-
«Աստուծոյ հաճելի էր»Դիտարան (հանրամատչելի) 2017 | Թիւ 1
-
-
«ՓՈԽԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ՈՐՊԷՍ ԶԻ ՄԱՀ ՉՏԵՍՆԷ»
Ենովքին կեանքը ինչպէ՞ս վերջ գտաւ։ Իր մահը ա՛լ աւելի թաքուն ու հետաքրքրական է քան՝ իր կեանքը։ Ծննդոց գիրքը պարզապէս կ’ըսէ. «Ենովք Աստուծոյ հետ քալեց եւ չէր գտնուեր, քանզի Աստուած առաւ զանիկա» (Ծննդոց 5։24)։ Աստուած ինչպէ՞ս առաւ Ենովքը։ Պօղոս առաքեալ յետագային բացատրեց. «Հաւատքով Ենովք երկրէն փոխադրուեցաւ որպէս զի մահ չտեսնէ ու տեղ մը չէր գտնուեր, վասն զի Աստուած փոխադրեց զանիկա. քանզի անոր փոխադրուելէն առաջ վկայուեցաւ թէ Աստուծոյ հաճելի էր» (Եբրայեցիս 11։5)։ Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ. «Փոխադրուեցաւ որպէս զի մահ չտեսնէ»։ Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ կ’ըսեն որ Աստուած Ենովքը երկինք տարաւ։ Բայց ասիկա ճիշդ չէ, քանի որ Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ Յիսուս Քրիստոս առաջին անձն էր որ յարութիւն առնելով երկինք ելաւ (Յովհաննէս 3։13)։
Լաւ, Ենովք ինչպէ՞ս «փոխադրուեցաւ» եւ ‘մահ չտեսաւ’։ Շատ հաւանաբար, Եհովան զինք հանդարտօրէն փոխադրեց մահուան, չձգելով որ իր թշնամիները վայրագօրէն մեռցնեն զինք։ Բայց ատկէ առաջ, Ենովք վկայութիւն ստացաւ որ «Աստուծոյ հաճելի էր»։ Ինչպէ՞ս։ Կրնայ ըլլալ որ Ենովք իր մահէն ճիշդ առաջ տեսիլք մը ստացաւ Աստուծմէ, որ թերեւս կը ցուցնէր երկիրը որպէս դրախտ։ Եհովային հաճութեան այդ նշանը առնելով, ան մահուան քունին մէջ մտաւ։ Պօղոս առաքեալ Ենովքին եւ ուրիշ հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներու մասին գրելով ըսաւ. «Ասոնք ամէնքն ալ հաւատքով մեռան» (Եբրայեցիս 11։13)։ Ատկէ ետք, թերեւս իր թշնամիները իր մարմինին վրայ փնտռեցին, բայց ատիկա «տեղ մը չէր գտնուեր», հաւանաբար քանի որ Եհովան անհետացուց զայն, թոյլ չտալով որ անոնք անարգալից կերպով վարուին ատոր հետ կամ զայն գործածեն սուտ կրօնքը յառաջ մղելու համարb։
Լաւ, ասիկա մեր միտքը պահելով փորձենք երեւակայել, թէ Ենովքին կեանքը թերեւս ինչպէ՛ս վերջ գտաւ։ Պատկերացուր հետեւեալը, բայց մի՛ մոռնար որ ասիկա պարզապէս հաւանականութիւն մըն է։ Ենովք կը փախչէր, եւ քիչ մնացած էր որ ուժասպառ ըլլար։ Իր թշնամիները իր տուած դատաստանական պատգամին պատճառով ջղայնութեամբ բորբոքած՝ զինք կը հալածէին։ Ան պահուըտելու եւ շունչ առնելու տեղ մը գտաւ, բայց գիտէր թէ ի վերջոյ զինք պիտի բռնէին եւ վայրագօրէն մեռցնէին։ Մինչ կը հանգչէր, ան Աստուծոյ աղօթեց։ Ետքը, խաղաղութիւն մը եկաւ վրան եւ տեսիլք մը տեսաւ, որ այնքա՛ն իրական էր որ կարծես ինք իրապէս հոն էր։
Ենովք շատ հաւանաբար վայրագօրէն սպաննուելու վրայ էր երբ Եհովան զինք առաւ
Երեւակայէ թէ ան տեսաւ աշխարհ մը որ լման տարբեր էր իր գիտցածէն։ Իրեն համար, ատիկա Եդեմի պարտէզին չափ գեղեցիկ էր, բայց հոն քերովբէներ չկային որ մարդիկը դուրս պահէին։ Բազմաթիւ մարդիկ կային, որոնք լման առողջ էին եւ իրենց ուժը տեղն էր, ինչպէս նաեւ իրենց միջեւ խաղաղութիւն կար։ Իր օրուան ատելութեան եւ կրօնական հալածանքին նշոյլը անգամ չկար։ Ան անձամբ զգաց Եհովային սէրն ու հաճութիւնը։ Ան վստահ էր որ այդ աշխարհը իր տեղն է եւ հոն պիտի ապրի։ Մինչ խաղաղութիւնը կը պատէր զինք, Ենովք իր աչքերը գոցեց եւ խոր ու աներազ քունի անցաւ։
Ան մինչեւ այսօր մահուան քունին մէջ է՝ Եհովա Աստուծոյ անսահման յիշողութեան մէջ պահպանուած։ Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս յետագային խոստացաւ, ժամանակը պիտի գայ երբ բոլոր անոնք որ Աստուծոյ յիշողութեան մէջ են, Քրիստոսին ձայնը պիտի լսեն եւ գերեզմանէն դուրս պիտի գան։ Անոնք աչքերնին պիտի բանան եւ գեղեցիկ ու խաղաղ նոր աշխարհ մը պիտի տեսնեն (Յովհաննէս 5։28, 29)։
-
-
«Աստուծոյ հաճելի էր»Դիտարան (հանրամատչելի) 2017 | Թիւ 1
-
-
b Համանման կերպով, Աստուած վստահ եղաւ որ Մովսէսին ու Յիսուսին մարմինները այդպիսի կերպերով չարաչար չգործածուին (Բ. Օրինաց 34։5, 6. Ղուկաս 24։3-6. Յուդա 9)։
-