Բնա՛ւ ետ չքաշուինք՝ որ կորսուինք
«Մենք անոնցմէ չենք որ ետ կը քաշուին որ կորսուին»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 10։39, ՆԱ
1. Ի՞նչ պարագաներ պատճառ եղան որ Պետրոս առաքեալ վախի անձնատուր ըլլայ։
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ շշմած ըլլալու էին, երբ իրենց սիրելի Տէրը՝ Յիսուս՝ իրենց ըսաւ որ բոլորն ալ պիտի ցրուէին ու զինք լքէին։ Այսպիսի բան մը ի՞նչպէս կարելի էր, ճգնաժամային այս պահուն։ Պետրոս պնդեց. «Թէպէտ ամէնքն ալ գայթակղին, բայց ո՛չ ես»։ Արդարեւ, Պետրոս քաջ ու խիզախ մարդ մըն էր։ Բայց երբ Յիսուս մատնուեցաւ ու ձերբակալուեցաւ, առաքեալները՝ մէջը ըլլալով Պետրոս՝ ցրուեցան։ Հետագային, մինչ Յիսուս Կայիափա քահանայապետին տան մէջ հարցուփորձի կ’ենթարկուէր, Պետրոս անհանդարտօրէն կը տնտնար գաւիթին մէջ։ Մինչ ցուրտ գիշերը կը սահէր, հաւանաբար Պետրոս վախցաւ որ Յիսուս, եւ իրեն ընկերակցող ոեւէ անհատ, կրնար սպաննուիլ։ Երբ շուրջը գտնուողներէն ոմանք ճանչցան Պետրոսը, որ Յիսուսի սերտ ընկերակիցներէն մէկն էր, ան շփոթութեան մատնուեցաւ։ Ան երեք անգամ հերքեց որ Յիսուսի հետ որեւէ առնչութիւն ունէր։ Պետրոս նոյնիսկ ուրացաւ որ կը ճանչնար զինք։—Մարկոս 14։27-31, 66-72
2. (ա) Յիսուսի ձերբակալման գիշերը Պետրոսի վախկոտ ընթացքը ինչո՞ւ զինք «ետ քաշուող մարդոցմէ» չդարձուց։ (բ) Ի՞նչ ընել պէտք է վճռենք։
2 Ասիկա Պետրոսի կեանքին տկար մէկ պահուն էր, պահ մը, որու համար անկասկած զղջաց իր կեանքի մնացեալ տեւողութեան։ Սակայն, այդ գիշեր Պետրոսի ընթացքը զինք վախկոտ անհա՞տ մը դարձուց։ Ասիկա զինք «անոնցմէ՞» դարձուց որոնց մասին Պօղոս առաքեալ հետագային գրեց. «Մենք անոնցմէ չենք որ ետ կը քաշուին որ կորսուին»։ (Եբրայեցիս 10։39) Հաւանաբար, շատերս համաձայն գտնուինք որ Պօղոսի խօսքերը Պետրոսի չեն կիրարկուիր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Պետրոսի վախը ժամանակաւոր էր՝ փոքր թերութիւն մը՝ արտակարգ խիզախութեամբ ու հաւատքով նշուած կեանքի մը մէջ։ Նմանապէս, մեզմէ շատեր, անցեալին պահեր ունեցած ենք, զորս ամօթով կը վերյիշենք. պահեր, երբ վախը մեզ անակնկալի բերած ու արգելք հանդիսացած է որ ճշմարտութեան համար ա՛յնքան խիզախ կեցուածք մը բռնենք, որքան կը ցանկայինք։ (Համեմատել՝ Հռովմայեցիս 7։21-23) Կրնանք վստահ ըլլալ թէ այսպիսի կարճատեւ սխալներ մեզ կորուստի տանող ետ քաշուող մարդոցմէ չեն դարձներ։ Բայց եւ այնպէս, պէտք է վճռենք որ երբեք այդ մարդոցմէ չըլլանք։ Ինչո՞ւ։ Իսկ ի՞նչպէս կրնանք խուսափիլ այսպիսի անհատ մը ըլլալէ։
Ի՛նչ կը Նշանակէ Ետ Քաշուելով Կորսուիլ
3. Եղիա եւ Յովնան մարգարէները ի՞նչպէս վախի անձնատուր եղան։
3 Երբ Պօղոս «ետ քաշուող մարդոց» մասին գրեց, ան ակնարկութիւն չէր ըներ անոնց, որոնք կարճ ժամանակուան մը համար կրնան իրենց քաջութիւնը կորսնցնել։ Պօղոս վստահաբար գիտէր Պետրոսի փորձառութիւնը ու անոր նման ուրիշ պարագաներ։ Եղիա, խիզախ ու համարձակ մարգարէն, անգամ մը վախի տեղի տուաւ եւ Յեզաբէլ չար Թագուհիին մահուան սպառնալիքին պատճառաւ՝ փախաւ։ (Գ. Թագաւորաց 19։1-4) Յովնան մարգարէին աւելի լուրջ վախ մը պատեց։ Եհովա անոր նշանակում տուաւ որ բռնութեան մէջ համբաւ շահած Նինուէ ամբարիշտ քաղաքը երթայ։ Յովնան իսկոյն նաւ մը բարձրացաւ որ Թարսիս կ’երթար՝ 3,500 քմ. հակառակ ուղղութեամբ։ (Յովնանու 1։1-3) Սակայն, ո՛չ այս հաւատարիմ մարգարէները, ո՛չ ալ Պետրոսը կարելի է իրաւացիօրէն նկարագրել որպէս ետ քաշուող մարդիկ։ Ինչո՞ւ։
4, 5. (ա) Ընդհանուր բովանդակութիւնը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ որոշելու թէ Պօղոս ի՛նչ ըսել կ’ուզէր Եբրայեցիս 10։39–ի մէջ ‘կորսուիլ’ բառով։ (բ) Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Մենք անոնցմէ չենք որ ետ կը քաշուին որ կորսուին»։
4 Նկատի առէք Պօղոսի գործածած ամբողջ նախադասութիւնը. «Մենք անոնցմէ չենք որ ետ կը քաշուին որ կորսուին»։ «Կորսուին» արտայայտութեամբ ան ի՞նչ ըսել կ’ուզէր։ Հոս գործածուած Յունարէն բառը երբեմն կ’ակնարկէ յաւիտենական կործանումի։ Այս սահմանումն է որ կը յարմարի ընդհանուր բովանդակութեան։ Պօղոս տակաւին նոր ազդարարած էր՝ «Եթէ ճշմարտութեան գիտութիւնը ընդունելէ յետոյ կամաւ մեղք գործելու ըլլանք, ա՛լ անկէ յետոյ մեղքերու համար ուրիշ զոհ չի մնար, հապա զարհուրելի սպասում մը դատաստանին ու կրակի բարկութիւն մը կը մնայ, որ պիտի լափէ հակառակորդները»։—Եբրայեցիս 10։26, 27
5 Ուստի, երբ Պօղոս իր հաւատակիցներուն ըսաւ որ «մենք անոնցմէ չենք որ ետ կը քաշուին որ կորսուին», ան ըսել կ’ուզէր որ ինք եւ իր նամակը կարդացող հաւատարիմ Քրիստոնեաները վճռած էին բնաւ Եհովայէ չհեռանալ ու իրեն ծառայելէ ետ չկենալ։ Այսպէս ընելը միմիայն յաւիտենական կործանումի կրնար առաջնորդել։ Իսկարիովտացի Յուդան մէկն էր որ ետ քաշուեցաւ կորսուելու համար, ինչպէս՝ ճշմարտութեան ուրիշ հակառակորդներ, որոնք գիտակցաբար Եհովայի հոգիին դէմ գործեցին։ (Յովհաննու 17։12. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3) Այսպիսի անհատներ, այլաբանական կրակի լիճին մէջ յաւիտենական կործանումի ենթարկուելիք «վախկոտներ»ուն մէջ կը գտնուին։ (Յայտնութիւն 21։8) Ո՛չ, մենք բնա՛ւ չենք ուզեր այդպիսի մարդոցմէ ըլլալ։
6. Բանսարկու Սատանան կ’ուզէ որ ի՞նչպիսի ընթացքի հետեւինք։
6 Բանսարկու Սատանան կ’ուզէ որ մենք ետ քաշուինք, որ կորսուինք։ «Հնարքներու» վարպետ մը ըլլալով, ան գիտէ թէ այսպիսի կորստաբեր ընթացք մը յաճախ կը սկսի չնչին կերպերով։ (Եփեսացիս 6։11) Եթէ ուղղակի հալածանքով չկարենայ իր նպատակին հասնիլ, ան կը ջանայ ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն հաւատքը մաշեցնել աւելի խորամանկ կերպերով։ Ան Եհովայի քաջ ու նախանձախնդիր Վկաներուն լռութեան մատնուիլը կը փափաքի տեսնել։ Տեսնենք թէ ան ի՛նչ ռազմավարութիւն գործածեց Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն դէմ, որոնց գրեց Պօղոս։
Քրիստոնեաները Ի՞նչ Ճնշումներու Ենթարկուեցան՝ Որպէսզի Ետ Քաշուին
7. (ա) Երուսաղէմի ժողովքին պատմութիւնը ի՞նչ էր։ (բ) Պօղոսի նամակը կարդացողներէն ոմանք ի՞նչ պարագաներու մէջ կը գտնուէին։
7 Իրողութիւնները կը նշեն որ Պօղոս Եբրայեցիներուն իր նամակը գրեց մօտ Հ.Դ. 61–ի ատենները։ Երուսաղէմի ժողովքը վրդովալից պատմութիւն մը ունէր։ Յիսուսի մահուընէ ետք, դաժան հալածանքի ալիք մը ծայր տուաւ, պարտադրելով որ քաղաքին մէջ գտնուող Քրիստոնեաներէն շատեր ցրուին։ Սակայն անոր յաջորդեց խաղաղ շրջան մը, թոյլ տալով որ Քրիստոնեաներու թիւը բազմապատկուի։ (Գործք 8։4. 9։31) Մինչ տարիները սահեցան, պարբերաբար ուրիշ հալածանքներ ու դժուարութիւններ եկան։ Այնպէս կը թուի որ երբ Պօղոս Եբրայեցիներուն նամակը գրեց, ժողովքը անգամ մը եւս յարաբերաբար խաղաղութեան շրջան մը կը վայելէր։ Սակայն, տակաւին ճնշումներ կային։ Յիսուս Երուսաղէմի կործանումը նախագուշակելէն մօտաւորապէս երեք տասնամեակներ անցած էին։ Հաւանաբար կային անհատներ, որոնք կը խորհէին որ վախճանը անտրամաբանականօրէն կ’ուշանար եւ թերեւս նոյնիսկ իրենց ապրած ժամանակին մէջ չգար։ Ուրիշներ՝ մասնաւորաբար հաւատքի մէջ նորեկներ, խիստ հալածանքով փորձութեան ենթարկուած չէին եւ փորձութեան ներքեւ համբերութիւն ունենալու մասին շատ քիչ բան գիտէին։ (Եբրայեցիս 12։4) Սատանան վստահաբար այս պարագաներէն օգտուիլ կը փորձէր։ Ան ի՞նչ «հնարքներ» գործածեց։
8. Շատ Հրեաներ ի՞նչ կեցուածք ունէին քրիստոնէական նորածին ժողովքին հանդէպ։
8 Երուսաղէմի ու Հրէաստանի հրէական համայնքը քրիստոնէական նորածին ժողովքին արհամարհանքով կը նայէր։ Պօղոսի գրած նամակէն դատելով, կրնանք գաղափար մը ունենալ թէ Հրեայ կրօնական առաջնորդները ու անոնց հետեւորդները ի՛նչ կերպով կ’անարգէին Քրիստոնեաները։ Անոնք հաւանաբար ըսած ըլլալու էին. ‘Մենք Երուսաղէմի մէջ մեծ տաճար ունինք, որ դարերէ՛ ի վեր կանգուն կեցած է։ Մենք փառաւոր քահանայապետ մը ունինք, որ իր ենթաքահանաներուն հետ հոն պաշտօն կը կատարէ։ Ամէն օր զոհեր կը մատուցանուին։ Ունինք Օրէնքը, որ հրեշտակներու միջոցաւ Մովսէսի փոխանցուեցաւ եւ Սինա Լերան վրայ ահաւոր նշաններով հաստատուեցաւ։ Այս նոր երեւան եկած աղանդը, այս Քրիստոնեաները, որոնք Հրէականութենէն ըմբոստացած են՝ այս բաներէն ո՛չ մէկը ունին’։ Այսպիսի քամահրանքներ իրենց նպատակին հասա՞ն։ Կարգ մը Եբրայեցի Քրիստոնեաներ վրդոված էին այս յարձակումներէն։ Պօղոսի նամակը ճիշդ ժամանակին իրենց օգնութեան հասաւ։
Ինչո՛ւ Անոնք Բնաւ Ետ Պէտք Չէր Քաշուէին որ Կորսուէին
9. (ա) Եբրայեցիս նամակը ի՞նչ բնաբան կը շեշտէ։ (բ) Քրիստոնեաները ի՞նչ առումով Երուսաղէմի մէջ եղած տաճարէն աւելի լաւ տաճարի մը մէջ կը ծառայէին։
9 Չկորսուելու համար, բնաւ ետ չքաշուելու մասին իր եղբայրներուն ու քոյրերուն Պօղոսի տուած երկու պատճառները քննենք։ Առաջին՝ Եբրայեցիներուն նամակը կը շեշտէր քրիստոնէական պաշտամունքի կերպին գերակայութիւնը։ Իր ամբողջ նամակին մէջ Պօղոս զարգացուց այս բնաբանը։ Երուսաղէմի տաճարը պարզապէս շատ աւելի մեծ իրականութեան մը՝ Եհովայի հոգեւոր՝ «անձեռագործ» տաճարին, մէկ նմանութիւնն էր։ (Եբրայեցիս 9։11) Այդ Քրիստոնեաները առանձնաշնորհումը ունէին մաքուր պաշտամունքի համար եղած այդ հոգեւոր կարգադրութեան մէջ ծառայելու։ Անոնք աւելի լաւ ուխտի մը՝ շատոնց խոստացուած նոր ուխտին՝ ներքեւ կը ծառայէին, որ Մովսէսէ գերադաս Միջնորդ մը ունէր, որ էր Յիսուս Քրիստոս։—Երեմեայ 31։31-34
10, 11. (ա) Յիսուսի շառաւիղը ինչո՞ւ զինք անորակելի չէր դարձներ հոգեւոր տաճարին մէջ որպէս Քահանայապետ ծառայելու։ (բ) Ի՞նչ կերպերով Յիսուս Երուսաղէմի տաճարին մէջ ծառայող քահանայապետէն գերադաս Քահանայապետ մըն էր։
10 Այդ Քրիստոնեաները շատ աւելի լաւ Քահանայապետ մըն ալ ունէին՝ Յիսուս Քրիստոս։ Ոչ, Յիսուս Ահարոնէն սերած չէր, այլ ան «Մելքիսեդեկի կարգին պէս» Քահանայապետ մըն էր։ (Սաղմոս 110։4) Մելքիսեդեկ՝ որու շառաւիղը արձանագրուած չէ, վաղեմի Սաղէմի թագաւորը, ինչպէս նաեւ, քահանայապետն էր։ Այսպիսով ան տեղին ըլլալով Յիսուսի մարգարէական տիպն էր, որու քահանայութիւնը ո՛չ թէ անկատար մարդոց նահապետութենէն կախեալ էր, այլ շատ աւելի մեծ բանէ մը՝ Եհովա Աստուծոյ երդումէն։ Մելքիսեդեկի նման, Յիսուս կը ծառայէ ոչ միայն որպէս Քահանայապետ, այլ նաեւ, որպէս Թագաւոր, մէկը որ բնա՛ւ պիտի չմեռնի։—Եբրայեցիս 7։11-21
11 Աւելին ըլլալով, Երուսաղէմի տաճարի քահանաներուն հակառակը, Յիսուս ամէն տարի զոհեր մատուցանելու կարիքը չունէր։ Իր զոհը իր կատարեալ կեանքն էր, զոր մէկ անգամ ընդմիշտ մատուցանեց։ (Եբրայեցիս 7։27) Տաճարին մէջ մատուցուած այդ բոլոր զոհերը միայն շուքեր էին, Յիսուսի մատուցածին որպէս պատկեր։ Իր կատարեալ զոհը բոլոր հաւատք ընծայողներուն իրապէս մեղքերու թողութիւն բերաւ։ Սրտապնդիչ են նաեւ Պօղոսի խօսքերը, որոնք ցոյց կու տան որ այս Քահանայապետը նոյն անփոփոխ Յիսուսն է, զոր ճանչցած էին Երուսաղէմի Քրիստոնեաները։ Ան հեզ ու ազնիւ էր. մէկը որ կրնայ «մեր տկարութիւններուն կարեկից» ըլլալ։ (Եբրայեցիս 4։15. 13։8) Այդ օծեալ Քրիստոնեաները որպէս Քրիստոսի ենթաքահանաներ ծառայելու ակնկալութիւնը ունէին։ Անոնք ի՛նչպէս կրնային Հրէականութեան «տկար ու չքաւոր սկզբունքներուն» վերադառնալու մասին նոյնիսկ մտածել։—Գաղատացիս 4։9
12, 13. (ա) Բնաւ ետ չքաշուելու մասին Պօղոս ի՞նչ երկրորդ պատճառ մը տուաւ։ (բ) Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն անցեալին ունեցած համբերութեան արձանագրութիւնը ինչո՞ւ պէտք էր զիրենք քաջալերէր որ բնաւ ետ չքաշուէին, որպէսզի կորսուին։
12 Որպէս թէ ասիկա բաւարար չըլլար, կորսուելու համար ետ չքաշուելու երկրորդ պատճառ մը տուաւ Պօղոս Եբրայեցիներուն. համբերութեան իրենց ունեցած արձանագրութիւնը։ Ան գրեց. «Մտքերնիդ բերէք այն առաջին օրերը, որոնց մէջ լուսաւորուելէ յետոյ շատ սաստիկ չարչարանքներ կրեցիք»։ Պօղոս անոնց յիշեցուց որ նախատինքներու ու նեղութիւններու «առարկայ» եղած էին։ Ոմանք բանտարկուած էին, իսկ ուրիշներ անոնց հանդէպ կարեկցութիւն ցոյց տուած ու բանտին մէջ անոնց հոգ տարած էին։ Այո, անոնք օրինակելի հաւատք եւ յարատեւութիւն ցոյց տուած էին։ (Եբրայեցիս 10։32-34, Անթիլիաս) Սակայն, Պօղոս ինչո՞ւ անոնցմէ կը խնդրէր որ ‘իրենց միտքը բերէին’ այդպիսի ցաւալի պահեր։ Անիկա յուսահատեցուցիչ պիտի չըլլա՞ր։
13 Ճիշդ հակառակը, ‘առաջին օրերը իրենց միտքը բերելը’ Եբրայեցիներուն պիտի վերյիշեցնէր թէ Եհովա ի՛նչպէս իրենց նեցուկ կանգնած էր փորձութեանց ներքեւ։ Անոր օգնութեամբ, արդէն Սատանայի բազմաթիւ յարձակումներուն դիմադրած էին։ Պօղոս գրեց. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք»։ (Եբրայեցիս 6։10) Այո, Եհովա կը յիշէր իրենց բոլոր հաւատարիմ գործերը եւ իր անսահման յիշողութեան մէջ պահած էր։ Կը յիշենք երկինքը գանձեր դիզելու մասին Յիսուսի յորդորը։ Ոեւէ գող չի կրնար այդ գանձերը գողնալ, որեւէ ցեց կամ ժանգ չի կրնար զանոնք սպառել։ (Մատթէոս 6։19-21) Այդ գանձերը կրնան փճանալ միմիայն երբ Քրիստոնեայ մը ետ կը քաշուի՝ կորսուելու համար։ Այդպէս ընելով ան երկնքի մէջ իր դիզած որեւէ գանձ պիտի մսխէր։ Այսպիսի ընթացքի մը բնա՛ւ չհետեւելու համար ի՜նչ զօրաւոր պատճառ մը կու տայ Պօղոս Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն։ Տարիներու հաւատարիմ ծառայութիւնը ինչո՞ւ վատնէին։ Շատ աւելի լաւ ու շիտակ պիտի ըլլար որ շարունակէին համբերել։
Ինչո՛ւ Բնաւ Ետ Պէտք Չէ Քաշուինք որ Կորսուինք
14. Մենք ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք, որոնք կը նմանին առաջին դարու Քրիստոնեաներուն դիմագրաւածներուն։
14 Այսօր ճշմարիտ Քրիստոնեաներն ալ ետ չքաշուելու զօրաւոր պատճառներ ունին։ Նախ յիշենք որ ի՛նչ օրհնութիւն մըն է մաքուր պաշտամունքի մէջ ըլլալ, զոր Եհովա մեզի շնորհած է։ Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն նման, կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, երբ աւելի ժողովրդական եղող կրօնքներու անդամներ մեզ կը հեգնեն ու կը ծաղրեն, հպարտօրէն մեզի ցոյց տալով իրենց փարթամ կրօնական կառոյցներն ու դարաւոր աւանդութիւնները։ Սակայն, Եհովա մեզ կը հաւաստիացնէ որ ինք կը հաճի մեր պաշտամունքի կերպին։ Իրականութեան մէջ, մենք ներկայիս օրհնութիւններ կը վայելենք, զորս առաջին դարու Քրիստոնեաները չունէին։ Թերեւս հարցնէք՝ ‘Ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ’։ Ի վերջոյ, անոնք ապրեցան, երբ հոգեւոր տաճարը սկսաւ գործել։ Քրիստոս Հ.Դ. 29–ին մկրտուելով՝ անոր Քահանայապետը եղաւ։ Անոնցմէ ոմանք Աստուծոյ Որդիին գործած հրաշքներուն ականատես եղած էին։ Նոյնիսկ իր մահուընէ ետք յաւելեալ հրաշքներ ալ կատարուած էին։ Սակայն, ինչպէս նախագուշակուած էր, այդպիսի պարգեւներ վերջապէս դադրեցան։—Ա. Կորնթացիս 13։8
15. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ներկայիս ո՞ր մարգարէութեան կատարման ընթացքին կ’ապրին եւ ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ մեզի համար։
15 Սակայն մենք Եզեկիէլ 40-48–րդ գլուխներու ընդարձակուած տաճարի մարգարէութեան իմաստալից կատարման ընթացքին մէջ կ’ապրինք։a Ուստի, մաքուր պաշտամունքի Աստուծոյ կարգադրութեան վերահաստատումը տեսած ենք։ Այդ հոգեւոր տաճարը կրօնական ամէն ապականութենէ ու կռապաշտութենէ մաքրուած է։ (Եզեկիէլ 43։9. Մաղաքեայ 3։1-5) Խորհեցէք թէ այս մաքրութիւնը ի՛նչ առաւելութիւններ տուած է մեզի։
16. Առաջին դարու Քրիստոնեաները վհատեցուցիչ ի՞նչ հոսանքներ դիմագրաւեցին։
16 Առաջին դարուն, քրիստոնէական կազմակերպուած ժողովքին համար ապագան մութ կը թուէր։ Յիսուս նախագուշակած էր որ անիկա նոր ցանուած ցորենի դաշտի մը մէջ որոմներ ցանելու պիտի նմանէր, ցորենը իրապէս անզանազանելի դարձնելով որոմէն։ (Մատթէոս 13։24-30) Այդպէս ալ եղաւ։ Առաջին դարու վերջաւորութեան, երբ տարեց Յովհաննէս առաքեալ որպէս ապականութեան դէմ դնող վերջին արգելքը կը ծառայէր, հաւատուրացութիւնը արդէն սկսած էր ծաղկիլ։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։6. Ա. Յովհաննու 2։18) Առաքեալներուն մահուընէ քիչ ետք, կղեր անջատողական դաս մը մէջտեղ եկաւ, հօտը հարստահարելով ու տարբեր հանդերձներ հագնելով։ Հաւատուրացութիւնը ախտի մը նման տարածուեցաւ։ Ասիկա որքա՜ն վհատեցուցիչ էր հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն համար։ Անոնք տեսան որ մաքուր պաշտամունքի նորադիր կարգադրութիւնը ծածկուեցաւ ապականած պաշտամունքի կերպով մը։ Ասիկա պատահեցաւ Քրիստոս ժողովքը հաստատելէն մէկ դարէն նուազ ժամանակուան մը մէջ։
17. Արդի քրիստոնէական ժողովքը ի՞նչ առումով առաջին դարու իր համանմանէն աւելի երկար տեւեց։
17 Հիմա հակադրութիւն մը նկատի առէք։ Ներկայիս, մաքուր պաշտամունքը շատ աւելի երկար տեւած է քան այն ժամանակաշրջանը որ տեւեց մինչեւ առաքեալներուն մահը։ 1879–ին այս պարբերաթերթի առաջին թիւին հրատարակութենէն ի վեր, Եհովա մեզ օրհնած է հետզհետէ աւելի զտուած պաշտամունքով մը։ Եհովա ու Քրիստոս Յիսուս հոգեւոր տաճարը մտան 1918–ին, որպէսզի զայն մաքրեն։ (Մաղաքեայ 3։1-5) 1919–էն ի վեր, Եհովա Աստուած պաշտելու կարգադրութիւնը աստիճանաբար զտուած է։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն ու սկզբունքներուն մասին մեր հասկացողութիւնը աւելի յստակացած է։ (Առակաց 4։18) Ասոր վարկը որո՞ւ կ’երթայ։ Անշուշտ՝ ո՛չ պարզ անկատար մարդոց։ Միայն Եհովան ու ժողովքին Գլուխը եղող իր Որդին կրնային Իր ժողովուրդը ապականութենէ պաշտպանել այս ապականած ժամանակներուն մէջ։ Ուստի, բնա՛ւ չմոռնանք Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնել, ներկայիս մաքուր պաշտամունքին մէջ մասնակցութիւն բերելու համար մեզի տուած պատեհութեան համար։ Իսկ իրապէս վճռենք որ բնա՛ւ ետ չքաշուինք՝ որ կորսուինք։
18. Կորսուելու համար բնաւ ետ չքաշուելու ի՞նչ պատճառ ունինք։
18 Այդ Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն նման, վախկոտութեամբ ետ քաշուելու ընթացքը մերժելու երկրորդ պատճառ մը ունինք. մեր շինած համբերութեան արձանագրութիւնը։ Մենք քրիստոնէական գործերու արձանագրութիւն մը շինած ենք, ըլլանք Եհովայի նոր՝ թէ տասնեակ տարիներէ ի վեր հաւատարմաբար ծառայողներ։ Շատերս հալածանքներ կրած ենք, անիկա ըլլայ բանտարկութիւն, արգիլում, բրտութիւն կամ ստացուածքի կորուստ։ Ուրիշ շատեր ընտանեկան հակառակութիւն, քամահրանք, ծաղրանք եւ անտարբերութիւն դիմագրաւած են։ Բոլորս ալ համբերած ենք, հակառակ կեանքի դժուարութիւններուն ու փորձութիւններուն՝ մեր հաւատարիմ ծառայութիւնը շարունակելով։ Այսպէս ընելով, յարատեւութեան արձանագրութիւն մը՝ երկնքի մէջ պահուած գանձեր, շինած ենք, որոնք Եհովա պիտի չմոռնայ։ Արդ, հիմա ետ քաշուելով մեր ետին ձգած ապականած աշխարհին վերադառնալու ժամանակը չէ՛։ Մեր կատարած ամբողջ ծանր գործը ինչո՞ւ անարժէք դարձնենք։ Մանաւանդ հիմա, երբ վախճանը գալուն «քիչ մը ատեն» մնացած է։—Եբրայեցիս 10։37
19. Մեր յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ բանի մասին պիտի խօսինք։
19 Այո, վճռենք ‘ետ քաշուող մարդոցմէ չըլլալ, որ պիտի կորսուին’։ Ընդհակառակը, ըլլանք «անոնցմէ որ կը հաւատան»։ (Եբրայեցիս 10։39) Ի՞նչպէս կ’ապացուցանենք որ մենք այս նկարագրութեան կը յարմարինք, իսկ ի՞նչպէս կրնանք Քրիստոնեայ հաւատակիցներու օգնել որ նոյնը ընեն։ Մեր յաջորդ յօդուածը պիտի շօշափէ այս հարցը։
[Ստորանիշ]
Կը Յիշէ՞ք
◻ Կորսուելու համար ետ քաշուիլ ի՞նչ կը նշանակէ։
◻ Եբրայեցի Քրիստոնեաները, որոնց գրեց Պօղոս, ի՞նչ ճնշումներու ներքեւ էին։
◻ Պօղոս՝ կորսուելու համար ետ չքաշուելու ի՞նչ պատճառներ տուաւ Եբրայեցիներուն։
◻ Կորսուելու համար բնաւ ետ չքաշուիլ վճռելու ի՞նչ պատճառներ ունինք։
[Նկարներ՝ էջ 15]
Պետրոսի վախի անձնատուր ըլլալը զինք ‘կորսուելու համար ետ քաշուողներէն’ չդարձուց