Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Յուսացած բաներուդ հանդէպ հաւատքդ զօրացուր
    Դիտարան (ուսումնասիրական) 2016 | Հոկտեմբեր
    • 2 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ հաւատքը մեր յուսացած բաներուն «հաստատութիւն»ն է։ Ասիկա ըսել է թէ ա՛ն որ հաւատք ունի, վերջին ծայր վստահ է որ Եհովային խոստացած բաները պիտի իրականանան (Եբ. 11։1)։ Անդին, այսօր շատ մը մարդիկ կը յուսան բաներ, բայց չեն կրնար վստահ ըլլալ որ ատոնք պիտի իրականանան։ Օրինակ՝ միլիոնաւոր մարդիկ կը յուսան որ վիճակահանութիւնը շահին, բայց անոնք բնա՛ւ չեն կրնար վստահ ըլլալ որ պիտի շահին։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ կրնանք ընել որ Աստուծոյ խոստումներուն աւելի հաւատանք։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք որ զօրաւոր հաւատքը ի՛նչ օգուտներ կը բերէ։

      3. Իսկական քրիստոնէական հաւատքը ինչի՞ վրայ հիմնուած է։

      3 Հաւատքը բան մը չէ որ անկատար մարդիկ անով կը ծնին, ոչ ալ բան մըն է որ բնականաբար կը զարգանայ մեր մէջ։ Հաւատք ունենալու համար պէտք է ձգենք որ սուրբ հոգին մեր սրտին վրայ աշխատի (Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ)։ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր որ Աստուած հաւատք ունի կամ ատոր պէտք ունի, քանի որ բան մը չկայ որ կրնայ զինք կեցնել իր նպատակը կատարելէ։ Ան ամենակարող եւ ամէնիմաստուն է։ Մեր երկնաւոր Հայրը այնքա՛ն վստահ է թէ իր խոստումները պիտի կատարուին, որ իրեն համար ատոնք արդէն իսկ իրականացած են։ Այս պատճառով ան կ’ըսէ. «Եղա՛ւ» (կարդա՛ Յայտնութիւն 21։3-6)։ Եհովան «հաւատարիմ Աստուած»ն է որ միշտ իր խոստումները կը կատարէ։ Քրիստոնէական հաւատքը ասոր վրայ հիմնուած է (Բ. Օր. 7։9)։

      ՍՈՐՎԻՆՔ ԱՆՈՆՑՄԷ ՈՐՈՆՔ ԶՕՐԱՒՈՐ ՀԱՒԱՏՔ ՈՒՆԷԻՆ

      4. Անցեալին, Աստուծոյ ծառաները ինչի՞ կը հաւատային։

      4 Եբրայեցիս 11–րդ գլուխը 16 տղամարդոց եւ կիներու անունները կու տայ, որոնք զօրաւոր հաւատք ունէին։ Հոն նաեւ նշուած են բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք «ընդունեցին բարի վկայութիւն մը իրենց հաւատքին համար» (Եբ. 11։39, ԱԾ)։ Անոնք բոլորն ալ կը սպասէին Եհովայի խոստացած «սերունդ»ին, որ մէջտեղէն պիտի վերցնէր Աստուծոյ թշնամիները եւ երկիրը դարձեալ դրախտի պիտի վերածէր (Ծն. 3։15)։ Այս հաւատարիմները զօրաւոր հաւատք ունէին որ Եհովան յարութիւն պիտի տայ իրենց։ Անշուշտ, անոնք չէին ակնկալեր որ երկնքի մէջ ապրելու համար յարութիւն առնեն, քանի որ Յիսուս տակաւին այդ դուռը չէր բացած (Գաղ. 3։16)։ Փոխարէն անոնք կը յուսային երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ գեղեցիկ դրախտի մը մէջ (Սաղ. 37։11. Եսա. 26։19. Ով. 13։14)։

  • Յուսացած բաներուդ հանդէպ հաւատքդ զօրացուր
    Դիտարան (ուսումնասիրական) 2016 | Հոկտեմբեր
    • 7. Եհովան մեզի ի՞նչ տուած է որ մեր հաւատքը զօրացնենք, եւ մենք ի՞նչ պէտք է ընենք։

      7 Եհովան Սուրբ Գիրքը տուած է մեզի, որպէսզի մեր հաւատքը զօրաւոր պահենք։ Ուրախ եւ յաջող ըլլալու համար, լաւ կ’ըլլայ որ օրական կարդանք Սուրբ Գիրքը (Սաղ. 1։1-3. կարդա՛ Գործք 17։11)։ Եհովան նաեւ ‘ատենին կերակուր’ կու տայ մեզի «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ (Մատ. 24։45)։ Պէտք է Եհովայի անցեալի ծառաներուն պէս շարունակենք խոկալ իր խոստումներուն վրայ եւ իրեն հնազանդինք։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ հաւատարիմ մնանք եւ անհամբեր սպասենք այն ժամանակուան, երբ իր Թագաւորութիւնը պիտի իշխէ ամբողջ աշխարհին վրայ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել