Աստուած հոգ կը տանի ձեզի
ՄԱՐԻ անունով իր 40–ական տարիքին մէջ գտնուող Քրիստոնեայ կին մը, կեանքին մէջ շատ տառապած էր։ Աւելի քան տասը տարի առաջ, իր ամուսնոյն շնութիւնը ամուսնալուծման առաջնորդեց։ Անկէ ետք, Մարին պայքարեցաւ, որպէսզի իր չորս զաւակներուն նկատմամբ որպէս ծնող իր դերը առանձին կատարէ։ Բայց ան տակաւին առանձին է, եւ երբեմն մինակութիւնը անտանելի կը դառնայ։ Մարին հարց կու տայ. ‘Ասիկա կը նշանակէ՞ որ Աստուած ինծի կամ հայր չունեցող իմ զաւակներուս հոգ չի տանիր’։
Դուք ալ նոյնանման փորձութիւն ունեցած ըլլաք կամ ոչ՝ վստահաբար Մարիին կը կարեկցիք։ Բոլորս ալ փորձութիւններէ անցած ենք եւ թերեւս հարց տուած ենք որ Եհովա իրապէս ե՛րբ եւ ի՛նչպէս ի նպաստ մեզի արարք մը պիտի ընէ։ Այսպիսի փորձութիւններէն ոմանք ուղղակիօրէն Աստուծոյ օրէնքներուն կապուած ըլլալուն արդիւնքն են։ (Մատթէոս 10։16–18. Գործք 5։29) Ուրիշ խնդիրներ, որպէս անկատար անհատներ Սատանայի կողմէ ղեկավարուած աշխարհին մէջ ապրելուն հետեւանքներն են։ (Յովհաննու 5։19) Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն»։—Հռովմայեցիս 8։22
Բայց, խիստ փորձութենէ մը անցնիլը չի նշանակեր որ Եհովա ձեզ լքած է կամ ձեր բարօրութեամբ հետաքրքրուած չէ։ Ինչպէ՞ս կրնաք ասկէ վստահ ըլլալ։ Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Աստուած հոգ կը տանի ձեզի։
Հին Օրինակ մը
Աստուածաշունչը յստակ ապացոյցներ կու տայ որ Եհովա անհատներով հետաքրքրուած է։ Նկատի առէք Դաւիթը։ Եհովա անձնապէս հետաքրքրուած էր այս երիտասարդ հովիւով, զայն «իր սրտին համեմատ մարդ մը» նկատելով։ (Ա. Թագաւորաց 13։14) Հետագային, երբ Դաւիթ իշխեց որպէս Թագաւոր, Եհովա անոր ըսաւ. «Ուր որ կ’երթայիր՝ քեզի հետ էի»։—Բ. Թագաւորաց 7։9
Ասիկա կը նշանակէ՞ որ Դաւիթ «կախարդուած» կեանք մը կը վարէր, ուրիշ խօսքով Աստուծոյ կողմէ պաշտպանուած էր ու խնդիրներէ զերծ էր։ Ո՜չ. Դաւիթ իր իշխանութենէն առաջ եւ անոր ընթացքին խիստ փորձութիւններ դիմագրաւեց։ Թագաւոր ըլլալէ առաջ, տարիներ անդադար հալածուեցաւ մարդասպան Սաւուղ Թագաւորի կողմէ։ Դաւիթ իր կեանքին այս շրջանին մասին գրեց. «Իմ անձս առիւծներու մէջ է ... մարդոց որդիներուն մէջ ... որոնց ակռաները նիզակներ ու նետեր են»։—Սաղմոս 57։4
Այսուհանդերձ, բոլոր հակառակութեան ընթացքին, Դաւիթ համոզուած էր որ Եհովա անձնապէս հոգ կը տանէր իրեն։ Ան Եհովայի մատուցած աղօթքի մը մէջ ըսաւ. «Իմ թափառական պտըտիլս համրեցիր»։ Այո, Դաւիթի համար կարծես Եհովա իր ամբողջ կացութեան մասին տեղեկագրութիւն մը կը պահէր։ Ապա Դաւիթ աւելցուց. «Արցունքներս քու տիկիդ մէջ դի՛ր։ Միթէ անոնք քու գրքիդ մէջ գրուած չե՞ն»։a (Սաղմոս 56։8) Այս բաղդատութիւնը ընելով, Դաւիթ վստահութիւն կը յայտնէր որ Եհովա ոչ միայն իր կացութիւնը գիտէր, այլ նաեւ զգացական գետնի վրայ անոր հետեւանքը։
Իր կեանքին վերջաւորութեան, Դաւիթ իր անձնական փորձառութենէն կրնար գրել. «Բարի մարդուն քայլերը Տէրոջմէ կը հաստատուին ու Անիկա անոր ճամբուն կը հաւնի։ Թէեւ իյնայ, պիտի չկործանի, վասնզի Տէրը անոր ձեռքը պիտի բռնէ»։ (Սաղմոս 37։23, 24) Դուք ալ կրնաք վստահ ըլլալ որ եթէ նոյնիսկ ձեր փորձութիւնները յարատեւեն եւ շարունակուին, Եհովա կը նկատէ եւ կ’արժէւորէ ձեր համբերութիւնը։ Պօղոս գրեց. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք»։—Եբրայեցիս 6։10
Ասկէ զատ, Եհովա ի նպաստ ձեզի գործի կը լծուի, ձեզի ոյժ տալով, որպէսզի կարենաք տոկալ ձեր ճամբուն վրայ դրուած որեւէ փորձութեան։ «Արդարին նեղութիւնները շատ են, բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա», գրեց Դաւիթ։ (Սաղմոս 34։19) Արդարեւ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Եհովայի աչքերը «բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէսզի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ»։—Բ. Մնացորդաց 16։9
Եհովա Ձեզ Քաշած Է
Մեզի հանդէպ Եհովայի ունեցած անձնական հետաքրքրութիւնը կը տեսնուի նաեւ Յիսուսի խօսքերէն. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ»։ (Յովհաննու 6։44) Այո, Եհովա անհատապէս կ’օգնէ մարդոց, որպէսզի Քրիստոսի զոհագործութենէն օգտուին։ Ի՞նչպէս։ Ասիկա գլխաւորաբար կ’ընէ Թագաւորութեան քարոզչութեամբ։ Ճիշդ է որ այս գործը կը կատարուի «բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու» համար, սակայն անիկա անհատապէս իւրաքանչիւրին կը հասնի։ Եթէ դուք բարի լուրի պատգամը լսած եւ անոր ընդառաջած էք, անիկա ապացոյց մըն է որ Եհովա անհատապէս հետաքրքրուած է ձեզմով։—Մատթէոս 24։14
Սուրբ հոգիին միջոցաւ, Եհովա անհատներ իր Որդւոյն եւ յաւիտենական կեանքի յոյսին կը քաշէ։ Ասիկա կարելի կը դարձնէ որ իւրաքանչիւր անհատ ըմբռնէ եւ կիրարկէ հոգեւոր ճշմարտութիւնները, հակառակ ժառանգական սահմանափակումներու եւ անկատարութիւններու։ Իրապէս, առանց Աստուծոյ հոգիին օգնութեամբ, անհատ մը չի կրնար Աստուծոյ նպատակները հասկնալ։ (Ա. Կորնթացիս 2։11, 12) Ինչպէս Պօղոս Թեսաղոնիկեցիներուն գրեց, «ամէնքը հաւատք չունին»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։2) Եհովա իր հոգին կու տայ միայն անոնց, որոնք իրեն գալու յօժարութիւն ցոյց կու տան։
Եհովա անհատները կը քաշէ իրեն, քանի որ կը սիրէ զանոնք անհատապէս եւ կ’ուզէ որ անոնք փրկուին։ Եհովայի անձնական հոգածութեան ի՜նչ վստահ ապացոյց։ Յիսուս ըսաւ. «Ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի»։ (Մատթէոս 18։14) Այո, Եհովայի աչքին ամէն մէկը անհատապէս կարեւոր է։ Անոր համար Պօղոս կրնար գրել. «Ամէն մէկուն իր գործերուն փոխարէնը պիտի հատուցանէ»։ (Հռովմայեցիս 2։6) Իսկ Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ [անհատապէս] որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։—Գործք 10։34, 35
Յիսուսի Հրաշքները
Անհատապէս մարդոց հանդէպ Աստուծոյ ունեցած հետաքրքրութիւնը յուզիչ կերպով ցուցադրուեցաւ իր Որդւոյն Յիսուսի հրաշքներով։ Այս բուժումներուն կ’ընկերակցէր խոր զգացում մը։ (Մարկոս 1։40, 41) Քանի որ Յիսուս «ինքնիրմէ բան մըն ալ չի կրնար ընել, միայն այն՝ ինչ որ Հայրը կ’ընէ», հետեւաբար, իւրաքանչիւր ծառային հանդէպ իր կարեկցութիւնը, Եհովայի հետաքրքրութիւնը կ’արտացոլացնէ։—Յովհաննու 5։19
Նկատի առնենք Յիսուսի կատարած մէկ հրաշքը, որ արձանագրուած է Մարկոս 7։31–37–ի մէջ։ Յիսուս խուլ ու դժուարախօս անհատ մը բժշկեց։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ որ ան [մարդը] մէկդի առնելով, ... իր մատները անոր ականջներուն մէջ խոթեց ու թքաւ ու անոր լեզուին դպաւ, ապա երկինք նայելով, հառաչեց ու ըսաւ անոր. ‘Եփփաթա’, (որ ըսել է Բացուէ՛)»։
Յիսուս այս մարդը ինչո՞ւ ամբոխէն հեռացուց։ Շատ հաւանաբար, խուլ անհատ մը խօսելու դժուարութիւն ունենալով զինք դիտողներուն դիմաց անհանգիստ պիտի զգար։ Յիսուս նկատած ըլլալու էր այս մարդուն անհանգիստ վիճակը եւ անոր համար նախընտրած ըլլալու էր մեկուսի տեղ մը բուժել զինք։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը կը նշէ. «Ընդհանուր պատմութիւնը վառ կերպով ցոյց կու տայ որ Յիսուս այդ մարդը որպէս պարագայ մը չնկատեց, այլ՝ որպէս անհատ մը։ Մարդը մասնայատուկ կարիք եւ մասնայատուկ խնդիր մը ունէր եւ Յիսուս ամենայն փափկանկատութեամբ նկատի առաւ անոր զգացումները եւ զինք հասկցաւ»։
Այս դէպքը ցոյց կու տայ որ Յիսուս անհատապէս հետաքրքրուած էր մարդոցմով։ Կրնաք վստահ ըլլալ որ ան նո՛յնքան հետաքրքրուած է ձեզմով։ Ճիշդ է որ անոր զոհագործական մահը փրկուելու արժանի եղող ամբողջ մարդկութեան հանդէպ սիրոյ արտայայտութիւն մըն էր։ Այսուհանդերձ, այդ արարքը ձեզի համար կատարուած նկատեցէք, ինչպէս Պօղոս ըրաւ, որ գրեց. «Աստուծոյ Որդին ... որ զիս սիրեց ու իր անձը մատնեց ինծի համար»։ (Գաղատացիս 2։20) Իսկ քանի որ Յիսուս նշեց որ ‘ան որ զինք տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ’, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա ալ նոյնքան հետաքրքրուած է իր իւրաքանչիւր ծառայով։—Յովհաննու 14։9
Եհովա Վարձահատոյց Կ’ըլլայ
Աստուծոյ մասին գիտութիւն ստանալ կը նշանակէ անոր անձնաւորութեան բոլոր երեսակները գիտնալ, ինչպէս որ յայտնուած է Աստուածաշունչին մէջ։ Եհովա անունը ինքնին կը նշանակէ՝ «Ան կը Պատճառէ Ըլլալ», այն իմաստը կրելով որ Եհովա իր նպատակը իրագործելու համար կրնայ ըլլալ ի՛նչ որ կ’ուզէ։ Ամբողջ պատմութեան տեւողութեան, ան տարբեր դերեր ստանձնած է, որպէս Ստեղծիչ, Հայր, Գերիշխան Տէր, Հովիւ, զօրքերու Եհովա, աղօթքի Լսող, Դատաւոր, Մեծ Ուսուցիչ եւ Փրկիչ։b
Աստուծոյ անուան իմաստը լիովին գնահատելու համար, պէտք է Եհովան ճանչնանք, Վարձատրողի իր դերին մէջ։ Պօղոս գրեց. «Առանց հաւատքի անհնար էր Աստուծոյ հաճելի ըլլալ. վասնզի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։—Եբրայեցիս 11։6
Եհովա դրախտ երկրի վրայ յաւիտենական կեանք խոստացած է անոնց՝ որոնք ամբողջ սրտով կ’որոշեն իրեն ծառայել։ Մեր կողմէ անձնասիրութիւն չէ մեծ ակնկալութեամբ սպասել այդ հոյակապ խոստումի կատարման, ոչ ալ սնապարծութիւն է ինքզինք անոր մէջ երեւակայել։ Մովսէս «կը սպասէր վարձքի հատուցումին»։ (Եբրայեցիս 11։26) Պօղոս ալ մեծ ակնկալութեամբ կը սպասէր օծեալ հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն համար Աստուծոյ խոստումի կատարման։ Ան գրեց. «Նպատակը դիտելով՝ դէպի Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակին կը վազեմ»։—Փիլիպպեցիս 3։14
Դուք ալ կրնաք ակնկալութեամբ սպասել այն վարձատրութեան, որ Եհովա կը խոստանայ բոլոր համբերողներուն։ Այդ վարձքի ակնկալութիւնը Աստուծոյ մասին գիտութիւն ստանալու եւ իր ծառայութեան մէջ համբերատար գտնուելու անբաժան մէկ մասը կը կազմէ։ Ուստի, ամէն օր խորհեցէք ա՛յն օրհնութիւններուն մասին զորս Եհովա վերահապած է ձեզի։ Յօդուածին սկիզբը մեր յիշած Մարին, ասիկա ընելու մասնաւոր ջանք թափեց։ «Կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով, տակաւին վերջերս ընդունեցի որ Յիսուսի փրկանքի զոհը ինծի ալ կը կիրարկուի։ Սկսայ զգալ որ Եհովա անհատապէս հոգ կը տանի ինծի։ Աւելի քան 20 տարիէ Քրիստոնեայ մըն եմ, բայց միայն վերջերս սկսայ ասոր հաւատալ»։
Աստուածաշունչի լրիւ ուսումնասիրութեամբ եւ լուրջ խորհրդածութեամբ, Մարին եւ իրեն նման միլիոնաւոր ուրիշներ, կը սորվին որ Եհովա իր ժողովուրդին հոգ կը տանի, ո՛չ միայն որպէս ամբողջութիւն, այլ՝ անհատապէս։ Պետրոս առաքեալ ա՛յնքան համոզուած էր ասոր, որ գրեց. «Ձեր ամէն հոգը [Աստուծոյ] վրայ ձգեցէ՛ք, վասնզի անիկա ձեզի համար կը հոգայ»։ (Ա. Պետրոս 5։7) Այո՛, Աստուած հոգ կը տանի ձեզի։
[Ստորանիշներ]
a Տիկը անասունի մորթէ շինուած աման մըն էր որու մէջ ջուր, իւղ, կաթ, գինի, կարագ եւ պանիր կը դնէին։ Հին տիկերը իրենց չափով եւ ձեւով իրարմէ տարբեր էին. ոմանք կաշիէ տոպրակներ էին, իսկ ուրիշներ խցիկ ունեցող նեղ–բերան անօթներ էին։
b Տես Դատաւորաց 11։27. Սաղմոս 23։1. 65։2. 73։28. 89։26. Եսայեայ 8։13. 30։20. 40։28. 41։14. տես նաեւ՝ Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Վերագրեալ Թարգմանութիւնը, Վերջաբանի Ծանօթագրութիւն 1J, էջ 1568, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
[Շրջանակ՝ էջ 5]
Յարութիւն. ապացոյց մը որ Աստուած հոգ կը տանի
ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ անհատի նկատմամբ Աստուծոյ ունեցած հետաքրքրութեան համոզիչ ապացոյցը կը գտնուի Յովհաննու 5։28, 29–ի մէջ. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները [Յիսուսի] ձայնը պիտի լսեն ու դուրս պիտի գան»։
Հետաքրքրական է որ հոս գործածուած է Յունարէն մնէմէիոն (յիշատակի դամբան) բառը եւ ոչ թէ թաֆոս (գերեզման)։ Թաֆոս բառը պարզապէս կը հաղորդէ թաղման գաղափարը։ Բայց մնէմէիոնը կը թելադրէ որ մահացած անհատին կենցաղին արձանագրութիւնը կը յիշուի։
Այս ուղղութեամբ, միայն խորհեցէք որ յարութիւնը ի՛նչ պիտի պահանջէ Եհովա Աստուծմէ։ Անհատ մը ետ կեանքի բերելու համար, ան պէտք է ամէն բան գիտնայ անոր մասին. անոր ժառանգական բնաւորութեան գծերը եւ ամբողջ յիշատակները։ Միայն այդ պարագային է որ անհատ մը կարելի է նոյնութեամբ վերակազմել։
Անշուշտ, մարդկային տեսանկիւնէ դիտուած՝ ասիկա անկարելի է, բայց «Աստուծոյ կողմէն ամէն բան կարելի է»։ (Մարկոս 10։27) Ան կրնայ նոյնիսկ անհատին սրտին մէջինը գիտնալ։ Նոյնիսկ երբ անհատը դարերէ ի վեր մեռած է, Աստուած զինք լիովին կը յիշէ. անոր յիշատակը չի խամրիր։ (Յոբայ 14։13–15) Անոր համար երբ կը յիշէր Աբրահամը, Իսահակը եւ Յակոբը, Յիսուս անոնց մահէն դարեր ետք կրցաւ ըսել որ Եհովա «մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն, վասնզի ամէնքը անոր կենդանի են»։—Ղուկաս 20։38
Հետեւաբար, միլիառաւոր մեռած անհատները Եհովա Աստուծոյ յիշողութեան մէջ են ամենայն մանրամասնութեամբ։ Ի՜նչ ապշեցուցիչ փաստ մը որ Աստուած անհատապէս հոգ կը տանի մարդոց։