-
«Ցանկալի բաները» կը լեցնեն Եհովայի տունըԴիտարան 2000 | Յունուար 15
-
-
9. Յիսուս ինչո՞ւ որպէս մարդ չէր կրնար երկինք մտնել, եւ այս կացութիւնը ի՞նչպէս լուծուեցաւ։
9 Հոգիով օծուած Աստուծոյ Որդի մը ըլլալով հանդերձ, Յիսուս մարդը չէր կրնար երկնային կեանք ձեռք ձգել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարմին ու արիւն չեն կրնար ժառանգել երկնային Թագաւորութիւնը։ (Ա. Կորնթացիս 15։44, 50) Քանի որ Յիսուսի մարդկային մարմինը արգելք մըն էր, անիկա լաւ կերպով կը խորհրդանշէր այն վարագոյրը որ Աստուծոյ վաղեմի տաճարին մէջ Սրբութիւնը կը զատէր Սրբութիւն Սրբութեանցէն։ (Եբրայեցիս 10։20) Բայց իր մահուընէ երեք օր ետք, Աստուած յարուցանեց Յիսուսը որպէս հոգի մը։ (Ա. Պետրոս 3։18) Այլեւս ան կրնար Աստուծոյ հոգեւոր տաճարին Սրբութիւն Սրբութեանցը՝ ուղղակի երկինք մտնել։ Ճիշդ այս էր որ տեղի ունեցաւ։ Պօղոս կը գրէ. «Քրիստոս ո՛չ թէ ձեռագործ սրբարանը մտաւ [հաւանաբար ակնարկելով Սրբութիւն Սրբութեանցին], որ ճշմարտին օրինակն է, հապա բուն երկինքը՝ որպէս զի հիմա մեզի համար Աստուծոյ առջեւ ներկայանայ»։—Եբրայեցիս 9։24
10. Յիսուս երբ երկինք վերադարձաւ՝ ի՞նչ ըրաւ։
10 Երկնքի մէջ, Յիսուս իր զոհին ‘արիւնը սրսկեց’, իր կեանքի արեան քաւիչ արժէքը Եհովայի ներկայացնելով։ Բայց Յիսուս ասկէ աւելին ըրաւ։ Իր մահուընէ քիչ առաջ, ան իր հետեւորդներուն ըսած էր. «Հիմա կ’երթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ։ Եւ եթէ երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ, նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէս զի ո՛ւր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք»։ (Յովհաննու 14։2, 3) Ուստի, Սրբութիւն Սրբութեանց կամ երկինք մտնելու արտօնութիւն ունենալով, Յիսուս ճամբան բացաւ որպէսզի ուրիշներն ալ իրեն հետեւին։ (Եբրայեցիս 6։19, 20) Այս անհատները՝ որոնց թիւը 144,000 պիտի ըլլար՝ Աստուծոյ հոգեւոր տաճարի կարգադրութեան մէջ որպէս ենթաքահանաներ պիտի ծառայէին։ (Յայտնութիւն 7։4. 14։1. 20։6) Ճիշդ ինչպէս որ Իսրայէլի քահանայապետը նախ քահանաներուն մեղքերը քաւելու համար զուարակին արիւնը Սրբութիւն Սրբութեանցը կը տանէր, Յիսուսի թափած արիւնը նախ կիրարկուեցաւ այս 144,000 ենթաքահանաներուն։b
-
-
«Ցանկալի բաները» կը լեցնեն Եհովայի տունըԴիտարան 2000 | Յունուար 15
-
-
b Իսրայէլի քահանայապետին հակառակը, Յիսուս մեղքեր չունէր, որոնց համար քաւութեան կարիքը ունենար։ Սակայն իր ընկերակից քահանաները մեղքեր ունէին, քանի որ մեղաւոր մարդոց մէջէն առնուած էին։—Յայտնութիւն 5։9, 10
-