Նախաբան
«[Նմանեցէք] անոնց, որ հաւատքով ու համբերութիւնով խոստումները ժառանգեցին» (ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 6։12)։
1, 2. ա) Շրջագայող տեսուչ մը ակներեւաբար ինչպէ՞ս կը նկատէր Աստուածաշունչին մէջ նշուած հաւատարիմ անձնաւորութիւնները։ բ) Անոնք ինչո՞ւ կրնան հիանալի բարեկամներ դառնալ քեզի։
«ԱՆ Աստուածաշունչի անձնաւորութիւններուն մասին այնպէս մը կը խօսի, կարծես թէ իր հին բարեկամները ըլլան»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ քրիստոնեայ կին մը, երբ տարիքաւոր շրջագայող տեսուչի մը դասախօսութիւնը ունկնդրեց։ Կինը իրաւունք ունէր, քանի որ եղբայրը տասնամեակներ շարունակ կը սերտէր եւ կը սորվեցնէր Աստուծոյ Խօսքը, այն աստիճան, որ կարծես թէ Աստուածաշունչին մէջ նշուած հաւատքի տէր տղամարդիկն ու կիները ի՛րապէս իր հին բարեկամները ըլլային, զորոնք մանկութենէն կը ճանչնար։
2 Գեղեցիկ գաղափար մը չէ՞, որ Աստուածաշունչին մէջ նշուած այդ անձնաւորութիւններէն շատեր քու բարեկամներդ ըլլան։ Անոնք իսկապէս իրակա՞ն են քեզի համար։ Երեւակայէ թէ անոնց հետ կը քալես, կը խօսիս, ժամանակ կ’անցընես ծանօթանալով կարգ մը տղամարդոց ու կիներու, ինչպէս՝ Նոյին, Աբրահամին, Հռութին, Եղիային եւ Եսթերին։ Մտածէ թէ անոնք ի՛նչ ազդեցութիւն կրնան ունենալ կեանքիդ վրայ,– քեզի փոխանցելով թանկարժէք խրատներ ու քաջալերական խօսքեր (կարդա՛ Առակաց 13։20)։
3. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ Աստուածաշունչին նշած հաւատքի տէր տղամարդոց ու կիներուն մասին սորվելով։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
3 Անշուշտ, ‘արդարներուն յարութեան’ ատեն, այդ տեսակ վարձահատոյց փոխյարաբերութիւններ լիովին կարելի պիտի դառնան (Գործք 24։15)։ Բայց մենք, այսօ՛ր իսկ կրնանք օգուտներ քաղել Աստուածաշունչին նշած հաւատքի տէր տղամարդոց ու կիներուն մասին սորվելով։ Ինչպէ՞ս։ Պօղոս առաքեալ այս գործնական պատասխանը կու տայ. «[Նմանեցէք] անոնց, որ հաւատքով ու համբերութիւնով խոստումները ժառանգեցին» (Եբ. 6։12)։ Մինչ կը սկսինք հաւատքի տէր տղամարդոց ու կիներու մասին ուսումնասիրել, նկատի առնենք որոշ հարցումներ, որոնք Պօղոսի խօսքերէն յառաջ կու գան։ Ճիշդ ի՞նչ է հաւատքը եւ ինչո՞ւ անոր կարիքը ունինք։ Ինչպէ՞ս կրնանք վաղեմի հաւատարիմ մարդիկը ընդօրինակել։
Ի՛նչ է հաւատքը եւ ինչո՛ւ անոր կարիքը ունինք
4. Մարդիկ հակամէտ կ’ըլլան ի՞նչ խորհելու հաւատքի մասին, եւ անոնք ինչո՞ւ կը սխալին։
4 Հաւատքը գրաւիչ յատկութիւն մըն է, զոր մեծապէս արժեւորեցին այն բոլոր տղամարդիկն ու կիները, որոնց մասին պիտի սերտենք այս հրատարակութեան մէջ։ Ներկայիս, շատեր կը միտին հաւատքը թերագնահատել, խորհելով թէ անիկա կը նշանակէ հաւատալ առանց իսկական ապացոյցի։ Սակայն անոնք կը սխալին։ Ճշմարիտ հաւատքը դիւրախաբութիւն չէ, անիկա լոկ զգացում մը չէ, անիկա կուրօրէն հաւատալէն աւելի՛ն է։ Դիւրախաբութիւնը վտանգաւոր է։ Որոշ զգացում մը կրնայ արթննալ ու անհետանալ, եւ նոյնիսկ կոյր հաւատքը բաւարար չէ, երբ հարցը կը վերաբերի Աստուծոյ, քանի որ «դեւերն ալ կը հաւատան եւ կը սարսափին» (Յակ. 2։19)։
5, 6. ա) Մեր հաւատքը ի՞նչ երկու անտեսանելի բաներու վրայ կը կեդրոնանայ։ բ) Մեր հաւատքը որքա՞ն անխախտ պէտք է ըլլայ. լուսաբանէ՛։
5 Ճշմարիտ հաւատքը այդ բոլորին կը գերազանցէ։ Մտաբերէ թէ Աստուածաշո՛ւնչը ինչպէս կը սահմանէ զայն (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։1)։ Պօղոս ըսաւ թէ հաւատքը կը կեդրոնանայ երկու բաներու վրայ, զորոնք չենք կրնար տեսնել։ Առաջին, կը կեդրոնանայ այժմու «չերեւցած» իրողութիւններու վրայ,– այն բաները, որոնք հոգեղէն ոլորտին մէջ են եւ մեր ֆիզիքական աչքերը չեն կրնար տեսնել, ինչպէս՝ Եհովա Աստուած, իր Որդին կամ Թագաւորութիւնը որ այժմ երկնքի մէջ կ’իշխէ։ Երկրորդ, հաւատքը կը կեդրոնանայ «յուսացուած բաներուն» վրայ,– դէպքեր, որոնք տակաւին չեն պատահած։ Այժմ չենք կրնար տեսնել այն նոր աշխարհը, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով պիտի բերէ։ Ուրեմն ասիկա կը նշանակէ՞ թէ այդպիսի իրողութիւններու վրայ եւ մեր յուսացած բաներուն վրայ մեր հաւատքը անհիմն է։
6 Քա՛ւ լիցի։ Պօղոս բացատրեց թէ ճշմարիտ հաւատքը անխախտ հիմ ունի։ Երբ ան հաւատքը «հաստատութիւն» կոչեց, ան գործածեց արտայայտութիւն մը, որ նաեւ կարելի է թարգմանել «կալուածագիր»։ Երեւակայէ թէ անհատ մը կ’որոշէ տուն մը տալ քեզի։ Ան կրնայ տան կալուածագիրը ձեռքդ տալ եւ ըսել. «Ահա՛ նոր տունդ»։ Անշուշտ, ան ըսել չ’ուզեր թէ այդ կտոր մը թուղթին վրայ պիտի ապրիս, այլ՝ թէ փաստաթուղթը այնքա՛ն օրինական է, որ կարծես թէ կալուածագիրը նոյնինքն՝ տունը ըլլայ։ Նմանապէս, մեր հաւատքին ապացոյցը այնքա՛ն համոզիչ ու զօրաւոր է, որ կարծես թէ նոյնինքն՝ մեր հաւատքն է։
7. Ճշմարիտ հաւատքը ի՞նչ կը պարփակէ։
7 Արդ, ճշմարիտ հաւատքը կը պարփակէ նախկին փորձառութեան վրայ հիմնուած վստահութիւն եւ անխախտելի համոզում, որ յստակօրէն կեդրոնացած է Եհովա Աստուծոյ վրայ։ Հաւատքը պատճառ կ’ըլլայ, որ Եհովան մեր սիրալիր Հայրը նկատենք եւ վստահինք որ իր տուած բոլոր խոստումները իսկապէս պիտի իրականանան։ Բայց իսկական հաւատքը աւելի՛ն կը պարփակէ։ Շնչաւոր էակի մը նման, անիկա պէտք է սնուցանուի, որպէսզի գոյատեւէ։ Անիկա գործերո՛վ պէտք է դրսեւորուի, ապա թէ ոչ՝ կը մեռնի (Յակ. 2։26)։
8. Հաւատքը ինչո՞ւ այսքան կարեւոր է։
8 Հաւատքը ինչո՞ւ այսքան կարեւոր է։ Պօղոս համոզիչ պատասխան մը տուաւ (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։6)։ Առանց հաւատքի ո՛չ կրնանք Եհովային մօտենալ, ոչ ալ կրնանք հաճեցնել զինք։ Ուստի հաւատքը շատ կարեւոր է ոեւէ մտացի արարածի համար, որուն մեծագոյն եւ վեհանձն նպատակն է՝ մօտենալ եւ փառաւորել մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան։
9. Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց տուած է թէ կը գիտակցի, որ հաւատքի կարիք ունինք։
9 Եհովան գիտէ թէ որքա՛ն հաւատքի պէտք ունինք, ուստի ան կու տայ օրինակներ, որպէսզի մեզի սորվեցնէ ինչպէ՛ս հաւատք կերտել եւ դրսեւորել։ Ան կ’օրհնէ քրիստոնէական ժողովքը օրինակներով՝ հաւատարիմ տղամարդոցմով, որոնք առաջնորդութիւն կ’առնեն։ Իր Խօսքը կ’ըսէ. «Իրենց հաւատքին նմանեցէք» (Եբ. 13։7)։ Ան մեզի աւելի՛ն ալ տուած է։ Պօղոս գրեց «վկաներու բազմութեան» մասին,– վաղեմի տղամարդիկ ու կիներ, որոնք հաւատքի ընտիր օրինակներ թողուցին (Եբ. 12։1)։ Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ Պօղոսի արձանագրած անուանացանկը, վստահաբար, բոլոր հաւատարիմներուն անունները չի նշեր։ Աստուածաշունչին էջերը հարուստ են իսկական պատմութիւններով, կեանքի տարբեր պայմաններու ներքեւ ապրած երիտասարդ թէ տարեց տղամարդոց ու կիներու մասին, որոնք հաւատքո՛վ ապրեցան եւ որոնցմէ շատ բան կրնանք սորվիլ այս անհաւատ ժամանակներուն մէջ։
Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներու հաւատքը ընդօրինակել։
10. Մեր անձնական ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ Աստուածաշունչի արձանագրած հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներուն օրինակին հետեւինք։
10 Չես կրնար անհատ մը ընդօրինակել, եթէ նախ մօտէն չքննես զինք։ Մինչ այս հրատարակութիւնը կը կարդաս, պիտի նկատես թէ շատ պրպտումներ կատարուած են քեզի օգնելու, որ քննես այս հաւատքի տէր տղամարդիկն ու կիները։ Ինչո՞ւ դուն ալ յաւելեալ պրպտումներ չընես։ Անձնական ուսումնասիրութեանդ ատեն, Աստուածաշունչին խորը թափանցէ, գործածելով քեզի մատչելի եղող պրպտումի գործիքները։ Մինչ ուսումնասիրած նիւթիդ վրայ կը խոկաս, փորձէ երեւակայել Աստուածաշունչի արձանագրութիւններուն վայրն ու ենթահողը։ Ջանա՛ տեսարանները տեսնել, ձայները լսել, հոտերը առնել, կարծես թէ հոն ըլլաս։ Աւելի կարեւորը, փորձէ պատմութեան մէջի մարդոց զգացումները հասկնալ։ Մինչ կը զգաս այդ հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներուն հետ, անոնք աւելի իսկական եւ հարազատ պիտի դառնան քեզի համար,– թերեւս նոյնիսկ սկսի թուիլ, թէ անոնցմէ ոմանք քու մտերիմ եւ հին բարեկամներդ են։
11, 12. ա) Ինչպէ՞ս կրնաս աւելի մօտիկ զգալ Աբրահամին ու Սառային։ բ) Ինչպէ՞ս կրնաս օգտուիլ Աննայի, Եղիայի կամ Սամուէլի օրինակէն։
11 Երբ սկսիս ի՛րապէս ճանչնալ զանոնք, պիտի փափաքիս զանոնք ընդօրինակել։ Օրինակ, երեւակայէ թէ նշանակում մը առաջարկուած է քեզի եւ անոր մասին կը մտածես։ Եհովայի կազմակերպութեան միջոցով, հրաւիրուած ես ծառայութիւնդ ձեւով մը ընդարձակելու։ Թերեւս քեզմէ խնդրուած է որ փոխադրուիս որոշ թաղամաս մը, ուր քարոզիչներու մեծ կարիք կայ. կամ թերեւս հրաւիրուած ես քարոզչութեան որոշ մեթոտ մը գործածելու, զոր անծանօթ կամ յոգնեցուցիչ կը նկատես։ Մինչ նշանակումին մասին կը խոկաս եւ կ’աղօթես, Աբրահամի օրինակին վրայ խորհրդածելը օգտակար պիտի չըլլա՞յ քեզի։ Ինքն ու Սառան յօժար եղան Ուրի հանգստաւէտ կեանքը ձգելու, եւ առ ի արդիւնք՝ մեծապէս օրհնուեցան։ Մինչ անոնց քայլերուն կը հետեւիս, անկասկած պիտի զգաս թէ այժմ՝ որեւէ ժամանակէ աւելի սկսած ես ճանչնալ զանոնք։
12 Նմանապէս, ի՞նչ պիտի ընէիր, եթէ մօտիկ անձ մը քեզի հետ չարամտութեամբ վարուէր՝ պատճառ դառնալով որ վհատէիր եւ նոյնիսկ մտածէիր ժողովներու չերթալ։ Եթէ խոկաս Աննայի օրինակին վրայ եւ նկատի առնես թէ ան ինչպէ՛ս գլուխ ելաւ Փենանայի չարամտութեան հետ, ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ ճիշդ որոշումը կայացնես, եւ թերեւս Աննան ալ սիրելի բարեկամդ նկատես։ Նմանապէս, եթէ վհատած ես քանի որ ինքզինքդ անարժէք կը զգաս, Եղիայի օրինակը կրնայ սրտիդ հարազատ թուիլ, մինչ կը սերտես անոր դժուարին կացութիւնը եւ այն կերպը, որով Եհովան մխիթարեց զինք։ Իսկ այն պատանիները, որոնք անբարոյ դպրոցակիցներու կողմէ շարունակ կը ճնշուին, կրնան Սամուէլին աւելի մօտիկ զգալ, երբ սորվին թէ ինչպէ՛ս վարուեցաւ այն ապականած ազդեցութեան հետ, զոր Հեղիի որդիները տարածած էին խորանին մէջ։
13. Արդեօք հաւատքիդ արժէքը ձեւով մը պիտի պակսի՞ Եհովայի աչքին, քանի որ պարզապէս կ’ընդօրինակես Աստուածաշունչին մէջ նշուած անձնաւորութեան մը հաւատքը. բացատրէ՛։
13 Արդեօք հաւատքիդ արժէքը ձեւով մը պիտի պակսի՞ Եհովայի աչքին, քանի որ պարզապէս կ’ընդօրինակես Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած մարդոց հաւատքը։ Բնա՛ւ երբեք։ Յիշէ որ Եհովայի Խօսքը մեզ կը քաջալերէ, որ ընդօրինակենք հաւատքի տէր մարդիկը (Ա. Կոր. 4։16. 11։1. Բ. Թես. 3։7, 9)։ Ասկէ զատ, այս գիրքին մէջ պիտի սորվինք կարգ մը մարդոց մասին, որոնք իրենց կարգին ընդօրինակեցին իրենցմէ առաջ ապրող հաւատարիմները։ Օրինակ, գլուխ 17–ին մէջ կը նկատենք, թէ Մարիամ ակներեւաբար մէջբերեց Աննային խօսքերը, զինք որպէս օրինակ առնելով։ Արդեօք այդպէս ընելը կը նշանակէ՞ր որ Մարիամին հաւատքը բաւարար կերպով զօրաւոր չէր։ Ընդհակառա՛կը. Աննայի օրինակը Մարիամին օգնեց հաւատք կերտելու, այնպէս որ կարենար Եհովա Աստուծոյ քով առանձնայատուկ անուն մը շինել։
14, 15. Այս հրատարակութեան կարգ մը երեսակները ի՞նչ են, եւ ինչպէ՞ս կրնանք այս գիրքը լաւագոյնս գործածել։
14 Այս գիրքը պատրաստուած է քեզի օգնելու, որ հաւատքդ զօրացնես։ Իւրաքանչիւր գլուխ առնուած է «Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք» յօդուածաշարքէն, հրատարակուած՝ Դիտարան–ի 2008–էն 2013–ի թիւերուն մէջ։ Սակայն, կարգ մը նոր նիւթեր աւելցուած են։ Քննարկութեան եւ կիրարկումի համար հարցումներ աւելցուած են։ Այս գիրքին համար, բազմաթիւ գունաւոր եւ մանրամասնուած նոր նկարներ պատրաստուած են, իսկ հին նկարները մեծցուած եւ բարելաւուած են։ Ուրիշ օգտակար նիւթեր ալ զետեղուած են, ինչպէս՝ ժամանակացոյց մը եւ քարտէսներ։ Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք գիրքը գործիք մըն է, պատրաստուած՝ անձնական, ընտանեկան եւ ժողովքային ուսումնասիրութեան համար։ Բազմաթիւ ընտանիքներ կրնան նաեւ հաճոյք առնել, պատմութիւնները պարզապէս միասնաբար եւ բարձրաձայն կարդալով։
15 Թող որ այս գիրքը քեզի օգնէ, որ Եհովայի վաղեմի հաւատարիմ ծառաներուն հաւատքը ընդօրինակես։ Նաեւ քեզի օգնէ, որ հաւատքդ աւելցնես, մինչ աւելի կը մօտենաս երկնաւոր Հօրդ՝ Եհովային։