքը ցոյց տայ, բայց մեր կեանքը անկէ կախեալ է։—Ա. Յովհաննու 2։15–17. 5։19
21. Ներկայ ապաստանի քաղաքին մէջ եղողները վարձահատյոց ի՞նչ գործ կ’ընեն։
21 Վաղեմի ապաստանի քաղաքներուն մէջ սխալմամբ մարդ սպաննողները արդիւնաբեր աշխատաւորներ պէտր էր ըլլային։ Նմանապէս, «Իսրայէլի [օծեալ] որդիներ»ը լաւ օրինակ հանդիսացած են, որպէս մշակներ եւ Թագաւորութեան քարոզիչներ։ (Մատթէոս 9։37, 38. Մարկոս 13։10) Արդի ապաստանի քաղաքներուն մէջ գտնուող «օտարականներ»ն ու «պանդուտխտներ»ը, երկրային յոյս ունեցող Քրիստոնեաներն ալ, տակաւին երկրի վրայ գտնուող օծեալներուն կողքին այս փրկարար գործին մասնակցելու առանձնաշնորհումը ունին։ Իսկ այս գործը ի՜նչ վարձահատոյց է։ Ապաստանի այլաբանական քաղաքին մէջ հաւատարմօրէն աշխատողները, արեան Վրէժխնդրին ձեռքով յաւիտենական մահուընէ պիտի ազատին։ Փոխարէն, որպէս Աստուծոյ մեծագոյն Քահանայապետը, անոր ծառայութենէն յաւիտենական օգուտներ պիտի քաղեն։ Ապաստանի քաղաքին մէջ պիտի մնա՞ք՝ որպէսզի յաւիտեան ապրիք։
[Ստորանիշ]
Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէիք
◻ Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ երկրի վրայ ապրող միլիառաւոր մարդիկը արիւնապարտ են։
◻ Յիսուս ի՞նչ դերեր կը լեցնէ մարդկութեան հանդէպ։
◻ Ապաստանի այլաբանական քաղաքը ի՞նչ է եւ անհատ մը ինչպէ՞ս կը մտնէ հոն։
◻ Մարդիկ ե՞րբ ազատ պիտի արձակուին ապաստանի այլաբանական քաղաքէն։
◻ Ապաստանի քաղաքներու կարգադրութենէն ի՞նչ արժէքաւոր դասեր կը սորվինք։
[Նկար՝ էջ 26]
Գիտէ՞ք Յիսուս ի՛նչ կենսական դերեր կը լեցնէ